ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Շաբաթավերջին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ցնցիչ ազդարարութիւն ուղղեց Իսրայէլին` «շարժելու օրէնքներու եւ մարդկային արժէքներու հիման վրայ»:
Անկախաբար Երուսաղէմի մէջ բռնկած պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի վերջին իրադարձութիւններէն եւ բաժնելով հանդերձ պաղեստինցի ժողովուրդին ազգային թէ կրօնական ազատութեանց արդար իրաւունքը, կ՛արժէ պահ մը կանգ առնել Էրտողանի նշեալ յայտարարութեան վրայ:
Արդարեւ, Թուրքիոյ նախագահը կը խօսի օրէնքներու եւ մարդկային արժէքներու մասին, բայց պարո՛ն նախագահ, ի՞նչ օրէնքներ, ի՞նչ մարդկային արժէքներու մասին է ձեր ակնարկը: Փաստօրէն, եթէ քիչ մը խոշորացոյցով քննելու ըլլաք ձե՛ր իսկ քիթին տակ կատարուող դէպքերը, պիտի նկատէք, թէ որքա՛ն յետամնաց էք ու տակաւին քարէ դարաշրջանի մէջ կ՛ապրիք: Տակաւին երէկ, աւելի քան վաթսուն ցուցարարներ ձերբակալել տուիք Անգարայի մէջ, որովհետեւ անոնք համարձակած էին կարծիքի ազատութեան համար բանտարկուած իրենց ազգակիցներուն ազատ արձակումը պահանջել: Աւելի՛ն, քանի մը օր առաջ ձեր խորհրդարանը, պարո՛ն նախագահ, խոշո՜ր կարմիր գիծ մը կը քաշէր ձեր իսկ պատմութեան անկիւնադարձային իրողութեան` Հայոց ցեղասպանութեան վրայ` նման եզրի գործածումն իսկ արգիլելով:
Տակաւին չենք խօսիր 24 ապրիլ 1915-ին օր ցերեկով համայն ժողովուրդ մը բնաջնջելու ձեր նախորդներու ճիւաղային բռնարարքին մասին, երբ հարիւր հազարներով հայ մանուկներ որբացան, բազմաթիւ յղի հայուհիներու արգանդները ճեղքուեցան ձեր ենիչերիական սուիններով` «ծննդաբերելով» նորածիններու դիերը: Օսմանեան հայրենիքի պաշտպանութեան համար ճակատ մեկնած հազարաւոր հայազգի զինուորները ողջակիզուեցան զինաթափ ըլլալէ ետք եւ տակաւին ի՜նչ ու ի՜նչ սարսափելի ու անմարդկային բռնարարքներ: Բացէ՛ք մարդկութեան պատմութեան հանրագիտարանը եւ հոն պիտի նկատէք ձեր` թուրքի իսկակա՛ն նկարագիրը: Նկարագիր, որ ո՛չ միայն փորձանք եղած է մարդկութեան, այլեւ` ձեր իսկ ազգին: Արդարեւ, դուք եւ ձեր նախորդները անտեսելով ձե՛ր իսկ սուլթաններուն կողմէ հրապարակուած` 1839-ի Հաթթը Շերիֆի եւ ապա 1856-ի Հաթթը Հիւմայունի հրովարտակներու (Թանզիմաթ) օրէնքներն ու աւելի ուշ 1908-ի Սահմանադրութեան տրամադրութիւնները, գործադրեցիք Ատանայի ջարդերը, նախքան այդ փորձելով արեան մէջ խեղդել 1894-96-ին հայ ժողովուրդի մղած Սասնոյ ապստամբութեան խիզախ կեցուածքը: Ու այսօր, բազմած ձեր եւ ձեր նախորդներուն կողմէ բռնագրաւուած հայկական բնօրրանին` գրաւեալ Հայաստանին (Անի, Վան, Սասունի, Տրապիզոն, Կարս Արտահան…) վրայ կը ճառէք օրէնքներու եւ մարդկային արժէքներու մասին: Կարդացէ՛ք ֆրանսական «Լիպերասիոն» թերթի նորագոյն խմբագրականը, ուր բացայայտօրէն բռնատիրական կ՛որակուի ձեր վարչակարգը…
Առածը կ՛ըսէ. «Ապակիէ տուն ունեցողը ուրիշին վրայ վրայ քար չի նետեր»:
Պարզ թելադրանք մը պարոն նախագահ` լաւ կ՛ըլլայ, եթէ ակնոց մը, գլխարկ մը եւ ինչո՛ւ չէ` հովանոց մըն ալ կրէք, ձեր, թուրքերո՛ւ երեսին թքող մարդկութեան կշտամբանքներէն խուսափելու համար: Այլապէս` ինչպէ՞ս պիտի համարձակիք քալել 21-րդ դարու լուսաւոր ու պայծառ օդին տակ:
Սթափեցէ՛ք պարոն Էրտողան, աշխարհ վաղու՜ց փակած է խաւարի «ասպետներու» դարաշրջանը, անոնք միայն ձեր, թուրքերո՛ւն մօտ կը շնչեն տակաւին, իբրեւ այսպէս կոչուած անմահ լեռնաբնակներ` «հայլենտըրներ» մերթ Գորշ գայլերու, մերթ ՏԱՀԵՇ-ի տիպարներով…