Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13437

Անդրադարձ. Դուռը Փակողը «Դուռը Բացէ՛ք» Կը Գոռայ

$
0
0

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց. «Անցեալին, երբ վարչապետի պաշտօնին վրայ առաջին նստաշրջանս էր, Թուրքիան Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու վեհաժողովին ընթացքին կը նկարագրուէր իբրեւ լուռ յեղափոխութիւն իրագործած երկիր մը, սակայն այժմ այդ նոյն Եւրոպական Միութիւնը ո՛չ միայն մեզ իր ղեկավարներու վեհաժողովին չի հրաւիրեր, այլեւ մեր ժամանակը կը վատնէ: Եւ ներկայիս այս է կացութիւնը»:

Իրականութեան մէջ Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու ներկայ կացութեան համար այպանելին նոյնինքն Թուրքիան է, որ առանց մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարութեան մարզերուն մէջ այդ միութեան արժեչափերուն համապատասխան ըլլալու նուազագոյն ջանքը թափելու, յամառօրէն կ՛ուզէ իր ներկայ վիճակով մուտք գործել Եւրոպական Միութիւն, եւ աշխարհիկ Եւրոպական Միութեան հասցէին քրիստոնէական ակումբ մը ըլլալու եւ իսլամոֆոպիայէ վարակուած ըլլալու անհեթեթ ամբաստանութիւններ կը կատարէ: Աւելի՛ն, կը փորձէ իր ներքին հարցերը արտածել այդ միութեան անդամ երկիրներ, եւ այդ է պատճառը, որ եւրոպական բազմաթիւ երկիրներ կ՛արգիլեն թուրք նախարարներու այցելութիւններն ու թրքական համայնքներուն հետ թրքական ներքին օրակարգերով հանդիպումները:

Եթէ կար ժամանակ, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը գովաբանուէին, ապա որովհետեւ օրին անոնք բարեկարգչական էին: Անգամ մը, որ իրենց իշխանութիւնը ամրապնդեցին, դարձան յետադիմական ու մենատիրական, եւ այդպիսի երկիր մը բնականաբար քարշելի է ժողովրդավարական երկիրներու համար եւ ո՛չ կրնայ քաղաքակիրթ պետութիւններու ակումբին` Եւրոպական Միութեան մաս կազմել, ո՛չ ալ անոր անդամ պետութիւններու ղեկավարներու վեհաժողովներուն հրաւիրուիլ:

Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններուն բարեկարգչական շարժումէ մը մենատիրական ու ոճրային գոյացութեան մը այլափոխումը կը յիշեցնէ Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան օրինակը: Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին թուրք նշանաւոր գրագէտ Ճենապ Շեհապէտտինի գրած եւ թրքական «Փէյամ Սապահ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած «Գիշատիչ թռչուններ» յօդուածին մէջ Թալէաթի անունը փոխարինեցէ՛ք Էրտողանի անունով եւ պիտի տեսնէք արդիւնքը…: Շեհապետտին կը գրէ. «Թալէաթ կատաղի փառամոլ մըն էր, երեսփոխանութիւնը չգոհացուց իր մեծամոլութիւնը, անբաւական եղաւ նաեւ նախարարութիւնը, թերեւս մեծ եպարքոսութիւնն ալ արհամարհեց: Ան ամէն օր քիչ մը աւելի ձեռնհասութիւն, քիչ մը աւելի ուժ, քիչ մը աւելի տիրապետութեան իրաւունք շահելու կ՛աշխատէր: Ի գին ամէն բանի` ուզեց անդուլ ընդարձակել իր ազդեցութեան սահմանները: Ուզեց, որ իր շուրջ կազմուի գովաբանողներու օղակ մը, ստրկացնողներու շրջանակ մը, փառքի լուսապսակ մը, թէեւ` կրկներեւոյթ: (…) Շատ խոնարհ խաւէ մը բարձրացաւ ամէնէն բարձր դիրքին` շնորհիւ Էնթրիկի: Սակայն իր բախտածառը որքան բարձրացաւ, այնքան յայտնի եղաւ, որ արմատները աղբի մէջ էին: Թալէաթ ո՛ւր որ ալ բարձրանար, կը տեսնուէր, որ ոտքին ցեխի ծանր զանգուած մը փակած է»: Այս տողերը կարծէք գրուած ըլլային Պոլսոյ վատ ու աղքատ թաղամաս եղող Քասըմփաշայի մէջ մեծցած Էրտողանի մասին:

Որոշ ատենէ մը ի վեր ստեղծուած է անհեթեթ կացութիւն մը, ուր իր վարքով ու քաղաքականութեամբ Թուրքիոյ առջեւ Եւրոպական Միութեան դուռը փակողը ինքզինք անիրաւութեան զոհը նկատելով անտեղի կերպով կը գոռայ. «Դուռը բացէ՛ք»: Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթի խափանման մէջ այպանելին միայն թրքական իշխանութիւնն է:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13437

Trending Articles