Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13499

Սողոմոն Թեհլիրեան (1896-1960)

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Այս դրուագին մէկ այլ տարբերակը կը պատմէ Բաբգէն Սիմոնեան, որ Հայաստանի մէջ Սերպիոյ պատուոյ հիւպատոս է: Սիմոնեան 1980-ական թուականներուն եօթը տարի եղած է Սերպիա եւ քանիցս առիթը ունեցած է այցելելու Վալեւօ գիւղաքաղաքը, ուր կ՛ապրէին Թեհլիրեանները: 1988-ին ան տեսակցած է Թեհլիրեանի անդրանիկ որդիին` Շահէնին հետ, որ հարուստ դրուագներ պատմած է իր հօրը մասին:

Շահէնին պատմելով` 1937-ին, Բ. Աշխարհամարտէն առաջ, Թուրքիոյ ապահովութեան մարմինները կը դիմեն Եուկոսլաւիոյ իշխանութիւններուն եւ կը յայտնեն, որ Պելկրատի մէջ բնակութիւն հաստատած է Թալէաթի ահաբեկիչը` Սողոմոն Թեհլիրեան: Ի պատասխան Թուրքիոյ պահանջներուն` Եուկոսլաւիոյ ոստիկանութիւնը կը յայտնէ, որ երկրին մէջ Թեհլիրեան ազգանունով քաղաքացի չկայ: Ինչպէս յայտնեցինք, Թեհլիրեանը ծանօթ էր Սարօ Մելիքեան անունով:

Ըստ Շահէն Թեհլիրեանին, հայրը լաւ որսորդ էր, եւ Եուկոսլաւիոյ մէջ կար որսորդկան միութիւն մը, որուն անդամագրուած էին այլազան ասպարէզներու մարդիկ: Անոր անդամ էր նաեւ Պելկրատի ոստիկանապետը, որ լաւ յարաբերութիւն ունէր Սողոմոն Թեհլիրեանին հետ եւ կը յարգէր զայն: Օր մը ոստիկանապետը իր մօտ կը կանչէ Սողոմոն Թեհլիրեանը: Հանդիպման ընթացքին ոստիկանապետը հարց կու տայ, թէ կը ճանչնա՞ր արդեօք Սողոմոն Թեհլիրեան անունով մարդ մը: Հայրս համարձակ անձնաւորութիւն էր, կը պատմէ Շահէն Թեհլիրեան, պահելու եւ առաւել եւս կորսնցնելու ոչինչ ունէր: Կը պատասխանէ, որ Թեհլիրեանը ինքն է եւ ոստիկանապետին կը պատմէ ամբողջ ճշմարտութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Ոստիկանապետը շփոթի կը մատնուի, ուշի-ուշով մտիկ կ՛ընէ Սողոմոնին խօսքերը, ապա բարեկամաբար կը յորդորէ զգուշանալ եւ որքան հնարաւոր է հեռու մնալ հանրութեան աչքէն, գէթ` ժամանակաւորապէս, քանի դեռ խառնիխուռն եւ վտանգաւոր օրեր են(94):

Թէեւ երկու դրուագները նոյնը չեն ժամանակի եւ շարժառիթներու իմաստով, սակայն անոնց ոգին նոյնն է: Անոնք դրսդւիրումն են Թեհլիրեանի խիզախութեան, յանդգնութեան, համարձակութեան եւ ինքնավստահութեան:

* * *

Բ. Աշխարհամարտէն ետք պոլշէւիկացած սերպական իշխանութիւնները կը գրաւեն Սողոմոնին ստացուածքը, ինչպէս` շա՜տ-շատերունը: Թեհլիրեան հարկադրաբար կը լքէ Եուկոսլաւիան: Դէպի Միացեալ Նահանգներ ճամբուն վրայ Թեհլիրեան կ՛անցնի գազապլանքայէն (Մարոք) եւ Փարիզէն: Գազապլանքա կը մնայ 1950-1955, իսկ Փարիզ` 1955-1957(95): 1957-ին կ՛անցնի Միացեալ Նահանգներ: Թեհլիրեան ուր որ գտնուեցաւ, անպայման գործ մը գտաւ իր ապրուստին համար եւ բեռ չեղաւ ազգին ու կուսակցութեան:

Մ. Նահանգներու մէջ Թեհլիրեան զբաղեցաւ հաշուապահութեամբ` Ճորճ Մարտիկեանի «Օմար Խայեամ» ճաշարանին մէջ, Սան Ֆրանսիսքօ: Վերստին ժամանակ տրամադրեց կուսակցական գործ կատարելու: Մեծ եռանդով կը մասնակցէր ձեռնարկներու(96):

Թեհլիրեան հեռու 1960-ին` իբրեւ ՀՅԴ քալիֆորնիոյ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ. այն մարմինին, որուն ստեղծման մէջ մեծ դեր կատարեց ան: Թածուեցաւ Ֆրեզնոյի հայկական «Արարատ» գերեզմանատան մէջ, Անդրանիկի գերեզմանին կողքին(97):

Թ. Թեհլիրեանին Նուիրուած Երգը

Ազատագրական պայքար մղող ժողովուրդները, բոլո՛րը, ունին իրենց յեղափոխական երգերը, որոնք ոգեւորող են եւ մեծ դեր կը խաղան սերունդներու, յատկապէս երիտասարդներու դաստիարակութեան մէջ: Հայկական յեղափոխութիւնը եւ հայ ազատամարտը յօրինած են եւ կը շարունակեն յօրինել յեղափոխական երգեր` հերոսական դէմքերու եւ դէպքերու նուիրուած: Այս վերջինները, ինչպէս ըսինք, մաս կը կազմեն դաստիարակութեան, սակայն ամբողջ դաստիարակութիւնը չեն, մանաւանդ որ կրնան ունենալ տեղեկութիւններ, որոնք իրականութեան չեն համապատասխաներ:

Սողոմոն Թեհլիրեանին նուիրուած երգը «Գինի լից»-ն է(98): Երգի տուներէն մէկը կ՛ըսէ.

Թալէաթ փաշան փախաւ Պերլին,
Թեհլիրեանը հասաւ ետին,
Զարկաւ ճակտէն, փռեց գետին,
Գինի լից, ընկե՛ր ջան, գինի լից,
Խմողաց անուշ, անուշ, խմողաց անուշ:

Ճիշդ է, որ Դաշնակցութիւնը իր թիրախները պատուհասած է ճակտէն, ինչպէս եղած է շատերու պարագային, սակայն Թեհլիրեանի արձակած փամփուշտը Թալէաթի ետեւէն էր. փամփուշտը մտած է Թալէաթի ականջին տակէն, անցած է ուղեղէն եւ դուրս ելած է գլխի առաջամասէն, աչքի վրայէն: Այսինքն Թեհլիրեան պայթեցուցած է այն ուղեղը, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ծրագրեց եւ գործադրեց: Հետեւաբար ոչինչ կը փոխուի երգի արժէքէն, երբ «ճակտէն» բառը փոխարինուի «գլխէն» բառով: Շատեր, տաքարիւն երիտասարդ դաշնակցականներ, կրնան նեղանալ ասկէ, սակայն իրականութիւնը այս է: Հիմնաւորելու համար այս հաստատումը` յայտնենք, որ Թեհլիրեանի դատավարութեան մէկ նիստին իրեն կը հարցուի, այլ հարցումներու կարգին, հետեւեալ հարցումը.

Ն.- Իրեն` [Թալէաթին] մօտեցա՞ք. այս նպատակով Հարտինպերկ փողոցը կտրեցի՞ք:

Ա.- Փողոցին այս կողմէն վազեցի, մինչեւ որ իրեն հասայ. յետոյ փողոցը կտրեցի եւ իր վրայ վազեցի:

Ն.- Անոր երեսը դիտեցի՞ք, հետը խօսեցա՞ք:

Ա.- Հետը չխօսեցայ, մայթին վրայ քովէն անցայ եւ յետոյ վրան կրակեցի:

Ն.- Իրապէս քովէն անցա՞ք. ճակատէ՞ն իր վրայ կրակեցիք, թէ՞ կողմնակի` ետեւէն մօտեցաք եւ կրակեցիք:

Ա.- Թալէաթ փաշային հասած ժամանակս արդէն ետեւը կը գտնուէի:

Ն.- Ուրեմն կռնակէն կրակեցիք:

Ա.- Այո՛:

Ն.- Գլխո՞ւն նշան առիք:

Ա.- Բոլորովին մօտեցայ անոր:

Ն.- Ատրճանակին փողը գլխուն մօ՞տ բռնեցիք:

Ա.- Այո՛:

Ն.- Յետոյ ի՞նչ եղաւ:

Ա.- Այսչափը գիտեմ միայն, աւելին չեմ կրնար նկարագրել, որ Թալէաթ փաշան գետին ինկաւ, եւ երեսէն արիւն կը հոսէր, եւ թէ` բազմութիւն մը շուրջը կանգնած էր(99):

Այս բոլորէն ետք, չի բաւեր մեր ստամոքսները լեցնենք միայն գինիով. անհրաժեշտ է կարդա՛լ Թեհլիրեանի «Վերյիշումներ»-ը: Ճիշդ է, որ քիչ մը ծաւալուն գործ է, սակայն ներշնչման եւ դաստիարակչական անսպառ նիւթ կարելի է գտնել այնտեղ:

Պէտք է գիտնալ, որ դիւրին գործ չէր Թալէաթի ահաբեկումը: Անոր որոշումը տրուած էր, ինչպէս յայտնած ենք նախապէս, 1919-ին: Պէտք եղած էր երկու տարի մնայուն փնտռտուք եւ հետապնդում կատարել Թալէաթի որջը գտնելու համար: Այսօրուան արհեստագիտութիւնը չկար: Այժմու հաղորդակցական միջոցները չկային: Չկար Դիմատետրը: Նամակները տեղ կը հասնէին նամակատուներու միջոցով: Թեհլիրեանը Թալէաթին նկարը տեսած էր թերթերու մէջ: Իր քով միայն մէկ տեսակ լուսանկար կը գտնուէր: Թալէաթը Գերմանիոյ մէջ, ինչպէս ըսինք, կերպարանափոխուած էր: Թեհլիրեանի յուշերէն կարելի է ապրիլ որսին հասնելու հեւքը, տագնապը: Վերջապէս, ան, որ կարդացած է եւ կը կարդայ Թեհլիրեանին յուշերը, գինին աւելի համով կ՛իջնէ ստամոքսին մէջ, իսկ իր ձայնը կ՛ելլէ թէ՛ ուղեղէն եւ թէ՛ սիրտէն:

(Շար. 10)

———————

94.- Բաբգէն Սիմոնեան, «Սողոմոն Թեհլիրեանի ոդիսականը», «Դրօշակ», ապրիլ 2009, թիւ 4 (1607), էջ 22:
95.- Խանումեան, անդ:
96.- Ամիրեան, անդ, էջ 16:
97.- Նոյն տեղ:
98.- «Ազգային հայրենասիրական եւ յեղափոխական նոր երգարան», հրատարակութիւն` ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու, Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2004, էջ 224-225:
99.- Քիւրքճեան, անդ, էջ 110:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13499


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>