Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13433

Չիլիէն Հայրենի Կարօտ. «Հայաստանը Ինծի Համար Տուն Է»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Նելսոն Փալոյեանը ծնած է Սանթիակօ, Չիլի: Ան երկրաչափ է եւ մասնագիտացած` համակարգիչներու մէջ: Ան Ցեղասպանութենէ ճողոպրած երրորդ սերունդի հայ է: Կը խօսի եւ կը կարդայ հայերէն եւ ստացած է հայեցի դաստիարակութիւն` իր հայ ծնողքէն: Նելսոն իր մասնագիտութեան կողքին նաեւ հետեւած է երաժշտութեան եւ այսօր իր կարեւոր բաժինը կը բերէ Սանթիակոյի հայկական մշակութային կեանքին մէջ: Կազմած է երգչախումբ մը` հայկական գաղութին անդամներէն, բոլորն ալ` սիրողական եւ կոչած է զայն` «Ծիծեռնակ», եւ թերեւս կը փորձէ ծիծեռնակին շինած  բոյնին նման` հեռաւոր Սանթիակոյի մէջ շինել իր հայկական բոյնը:

Բայց Նելսոն «հարստացուցած» է իր կեանքը, եւ այս հարստութիւնը անպայմանօրէն նիւթական չէ: Ան կոչում զգացած է պայմանաւորուիլ Երեւանի ամերիկեան համալսարանին հետ եւ տարին քանի մը անգամ կը մեկնի Հայաստան` դասախօսելու: Եւ ինչպէս ինք ըսաւ, «Երբ որ Հայաստան սկսայ երթալ, աւելի լաւ սորվեցայ հայերէն, հիմա ինծի համար աւելի դիւրին է արեւելահայերէն խօսիլը»:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

10 յունիս 2017: Նելսոն բարի գտնուեցաւ` իր տան մէջ հիւրընկալելու զիս, երբ աշխատանքային այցելութեամբ դարձեալ կը գտնուէի Սանթիակօ: Բայց կար նաեւ աւելին: Ան նաեւ հրաւիրած էր իր «Ծիծեռնակ» երգչախումբին կարգ մը անդամները, որոնք վերջերս Հայաստան այցելած էին եւ վերադարձած` մեծ ոգեւորութեամբ: Եթէ մէկ կողմէ պիտի վայելէի Սանթիակոյի «Ծիծեռնակ»-ի անդամները, բայց նաեւ` անոնց հայրենի կարօտի վկայութիւնները…

Հեռաւոր Սանթիակոյի մէջ հայկական այս փոքրիկ «բոյնը» կը դիտէի: «Լման» հայ` հայ ծնողներուն ժառանգութիւնը, «կէս» հայ` խառնածին ամուսնութիւններու արդիւնք, եւ տակաւին` «քառո՞րդ»: Խառն ամուսնութիւններու յաջորդականութի՞ւն: Իսկ այս բոլորը հետեւանքն են Հայոց ցեղասպանութեան, որուն պատճառով հայը տեղահան եղաւ իր բնօրրանէն եւ տարածուեցաւ աշխարհով մէկ: Այս բոլորին վկայութիւնը Նելսոնին մեծ ծնողներն են, որոնց նկարները իր տան հիւրասենեակի պատին վրայ զետեղուած` կը խօսին այդ ապրուած կեանքին մասին, անոնք Ցեղասպանութենէ ճողոպրած` հասած էին Սանթիակօ:

«Ցեղասպանութիւնը իմ ընտանիքիս պատմութիւնն է, ի՛մ պատմութիւնն է: Իմ ժողովուրդիս պատմութիւնն է». Նելսոնն է խօսողը: «Ասիկա շատ անձնական բան մըն է ինծի համար», շարունակեց ան:

Նելսոն ամուսնացած է Անտրէի հետ, որ տեղացի է: Ունին երկու զաւակներ` Մարալ եւ Գէորգ:  Անտրէի համար յստակ էր հայկականութեան կարեւորութիւնը, երբ ամուսնացած էր Նելսոնին հետ: «Հայկական ընտանիքի մէջ մտած էի եւ հիմա անոր մէկ անդամն եմ», ըսաւ ան: Անտրէ Նելսոնին հետ քանի մը անգամ այցելած է Հայաստան, ապրած է հայրենիքի գեղեցկութիւնը եւ ջերմութիւնը: «Փարիզը գեղեցիկ է, բայց Երեւանը աւելի դիւր կու գայ ինծի», ըսաւ ան:

Էմիլիա Ալմարզա Նազար` հայրը, տեղացի է, իսկ մայրը` հայ: Այսպէս ըսած ան` «կէս» հայ է, բայց Հայաստանէն վերադարձին ան արդէն «լման» հայն է եւ աւելին: «Առաջին իսկ օրէն զգացի, որ Հայաստանի հողը զիս գրկեց», ըսաւ Էմիլիան: Ան շատ բան ունէր պատմելու եւ կը փորձէր չմոռնալ իր ըսելիքները: «Շատ հպարտ զգացի, որ հայ էի,  երբ Հայաստան կը գտնուէի», ըսաւ Էմիլիան: «Ուզեցի Հայաստանէն ամէն ինչ հետս բերել»: Էմիլիան հեւքի մը մէջ էր` հայրենիքին եւ անոր ջերմութեան հեւքը: «Ո՛չ միայն արիւնը կը կապէ եղեր, բայց նաեւ`հողը: Եւ զգացի հողին զօրութիւնը»:

Էմիլիան սկսած էր հայերէն սորվիլ եւ Հայաստանէն վերադարձին`որոշած է աւելիով զարկ տալ հայերէն սորվելու: «Կ՛ուզեմ երթալ եւ Հայաստան ապրիլ», ըսաւ ան:

Էմիլիային աչքերուն մէջ ակներեւ էր հայուն` իր վերագտած հպարտութիւնը: «Երբ մէկը ինծի հարցնէ այսօր, թէ ուրկէ՞ ես, կ՛ըսեմ իրենց` Չիլիէն, բայց հայ եմ»: Ան այսօր հայը եւ Հայաստանը կ՛ապրի Սանթիակոյի մէջ: «Երբ Սանթիակոյի լեռներուն կը նայիմ, Արարատը կը տեսնեմ»:

Մարիա Թերեզան Էմիլիային քոյրն է: Առաջին անգամ էր, որ Հայաստան կ՛այցելէր: «Զգացի, որ շուրջս ամէն մարդ հայ էր, եւ շատ արագ բոլոր հայերը իմ ընտանիքս դարձան»: Մարիան կը փորձէր ներկայացնել իր ապրած հայրենի հողին ջերմութիւնը: «Բայց նաեւ զգացի, որ ես շատ աւելի հայ էի, քան  ինչ որ կը կարծէի»:

Շաքէ Զիքիի ծնողքը Պոլիսէն հաստատուած են Սանթիակօ: Ան ծնած է Չիլի: Քիչ-քիչ կը խօսի հայերէն: «Շատ զգացական էր Հայաստանը: Զգացի, որ ես Հայաստանն եմ, եւ թէ` ես հայ եմ», ըսաւ Շաքէն: «Գեղեցիկ է Երեւանը եւ չունի բարդութիւններ: Արուեստը եւ երաժշտութիւնը զիս շատ կապեցին քաղաքին եւ շատ անգամ լացի…»: Եւ չուշացաւ Շաքէին վճռակամութիւնը: «Պէտք է աւելի շատ բան սորվիմ մեր` հայոց պատմութեան մասին»:

Խումբին մէջ էին Վիսենթէն, Քրիսթոպալը եւ Մարթինը: Երեք երիտասարդներ, այսպէս ըսած` «քառորդ» հայեր, որոնք այցելած էին Հայաստան: Երեքն ալ` համալսարանական ուսանողներ, բայց նաեւ երաժշտասէրներ եւ «Ծիծեռնակ»-ի խումբի անդամ` իբրեւ երգող ու նուագող:

Երեքն ալ այցելած էին Ծիծեռնակաբերդ եւ Ցեղասպանութեան թանգարանը:

«Ծիծեռնակաբերդի մէջ ապրեցայ Ցեղասպանութեան ահաւորութիւնը»,  Քրիսթոպալն է խօսողը: Ան հետը տարած է ծառի հունտ եւ ցանած է Հայաստանի մէջ: «Վերապրելու եւ նոր կեանքի նշան է», ըսաւ ան:

Վիսենթէն կրցած էր զգալ այն, որ լսած է իր մեծ-մեծ մօր տեղահանութեան կեանքի պատմութեան մասին: «Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ մանուկներու նկարները տեսնելով` կրցայ ապրիլ իմ մեծ-մեծ մօրս դժբախտ կեանքը», ըսաւ ան:

Մարթինին համար Հայաստանի « տուֆ» քարերը ինքնութեան նշան դարձած էր: «Զգացի, թէ այն արիւնը, որ հայկական է իմ մէջս, որ ինչքան կապեց զիս Հայաստանին»: Բայց Մարթին տակաւին ունէր պատմելիք: «Ծիծեռնակաբերդի մէջ տեսայ մէկ կողմէ ցաւը, բայց միւս կողմէ` հայուն կեանքին զգայնութիւնները: Ցաւը եւ զգայնութիւնները իրարու միացած են հայու կեանքին մէջ», ըսաւ ան:

Image may be NSFW.
Clik here to view.

Տղաքը Հայաստանէն իրենց հետ բերած էին շուի, տուտուկ եւ թմբուկ: Անոնք նուագեցին Խաչատուրեանէն մէկ յօրինում ու նաեւ` քոչարի: Եւ նուագէն ետք ինծի նայելով` ըսին.: «Միայն նուագարան չբերինք մեզի հետ, այլ նաեւ Հայաստանէն մաս մը մեր սրտերուն մէջ դնելով` մեզի հետ բերինք»:

Ու դարձեալ Նելսոնն է: Կը խօսի, թէ ինչո՛ւ որոշած է ստանձնել Երեւանի մէջ իր մասնագիտութեան առնչութեամբ իր կատարած գործունէութիւնները: «Կը սիրեմ Հայաստանը: Այն, ինչ որ կ’ընեմ, ազգային պարտականութիւն է: Հայաստանը ինծի համար տուն է»:

Պէտք էր մեկնէի: Կարելի էր տակաւին շատ երկար խօսիլ: Նելսոնը ուզեց, որ երգչախումբին իր սորվեցուցած «Հայր Մեր»-ով բաժնուէինք: Անոնք երգեցին « Հայր Մեր»-ը` հայերէնով. աղօթք եւ օրհնութիւն: Կրցայ տեսնել, թէ ինչպէս Նելսոն հայ երգի միջոցով կը փորձէր հայկական «բոյներ»` իմա «տուներ» շինել Սանթիակոյի իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ:

Նելսոն դարձեալ ինծի նայեցաւ: Ան դրական եւ իրապաշտ հայ է: «Եթէ հայկական զգացումը եւ ինքնութիւնը զօրաւոր պահենք, այդ մէկը պիտի քաջալերէ, որ հայեր հայերէն սորվին: Եթէ Չիլիի մէջ հայերէն խօսող գաղութ պիտի չունենանք, բայց պիտի ունենանք հայ զօրաւոր գաղութ», ըսաւ ան: «Եւ այս զօրութիւնը Հայաստանէն պիտի առնենք»:

«Հայաստանը ինծի համար տուն է»: Նելսոնին տունը, բայց նաեւ` իւրաքանչիւր հայունը: Եւ Սանթիակոյի հայերը գացին իրենց «տունը» եւ վերադարձան աւելի «զօրաւոր»: «Զօրաւոր հայեր»:

Եւ սփիւռքի մեր ներկայ օրերու հայկական իրականութեան այս մեծ խճանկարին մէջ հայը ունի մէկ մեծ առաքելութիւն-պարտականութին` հայը զօրաւոր պահել:

Եթէ իւրաքանչիւնր սփիւռքահայ գաղութ ունի իր տուեալները, անոնցմէ բխող եւ ստեղծուած իրավիճակները` իր յառաջխաղացքներով թէ բացթողումներով, բայց բոլորն ալ ունին մէկ հասարակաց մարտահրաւէր մը`հայը զօրաւոր պահել:

Զօրաւոր, որպէսզի հայը ապրի եւ ապրեցնէ:
Զօրաւոր, որպէսզի հայը յիշէ եւ պահանջէ:
Զօրաւոր, որպէսզի հայուն պատմութիւնը շարունակուի հորիզոնէն անդին:
Եւ հայը իր այս «զօրութիւնը» պիտի առնէ իր «տունէն»:
Եւ «տունը» Հայաստանն է…:

 

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13433

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>