Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Սողոմոն Թեհլիրեան (1896-1960)

$
0
0

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Դ.- Նեմեսիս

Արդարեւ, իթթիհատական ղեկավարներու մահապատիժի որոշումը տրուեցաւ ՀՅԴ Թ. Ընդհանուր ժողովին կողմէ, որ տեղի ունեցաւ 1919-ի սեպտեմբերին, Երեւանի մէջ: Այս գործողութիւններուն տրուեցաւ «Յատուկ գործ» կամ «Նեմեսիս» անունը(39):

Վրէժխնդրութեան գաղափարը նոր չէր Դաշնակցութեան մէջ: Իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրէն Դաշնակցութիւնը ահաբեկումներ կատարած է թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ: 1915-ի Ցեղասպանութեան վրէժխնդրական արարքներ տեղի ունեցած են 1919-էն առաջ, նոյնինքն Ցեղասպանութեան տարիէն իսկ: Այս մասին ընդարձակ տեղեկութիւններ կան Երուանդ Փամպուքեանի կողմէ խմբագրուած Շաւարշ Միսաքեանի հատորին մէջ(40): Այնտեղ կը կարդանք, որ դաշնակցական երիտասարդութեան արիւնը կը փոթորկէր վրէժխնդրութեան գաղափարով: Բազմաթիւ ընդյատակեայ ահաբեկումները տեղի ունեցած էին թուրքերու դէմ: Մեծ թիւով թուրք մեծահարուստներու տուներ կրակի տուած էին: Այս վրէժխնդրական արարքները ո՛չ միայն մայրաքաղաքին եւ գլխաւոր քաղաքներու, այլեւ` գիւղերու մէջ: Այսպէս, Միսաք Թորլաքեան իր ընկերներով ծննդավայր Տրապիզոնի գիւղերուն մէջ կը կազմակերպէր բազմաթիւ ահաբեկումներ(41): Նոյնինքն Սողոմոն Թեհլիրեան, Անդրանիկի եւ առհասարակ կամաւորական գունդերու լուծուելէն ետք, ինչպէս յայտնած ենք նախապէս, կը միանայ Սեբաստացի Մուրատին, որ կազմած էր ծրագիր մը` թուրքերէն վրէժ լուծելու: Վրէժխնդրական գործողութիւնները կ՛ընդգրկէին Երզնկայի, Դերջանի, Քղիի,  Էրզրումի, Խոտորջուրի, Բաբերդի եւ Սպերի շրջանները: Այդ գործողութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին` Վահան Չերազը, քղեցի Աբգարը, Ստեփան Ծաղիկեանը, Սողոմոն Թեհլիրեանը եւ ուրիշներ: Սեբաստացի Մուրատի այս սքանչելի ծրագիրին իրագործումը կիսատ կը մնայ` ռուսական բանակի քայքայման պատճառով(42):

* * *

«Նեմեսիս»-ի գործողութեան համար(43) կազմուած էր Պատասխանատու մարմին մը, որուն ընդհանուր վերահսկողութիւնը վստահուած էր Արմէն Գարոյի (Գարեգին Փաստրմաճեան), որ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն էր Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ահաբեկման արարքներուն գետնի վրայ ցուցմունք տուողները պիտի ըլլային Շահան Նաթալին եւ Գրիգոր Մերճանոֆը, որոնք նաեւ ունէին պատասխանատուութիւնը նիւթական ապահովելու: Վերջապէս, հետախուզութեան եւ իթթիհատական ղեկավարներու ուր ըլլալուն մասին տեղեկութիւններ պիտի հայթայթէր Հրափը կամ Հրաչ Փափազեանը: Այս վերջինը իբրեւ մեծահարուստ թուրք ուսանող, Մեհմետ Ալի անունով, պիտի մտնէր իթթիհատական շրջանակներու մէջ եւ առօրեայ դրութեամբ տեղեկութիւններ պիտի հայթայթէր վրէժխնդիրներուն(44):

«Նեմեսիս»-ի առաջին գործողութիւնը, ըստ ծրագրուածի, պիտի կատարուէր Թալէաթ փաշային դէմ(45): Պէտք է յայտնել սակայն, որ  Թալէաթէն առաջ վրէժխնդրական արարքներ տեղի ունեցած էին: Այսպէս, 1919-ին Սողոմոն Թեհլիրեան, ինչպէս յայտնեցինք նախապէս, ահաբեկած էր մատնիչ մուխթար Յարութիւն Մկրտիչեանը: Արամ Երկանեան 1919-ին ահաբեկած էր թուրք-թաթար ղեկավար Ղասիմբեկովը, իսկ 1920-ին` Սարաֆովը եւ Ֆաթհալի Խան Խոյսքին(46): Արշաւիր Շիրակեանը 1920-ին ահաբեկած էր մատնիչ Վահէ Իհսանը(47):

* * *

Մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեանին «մահը Պոլսոյ հայութեան մէջ առաջ բերեց ընդհանուր ցնծութիւն(48): Սակայն Թեհլիրեանին բուն թիրախը Թալէաթն էր(49):

Թեհլիրեան կ՛անցնի Փարիզ` Թալէաթի հետքը գտնելու նպատակով: Ապրուստը սեփական աշխատանքով հայթայթելու համար կօշկակարութիւն կ՛ընէ Փարիզի մէջ(50): Փարիզի իր ընկերներէն մէկը կը տանի զինք Պոլսոյ պատրիարք Զաւէն արք. Եղիազարեանին քով, որ վերապրած էր  կոտորածներէն եւ տարագրուած էր Փարիզ: «Այժմ իր տխուր, քիչ մը թեք աչքերը ակնոցների միջից վրաս յառած` նա օրհնեց ինձ ու ասաց.

– Այո՛, զաւակս, մատնիչ Յարութիւն Մկրտիչեանը երիցս գերազանցեց վաստակը…»(51):

Թեհլիրեան այդ տեսակցութեան ընթացքին կը խնդրէ Զաւէն պատրիարքին աջակցութիւնը` Թալէաթի հետքը գտնելու նպատակով: «Բոլոր միջոցները սպառել էի ու վերջին յոյսս այդ էր: Բայց այդ պահին յայտնեցին Ազգային ժողովի անդամներից ոմանք, եւ մենք ստիպուած եղանք հեռանալ»(52):

Ահա այդ միջոցին էր, որ հրահանգ կը ստանայ Միացեալ Նահանգներ, Պոսթըն, երթալու: Պոսթընի մէջ կը ծանօթանայ «հասակագեղ, յաղթանդամ, տպաւորիչ արտաքինով եւ բարեհամբոյր Արմէն Գարոյի հետ»(53): Ամերիկայի մէջ կը պարզուի, որ այն` «ինչի մասին ես երազում էի գիշեր ու ցերեկ, այստեղ արդէն կենդանի գործ էր դարձած: Արմէն Գարոյի ղեկավարութեան տակ կատարուել էր նախնական ահագին աշխատանք»(54):

Պոսթընի մէջ Թեհլիրեան կ՛առնէ Թալէաթի արտանկարուած լուսանկարը երեք օրինակով: Թէեւ գործի սկիզբն էր տակաւին, սակայն Թեհլիրեան ներքին հրճուանք մը կ՛ապրէր, որ «գործը գտնւում է կարող մարդկանց ձեռքում եւ արդէն դրուած է շիտակ ճամբու վրայ: Բոլոր հարցերը պարզուեցին ու ճշդուեցին` առանց վիճաբանութեան եւ տարակարծութիւնների, կարծես մի ընտանիքի անդամներ էին, որոնց մէջ ամէնից շատ կշիռ ունի մեծի խօսքը»(55):

Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ցուցմունքները Արմէն Գարոյէն ստանալէ ետք, Թեհլիրեան կ՛երթայ Ժընեւ («Դրօշակ»-ի խմբագրատունը), ուր, սակայն, Թալէաթը գտնելու իր փորձերը կ՛անցնին ապարդիւն: Այնուամենայնիւ, «Դրօշակ»-ի խմբագրատան շէնքի եւ գոյքերու վերահսկիչ Անտոնը իրեն կը յանձնէ նամակ մը, որուն մէջ գրուած էր, թէ` «Պոլսից ստացած մի նամակի շնորհիւ գտել է իր մօտ ազգականներից մէկի հետքը Պերլինում, ուր եւ մեկնում է: Պէտք է ես էլ աճապարէի, եթէ ուզում էք համալսարան մտնել…»(56): Ասիկա ուրիշ բան չէր նշանակեր, եթէ ոչ` գտնուած էր Թալէաթի հետքը, Պերլին:

1920 դեկտեմբերին Թեհլիրեան կ՛անցնի Գերմանիա, Պերլին, ուր գործի կազմակերպման ու հետախուզութեան համար կը գտնուէին` Հրաչ Փափազեանը, Շահան Նաթալին, Լիպարիտ Նազարեանցը, Վահան Զաքարեանը եւ Յաղօրը(57): Հայաստանի մէջ պատրաստուած կարգ մը տեսերիզներու ու կայքերու մէջ ակնարկութիւն կայ, որ բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեան մաս կազմած է «Նեմեսիս»-ին: Ասիկա չի համապատասխաներ իրականութեան: Աւետիք Իսահակեանը ոչ մէկ ձեւով առնչութիւն ունի Թալէաթի ահաբեկման գործին մէջ:

Թեհլիրեան ինք եւս կը լծուի հետախուզութեան գործի: Ի վերջոյ հաւաքական ճիգերը արդիւնք կու տան: Օր մը, 1921 փետրուարի վերջերը, Պերլինի Շարլոտտենպուրկ փողոցին մէջ կը հանդիպի Թալէաթին եւ կ՛աշխատի նմանութիւններ գտնել իր քով եղած լուսանկարին հետ: Ստոյգ կը գիտնայ, որ այդ անձը Թալէաթն է: «Կայարանի մայթում յայտնուեց յաղթանդամ, կլոր, փքուն դէմքով, լաւ հագնուած, ձեռնափայտով մի նոր մարդ: Ողնայարս ցնցուեց, շա՜տ նման էր Թալէաթին, պակասում էին միայն թաւ պեխերը եւ ֆէսը: Գլուխը ծածկած էր կիսացիլինտր: […] Առջեւ կանգնած ուսանողներից մէկը աջն առաւ, համբուրեց եւ ասաց.

«Արդէն ներսն են, փաշա՛ս…»(58):

(Շար. 4)

——————————-

39.- Հրաչ Տասնապետեան, «ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. Ընդհանուր ժողով (1890-1924)», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, Աթէնք, «Դրօշակ»-ի տպարան, 1988, էջ 162, 171-172: Նաեւ` Յակոբ Մանճիկեան, Քնար Մանճիկեան, Վրէժ-Արմէն Արթինեան եւ Համօ Ապտալեան (խմբ.):
«Յուշամատեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ալբոմ-ատլաս», Բ. հատոր, հրատարակութիւն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի, Կլենտէյլ, «Նեքսթ տէյ քալըր փրինթինկ»,  2001, էջ 214-217:
40.- Երուանդ Փամպուքեան (խմբ.), «Մեծ եղեռնի առաջին վաւերագրողը Շաւարշ Միսաքեան», «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ», թիւ 9, Անթիլիաս, տպարան կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, 2017:
41.- Միսաք Թորլաքեան, «Օրերուս հետ», Գ. հրատարակութիւն, Պէյրութ: Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 2001, էջ 244-314:
42.- Ամիրեան, անդ, էջ 13-14:
43.- Տասնապետեան, անդ, էջ 162:
44.- Արշաւիր Շիրակեան, «Կտակն էր նահատակներուն», բ. տպագրութիւն, Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1986, էջ 280-284: Տեսնել նաեւ Կարօ Գէորգեան, «Ամէնուն տարեգիրքը», Ը. տարի, 1961: Պէյրութ, տպարան «Մշակ», 1961, էջ 263-269 եւ էջ 591-592:
45.- Տասնապետեան, անդ, էջ 162:
46.- Արամ Երկանեան, «Գիրք մատուցման եւ հատուցման», Պէյրութ, տպարան «Օնիպար», 1954:
47.- Շիրակեան, անդ., էջ 207:
48.- Մինախորեան, անդ., էջ 218-219:
49.- Նոյն տեղ, էջ 218-219:
50.- Նոյն տեղ, էջ 225-226: Նաեւ` Գէորգեան, անդ, էջ 590:
51.- Մինախորեան, անդ., էջ 212:
52.- Նոյն տեղ:
53.- Նոյն տեղ, էջ 237:
54.- Նոյն տեղ, էջ 236-237:
55.- Նոյն տեղ, էջ 240:
56.- Նոյն տեղ, էջ 251:
57.- Տասնապետեան, անդ., էջ 163:
58.- Մինախորեան, անդ., էջ 574:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles