ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Բ.- Յարութիւն Մկրտիչեանի Ահաբեկումը
1918 դեկտեմբեր կ՛անցնի Պոլիս: «Հաշուեյարդարի օրերը մօտեցան: Նորից ինձ համակեց Պոլիս ընկնելու եւ Թալէաթին սպաննելու գաղափարը, որ հանդէս էր գալիս այժմ իմ մէջ իբրեւ մօրս ուրուականի թելադրութիւն: Միաժամանակ ինձ յուզում էր այն յոյսը, որ Պոլսում կարող է յայտնուել տարագրուած հարազատներից մէկն ու մէկը, կամ այնտեղից դիւրին պիտի լինէր նրանց մասին լուր առնել» (26):
Թեհլիրեան Պոլսոյ «Ճակատամարտ» թերթի խմբագրատան մէջ կը հանդիպի օր. Երանուհի Դանիէլեանին, որմէ կ՛իմանայ, թէ Թալէաթը, Էնվերը, Ճեմալը, Հալիմ փաշան եւ առհասարակ բոլոր նշանաւոր ջարդարարները զինադադարի նախօրէին փախուստ տուած են Պոլիսէն (27): Օր. Երանուհիէն կ՛իմանայ դարձեալ, որ մատնիչ Յարութիւն (Արթին) Մկրտիչեանը կը գտնուի Պոլիս: Այս վերջինը Թալէաթի գործակալն էր: Ոստիկանապետ Պետրիի միջոցով Արթինը Թալէաթին յանձնած էր սեւ ցանկը 250 հայ մտաւորականներու, որոնք զոհ գացին Ապրիլեան եղեռնին: Ան իր ժողովուրդի մտաւորականներու նահատակման դիմաց հարստութիւն դիզած էր, տուն գնած էր եւ կը վայելէր կեանքը: Թեհլիրեան կը նպատակադրէ ահաբեկել Յարութիւն Մկրտիչեանը, որ Պէշիկթաշի թաղապետն (մուխթար) էր միեւնոյն ատեն:
Օր մը, երբ Թեհլիրեան կ՛անցնէր Խաֆիէ Արթին Մկրտիչեանին տան առջեւէն, կը տեսնէ, որ անոր տան մէջ լոյս կայ: Տեղը գամուած կը մնայ: Փողոցին նայող պատուհաններու վարագոյրները քաշուած էին: Դահլիճի մէջ ձիւնի պէս ճերմակ սփռոցով ծածկուած լայն սեղանի շուրջը կին մը կը շարէր ափսէներ, դգալ, դանակ, պատառաքաղ: Կինը յանկարծ կը նայի դուրս: Թեհլիրեան անմիջապէս կը քալէ դէպի վեր, կ՛անցնի միւս մայթը եւ ետ դառնալով` կը մտնէ տան դիմացի գինետունը: Կ՛ապսպրէ գարեջուր մը: Գինետան մէջ կային կարգ մը հայ յաճախորդներ, որոնք կը խօսէին քաղաքական հարցերու մասին: Ներս կը մտնէ Խաֆիէ Արթինի տղան եւ կը գնէ հինգ շիշ «Մարթել» քոնեաք: «Յանկարծ, կարծես զսպանակից վեր նետեցին ինձ: Բայց միչեւ վճարեցի, վրայ հասայ` ուշ էր: Մուտքի դուռը փակ էր: Յուսահատ` վազեցի դէպի պատուհանը եւ ի՜նչ տեսնեմ. բոլորուել են սեղանի շուրջ տասնից աւելի կանայք, տղամարդ, սեղանին գլուխը, ճիշդ պատուհանին դէմ ու դէմ, բազմել է մատնիչը ու բաժակը ձեռին` ճառում է: Ինձ համակեց մի վհատ կատաղութիւն. դուրս քաշեմ, շանթահարեմ ուղղակի պատուհանից…» (28): Հոգեկան այս վիճակին մէջ կը քաշէ ատրճանակը եւ կը կրակէ: «Յանկարծ` ճարճատիւն ու ահաւոր դղրդիւնով վար թափուեցին ապակիները. մատնիչը մահասարսուռ յետ ընկաւ ու ծալուեց նստած տեղը…» (29): Բայց կար անակնկալի բաժինը:
Յաջորդ օրը, առաւօտուն, Թեհլիրեան թերթերէն կ՛իմանայ, թէ մատնիչը միայն վիրաւորուած է: Ան ինքզինք կ՛ուտէ, ինչպէս կ՛ըսէ մեր ժողովուրդը: «Ամէն բան փճացաւ: Գլխի՛ն պէտք էր գամէի գնդակը: Անճարակութեանս գիտակցութիւնը մահուան չափ ծանր էր… Քիչ վերջ ինձ մօտ յայտնուեց օրիորդ Երանուհին` սովորականից աւելի գունատ, շփոթ, բայց ժպտուն նա ձեռքս թօթուեց.
– Կը շնորհաւորեմ, եղբայրս, ի՜նչ զուգադիպութիւն, ի՜նչ հոյակապ… – ու շշմած նայեց:- Հիւա՞նդ էք:
– Ծաղրո՞ւմ էք…
– Ի՞նչ կ՛ըսէք, ինչո՛ւ պիտի ծաղրէի:
– Չգիտէ՞ք, որ մատնիչը ողջ է մնացել:
– Օ՜, անհոգ եղէք, ես արդէն այցելեցի՛ հիւանդանոցը, ուր պառկած է. բարեկամ յոյն բժիշկ մը ըսաւ, որ ժամերը համրուած են…» (30): Արդարեւ, յաջորդ օրը կը մեռնի Խաֆիէ Արթինը:
– Ո՛ւր ալ երթայ, Յուդային վերջը պելլի է,- (31) պիտի ըսէր ահաբեկումէն անմիջապէս առաջ Թեհլիրեանին գտնուած գինետան հայ յաճախորդներէն մէկը` մատնիչին տղուն գինետունէն դուրս ելլելէ ետք:
Թեհլիրեան Արթին Մկրտիչեանին ահաբեկումը կատարած է ՀՅԴ Պոլսոյ Կեդրոնական կոմիտէին որոշումով (32):
Գ.- Որսի Ետեւէն. Թալէաթի Մահապատիժները
Վրիժառութեան բոլոր արարքներուն մէջ սակայն, Թեհլիրեանի թիրախը Թալէաթն էր, որուն ճիւաղային ուրուականը կը հալածէր զինք գիշեր ու ցերեկ: Հազիւ քունի անցած` սարսափելի տեսարաններու յաճախանքը կ՛ունենար, հոգեկան ծանր տագնապներ, աղիողորմ ճիչեր, ցաւի աղաղակներ, խելագարութեան եւ հոգեվարքի գոչիւններ, դաշտերու մէջ տարածուած դիակներ, իր գերդաստանին բնաջնջումը, եղբայրը` ջախջախուած, մայրը` գնդակահարուած, քոյրը` բռնաբարուած: Ու կը լեցուէր վրէժխնդրութեամբ:
Երբեմն կ՛ունենար յուսահատութեան եւ հոգելլկումի պահեր, որոնց ընթացքին իր դիմաց կը ցցուէր մօրը ուրուականը, որ կը քաջալերէր զինք` երբեք չընկրկելու եւ չհրաժարելու ոճրագործը սպաննելու գաղափարէն:
Կը մնար մէկ բան. ճամբայ ելլել եւ Թալէաթը գտնել:
Հետեւեալ պատումը լաւագոյնս կը բացատրէ Թալէաթի ահաբեկումէն առաջ Թեհլիրեանին հոգեվիճակը:
Երբ Ամերիկա կը գտնուէր եւ նոր պիտի ձեռնարկէր իր վրէժխնդրական արարքին, գիշեր մը, երբ սովորականին պէս արթուն մնացած էր, կը հարցնէ իր ընկերոջ` Սեդրակ Բախտիկեանին.
– Սեդօ՛, արթո՞ւն ես:
– Հա՛:
– Մտքէս գէշ բան անցաւ:
– Ի՞նչ:
Սողոմոն ելաւ եւ ճրագը վառեց: Առտուան ժամը երեքն էր:
– Այս աշխարհիս մէջ շատ տարօրինակ, գէշ բաներ կրնան պատահիլ: Կրնա՞յ պատահիլ արդեօք, որ իրեն հասնելէս առաջ ատ շունը դիպուածով մը մեռնի, ձեռքէս փախչի: Այսինքն ընկերը կ՛ըսէր.
– Աս ի՜նչ խայտառակութիւն է, եղբա՛յր Սողոմոն: Այնպիսի կացութիւն մը ստեղծեցիր, որ հիմա մենք պէտք է ծունկի գանք եւ աղօթենք Թալէաթին ժամանակաւոր արեւշատութեան համար: Դուն արդար մարդ ես, Սողոմո՛ն, քու խօսքդ պէտք է անցնի Աստուծոյ առջեւ, աղօթէ» (33):
Շատ մեծ պատասխանատուութիւն էր, Դաշնակցութեան եւ հայութեան համար ամօթ պիտի ըլլար, որ Թալէաթը բնական մահով մեռնէր: Թեհլիրեան քաջ կը գիտակցէր, որ իր կեանքը միայն իրը չէր, այլ ամբողջ հայ ժողովուրդին էր:
***
Թալէաթը մահապատիժի դատապարտուած է երեք անգամ:
Առաջինը այդ մահապատիժներէն տրուած էր 24 մայիս 1915-ին` Ա. Աշխարհամարտի դաշնակից պետութիւններու կողմէ, գլխաւորութեամբ Ֆրանսայի եւ Անգլիոյ: Անոնք կը յայտնէին, որ թուրք կառավարութեան ղեկավարները պատերազմի աւարտին պատասխանատուութեան պիտի կանչուին եւ խստագոյն պատիժի, այսինքն մահապատիժի պիտի ենթարկուին հայկական ջարդեր կազմակերպելնուն համար (34):
Այս մահապատիժը չգործադրուեցաւ: 30 հոկտեմբեր 1918-ին կը ստորագրուէր Մուտրոսի զինադադարը, որմէ ետք թրքական կառավարութիւնը դաշնակից պետութիւններու ճնշումին տակ կը հարկադրուէր յառաջացնել զինուորական ատեան մը, որ պիտի քննարկէր հայկական կոտորածներն ու հայութեան բռնի տեղահանութիւնը եւ համապատասխան պատիժներ տնօրինէր:
12 փետրուար 1919-ին զինուորական ատեանը սկսաւ իր աշխատանքներուն` անգլիական գրաւման իշխանութեանց վերահսկողութեամբ: Ատեանը մեղաւոր եւ պատասխանատու կը նկատէր իթթիհատական թուրքերը իրենց կազմակերպած հայերու կոտորածներուն եւ բռնի տեղահանութեան համար (36): Աւելի՛ն. անիկա մարդկութեան ամենամեծ յանցագործներուն շարքին կը դասէր իթթիհատականները: Պոլիս ժամանած էին բազմաթիւ եւրոպացի լրագրողներ: Եւրոպական եւ թրքական թերթերը կը հրատարակէին բազմաթիւ յօդուածներ ջարդերու մասին: Հակառակ այս բոլորին, Ցեղասպանութեան կազմակերպիչ իթթիհատական գլխաւոր ղեկավարներէն` Թալէաթ, Էնվեր, Ճեմալ, տոքթ. Նազըմ, Պեհաէտտին Շաքիր, Ճեմալ Ազմի` ոչ ոք դատարանը կը գտնուէր: Անոնք փախուստ տուած էին: Այդ պատճառով ալ դատավարութիւնը ձգձգուեցաւ:
12 ապրիլ 1919-ին զինուորական ատեանի գլխաւոր դատախազը հրապարակեց իր եզրակացութիւնը, որով հեռակայ մահուան կը դատապարտէր իթթիհատական ղեկավարները: Յանցագործները ստացած էին արժանի պատիժը: Սակայն ո՞վ պիտի գործադրէր մահապատիժը, մանաւանդ որ իթթիհատական ղեկավարները ման կու գային Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ մէջ: Անոնք ազատ էին եւ վայելքներու մէջ: Մէկ խօսքով, դատավարութիւնը աչքի փոշի կը ցանէր հայութեան վրայ:
Իթթիհատական ղեկավարները երկրորդ անգամ մահապատիժի դատապարտուեցան 1920-ին, իրենց կառավարութեան տապալումէն ետք կազմուած թրքական նոր կառավարութեան ռազմական դատարանին կողմէ (37): Այս անգամ ալ մահապատիժը չգործադրուեցաւ, որովհետեւ ամբաստանեալները դատավարութեան ներկայ չէին: Նոյնիսկ եթէ ներկայ ըլլային թէ՛ առաջին եւ թէ՛ երկրորդ դատավարութեան, մատապատիժները պիտի չգործադրուէին, որովհետեւ Թուրքիոյ բոլոր կառավարութիւնները` սուլթանական եւ իթթիահատական, համաձայն էին հայութեան կոտորածներուն եւ տեղահանութեանց: Նոյնը կատարեց նաեւ Մուսթաֆա Քեմալը, որ դատապարտելով հանդերձ իթթիհատականները, շարունակեց անոնց գործը` այս անգամ հայ բնակչութենէ պարպելով – կոտորելով կամ բռնի տեղահանելով ամբողջ Կիլիկիան: Իրողութիւնը նաեւ այն է, որ Թալէաթի սպանութենէն ետք Պոլիսը մերժեց անոր դիակը, սակայն 22 տարի ետք, 1943-ին (38) Թալէաթի աճիւնները փոխադրուեցան Պոլիս, հերոս հռչակուեցաւ ան, եւ անոր արձանը բարձրացուեցաւ Թուրքիոյ մէջ:
Երրորդ մահապատիժը տնօրինողը ո՛չ պետութիւնն էր եւ ո՛չ ալ զինուորական կամ պատերազմական դատական ատեանը: Այս մահապատիժը կը տրուէր Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ գործադրեց զայն:
(Շար. 3)
————————
26.- Նոյն տեղ, էջ 176-177:
27.- Նոյն տեղ, էջ 188:
28.- Նոյն տեղ, էջ 205:
29.- Նոյն տեղ:
30.- Նոյն տեղ, էջ 206:
31.- Նոյն տեղ, էջ 205:
32.- Ուիքիփետայի արեւմտահայերէն բաժին:
33.- Սեդրակ Բախտիկեան, «Սողոմոնը», «Հայրենիք» ամսագիր, ԼԸ. տարի, թիւ 8, օգոստոս 1960, էջ 83:
34.- Ստեփան Ալաջաջեան, «Նախաբանի փոխարէն» «Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութիւնը (սղագրութիւն)», Երեւան, «Արեւազուն», 1990, էջ 3-4:
35.- Գ. Լազեան «Հայաստան եւ Հայ դատը ըստ դաշնագրերուն», Գահիրէ, տպարան «Յուսաբեր», 1942, էջ 117-118:
36.- Թեհլիրեան արդարահատոյցը», խմբ. Յարութիւն Քիւրքճեան, հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, Պէյրութ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, 1981, էջ 173:
37.- Ալաջաջեան, անդ., էջ 4:
38.- Խանումեան, անդ: