Image may be NSFW.
Clik here to view.
Խորհրդայնացումին իբրեւ հետեւանք, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչները, գործիչները, պետական դէմքերը հաստատուեցան սփիւռքեան տարբեր գաղթօճախներ: Հանրապետութիւն կերտած գործիչներու սփիւռքահայ կազմակերպ կեանքին մէջ ներկայութիւնը նոր զսպանակում տուաւ մեր կրթական, մշակութային, կուսակցական եւ հասարակական կեանքին:
Պատկերացնենք, որ ո՛չ միայն պետական կառոյցներ եւ գերատեսչութիւններ վարած, այլ նաեւ հանրապետութիւն կերտած մարդիկ յայտնուեցան Ցեղասպանութենէն առաջին վերապրող սերունդով կազմուած համայնքային կեանքին մէջ:
Այստեղ պէտք է աւելի խորանալ` նկատելու համար այն եզակի միջավայրերը, ուր պետական եւ համայնքային մտածողութիւններու համատեղելիութեամբ համայնքներու կրթամշակութային եւ կուսակցական-հասարակական գործունէութիւնը նոր ոստում կատարեց` որակեալ նոր լիցքեր ապահովելու տեսակէտէն:
Մեծ է այդ սերունդին ներդրումը, կամ Հայաստանի Հանրապետութեան կերպով մը շարունակութիւնը որոշ միջավայրերու մէջ զգացուցած մարդոց դերակատարութիւնը սփիւռքահայ քաղաքական մտքի ձեւաւորման, կազմաւորման եւ կայացման գործընթացին մէջ:
Այս շրջանին է, որ պետութեան բացակայութեան, մեր միութիւնները պետութենէ մը ակնկալուած գործառոյթները ստանձնելու անհրաժեշտութեան առջեւ դրուեցան: Նոր կառոյցներ, աշխատելաոճ, համախմբուածութիւն, կրթութեան առաջնահերթութիւն, մշակութային գործունէութեան ծաւալում` այս ոլորտները գրաւեցին մեր կազմակերպ կեանքի առաջին հորիզոնականները. բոլորը հեռանկարային մարզեր, որոնք կը նպատակադրէին պատրաստել մարդը, հայ մարդը, մայիս 28-ի խորհուրդներուն իրազեկ, անոնց թելադրած ուղերձներուն հաղորդ մարդը:
Վերջապէս այն մարդը, որուն քաղաքական առաջադրանքը նախ եւ առաջ պիտի ըլլար անկախութեան վերանուաճումը եւ պետականութեան վերականգնումը:
Շատ կարեւոր է այս ժամանակահատուածին եւ հանրապետականակերտ սերունդի սփիւռքեան գործունէութեան խորքային քննարկումը: Անոնց թողած ժառանգին երկարաժամկէտութիւնը, այժմէականութիւնը եւ պահու հասունացման ժամանակ հոգեմտաւոր պատրաստութեան զգալիութիւնը հանրագումարին պատկերն է այս սերունդի թողած աւանդներուն:
Վարչապետութենէ վարժապետութիւնը, կամ նախարարութենէ մանկավարժութիւնը ինքնանպատակ կամ ասպարէզի այլընտրանքի չգոյութեան պատահական արդիւնքներ չէին. հեռանկարային աշխատանք, կրթադաստիարակչական ուղղուածութիւններով ամբողջ սերունդներու եւ զանգուածներու հոգեմտաւոր պատրաստութեան կոչուած առաքելութիւն, որ խորքին մէջ ձեւաւորեց ամբողջ արժեհամակարգ մը:
Հակառակ ամէն տեսակ վարչակարգի, հակառակ իրեն ուղղուած թշնամական մթնոլորտի ստեղծման հայրենիքը ամէն ինչէ վեր դաւանելու անտեղիտալի համոզմունքի եւ գիտակցութեան ամրագրում: Պետականութիւնը բացարձակ արժէք նկատելու եւ զայն գերիշխան կարգավիճակի հասցնելու համար ամէն տեսակ զոհողութիւն յանձն առնելու պատրաստակամութեան գոյառում:
Հանրապետութեան սերունդի սփիւռքեան ժամանակահատուածի գիտական արծարծումը կ՛օգնէ անպայման ի վերջոյ ընկալելու համար սփիւռքահայ քաղաքական միտքի բիւրեղացման գործընթացին եւ հայաստանակեդրոն մտածողութեան ձեւաւորման հիմքերը, ակունքները. բայց մանաւանդ` հրաշակերտ սերունդի թողած աւանդը: