Image may be NSFW.
Clik here to view.
Տարիներ անընդհատ մեր կուսակցութիւնը քայլել է ժողովրդի հետ, նրա տառապալի ու արիւնի ճանապարհովը. միշտ եւ ամէն տեղ, լայն ու նեղ օրերին. եւ այս միջոցին ժողովուրդն ու Դաշնակցութիւնը ճանաչել են իրար, ինչպէս ծնող ու զաւակ: Մեր կուսակցութիւնն է եղել միակը հայ իրականութեան մէջ, որ կեանքի ծանր րոպէներին չէ կորցրել իր հաւասարակշռութիւնը, ոգի է ներշնչել ժողովրդին` ապրելու, տոկալու եւ դիմադրելու համար:
ԿՈՄՍ
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Այո՛, կը զգանք որ հաճելի օրեր անցուցինք, շնորհիւ փառապանծ Օսմանեան կառավարութեան: Խորհրդարանի անդամներու վայել պատիւներ տեսանք: Աղտոտ շապիկնիս պատանքի պէս վրանիս փակած, մեզ ոջիլներ ըրիք: Օն ուրեմն, սեւ մեռելակառքը մեզի կը սպասէ: Երանի անոր որ մահուընէ առաջ աչքերով կը տեսնէ իր մեռելակառքը ու չի վհատիր: Անոնք են ճշմարիտ մարտիրոսները, որոնք մահուան առջեւ կ՛արիանան: Վստահ եմ, որ դահիճները իրենք իսկ պիտի իյնան իրենց լարած ծուղակին մէջ:
ՎԱՐԴԳԷՍ
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Լինենք աւելի պաղարիւն, աւելի քննող եւ աւելի լուրջ ուսումնասիրող, մեր կարծիքները զգուշանանք շատ շուտ յայտնելէ, մարդիկը, մանաւանդ գործի ընկերները վիրաւորելէն առաջ` բազմակողմանի կերպով խորհրդածենք լռելեայն. յամառ չլինենք, ունենանք հանգամանքներու համեմատ մտքի ճկունութիւն, զոհենք ամէն բան օգտակարին համար. մեր սեփական ուժերու սահմանէն անդին չանցնինք, աւելի համեստ եւ նուազ մեծամիտ լինենք: Այն ատեն մարդիկ զիրար աւելի լաւ պիտի ճանչնան եւ աւելի օգտակար լինեն:
ՀՐԱՉ
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Ինծի մի քարոզէք անդադար խոհեմութիւն: Ա՜խ, կեանքը առանց այդ քարոզին արդէն զիս ու բոլոր մարդերը ըրած է պէտք եղածէն աւելի խոհեմ եւ զգուշ, անոր համար ալ, եւ նոյն համեմատութեամբ` սլացքը, հոգիի սլացքը նուազեր է եւ բոլորը դարձեր են մանր-մանր հաշուագէտներ, պատառ մը հացի ետեւէն վազողներ` երկչոտ սարսափահար: Եղէք հակառակին քուրմերը: Կրնա՞ք ընել հակառակը, խենթութիւն սերմանել. արհամարհանք ներարկել մարդոց, եւ քաղել մեծ գործեր, խորունկ ու բեղուն գործեր:
ԲԱՐՍԵՂ ՇԱՀՊԱԶ
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Ժողովուրդի յեղափոխական ոգին բարձրացնելու, նրա հաւատքը ամրապնդելու ու միշտ վառ պահելու համար դէպի մեր ընդհանուր գործը, անհրաժեշտ է որ մեր խօսքին հետեւի գործը: Հարկաւոր է շօշափելի ապացոյցներ տալ, որ մեր քարոզածը «անապատում հնչող դատարկ բարբառ չէ»: Մենք, որքան ներում են մեր ուժերը, պէտք է զէնք, ռազմամթերք եւ առայժմ միայն քարոզող ընկերներ ուղարկենք Երկիր:
ՖԱՐՀԱՏ
ՀՅԴ 125-Ամեայ Ուղին`
125-Ամեայ Դրուագով
42.- 1907-ին Պարսկաստանի մէջ ծայր կ՛առնէ սահմանադրական շարժում մը, որուն կը հակադրուի ցարական Ռուսիան: Օգտուելով Պարսկաստանի խառնակ վիճակէն` Համիտ զօրք կը մտցնէր Ատրպատական, այդ շրջանը իր կայսրութեան կցելու բացայայտ մտադրութեամբ: Մտահոգ, Ռոստոմ Թեհրան հասաւ 1908 յունուարին, արագացնելու համար պարսիկ յեղափոխականներուն օգնելու Ընդհանուր ժողովի որոշման գործադրութիւնը: Ան բանակցութիւններ վարեց յեղափոխական շարժման զօրավիգ երեւելիներու հետ: Պարսիկները Դաշնակցութենէն կ՛ակնկալէին փորձառու ղեկավարներ, պայթուցիկներու մասնագէտներ եւ զինամթերք: Դաշնակցական ռազմիկները հիմքը պիտի դառնային սահմանադրական շարժումին:
43.- 1908-ի յունուարին, Վանի մէջ, դաւաճան Դաւոյի մատնութեան հետեւանքով թրքական կառավարութիւնը կարեւոր քանակութեամբ զինապահեստներ կը բացայայտէ ու կը ձերբակալէ Արամը եւ 11 ուրիշ յեղափոխականներ: Շատ չանցած դաւաճանը գետին կը փռուի տակաւին պատանի Տաճատ Թերլեմեզեանի կողմէ:
44.- 1908 ապրիլին Ժընեւի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի դաշնակցական ուսանողներու համագումարը: Մեր ձեռքը գտնուած փաստաթուղթերը «առաջին եւ հիմնադիր» մակդիրը կու տան այս Համագումարին, ինչ որ ենթադրել կու տայ թէ նախկին Միութիւնը կազմալուծուած էր եւ այդ թուականին նորի մը հիմը կը դրուէր:
45.- 1908-ի հոկտեմբերին, Պրիւքսէլի մէջ գումարուած Ընկերվար Միջազգայնականի ժողովին Դաշնակցութիւնը կ՛ընդունուի իբրեւ Միջազգայնականի անդամ` Օսմանեան կայսրութենէն: Փաստօրէն, Դաշնակցութիւնը իր բոլոր հատուածներով կը մտնէ Միջազգայնականէն ներս` երկար տարիներ իր կարեւոր մասնակցութիւնը բերելու համար շարժումին:
46.- Ցարական ռեժիմի 1906-1911 տարիներու փաստացի տիքթաթէօր Ստոլիպինի հետեւողական հալածանքներուն առարկան եղաւ նաեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իբրեւ Կովկասի տիրական կուսակցութիւններէն մէկը: Եւ սկսաւ ձերբակալութիւններու շարքը: Գլխաւոր ամբաստանեալները, շուրջ 160 հոգի, շուտով փոխադրուեցան Նովոչերկասկ քաղաքի բանտի զնտանները: Դատական քննիչ Լըյժինի պատրաստած երկար ամբաստանագիրը (կազմուած 20.000 էջերէ) ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը մեղադրէր իբրեւ ահաբեկումի ճամբով ցարական վարչաձեւի տապալման ձգտող կազմակերպութիւն: