Ն. Պ.
Յունիս 19-ին, 97 տարի առաջ, Ազրպէյճանի մուսաւաթական առաջին կառավարութեան նախագահը` Ֆաթալի Խան-Խոյսկի
ահաբեկուեցաւ Թիֆլիսի Գոլովինսկի փողոցին (այժմ` Ռուսթաւելլի պողոտայ) վրայ:
Ահաբեկիչը Արամ Երկանեան անունով դաշնակցական երիտասարդ մըն էր, որ իր յանդուգն գործողութեամբ առաջին եւ կարեւոր քայլ մը նետեց թուրքեւազերի հայասպան ջարդարարներուն արդար դատաստանի եւ մահապատիժի արժանացնելու ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին որոշած «Նեմեսիս» ծրագրի գործադրութեան ուղղութեամբ:
Խան-Խոյսկի կը հանդիսանար Ազրպէյճանի մուսաւաթական կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Ճիվանշիրի հետ, գլխաւոր պատասխանատուն իթթիհատական թուրքերու ձեռակերտ նորաստեղծ Ազրպէյճանի տարածքին հայութիւնը կոտորելու եւ տեղահան դարձնելու ցեղասպանական ծրագրի մշակումին ու գործադրութեան:
Պատմութենէն ծանօթ է, որ 1918-ի առաջին ամիսներուն, օգտուելով ռուսական զօրքերը ռազմաճակատներէն տուն կանչող Լենինի դաւադիր, այլեւ կործանարար քայլէն, իթթիհատական Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը, Ա. Աշխարհամարտը արդէն կորսնցնելու պահուն, որոշեց իր ուժերը կեդրոնացնել Անդրկովկասի ճակատին վրայ:
Վերագրաւելով Արեւմտեան Հայաստանի ազատագրուած մասը` թրքական զօրքերը արշաւեցին Այսրկովկաս: Թրքական 3-րդ եւ 4-րդ զօրախումբերու` 1918 թ. մայիսին Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի ճակատամարտերուն իրենց կրած պարտութենէն յետոյ, թրքական երկրորդ զօրախումբը Ջաջուռ-Համամլու-Ղարաքիլիսա-Դիլիջան-Ղազախ-Ելիզավետպոլ գիծով արշաւեց դէպի Պաքու:
Թուրքերու Պաքու մուտքը մեծ օժանդակութիւն ստացաւ Գանձակի մէջ գտնուող ազրպէյճանական դեմոկրատական հանրապետութեան մուսաւաթական նորաստեղծ կառավարութեան (նախագահը` Մ. Ֆաթալի Խան-Խոյսկի) կողմէ: Թուրք-մուսաւաթական համագործակցութիւնն աւելի ակնառու դարձաւ, երբ 1918-ի մայիսի 27-ին – Մուսուլէն Գանձակ ժամանեց կովկասեան թրքական բանակի գլխաւոր հրամանատար, զօրավար Նուրի փաշան:
Մայիսի վերջերուն Պաքուի ճակատին վրայ գտնուող թրքական ուժերուն ընդհանուր թիւը արդէն հասած էր 18-20 հազարի եւ օրէ օր կ՛աւելնար: 1918 թ. Մայիսի վերջերուն, հետեւաբար, Գանձակ գտնուող Ազրպէյճանի կառավարութեան ու Մուսաւաթ կուսակցութեան գործիչներու գաղտնի խորհրդակցութեան ժամանակ մշակուեցան Նուխիի, Արէշի, Կէօքչայի, Շամախի եւ Պաքուի գաւառներու հայութեան կոտորածներու ծրագիրներ:
Այս առումով ուշագրաւ է, կոտորածներէն առաջ, Նուխիի, Շամախի եւ Պաքուի քաղաքապետներուն ուղղուած Ազրպէյճանի Հանրապետութեան ներքին գործոց նախարար Բէյբուդ Խան-Ջիվանշիրի գաղտնի հրամանը, որ կը հրահանգէր. «Անհրաժեշտ է ոչնչացնել հայերը` անոնց դիակներու վրայէն անցնելով մեր նպատակներուն հասնելու համար: Մի՛ խնայէք ոչ ոքի եւ հաւատարմօրէն կատարեցէք ձեզի տրուած հրահանգները»:
Պաքուի հայութեան հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը (պոլշեւիկ ղեկավար գործիչ Ստեփան Շահումեանի եւ ՀՅԴ հիմնադիր Ռոստոմի միացեալ ղեկավարութեամբ) առանձին անդրադարձի նիւթ է: Այսօր կը կեդրոնանանք այդ օրհասական կռիւներու ընթացքին, յատկապէս` թրքական զօրքերու Պաքու մուտքէն ետք հայ ժողովուրդին դէմ մոլեգնած ցեղասպանական ոճիրներուն վրայ, որոնց գլխաւոր պատասխանատուներէն էր Խան-Խոյսկին եւ այդ պատճառով ալ 1920-ի յունիս 19-ին Արամ Երկանեանի ձեռամբ ստացաւ իր արդար պատիժը:
Այդ օր, ինչպէս պատմական արխիւները կը հաստատեն, «Թիֆլիսի Գոլովինսկու փողոցում անշուք արտաքինով բակապանի վրայ ոչ ոք ուշադրութիւն չդարձրեց:
Ծուլօրէն յօրանջող բակապանը յանկարծ կերպարանափոխուեց, երբ երեւաց Խան-Խոյսկին` իր ղոչիներով: Մի պահ միայն թուրք դահիճը տեսաւ ահեղ վրիժառուին ու այլեւս® ոչինչ չտեսաւ:
«Պայթեց Արամի մաուզերը եւ հայակեր դահիճը ընկաւ ջախջախուած գանկով: Եւս երկու կրակոց, ու էլի երկու ղոչիներ հետեւեցին իրենց առաջնորդի օրինակին: Արամը ինքն էլ վիրաւորուեց, սակայն կարողացաւ խուսափել հետապնդումից` ապացուցելով, թէ որքան քաջ, նոյնքան էլ հնարամիտ է»:
Ահա՛ ամփոփ ու խիտ նկարագրականը` 19 յունիս 1920-ի ահաբեկչական այն հատու գործողութեան, որ առաջին ազդանշաններէն մէկը դարձաւ 1915-ի հայասպանական մեծ ոճիրով սկսած հայկական արհաւիրքի թուրք եւ թաթար պատասխանատուներու արդարահատոյց «Նեմեսիս» գործողութեան:
Աւելի քան ինը տասնամեակ անցած է Հայաստանի եւ հայութեան համար պատմական տարողութեամբ բախտորոշ վերիվայրումներու այդ ժամանակաշրջանէն ասդին:
Հայասպանութեան արհաւիրքին, ՄԱՅԻՍ 28-ի հրաշափառ յարութեան եւ ազատ ու անկախ Հայաստանի` թուրքեւխորհրդային կործանումին զուգահեռ, հայ ժողովուրդը պատմութեան էջերուն արձանագրեց հայկական «Նեմեսիս»-ի մէջք շտկող եւ ազգային ինքնավստահութիւն կոփող էջը, որուն առաջին ազդանշաններէն եղաւ 19 յունիս 1920-ին Պաքուի հայասպան Խան-Խոյսկիի ահաբեկումը` Արամ Երկանեանի ձեռամբ: