Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13499

Երբ Ամօթն Ալ Վերնայ…

$
0
0

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Պատահարները, դէպքերը մտածել կու տան, թէ հասած ենք աշխարհի կործանման փուլին: Եթէ այս տողերու կարդացուած պահուն տակաւին չէ կործանած, հաստատ ըսեմ, որ վաղը կամ գոնէ քանի մը վաղը յետոյ կը հասնինք այդ չար պահուն:

Կամ` ո՞վ գիտէ, դեռեւս հասած ենք, բայց տակաւին կը շարունակենք քունի մէջ մնալ:

Թրամփ նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք իր անդրանիկ օտարերկրեայ այցը կատարեց դէպի Սէուտական Արաբիա: Հեռուստապաստառներու վրայ կամ թերթերու էջերուն, օրեր անց, տակաւին կը շարունակուին այդ այցելութեան հետեւանքներու մասին վերլուծաբաններու մեկնաբանութիւնները:

Պիտի յիշենք, որ այդ այցելութեան միջոցին Միացեալ Նահանգներու նախագահը 360 միլիառ տոլարի արժէքով համաձայնութիւններ կնքեց: Այդ գումարի աւելի քան 110 միլիառը կը վերաբերի զէնքի առեւտուրի: Սոյն համաձայնութիւնը մինչեւ օրս երկու երկիրներու միջեւ կնքուած մեծագոյն առեւտրական համաձայնագիրն է եւ ափսոս,

որ պէտք է մեծ մտավախութիւն պատճառէ համայն աշխարհի բնակչութեան:

Առանց վարանումի կարելի է ըսել, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Սէուտական Արաբիա համաշխարհային խաղաղութեան սպառնացող երկու երկիրներ են, որոնց համագործակցութենէն միայն չարիք կարելի է ակնկալել:

Դէպքերը այնպիսի արագութեամբ իրարու յաջորդած են, որ հետեւիլ եւ իմաստաւորելը բնաւ դիւրին չէ, նոյնիսկ` տարածաշրջանի խնդիրներուն քաջաբար ծանօթ մասնագէտներու համար:

Եւ եթէ փորձենք պատահածներու մէջ յաջորդականութիւն տեսնել, դարձեալ պիտի զարմանանք` ի տես Ծոցի երկիրներուն կողմէ Քաթարի դէմ հարեւան երկիրներու գործադրած մեկուսացման ռազմավարութեան:

Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա մինչեւ կարճ ժամանակ առաջ կը մեղադրուէին միասնաբար Սուրիոյ պատերազմին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի գործօնը շահագործելու մեղադրանքով:

Համատարած ընկալումի համաձայն, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար իրենց քսակը լայն բացած էին ոճրագործներու այդ հրոսախումբին դիմաց, եւ իրենց օգնութիւնն ալ տեղ կը հասնէր սահմանամերձ երկիր Թուրքիոյ միջոցով: Ուրեմն ի՞նչ պատահեցաւ, որ յանկարծակիօրէն այդ յարաբերութիւնը օդին մէջ ցնդեցաւ եւ հիմա կը խօսինք Քաթարը մեկուսացնելու ռազմավարութեան մը մասին:

Ըստ երեւոյթին, սատանան տարբեր լարերու վրայ խաղալու անհաւատալի յատկութիւնը ունի, եւ մենք` միամիտներս ենք, որ ափ ի բերան կը հետեւինք բեմադրուած խայտառակութեան:

Բայց տակաւին մեզ զարմացնելու ատակ բազմաթիւ երեւոյթներ կան:

Եկէք` այս անգամ ալ յիշենք այդ նոյն Թրամփի երկրագունդի ջերմաստիճանի բարձրացման դէմ Փարիզի մէջ կնքուած միջազգային համաձայնութենէն հրաժարման խնդրին:

Գաղտնիք չէ, որ աշխարհի ջերմաստիճանի բարձրացման մէջ կարեւոր դերակատարը կը համարուին զարգացած ճարտարարուեստի տէր երկիրները: Անոնց մէջ Չինաստան եւ Միացեալ Նահանգները ինքնին պատասխանատու են աշխարհի ապականման պատճառ դարձող գործօններու մեծամասնութեան:

Այս նոր ճշմարտութեան դիմաց` Թրամփ կատարուածը կը բացատրէր «Փարիզեան համաձայնագիրը ամերիկեան ընկերութիւններու օգտին չէ» ամօթալի պատճառաբանութեամբ:

Եթէ աշխարհ պիտի կործանի, նախ եւ առաջ ամօթի զգացումի վերնալով պիտի կործանի:

Այսքան սխալը մինչեւ ո՞ւր կրնայ տանիլ մարդկութիւն կոչուած կենդանիներու աշխարհասփիւռ տեսակը:

«Ակօս»


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13499


<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>