ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Էրտողանամէտ թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը բուռն յարձակում մը գործեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն դէմ` Արաբական ծոցի այդ երկիրը ամբաստանելով իսլամական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող բոլոր յեղաշրջումներուն, ներառեալ Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսի 2016-ի յեղաշրջման փորձին ու իսլամական աշխարհի մէջ «կասկածելի շարժումներուն գլխաւոր կազմակերպիչը» ըլլալու մէջ: «Եգիպտական եւ իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութիւններուն պատրաստած ցուցակին (նկատի ունի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւ անձերու վերաբերեալ արաբական չորս երկիրներու հրապարակած ցուցակը), որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Սէուտական Արաբիան մղեցին գործադրելու, թիրախը շրջանին մէջ նախապէս Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի եւ Թուրքիոյ կողմէ ստեղծուած ուժերու հաւասարակշռութիւնն է»:
Անգարա առայժմ ոչ պաշտօնական կերպով` իշխանամէտ օրաթերթի մը ճամբով կը հակադարձէ Սէուտական Արաբիոյ` ամբաստանելով վերջինիս կրտսեր գործընկերը` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, ճիշդ ինչպէս Ռիատ ամբաստանած էր Անգարայի կրտսեր գործընկերը` Քաթարը: Սիւննի աշխարհին առաջնորդը ըլլալու Անգարա¬Ռիատ երկարատեւ եւ այժմ թէժանալու վտանգը դիմագրաւող մրցակցութեան ծիրին մէջ Քաթարի մեկուսացումը եւ ընդհանրապէս Ռիատի մէջ Արաբական-իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովէն ետք ստեղծուած մթնոլորտը չարագուշակ է Անգարայի համար, ուստի կը փորձէ որոշ չափով մեղմացնել զայն: Ատիկա կարելի չէ, սակայն, օրաթերթերու մէջ յօդուածներու ճամբով կատարել, ուստի ակնկալելի է, որ Էրտողան իր ամերիկացի պաշտօնակիցին` Տանըլտ Թրամփի հետ յառաջիկայ օրերուն ընթացքին ունենալիք հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յառաջ քշէ «Ենի Շաֆաք»¬ի մէջ նշուած թեզը` փորձելով մեղմացնել իր եւ Քաթարի վրայ ճնշումը: Այս առումով թրքական իշխանամէտ օրաթերթին մէջ լոյս տեսած յօդուածը կարելի է նկատել փորձառական փուչիկ մը, որուն նկատմամբ հակազդեցութենէն կախեալ պիտի ըլլայ այդ մարտավարութեան որդեգրման վերջնական որոշումը:
Այս յօդուածը նաեւ թրքական մամուլին կողմէ իմարաթական եւ սէուտական օրաթերթերուն նետուած ձեռնոց մըն է, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ եւ անոր դաշնակիցներուն Թուրքիոյ դէմ ճակատելու պատրաստակամութեան անուղղակի փորձարկում մը: