Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Տեսակէտ. Մարզանքէ Մը Անդին…Համազգային Յաղթանակ

$
0
0

 ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Վերջերս Դիմատետրի վրայ տեղադրուած տեսանիւթի մը մէջ պասքեթպոլի «Ռիատի» ակումբի խումբ մը համակիրներ հայ համայնքին հասցէին հայհոյանքներ կ՛ուղղէին, իսկ ուրիշներ թրքական դրօշակներով կը տօնախմբէին իրենց ակումբին յաղթանակը… Այս բոլորին մէջ նորութի՞ւնը… Ոչի՛նչ:

Վստահաբար անընդունելի են այսպիսի արարքներ, եւ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը պէտք էր միջամտէր, բայց այդ միջամտութիւնը չկատարուեցաւ: Աւելի՛ն. ՀՄԸՄ-ի համակիրները Դիմատետրի վրայ սկսան նոյն ձեւով եւ ոճով պատասխանել «Ռիատի»-ի համակիրներուն: Հարցը այլեւս ՀՄԸՄ ընդդէմ Ռիատի չէր, այլ` հայը ընդդէմ սիւննին… Այստեղ էր վտանգը: Այսպիսի խնդիրի մը դիմաց պէտք է կառուցողական մօտեցում ցուցաբերել, զգացականութիւնը մէկ կողմ դնել եւ անդրադառնալ երկու հիմնական կէտերու` ՀՄԸՄ-ը` իբրեւ համազգային յաղթական խումբ եւ շրջանին մէջ սիւննիական հարցն ու թրքական թափանցումը:

ՀՄԸՄ-ը, հակառակ իր պատկանելիութեան, այսօր իր շուրջ համախմբած է լիբանանահայ ամբողջ գաղութը: Նոյնիսկ ամերիկահայը, ֆրանսահայը եւ հայաստանցին կը դիտեն խումբին մրցումներն ու կը քաջալերեն զայն: Աւելի՛ն. անիկա դարձած է լիբանանահայութեան պարծանքը եւ անոր պատմութեան մէկ մասը: Այսօր հնչակեանը, դաշնակցականը, ռամկավարը եւ չէզոքը միասնաբար կ՛երթան ճաշարան կամ դաշտ` դիտելու եւ քաջալերելու համար հայկական խումբ մը, որ գաղութը եւ համայնքը կը ներկայացնէ Լիբանանի մէջ:

Կարելի՞ էր արդեօք այսպիսի բան մը մտածել մօտ 60 տարի առաջ. թող մեր հայրերը եւ մայրերը պատասխանեն…

Լիբանանահայ գաղութը, որ ներկայիս ծանր եւ վտանգաւոր քաղաքական հրաբուխի մը վրայ կը գտնուի, շունչ մը առաւ ՀՄԸՄ-ով: ՀՄԸՄ այլեւս իր միութենական սահմաններէն դուրս ելաւ եւ դարձաւ համազգային խումբ մը, որով բոլորս ալ կը հպարտանանք: Փաստը իր համակիրներն են, որոնք խումբին յաղթանակին կամ պարտութեան պարագային «Յառա՛ջ, նահատա՛կ»-ով եւ իրենց բռունցքները օդը բարձրացուցած` կ՛աւարտեն մրցումը: Անկախ մրցումի արդիւնքէն` կը տօնեն մեր համազգային յաղթանակը:

Ինչ կը վերաբերի սիւննիներուն, վերջին տասնամեակին, Սատտամ Հիւսէյնի իշխանութեան տապալումէն ետք, սիւննիները արաբական աշխարհին մէջ սկսան ապրիլ ինքնութեան տագնապ մը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ 2011-ին` սուրիական եւ իրաքեան տագնապներուն բռնկումէն ետք: Սիւննիները, որոնք շրջանին մէջ մեծամասնութիւն կը կազմեն, զգացին, որ իրենք ճնշուած են, եւ տեսնելով, որ փոքրամասնութիւնները իրենց վրայ կ՛իշխեն, սկսան փոքրամասնութիւններու կամ այլ կրօնական կամ ազգային խումբերու դէմ ատելութիւն դրսեւորել: Այս ատելութիւնը գետնի վրայ թարգմանուեցաւ մասնաւորաբար Մուսուլի մէջ, ուր սիւննի արաբները գործակցեցան ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական խմբաւորումին հետ եւ յարձակեցան իրենց քրիստոնեայ կամ եզիտի դրացիներուն վրայ: Դրացիներու միջեւ տարիներու «աղ ու հաց»-ի վիճակը յանկարծ փոխուեցաւ, եւ սիւննին իր դրացին տեսաւ իբրեւ վտանգ` իր կրօնական դաւանանքին դէմ: Ան ամէն ջանք թափեց իր շրջանը ժողովրդագրականօրէն մաքրազտելու եւ կերտելու իսլամական խալիֆայութիւն մը: Թուրքիա եւ Սէուտական Արաբիա որոշ հակամարտութեան մէջ մտան այն հարցով, թէ ո՛վ պիտի ղեկավարէ սիւննիական աշխարհը Սատտամի իշխանութեան տապալումէն ետք:

Վերջին քանի մը տարիներուն Թուրքիա այս գծով որոշ շրջաններու մէջ կրցաւ կէտեր արձանագրել, եւ այսօր կրնանք ըսել, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ Թուրքիոյ քաղաքական եւ մշակութային ազդեցութիւնը շատ աւելի զօրաւոր է, քան` Սէուտական Արաբիոյ ազդեցութիւնը: Աւելի՛ն. վերջին տասնամեակին Լիբանանի մէջ մշակութային զարթօնք ապրեցան թիւրքմենները` մասնաւորաբար Աքքարի` Թրիփոլիի եւ Պէյրութի մէջ, ուր շնորհիւ թրքական դեսպանատան` հիմնեցին տասնեակ մը կազմակերպութիւններ, որոնք ո՛չ միայն կը տարածեն թրքական մշակոյթը եւ Թուրքիոյ քաղաքականութեան քարոզչութիւն կը կատարեն, այլ նաեւ հակահայ գաղափարներ կը տարածեն իրենց շրջաններուն մէջ: Վերջին երկու տարիներուն այս միտումը զգալի է մասնաւորաբար ապրիլեան ոգեկոչումներու օրերուն:

Այսօր լիբանանահայ համայնքը իր դէմ ունի շուրջ 15.000 թիւրքմեն «բանակ» մը` տարածուած հիւսիսէն մինչեւ հարաւ: Անոնք թրքական գաղտնի սպասարկութեան հետ գործակցելով` ճիգ չեն խնայեր հարուածելու հայկական շահերը, ինչպէս նշուած է լիբանանեան «Տիար» օրաթերթին մէջ:

Վերջին հինգ տարիներուն բաւական մօտէն կը հետեւիմ եւ կ՛ուսումնասիրեմ ընկերային ցանցերուն մէջ տարածուած հակահայ գրառումները, մասնաւորապէս` Լիբանանի եւ Սուրիոյ սիւննիական լրատուամիջոցներուն եւ առանձին անձերու կողմէ հրապարակուած գրութիւնները եւ յանգած եմ հետեւեալ եզրակացութիւններուն.

– Պէտք չէ ընդհանրացնել սիւննիներու հակահայ զգացումները, նոյնիսկ եթէ վերջերս կը շատնան թրքամէտ եւ հակահայ կարգախօսները, որովհետեւ ասիկա կրնայ հակառակ ազդեցութիւն ունենալ:

– Պէտք է խուսափիլ ընկերային ցանցերու վրայ կռիւներէ եւ համայնքային բնոյթի վէճերէ կամ հայհոյանքներէ: Այսօր մէկն ալ պատրաստ չէ մրցումի մը համար արիւն թափելու, բան մը, որ մեր շահերէն դուրս է, եւ եթէ այսպիսի բան մը պատահի, նոյնիսկ կրնայ մեր վերահսկողութենէն դուրս գալ եւ երկիրը տակնուվրայ ընել: Եթէ ներքաշուինք այսպիսի վէճերու մէջ, Թուրքիոյ թակարդը ինկած կ՛ըլլանք:

– Կառուցողական եւ քաղաքակիրթ մօտեցում մը պէտք է ունենալ եւ ռազմավարութիւն մշակել նոր միջոցներու դիմելու մեր հակաթուրք աշխատանքին մէջ` օգտուելով գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող մեր դաշնակիցներէն:

– Տօնենք եւ հպարտանանք այն համազգային գործով, որ այսօր կատարեց ՀՄԸՄ-ը եւ միացուց գաղութը: ՀՄԸՄ-ի կարգախօսը` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ը այլեւս երազ մը չէ, այլ` իրականութիւն, որովհետեւ անիկա գաղութ մը բարձրացուց: Շնորհաւո՛ր մեր համազգային յաղթանակը:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>