ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Է՜, սիրելի ընկեր Խաչիկ, գացիր շատ արագ:
Այս քառասուն օրերը չանցան արագ, ինչպէս սովորաբար կ՛անցնին:
Կը փորձեմ ինքզինքս համոզել, որ այլեւս չկաս:
Կը փորձեմ հաշտուիլ այս իրականութեան հետ, սակայն միշտ աչքիս դիմացս ես` թեթեւ ժպիտը դէմքիդ:
Կը փորձեմ տեսնել քեզ ձեր փողոցը երթեւեկելու ընթացքին, կամ տան բակի խաղողի որթատունկներուն տակ նստած, թերթ կարդալու ատեն, սակայն թէ՛ որթատունկին տակ եւ թէ՛ փողոցը պարապ է…
Մեկնեցար, ինչպէս ցոյց տուիր «այն կողմ», վերջին օրերուն շատ կարօտցած ըլլալով ողբացեալ հայրդ եւ Վարդգէս եղբայրդ: Վերջին գիշերը խնդրեցիր, որ բարեւներդ փոխանցեմ բոլոր անկեղծ ընկերներուդ:
Մտահոգ գացիր. «Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր գիւղին եւ հայութեան ապագան» ըսիր…
«Աշխարհը ծռած է այլեւս», կ՛ըսէիր, «եւ շտկուելիք ալ չունի»:
Համոզուած էիր, որ ԿԱՐԳԸ խախտած է, մարդիկ շա՜տ փոխուած են, եւ վստահելի ընկերներ գտնելը շատ դժուար է այլեւս:
Համամիտ էիր հօրդ` ընկեր Թադէոս Պագալեանի այն կարծիքին, թէ` «այն մարդը, որուն անունը ամօթ էր, մեռած է»:
Է՜, սիրելի ընկեր, շատ մարդ եկաւ յուղարկաւորութեանդ:
Վերջին տարիներուն շատ բացառիկ պարագաներու այսքան թիւով յուղարկաւորներ ներկայ կ՛ըլլային թաղումի մը: Այս մէկը անշուշտ կը վկայէ, որ մեր ժողովուրդը որքա՛ն յարգանք ունէր քեզի հանդէպ: Շատ հեռուներէն նոյնիսկ մարդիկ հեռաձայնեցին, գրեցին, հոգեհանգիստդ կատարեցին` իրենց վերջին յարգանքը արտայայտելու համար:
Դուն Մուսա Լեռ-Այնճար ծնած գաղթական սերունդի առաջին սերունդէն էիր եւ «վայելած» էիր այս հայկական աւանի հիմնադրութեան տարիներու բոլոր տառապանքները, սակայն չէիր յուսահատած, այլ չարքաշօրէն տոկացած էիր, ինչպէս միշտ կը յիշէիր, ձեր տոհմի նահապետ «պաղըլիկ»-ի արտակարգ զօրութիւնն ու քաջութիւնը ժառանգած ըլլալով: Հասակ առնելով այս նոր գաղթակայանին մէջ` յաջողած էիր ուսանիլ եւ տիրապետել հայերէնի եւ Մուսա Լերան բարբառի կողքին` արաբերէնի եւ անգլերէնի, եւ այս բոլորը` մեծ մասով ինքնաշխատութեամբ: Հմուտ էիր մեր բարբառին եւ շատ աւելի խօսուն էին բարբառով պատմածներդ` իրենց իւրայատուկ համով եւ հոտով:
Արդէն պատանի, աշխատանքի լծուած էիր` բարձրագոյն ուսման ճամբաները օրին երազային ըլլալով: Իսկ մնացեալը կեանքի պայքար մըն է, որ կը սկսի Այնճարի մուտքի հաւնոցէն շարունակուելու համար երկար տարիներով Ֆրէյճի հաստատութեան ագարակներուն մէջ` հասնելու համար նորանկախ Հայաստան, ուր աշխատեցար աւելի քան եօթը տարի, որմէ ետք «անյաղթահարելի պայմաններ ստեղծուեցան» եւ ստիպողաբար վերադարձար ծննդավայրդ: Վերջին տարիներուն քիչ մըն ալ պարտիզպանութեամբ ժամանակ անցուցիր:
Կեանքի այս ճանապարհին վրայ, անձնական աշխատանքէդ ու ընտանիքէդ աւելի, ազգին հոգերով ապրեցար:
Եղար խստապահանջ դաշնակցական քու անձնական օրինակով: Վերցուցիր բազմաթիւ պարտականութիւններ, անդամ եղար Այնճարի մէջ գործող տարբեր յանձնախումբերու, եղար կոմիտէի կազմի անդամ եւ ներկայացուցիչ, մաս կազմեցիր ազգային վարժարանի խնամակալութեան, նախագահը եղար Այնճարի միջազգային փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբին: Երկար տարիներ ներկայացուցիր Այնճարի հայութիւնը` որպէս ազգային երեսփոխան Գաւառական ժողովի: Դարձար Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ չլքեցիր այս հայաւանը երբեք:
Հայկական ամուր ընտանիք կազմեցիր եւ զաւակներուդ ազգին օգտակար ըլլալու ճամբան ցոյց տուիր: Միշտ նախանձախնդիր եղար յարգելու պատշաճութիւնը, կարգն ու կանոնը: Սիրեցիր օրէնքը եւ սպասեցիր, որ բոլորը յարգեն զայն եւ խստօրէն զայրացար` տեսնելով մարդոց անյարգալից մօտեցումը: Մեծին հետ մեծ եւ փոքրին հետ փոքր եղար:
Քաջ էիր միշտ, եւ երբ հայրենակիցներուն իրաւունքները չարաշահողներ եղան, ըմբոստացար եւ հարուածեցիր` չարտօնելով, որ փերեզակներ յաջողին իրենց ծրագիրներուն մէջ: Կեանքիդ մէջ կային սրբութիւններ, ինչպէս` ազգդ ու կուսակցութիւնդ, որոնց համար եղած էիր զինուոր եւ ծառայ:
Հպարտ էիր քու պատկանելիութեամբդ` որպէս մուսալեռցի եւ դաշնակցական: Քաջածանօթ էիր մեր պատմութեան եւ ձեռք ձգած էիր ընդհանուր զարգացման մակարդակ մը, որ շատ անգամ զարմանալի կը թուէր գիւղ այցելող հիւրերուն:
Գիտէիր մուսալեռցիներուն ազգականական կապերը եւ շատ անգամ կը ճշդէիր մարդոց ծննդեան թուականները:
«Իհլը» մարդոցմէ էիր, ինչպէս կ՛ըսէին մեր մեծերը` իմաստուն, հեռատես եւ վճռական: Չէիր կրնար ընդունիլ մարդոց ստախօսութիւնն ու չարաշահումը, որոնք այնքան սովորական դարձած են մեր կեանքին մէջ:
Մնացիր քու բարձրութեանդ վրայ` մինչեւ մեկնիլդ այս աշխարհէն:
Եւ այսպէս, գացիր «այն կողմ», ինչպէս ըսիր…
Չեղա՛ւ այսպէս, սիրելի՛ ընկեր. մենք պէտք ունէինք քու խորհուրդներուդ եւ ներկայութեանդ: Մանաւանդ ձմրան ցուրտ օրերուն այնքան հաճելի էր հետդ զրուցելը` համեմուած միշտ փոքր երգիծական պատմութիւններով, որոնք մոռցնել կու տային մեզ մեր առօրեայ հոգերը:
Հիմա ստիպողաբար պիտի շարունակենք մեր կեանքի հեւքը, որուն մէջ «համ ու հոտ չէ մնացած», ինչպէս միշտ կը յիշէիր:
Միայն մէկ մխիթարութիւն կայ, այն, որ դուն մեր մէջ չես մեռած եւ պիտի շարունակենք ամէն առիթի յիշել քու քաղցր ներկայութիւնդ. ամէն:
29 մայիս 2017