Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Վիգէնին Վերադարձը

$
0
0

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Եթէ լաւապէս հետեւինք Վիգէն Դարբինեանի բռնած ուղիին եւ այդ հասկացողութեամբ բացատրել անոր վերջին խտասալիկը` «Վերադարձ»-ը, հաւանաբար երկմտանքի մէջ իյնանք եւ առանց տատամսելու` հաստատենք, որ Վիգէնը մեր գիտցած, մեր տեսած, դիտած ու ըմբոշխնած միեւնոյն հարազատ Վիգէնն է, որ վերադարձած է երգերու փունջով մը:

Ան անշեղ մնացած է իր ոճին մէջ: Ո՛չ մէկ շեղում, ո՛չ մէկ սայթաքում:

Հակառակ ներկայ օտար թէ հայ երգի եւ ընդհանրապէս մշակոյթի մակարդակի անկման, Վիգէն մնացած է միեւնոյն Վիգէնը` հեռու անմակարդակ, անհիմն եւ անհեթեթ ռապիզական աշխարհէն, որոնք թէեւ նիւթաբեր են, սակայն ոչ մէկ կապ ունին արուեստին հետ:

Համաշխարհայնացման հետ երգն ու երաժշտութիւնն ալ հոսանքին հետ երթալով` կը կորսուին: Կը մոռցուին երբեմնի բարձր մակարդակի երգիչներ, որոնք արդէն իսկ շտապօրէն թաւալող տարիներուն հետ անդենական կը մեկնին:

Նոյնիսկ «քրունըր» երգիչի հասկացողութիւնը կորսնցուցած է իր իմաստը: Քիչ են բացառութիւնները` սկսելով երիցագոյնէն` Շարլ Ազնաւուրէն, որ հակառակ իր յառաջացած տարիքին` կը փորձէ շարունակել Ժաք Պրելի, Էտիթ Փիաֆի, Ժորժ Պրասենսի, Պարպարայի, Իվ Մոնթանի եւ իտալացի վաղամեռիկ երգիչ Ֆապրիցիօ տը Անտրէի որդեգրած ուղին:

Վիգէն Դարբինեանի պարագան քիչ մըն ալ աւելի իւրայատուկ է եւ կը յիշեցնէ բանաստեղծ երգիչ Լէօ Ֆեռէն կամ դեռ վերջերս մահացած Լենըրտ Քոհենը, որոնք խոր փիլիսոփայական ապրումներով, զգացումներով եւ վրդովումներով կը ներկայացնեն անմոռանալի պահեր ու ակնթարթներ:

Մէկ խօսքով, կամ, այսպէս, ժողովրդային ասացուածքով, «տաքցուր եւ փակցուր»-ի տիպար մը` թեթեւսոլիկութիւն չեն Վիգէն Դարբինեան տիպարն ու իր հրամցուցած գործը: Հաւանաբար ան որքա՜ն գրած, ջնջած, ապա վերստին գրած ու կրկին ջնջած ու սրբագրած է:

Բնականաբար այսպիսի բծախնդրութիւն ժամանակ կը խլէ` ժամեր, օրեր, ամիսներ… նոյնիսկ տարիներ:

Եւ ի վերջոյ շնորհքով, մէկ առ մէկ ուսումնասիրուած եւ մեծ գուրգուրանքով ծննդոց մը` «Վերադարձ»-ին ծննդոցը:

Երկու խտասալիկներ, որոնք ընդամէնը կ՛ընդգրկեն 21 երգեր: Լաւապէս ուսումնասիրուած եւ խնամուած երաժշտութիւն մը, որուն մէջ իր անսահման ներդրումը ունի դաշնակահար Փաթրիս Փեյրիերասը:

Այս բոլորին կողքին` փունջ մը բանաստեղծական ոճով երգեր եւ լուսանկարներ, որոնք ամենայն մասնագիտութեամբ տեղադրուած ու էջադրուած են:

Ամբողջական է «Վերադարձ»-ը: Լոյսերու քաղաքին մէջ բնակութիւն հաստատած է ան եւ հոնկէ ալ լուսաւորող սփիւռքահայ երգիչը վերադարձած է:

Խտասալիկի ետեւի կողքին վրայ Վիգէն Դարբինեան կը գրէ.

«Վերադարձած նոյն քաֆէն,
Դուրսը` սեղանին նստած, գրիչը ձեռքիս…
Կը սպասեմ, կը գրեմ, եկո՛ւր»:

Այսպէս, վերադարձած է Վիգէնը, պէտք է զինք հրաւիրել ամէնուրեք, որպէսզի ներկայացնէ իր իմաստուն երգերը (chansons à texte)` «Անկեղծ ընկերներ», «Սասունցի Խաչիկ», «Նամակ» եւ այլն:

Վիգէնին «Վերադարձ»-ն է:

Նոյնքան տպաւորիչ, խորիմաստ եւ համով երգերով վերադարձած է Վիգէն Դարբինեանը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>