Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ
Image may be NSFW.
Clik here to view.
4 հոկտեմբեր 2015-ին Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի «Տապլ Թրի-Հիլթըն» պանդոկին մէջ եռուզեռ մը կար:
Սովորական եռուզեռ մը չէր անիկա, այլ` պատմական հանդիպում մը:
Այո՛, պատմական հանդիպում մը: Այդ պանդոկը իր յարկերուն ներքեւ կը համախմբէր Հայ օգնութեան միութեան կամաւոր բանակի փաղանգին մէկ մասնիկը:
1910-ին Միացեալ Նահանգների Նիւ Եորք քաղաքին մէջ հիմնուած Հայ օգնութեան խաչը (ներկայիս` ՀՕՄ) իր հիմնադրութենէն քանի մը տարիներ յետոյ, 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, հայութեան ապագան երաշխաւորելու անհրաժեշտութեան հրամայականէն մեկնելով` կամաւոր աշխատանքի ոգիով իր լայն թեւերը բացաւ եւ հովանիին տակ համախմբեց Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն ճողոպրած ծնողազուրկ հայ մանուկները եւ մայրական գուրգուրանք ցուցաբերեց հայազգի բոլոր կարիքաւոր զաւակներուն: Այդպիսով, արհաւիրքի տարիներուն, հոն ուր հարկ էր, հիմը դրուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան միաւորներուն: Մայրական անսպառ շունչով, օրինակելի կեցուածքով, ծառայութեան անշահախնդիր նուիրումով հայուհիներ ծրագրեցին ու կազմակերպեցին մեծ նախաձեռնութիւններ, որոնք կարելի եղան իրագործել շնորհիւ հաւատարիմ բարերարներու թէ նուիրատուներու նեցուկին:
«Ժողովուրդիս հետ ժողովուրդիս համար» կարգախօսը հայազգի զաւակներուն համագործակցութեան եւ իրարու հանդէպ ունեցած վստահութեան լաւագոյն ապացոյցը դարձաւ: Ազգին ծառայելու, անոր բարօրութեան ի խնդիր ծառայող ՀՕՄ-ուհիներուն եւ բարերարներուն անբացատրելի ճիգերուն արդիւնքը պիտի գնահատուէր ՀՕՄ-ի 71-րդ Պատգամաւորական ժողովի ընթացքին:
ՀՕՄ-ուհիներ, աշխարհի չորս ծագերէն, հոն, ուր Հայ օգնութեան միութիւնը կը գործէ` Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Յունաստան, Սուրիա, Լիբանան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Կիպրոս, Հայաստան, Արցախ, Ջաւախք, Քուէյթ, Ֆրանսա, Պուլկարիա, Մեծն Բրիտանիա, Զուիցերիա, Գերմանիա, Պելճիքա եւ Շուէտ, մեծ խանդավառութեամբ համախմբուած էին` ներկայ գտնուելու մայրաքաղաք Երեւանի մէջ կայանալիք ժողովին:
Image may be NSFW.
Clik here to view.
Հայրենի հողին վրայ գումարուող ժողովը աշխարհասփիւռ ՀՕՄ-ուհիներուն ընձեռեց իրարու մօտ ըլլալու, իրարմով ոգեւորուելու եւ մանաւանդ հայրենիքի մէջ ծրագրելու յառաջիկայ տարիներու գործունէութիւնները: Կնոջական այս կազմակերպութեան հանդէպ վստահութեան եւ գործունէութեան ծաւալման զօրակցութեան ապացոյցը կը կայանար Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ներկայութեան ու ՀՕՄ-ի հետ համաձայնագրի ստորագրութեան ողջունելի եւ իւրայատուկ քայլին մէջ:
Կամաւոր ծառայութեան 105 տարիները թեւակոխած Հայ օգնութեան միութեան գերագոյն ժողովը քննեց անցնող քանի մը տարիներուն իրագործումները` ՀՕՄ-ի որբախնամ, որբերու ուսման, կրթաթոշակի ֆոնտ, ամանոր, լաւագոյն ուսանող, «Սօսէ» մանկապարտէզներ, պատանիներու փոխանակում, հիմնադրամ, նաւապտոյտ, ՄԱԿ-ի անդամակցութիւն, Մօր ու մանկան կեդրոն, սուրիահայութիւն, Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի ծրագիրները, հայրենիքի թէ սփիւռքահայութեան դիմագրաւած ճգնաժամային ընկերային, տնտեսական կացութիւնները եւ հայուհիի խիզախ կամքով կատարեց առաջարկներ ու յառաջացուց որոշումներ:
Բնականաբար տարբեր միջավայրերէ եկած ըլլալով` ակնյայտ էր ՀՕՄ-ուհիներու մտածելակերպի զանազանութիւնը, սակայն անհերքելի էր այն իրողութիւնը, որ բոլորն ալ ունէին հայրենաբաղձ հոգի, հայ լեզուին ու մշակոյթին հանդէպ անսահման հաւատք, հայուհիի անկոտրում կամք, պայքարելու ոգի եւ կարեւորագոյնը` ազգին ծառայելու կամաւոր պատրաստակամութիւն:
Կամաւոր ծառայութեան գիտակցութիւնը կ’արտացոլար փորձառու թէ երիտասարդ, աւանդապահ թէ արհեստավարժ ժողովականներուն մօտ անխտի՛ր:
9 հոկտեմբեր 2015-ին ՀՕՄ-ի 71-րդ Պատգամաւորական ժողովը աւարտեցաւ: Գերագոյն ժողովը նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան ուսերուն պարտք դրաւ իրագործել առաջնահերթ եւ ընթացիկ ծրագիրներ:
Երթը շարունակելու, նորանոր գաղափարներ ընդունելու, շարքերը երիտասարդացնելու, աշխարհի վրայ ստեղծուած քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական իրավիճակներէն նուազագոյն վնասներով դուրս գալու ձգտումը մեծ յանձնառութիւններու տակ կը դնէր կնոջական այս կազմակերպութիւնը:
105 տարիներ առաջ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան հայդուկային կռիւներուն վիրաւորուած ֆիտայիներուն, 1915-ի Մեծ եղեռնէն փրկուած հայորդիներուն, արցախեան պայքարի նահատակներու ընտանիքներուն զօրակից կիներու այս փաղանգը ճշմարիտ օրինակն էր անձնուէր հայ կնոջ, մօր, դաստիարակին, բուժքոյրին: Առանց անոր` կարելի պիտի չըլլար հայապահպանման սրբազան առաքելութիւն կատարելը, ապագայի նուաճումներ կազմակերպելը եւ յատկապէս` հայեացքները դէպի հայրենիք ուղղելը:
Նման փաղանգ մը ունենալը հպարտանք է ազգին, իսկ նման փաղանգի մը անդամակցիլը պատիւ է հայուհիին:
ՀՕՄ-ուհիներ 71-րդ Պատգամաւորական ժողովին վերանորոգեցին իրենց ուխտը:
ՀՕՄ-ի պայծառ դրօշը պիտի շարունակէ ծածանիլ` մեծ պատասխանատուութիւն ստանձնած անդամուհիէն մինչեւ համեստ անդամուհին, հաւատարիմ բարերարն ու նուիրատուն միշտ պիտի մնան կնոջական այս կազմակերպութեան արթուն պահակները, հետապնդեն անոր շահերը, բարենպաստ պայմաններ ստեղծեն հայ կնոջ, երեխային, կարիքաւորին, անտէրին:
Եկէք` այսօր միասնաբար խոնարհի՛նք այս փաղանգին առջեւ, յարգե՛նք յիշատակը մեզմէ առյաւէտ հեռացած կամաւոր բոլոր ընկերուհիներուն, ձեռք երկարենք նորահաս երիտասարդութեան, հինն ու նորը շաղախե՛նք իրարու եւ լաւատեսութեամբ յառաջանանք դէպի ապագայ: