Յ. Տ. ՅՈՒՍԻԿԵԱՆ
Օտար երկնի տակ ծնած էր Վիգէն,
Մեծացած` հեռու մայր հայրենիքէն:
Երդուած էր զոհուիլ` փոքր հասակին,
Բանիւ եւ գործով ծառայել ազգին:
Երբոր Արցախէն կռուի փող հնչեց,
Վեհ քաջին սիրտը ուժգին տրոփեց:
Գերի էր Շուշին, թշնամու ձեռքին,
Կը տանջուէր հոգին հերոս Վիգէնին:
Վիգէն անվարան, այրող կարօտով,
Հայրենի հողին անսահման սիրով,
Հաճոյք, փառք վայելք իր ետին թողեց,
Հայոց Արցախին օգնելու վազեց:
Կռուեցաւ` մարտիկն, առիւծի սրտով,
Թշնամու գլխուն կրակ թափելով:
Լիսագորի մէջ վիրաւոր կուրծքէն,
Կռուելով ինկաւ, Զաքարեան Վիգէն:
Փունջ մը ծաղիկ`
անթառամ յիշատակիդ
սիրելի Վիգէն