Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Ստացուած Գիրքեր. «Անկարելի Սէր» (Հեղինակ` Յարութիւն Թորոսեան)

$
0
0

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի «Սիփան» հրատարակչատունէն 2015-ին լոյս տեսաւ Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի սէր (էջեր նկարիչի մը օրագիրէն)» հատորը, բաղկացած` 143 էջերէ: Հեղինակը հատորը լոյս կ՛ընծայէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ:

Հեղինակը պատումը կը սկսի Անիին յայտնութեամբ, Ժտիթայի մէջ: Ան կ՛ըսէ.

Կարմիր հագած աղջնակ մը` տախտակին վրայ կանգնած, ձիուն ետեւէն կը դառնար ցորենի կալին շուրջ: Անկէ քիչ մը անդին երիտասարդ մը ցորենով լեցուն մաղը բռնած` հովին կու տար յարդը: Արագ ճեպանկար մը գծեց ու վերադարձաւ տուն, զայն ջրաներկով գունաւորելու համար: Անցնող տարուան ընթացքին բազմաթիւ անգամներ ակադեմիայի ուսուցիչին հետ գացեր էին աշակերտներով, բնութեան մէջ գծելու համար: Կարեւոր էր նկարիչին ընտրած տեսանկիւնը, էջադրումը, համադրութիւնը:

Յաջորդ օր գծագրութիւնը վերարտադրեց պաստառի վրայ, չորս անգամ մեծցնելէ ետք զայն: Լարեց եռոտանին տան պատշգամին ու երբ պիտի քսէր առաջին շերտը պաստառին վրայ, դիմացը գտաւ Անին, որ կը ժպտէր, կարծես ըսելու համար, թէ ճիշդ էր նկարը սկսելու իր ձեւը…: Քեռայրին քոյրն էր ան, երեք քոյրերու ամէնէն պզտիկը: Քեռայրը խնդրած էր մօրմէն, որ շաբաթ մը Անին գիւղ մնար իրենց տունը, կազդուրուելու համար: Ամիս մը անկողնին էր ծառայած ան:

Թորոսեան կը շարունակէ ըսելով.

Յարութիւն կանուխէն արթնցաւ ու մեկնեցաւ տունէն, առանց լուր տալու մօրը: Սովորութիւն ունէր բարձրանալու իրենց տան ետեւը, բարձունքին գտնուող մեծ ժայռին ստորոտէն դիտելու արեւածագը Պեքաայի դաշտներուն վրայ: Երբ արեւը իր առաջին ճառագայթները կը նետէր անդի-Լիբանանի լեռներու գագաթէն` շուքին մէջ ննջող Պեքաան կենդանութիւն կը ստանար դաշտերն ու ծառերը եւ առտուան ցօղին հետ խառնուելով` կը կազմէին գոյներու Մեծարենցեան համանուագ մը:

Այնուհետեւ Թորոսեան կը նկարագրէ գիւղին համայնապատկերը.

Գիւղին շուկան կազմուած էր չորս-հինգ խանութներէ, կային նաեւ մսագործ մը, սափրիչ մը ու ձախին` փուռ մը: Շուկային երկու կողմերէն կը հոսէին սառնորակ աղբիւրներ, որոնք առնուած էին պեթոնապատ կառոյցներու մէջ: Երկու աղբիւրներու միջեւ, հսկայ ծառերու շուքին կը գտնուէր սրճարանը, ուր յատկապէս Կիրակի օրերը կը լեցուէին մարդիկ, սուրճ խմելու, ուրիշներ կլկլակ ծխելու կամ նարտի խաղալու: Գիւղին մէջ հանգստացողներուն մեծ մասը հայեր էին: Կ՛ըսէին, թէ ակերուն ջուրերը երիկամներուն համար շատ օգտակար էին: Գիւղին մզկիթը կը գտնուէր շուկայի արեւմտեան ծայրամասին, ուրկէ անդին իսլամական թաղերն էին, լերան ստորոտը: Քրիստոնեաները ունէին եկեղեցի մը գիւղին արեւելեան կողմը: Ան վերջին կառոյցն էր գիւղէն դուրս ելլելէ առաջ:

Թորոսեան կը շարունակէ.

Յարութիւն բաւական տեղեկութիւններ տուաւ Անիին, որ լռութեամբ մտիկ կ՛ընէր, ներքնապէս երջանիկ, իր սիրածին քով ըլլալուն…:

Երեկոյեան գիւղի տանտիրոջ տղան` Խալիլ, քսանի մօտ տղայ մը, պատուելու համար հիւրը, նաեւ` իր ուշադրութիւնը գրաւած ըլլալով անոր գեղեցկութիւնը, իրենց պարտէզը հրաւիրեց Յարութիւնն ու Անին տապկուած եգիպտացորեն ուտելու: Իրենց ընկերացաւ նաեւ Յարութիւնի պզտիկ քոյրը: Կէս ժամ ետք, արեւի վերջին ճառագայթներուն հետ հասան պարտէզ, որ կը գտնուէր Այըն Պերէքէի մօտ: Խալիլ քանի մը սնտուկներ դրած էր ծառերուն տակ ու անոնցմէ քիչ մը հեռու վառարան մը յարմարցուցած: Յաճախ պարտէզի աշխատանքէն ետք կը նստէր  հանգստանալու: Ջուրը մեծ կուժով կը բերէր Այըն Պերէքէէն: Տեղաւորելէ ետք հիւրերը սնտուկներու վրայ Խալիլ քաղեց քսանի չափ եգիպտացորեն ապա վառեց կրակը: Մութը կոխած էր արդէն: Ցերեկուան տաքէն ետք պարտէզին մէջ կը տիրէր զովութիւն մը, թեթեւ զեփիւռի մը ընկերակցութեամբ: Պահը հաճելի էր: Երբ կրակին բոցերը սկսան բարձրանալ, ճարճատիւններ արձակելով օդին մէջ. շուրջիններուն դէմքերը ստացան տարբեր արտայայտութիւն:

Ամէն մարդ կը սպասէր եգիպտացորեններու խորովիլը: Խալիլ սպասեց, որ բոցերը հանգէին. առաջին անգամ չէր, որ մարդ կը հրաւիրէր տապկուած եգիպացորեն հրամցնելու համար: Երբ սկսաւ կեղուել եգիպտացորենները Յարութիւն ինք եւս կեղուեց քանի մը հատ եւ զետեղեց զանոնք կրակին վրայ:

* * *

Թորոսեան այնուհետեւ կը ներկայացնէ առաջին համբոյրը.

Երկու օր ետք դրոշմուեցաւ Յարութիւնի եւ Անիի առաջին սիրոյ համբոյրը: Միասնաբար գացեր էին Այըն Սուանի ծառաստանը, որ կը գտնուէր գիւղէն դուրս, ձորի մը մէջ` գիւղի մուտքին: Գիւղին աղբիւրները իրարու միանալով կազմած էին գետակ մը, որ կը հասնէր մինչեւ ծառաստան, այնտեղ ջուրի հոսանքը ստացած էր քանի մը ճիւղաւորումներ: Ծառաստան մտնողը կը լսէր ամէն կողմէ հոսող ջուրերու կարկաչը: Ծառաստանի ուռիներն ու բարտիները կը խշշային հովու մատներուն տակ: Յարութիւնի սիրած վայրն էր այս, ուր յաճախ կու գար կարդալու Տէրեան, Մեծարենց, Դուրեան կամ Իսահակեան…:

* * *

Թորոսեան այնուհետեւ կը ներկայացնէ դէպի Ֆրանսա մեկնումը, ան կը գրէ.

1956-ի Յունուար 13-ին Յարութիւն նաւ նստաւ` Ֆրանսա երթալու համար: Սիրտը տխուր էր, չէր ուզեր Անիէն հեռանալ, բայց միւս կողմէ, կը մտածէր, թէ իրաւունք չունէր մերժելու տարիներու ու ապագայի ծրագիրը: Անին չէր եկած, բայց վերջին անգամ տեսաւ զայն երբ մեկնումի նախորդ գիշերը ազգականները, քեռայրին ընտանիքին անդամները, որոնց շարքին Անին, եկան հրաժեշտ առնելու իրմէ:

Յարութիւնի սիրտը կը ճմլուէր, իսկ Անի կը փորձէր զսպել իր արցունքները: Այդ ժամանակներու բարքերը այնպիսին էին, որ երիտասարդները ազատութիւն չունէին իրենց զգացումները ցոյց տալու ծնողներուն, ամէն ինչ գաղտնի կը պահուէր:

Իր անդրանիկ ցուցահանդէսին մասին խօսելով Թորոսեան կ՛ըսէ.

Չորս տարի գեղարուեստի դպրոցին մէջ ուսանելէ եւ աշխատելէ ետք, Յարութիւն տիրապետեց նկարչական այն բոլոր գիտելիքներուն, որոնց համար եկած էր Փարիզ:

Որոշեց անհատական իր առաջին ցուցահանդէսը տալ Սէն Ժերմէն Տի Փրէի «Club Des 4 Vents» ցուցասրահին մէջ:

Պայմանները աւելի լաւ էին: Յարութիւն որոշեց մայիս 18-ին կատարել բացման հանդիսութիւնը: Ցուցադրութեան պիտի դրուէին այն գործերը, որոնք ազատ աշխատանքեր էին, գեղարուեստից դպրոցի արուեստանոցէն դուրս իրագործուած:

Arts et Spectacles երկու թիւերուն մէջ երկու անդրադարձ եղաւ, Լիւս Հոկտէնի եւ այլ քննադատի մը կողմէ: Երկու կարծիքներն ալ նպաստաւոր էին: Նոյնպէս, Le Peintre ամսագիրի մէջ Ժան Շապանոն գրեց դրական գրութիւն մը:

Les Lettres Francais-ի քննադատը նոյնպէս դրական անդրադարձաւ:

* * *

Հետագայ էջերուն մէջ Թորոսեան կը նկարագրէ դէպի Ֆլորանս իր ուղեւորութիւնը:

Յարութիւն մեկնեցաւ Ֆլորանս, իտալական վերածնունդի մայրաքաղաքը, ուր նկարչութեան երեք հանճարները` Լէօնարտօ Տա Վինչի, Ռաֆայէլլօ եւ Միքէլ Անճելօ, նոյն շրջանին աապրած ու ստեղծագործած են նկարչութեան եւ արձանագործութեան գեղեցկագոյն գործերը:

Ֆլորանսի ծայրամասը, բարձունքի մը վրայ գոյութիւն ունէր երիտասարդական իջեւան մը, ուր բնակելու իրաւունք ունէին ուսանողներ: Շնորհիւ այս իջեւաններուն, որոնք ունին չնչին սակեր, Եւրոպայի ուսանող-ուսանողուհիները, ամրան արձակուրդներուն կը շրջին ու կը ծանօթանան այլ երկիրներու, այլ բարքերու եւ ձեռք կը ձգեն կեանքի փորձառութիւն:

* * *

Լիբանան վերադարձէն ետք իր անցուցած կեանքի եւ Հայաստան այցելութեան մասին Թորոսեան կը գրէ.

Հինգ տարուան ընթացքին, Յարութիւն կրցաւ հարթել ընտանեկան դժուարութիւնները ու հասաւ ներքին խաղաղութեան: Հրաւիրուեցաւ նկարչութիւն դասաւանդելու լիբանանեան համալսարանի գեղարուեստից կաճառին մէջ: Պայմանները թոյլ տուին, որ ճամբորդէ Միացեալ Նահանգներ` ընդառաջելով Իսահակի հրաւէրին:

1971-ին որոշեց այցելել Հայաստան, զոր երազած էր երկար տարիներ նախքան Ֆրանսա մեկնիլը, սակայն, այդ տարիներուն, ամուր փակուած էին Խորհրդային Հայաստանի սահմանները:

Պարոյր Սեւակի մահուան շաբաթ մըն էր եղած, ամբողջ ժողովուրդը կը խօսէր այդ մասին, կ՛ողբար անոր անժամանակ մահը…

Կիրակի օր գնաց Էջմիածին, ուր տեղի կ՛ունենար հոգեհանգիստ բանաստեղծի մահուան համար, ու բանաստեղծի բարեկամները կը հետեւէին արարողութեան: Տեսաւ անոնց մէջ իր բարեկամը, որուն ծանօթացած էր Հռոմ, Կոստան Զարեանի աղջկան տունը: Նոյն գիշեր երկուքն ալ հրաւիրուած էին ընթրիքի: Յաջորդ օրերուն միասին շրջած էին քաղաքը, տեսած թանգարաններ: Ճիմ ըսած էր. «Ինծի համար Հայաստանէն դուրս ապրիլ չարչարանք է»:

Հոգեհանգիստէն ետք գացին Ճիմենց տունը: Մնացեալ օրերուն, շնորհիւ Ճիմին Յարութիւն ծանօթացաւ Երեւանի շատ մը նկարիչներուն եւ գրողներուն: Երբ Ճիմ ծանօթացուց Մինաս Աւետիսեանը, Յարութիւն եղաւ Մինասի սիրելին: Զինք տարաւ յաջորդ օր Բագրատենց, ուր տեսաւ իր ապագայ կինը` «խոնարհ աղջիկը»: Երկու ամիս ետք Յարութիւն պսակուեցաւ օրիորդին հետ Սրբ. Հռիփսիմէ տաճարին մէջ…


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>