Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Սրտի Խօսք

$
0
0

ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ
Տնօրէնուհի` Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի

Լիբանանահայ իրականութեան մէջ տասնեակ տարիներու իր գործունէութեամբ ԼՕԽ-ը յաջողած  է գաղութի նուիրեալ կիներ ուղղել դէպի ազգային կեանք եւ լաւագոյն ձեւով դրսեւորել անոնց ներուժն ու կարողականութիւնը:

Երբ կը խօսինք ԼՕԽ-ի մասին, ի մտի կ՛ունենանք կարիքաւորներուն ձեռք երկարելու անոր նուիրումը, առողջապահութեան եւ ընկերային ծառայութեան բնագաւառներուն մէջ անոր բերած նպաստը եւ լիբանանահայ համայնքի հոգեմտաւոր վերելքին մէջ անոր գնահատելի ներդրումը:

ԼՕԽ-ը տարիներ շարունակ ծառայած է հայ ազգին ու ընտանիքին եւ պիտի շարունակէ ծառայել անշահախնդրօրէն, իր միակ թանկագին հատուցումը ըլլալով իւրաքանչիւր հայու ժպիտը, բարօրութիւնը, գոհունակութիւնը եւ շնորհակալական խօսքը:

Լիբանանահայ օգնութեան խաչին կը մաղթենք յարատեւ յաջողութիւն իր առաքելութեան մէջ, իսկ նուիրեալ անդամներուն` անսպառ ուժ եւ կորով: Ձեր վարձքը հազար կատա՛ր:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles