Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Տալու Հաճոյքը

$
0
0

ՓԱԹԻԼ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

«Ժողովուրդէն` ժողովուրդին» կարգախօսի ընտրութիւնը պատահական չէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին համար: Իր հիմնադրութեան իսկ օրէն ԼՕԽ-ը նեցուկ կանգնած է ժողովուրդին` առողջապահական, կրթական, խնամատարական եւ գաղթականներու տեղաւորման ոլորտներու մէջ: ԼՕԽ-ը ձեռք կ՛երկարէ հիւանդին ու կարիքաւորին`  առանց փոխադարձ ակնկալութեան: Ան իր 26 մասնաճիւղերով եւ 14 յանձնախումբերով մեր գաղութի ողնայարին կենսական օղակներէն մէկը դարձաւ: Այս կենսական ծրագիրներուն կարելի է սատարել հանգանակութեամբ: Նախ եւ առաջ նուիրելը հոգեկան գոհացում է: Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար»-ին «կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց, ինչ որ տուի ուրիշին»-ը ճշմարտութիւն է: Եթէ վայրկեան մը կանգ առնենք եւ մտածենք ուրիշներուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին` նախ որպէս քրիստոնեայ պիտի ամրապնդուի մեր հաւատքը, փառք պիտի տանք Աստուծոյ եւ պիտի արժեւորենք մեր ունեցածը: Ի վերջոյ կեանքը աստիճան է, կրնանք ակնթարթի մը մէջ դաժան պայմաններու մէջ գտնուիլ եւ այն ատեն պիտի չփափաքինք անտեսուիլ: Ի վերջոյ, ինչպէս կ՛ըսէ Ս. Էքզուբերի, ուրիշներու հետ կիսուած մեր հացին համը աւելի համեղ կ՛ըլլայ:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>