ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Գերմանական ժապաւէններու շաբթուան ընթացքին «Ամփիր Սոֆիլ»-ի զոյգ սրահները սեպտեմբեր 27-ին ցուցադրեցին Ֆաթիհ Աքընի «Տը քաթ» ժապաւէնը (2014, 138 վ): Ելոյթը աւելի քան 20 վայրկեան ուշացաւ, որովհետեւ տոմսարկղի առջեւ սպասող շարքը հասած էր փողոց: Պարզ է, որ ստեղծուած էր մեծ հետաքրքրութիւն: Անձնապէս ստացած էի ծանուցողական ե-նամակ մը: Ներկաներուն թիւը կարելի է բաղդատել Վենետիկի փառատօնի ցուցադրութեան (շուրջ 2 հազար): Պէյրութի շարժապատկերասէրներու մեծ տոկոսը ծանօթացաւ Եղեռնը որպէս բներգ ունեցող թրքական ժապաւէնին: Այս անսովոր երեւոյթին ի տես` հարկ կը տեսնեմ կրկին անդրադառնալ: Դիպաշարը զանց պիտի առնեմ` ենթադրելով, որ ընթերցողը որոշ չափով ծանօթ է անոր: (Տես «Ազդակ», 7 յուլիս 2015):
Նախ շեշտեմ, որ Աքըն առաջին թուրք բեմադրիչն է, որ (ըստ կարգի) ցոյց կու տայ Եղեռնը եւ անոր հետեւանքները: Ժապաւէնին վերնագիրը խօսուն է անգլերէն լեզուով: «Տը քաթ»-ը կ’ակնարկէ ե՛ւ հատումի գործողութեան, ե՛ւ անոր թողած հետեւանքներուն: Սպին խորհրդանշական է, կ’ակնարկէ հոգեկան խոցին: Դիպուկ է նաեւ թրքական վերնագիրը` «Քեսիք», որ կրնայ նշանակել` պոկուած, խաթարուած, ինչպէս եւ (անշուշտ)` մորթուած: Բայց` ոչ «սպի»: Հայաստանի մէջ կը նախընտրեն «Հատում» վերնագիրը:
Առաջին քառասուն վայրկեանները ցոյց կու տան տեղահանութեան, կողոպուտի, բռնաբարութեան եւ սպանդի ահաւոր տեսարաններ: Յաջորդ մէկուկէս ժամը ցոյց կու տայ լռութեան դատապարտուած հօր յամառ երթը կիզիչ անապատէն մինչեւ սառցապատ Հիւսիսային Տաքոթա: Իր հողին վրայ «ատաթ»-ով ապրող դարբինը կը վերածուի թափառական սփիւռքահայու: Հողազուրկ եւ ձայնազուրկ հայրը կը գոյատեւէ շնորհիւ իր աննկուն կամքին:
Ֆաթիհ Աքըն խաղաղապաշտ մըն է: «Ալթեազը» (ենթագիր, 05/12/2014) ամսագիրի թղթակցին կ’ըսէ, թէ կ’ուզէ մեղմել առկայ զայրոյթը: Ինքզինք կը տեսնէ թուրքի ա՛յն տիպարին մէջ, որ Նազարէթի կոկորդը խոցելէ ետք փրկեց անոր կեանքը, ներողութիւն խնդրեց եւ տուաւ իր հագած մոյկերը, որպէսզի կարենայ քալել անապատին մէջ:
Ժապաւէնին մօտեցումը խնդրայարոյց է, որովհետեւ Աքըն ուզած է իր ուղերձը ընկալելի դարձնել ե՛ւ հայերուն, ե՛ւ թուրքերուն, ե՛ւ այլոց: Աքընի նախորդ ժապաւէնները (յատկապէս «Հետ ան» եւ «Տի էտճ աֆ Հեւըն », որոնք «Տը քաթ»-ին հետ կը կազմեն եռերգութիւն մը), եղած են պարկեշտ եւ նոյնպէս արծարծած են ցաւոտ հարցեր: Ֆաթիհ Աքըն կ’ապրի Գերմանիա: 1998-2010 շրջանին ստացած է 14 (գլխաւորաբար գերմանական) մրցանակներ:
Գեղարուեստական.- Ժապաւէնը իր կառոյցով հակաոդիսական մըն է: Ոդիսեւս բազմաթիւ աղէտալի փորձութիւններէ ետք կը վերադառնայ աշխարհագրական սկզբնակէտին (Իթաքա): Բայց ինք այլեւս ա՛յլ մարդ է(1): Նազարէթ նոյնպէս կը դիմագրաւէ բազմաթիւ աղէտալի փորձութիւններ: Բայց երեք ցամաքամասեր անցնելէ ետք ցոյց չի տար նկատելի զարգացում: Այս կրնայ ակնարկութիւն ըլլալ սփիւռքահայուն կարծրատիպի: Յիշենք, որ Նազարէթ գրեթէ անդիմագիծ է, ուրեմն եւ` ատակ ընդհանրացումի:
Աքըն փորձած է նկարել մեծ պաստառի վրայ: Յատկապէս` ժապաւէնին առաջին մասին մէջ: Գործածած է լայն անկիւնի (wide angle) ոսպնեակ եւ դեղնաւուն ֆիլթըրներ: Մակերեսները անփայլ են (matte): Քատրերը այսպիսով կը թողուն հարթ, երկու տարածաչափային (2D) համայնապատկերի տպաւորութիւն: Իմա` վաւերագրականի պատրանք:
Տեսարանները «ճակատային» են: Արիւնը կը ժայթքէ դէպի քամերան, այսինքն` հանդիսատեսը:
Տարագիրներու ճամբարը կը յիշեցնէ 16-րդ դարու հոլանտացի նկարիչ Պրուկըլի (աւագ) կարգ մը դժոխային գորշ պաստառները: Հայեր (2) այդտեղ կրնան տեսնել ծանուցողական, քարոզչական արժէք: Բայց Արեւմուտքի մէջ մօտեցումը քննադատուած է, որակուած` «գեղջկական», այսինքն` պարզամիտ եւ անտաշ:
Անապատի տեսարաններուն մէջ Աքընի «Նազովրեցի»-ն կարելի է բաղդատել Ռ. Կարսիյայի Յիսուսին, իր «Անապատի վերջին օրերը» ժապաւէնին մէջ: Ի դէպ, այդտեղ նոյն դերասանը Ի. ՄըքԿրեկոր մարմնաւորած է ե՛ւ փրկիչ Յիսուսը, ե՛ւ զինք փորձող դեւը, չարը: Երկուութիւն մը, որ կը համընկնի Աքընի աշխարհահայեացքին:
Աքընի այլ պատկերներուն նախապէս անդրադարձած եմ: Պէտք է դիտել տալ, որ Աքըն, ինչպէս շարք մը այլ անուանի բեմադրիչներ, չունի ճանաչելի, մնայուն, ինքնատիպ, պատկերաւոր լեզու: Կ’ըսէ, թէ ինք յարատեւ փնտռտուքի մէջ է:
Կարգ մը այլաբանական պատկերներ կարելի չէ աներկբայ մեկնաբանել: Ինչո՞ւ, օրինակ, արաբը կը շինէր օճառ, որ պիտի ծառայէր լուալու թուրք զինուորը (իմա՛ անոր արիւնոտ ձեռքերը): Ինչո՞ւ Նազարէթ պիտի սրէր դանակներ, որոնք կրնային ծառայել հայու վիզեր կտրելու:
Կան նաեւ հաշտարար պատկերներ: Նազարէթ չի միանար այն արաբ ամբոխին, որ կը ծանակէր եւ կը քարկոծէր թուրք ընտանիքները, որոնք կը լքէին Հալէպը (3): Նազարէթ ոխ չունի հասարակ թուրքերու հանդէպ: Զգացապաշտ քատրի մը մէջ կը տեսնենք արիւնլուայ անմեղ, սիրուն թուրք տղեկի աչքերը` ուղղուած Նազարէթին: Իմա` մեզի:
Աքըն լայն տեղ տուած է երազներու եւ տեսիլներու: Արհաւիրքի եւ կորուստի պատճառած մղձաւանջը կը հալածէ Նազարէթը: Հոգեկան այս խոցը (քիչ մը չափազանց) հասկնալի է: Այստեղ կը տեսնենք իր սիրելի կնոջ տժգոյն ուրուականը` որպէս խորհրդանիշ կորուստի: Խորհրդանշական են նաեւ տեսիլները: Երբ Նազարէթ ուժասպառ կ’իյնայ անապատին մէջ, եւ կամ խոշտանգուած կ’երկարի երկաթուղիի գծին վրայ (մահացու վտանգ) իր հրեշտականման դուստրերը կը յայտնուին եւ զինք կը մղեն կրկին ոտքի կանգնելու (տես կողքի նկարը): Հազիւ թէ կարիք կայ պարզամիտ այդ պատկերները վերծանելու: Նկատել, որ Հիւսիսային Ամերիկայի սառցապատ ամայութիւնը որոշ նմանութիւն ունի սուրիական աւազապատ տափաստանին:
Խորհրդանշական էր նաեւ կարմրամորթ կնոջ լլկանքը եւ բռնաբարութիւնը: Ինչպէս ծանօթ է, Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդները ենթարկուած են ֆիզիքական եւ մշակութային ցեղասպանութիւն: Հատուկենտ մնացորդները դարձած են երկրորդ կարգի քաղաքացիներ, որոնք այժմ ինքնութեան փնտռտուքի մէջ են: Զուգահեռը յստակ է:
Երաժշտութիւն.- Ֆաթիհ Աքըն կ’ըսէ, թէ գործածած է հեւի մեթըլ երաժշտութիւն, որովհետեւ իր պատումի նիւթը ինքնին «Heavy Metal» է: Գլխաւորաբար ելեկտրոնային կիթառի (ուրկէ եւ անուանումը) հիմնուած աղմկոտ այս երաժշտութիւնը ռոքի այն ճիւղն է, որով բողոքը եւ զայրոյթը կը ստանան սեւ բնոյթ եւ կը հասնին մինչեւ սատանայի պաշտամունք (4): Ժապաւէնին մէջ ելեկտրոնային արեւմտեան այս երաժշտութիւնը յատկապէս աղմկոտ է սուրիական անապատին մէջ: Խուժադուժ լարերը աններդաշնակ կը պայթին, երբ տօթահար եւ ուժասպառ Նազարէթ ջրհորին մէջ, փոխան կենարար ջուրի, կը գտնէ կապտած դիակներ:
Անապատին մէջ կը լսուին նաեւ հանրայայտ «Ճիսըս Քրայսթ սուփըրսթար» ռոք օփերայի հնչիւնները` շեշտելով վերը յիշուած նմանութիւնը Նազարէթի եւ Նազովրեցիի միջեւ: Յիշենք, որ այդ օփերայի Յիսուսը չունի աստուածային բնոյթ: Աքընի պատկերամարտ (iconoclast) հակումը կը տեսնենք նաեւ անապատի այն պատկերին մէջ, ուր Նազարէթ իր զայրոյթը կ՛ուղղէ դէպի երկինք, որ անտարբեր կը դիտէ անասելի ոճիրները:
Ժապաւէնին մէջ կը կրկնուի Նազարէթի կնոջ` Ռաքէլի օրօրը, անշուշտ` ռոք մշակումով: Այդ նոյնիսկ կը ստանայ բներգի հանգամանք: Այստեղ կարելի է նկատել, որ Ռաքէլ Ս. Գրային անուն է: Լաբանի դուստր Ռաքէլ Յակոբի առաջին կինն էր: Այդ Հին Կտակարանի առաջին կանացի անունն է, որուն իմաստը յստակ է: Կը նշանակէ` «մաքի», իմա` անմեղ գեղեցկութիւն: Իսկ թէ ինչո՛ւ Աքըն ընտրած է եբրայական անուն, կը մնայ մեկնաբանելի:
Լեզու եւ խաղարկութիւն.- Աքընի հայ տիպարները կը խօսին անգլերէն, մինչ միւսները` իրենց մայրենիով: Այս ընտրանքը շատերու կողմէ քննադատուած է իր յարուցած քաղաքական մեկնաբանութեան համար: Բացի այդ, թարգմանութիւնը չէ յաջողած պահել լեզուի համն ու հոտը: Ցաւօք, ժապաւէնին հայերէն կրկնօրինակումը կատարեալ աղէտ մըն է: Կը յիշեցնէ դպրոցական հանդէսներու ընթացքին հապճեպ թխուած տրամախօսութիւններու լեզուն եւ առոգանութիւնը: Ընթերցողը կրնայ հայերէն դասական գործ մը «կուկլել» օտար լեզուի մը, «վերակուկլել» հայերէնի եւ բաղդատել` բնագիրին հետ: Արդիւնքը մօտաւորապէս նոյնն է: Այս իրագործումի վարկը կը պատկանի ֆրանսահայ դերասան Ժերալտ Փափազեանի: Փափազեան թարգմանած է նաեւ Թումանեանի «Անուշ»-ը…
Հարկ է նշել, որ համր Նազարէթը մարմնաւորող դերասան Թ. Ռահիմ արտակարգ ձիրք եւ «ականջ» ունի օտար լեզուներ եւ առոգանութիւններ (աքսընթ) սորվելու: Այդ հիանալիօրէն ցոյց տուած է Ժաք Օտիարտի «Է Փրոֆիթ» (2009), «Քեվին Մըքտոնըլտ»-ի, «Տի Իկըլ» (2011) ժապաւէններուն մէջ եւ այլուր: Ռահիմ շատ լաւ կը «խօսի» նաեւ իր մարմնով:
Փոքր դերեր վերցուցած են (ի հարկէ) Արսինէ Խանճեանն ու Սիմոն Աբգարեանը: Երկու հայ դերասանները, ցաւօք, վերածուած են հայկական բներգով ժապաւէններու «պրենտ» բաղադրիչներու: Հոլիվուտի մէջ կային դերասաններ (Ճոն Ուէյն, Ճէյմս Քակնի եւ այլք), որոնք նոյնացած էին որոշ տիպարներու հետ: Նման մօտեցումի քարոզչական օգտաւէտութեան արժեւորումը կը թողնում ընթերցողին:
Սափրիչի դեր կատարող Գէորգ Մալիքեան ծանօթ է որպէս Ճորճ Լուքասի «Ինտիանա Ճոնզ» (1989) ժապաւէնին մէջ գաղտնի եղբայրութեան անդամ Քազիմը:
Ժապաւէնի խաղարկութիւնը առհասարակ տժգոյն է:
Աքընի Հայեցակարգը.- Աքըն կ’ըսէ, թէ իր ներշնչումը ստացած է Հրանդ Տինքի գրած յօդուածներէն մէկուն մէջ յիշուած «Մողէզ Ապտուլլահ» պատմուածքէն (5): Մողէզը այն արհամարհուած, վախկոտ սողունն է, որ կ’ապրի քարերու արանքը, նեղ ճեղքերու մէջ: Այսինքն` նոյնինքն Տինք, որ անդադար վախի մթնոլորտի վերացման, միատեղ գոյակցութեան կոչեր կ’ուղղէր: Նման մտահոգութիւն կը տեսնենք Աքընի մօտ: Աքըն թուրք մըն է, որ կ’ապրի Գերմանիա: Երկիր մը, ուր ուժեղ է այլամերժութիւնը ու գերակայութեան զգացումը: Աքըն կ’ըսէ, թէ ինք գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ պատկանիլ ստորադաս փոքրամասնութեան մը: Ան յատկապէս կ’ուզէ վերացնել ոխը եւ վրէժխնդրութեան մղումը: Այս անհրաժեշտ է երկխօսութիւն սկսելու համար:
Աքըն կ’ընդունի, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն է: Բայց կը գիտակցի, որ թուրք հանրային կարծիքը պատրաստ չէ այդ ընդունելու: Պարզ է, որ փորձած է չգրգռել թուրք ազգայնական զգացումները: Կ’ըսէ, թէ ժապաւէնը արուեստի գործ մըն է: Որպէս այդ` պարտաւոր չէ քաղաքական վերլուծումներ կատարել եւ լուծումներ առաջարկել: Կը փորձէ թուրք հանդիսատեսը մղել իր ապրած երկրին պատմութիւնը աւելի լաւ հասկնալու եւ ստանձնելու, հրաժարելու ջայլամի քաղաքականութենէն:
Թարգմանիչ – բեմագիրը Իրաքէն Միացեալ Նահանգներ գաղթած պարսկահայ Մարտիկ Մարթինն է (1936- ): Մարթին «Ռեյճինկ Պուլ» (1980) ժապաւէնէն ետք միայն մէկ բեմագրութիւն գրած է: Կ’ըսէ, թէ իր ներդրումը գլխաւորաբար եղած է արհեստագիտական: Կը մէջբերեմ. «Իմ հիմնական աշխատանքը կայանում էր պատմութիւնն աւելի պարզ, կինոգենիկ (շարժապատկերածի՞ն) դարձնելու մէջ… Նաեւ մեծապէս վերափոխեցի ժապաւէնի երրորդ մասը եւ ստացուեց այն, ինչ դուք կը տեսնէք էքրանին»: Ինծի համար յստակ չէ, թէ ո՞րն էր ժապաւէնին «երրորդ մասը»: Տպաւորութիւնս այն է, որ հայ բեմագիրը դեր չէ ունեցած ժապաւէնին ասքը յղանալու մէջ: Աքընի մօտեցումը բնազանցական է: Հարցը կը տեսնէ որպէս չարի ու բարիի պայքար: Կը հաւատայ, որ երկուքը մաս կը կազմեն «մարդկային բնութեան»: Կ’ըսէ, թէ մենք կրնանք ըլլալ մեր «դիւահանները», չարը արտաքսել մեր ներսէն: Մենք կրնանք բուժել անցեալի «սպիները»: Բարի՛: Քաղաքական գետնի վրայ, սակայն, այս մօտեցումը կը տանի դէպի թոյր ու դերի կողմնորոշումներու:
Ժապաւէնը կը սկսի «Մէկ գիշերուան ընթացքին օսմանցին փոքրամասնութիւնները թշնամի յայտարարեց» խօսքով: Նախ` որ այդ դրոյթը պատմականօրէն սխալ է: Ինչպէս նախապէս նշած էի, ջարդերը եւ հայաթափումը պետական քաղաքականութիւն էին Եղեռնէն տասնամեակներ առաջ: Համիտիյէ վայրագ գունդերը կազմուած էին 1890-91 թուականներուն: Իթթիհատականներ իրենց ոճրային մտադրութիւնը Սելանիկի համագումարին մէջ բացայայտօրէն ցոյց տուած էին 1911-ին: Էնվեր փաշա անմիջապէս սկսած էր կազմել տխրահռչակ «Թեշքիլաթ-ի մահսուսա» ուժերը: Իսկ ինչպէ՞ս կը բացատրէ Աքըն այս «յեղակարծ» իրադարձութիւնը: Արդեօք դեւերը «մէկ գիշերուան ընթացքին» բոլոր երիտթուրքերու հոգիներէն ներս համանուագ յաղթանա՞կ արձանագրեցին: Այո՛, Աքընի ժապաւէնը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ տեղահանութիւնը եւ պարտադիր կրօնափոխութիւնը ծրագրուած եւ գործադրուած են պետական մակարդակի վրայ: Սակայն քեմալական Թուրքիան երբեք չէ ուրացած «թեհճիր»-ը: Թրքական Հանրապետութիւնը յայտարարութենէն ետք նոյնիսկ տեղի ունեցած են «պատերազմական ոճրագործ»-ներու դատավարութիւններ եւ մահապատիժներ: (Որոնք, ի դէպ, ծառայեցին Մուսթաֆա Քեմալի քաղաքական մրցակիցները վերացնելու եւ անոր վարկը բարձրացնելու):
Ոճրային արարքները, կողոպուտ, բռնաբարութիւն եւ սպանդ` կը կատարուին ոչ թէ թուրք բանակայիններու, այլ աւազակախումբերու կողմէ: Ոճրագործներու հագուկապը կը յիշեցնէ Համիտիյէն, որ կազմուած էր արեւելեան շրջանի ցեղախումբերէն: Կողքի նկարը ցոյց կու տայ Համիտիյէ քիւրտ հրամանատար Հայտարանլը Քէօր Հուսէյնը, ժապաւէնի նկարահանումէն մանրամասնութիւն մը, եւ թուրք զինուորներ` 1914-ին Հալէպի մէջ: Ակնբախ է, որ ժապաւէնին ներկայացուցած ոճրագործները ոչ թէ թուրք բանակայիններ են, այլ պատեհապաշտ քիւրտեր:
Հարկ է նշել, որ գործնապաշտ նկատառումներու վրայ հիմնուելով` իսկապէս որ ջարդարարութիւնն ու ոճրային այլ արարքները կարելի չէ վստահիլ կանոնաւոր բանակայիններու: Նացիները այս նպատակով կազմած էին յատուկ ջոկատներ (Einsatzgruppen): Օսմանեան պետութեան անկման շրջանին, յատկապէս` Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին, բանակին մէջ կը տիրէր համատարած դժգոհութիւն: Աքըն ցոյց կու տայ դասալիքներէ կազմուած աւազակախումբ մը: Կ’ենթադրուի, որ 1915-ին կային ոչ նուազ քան երեք հարիւր հազար դասալիքներ (7): Պատերազմի ընթացքին դասալիքներ կ’ենթարկուին մահապատիժի: Աքըն այստեղ կ’ակնարկէ թրքական ցաւի մը: Թուրք դասալիքներու շուրջ կան տպաւորիչ բանաստեղծութիւններ եւ ժողովրդական երգեր (8):
Ժապաւէնին մէջ մենք չենք հանդիպիր որեւէ բարձրաստիճան օսմանցի իշխանաւորի կամ զինուորականի: Աքըն միայն անուղղակի ձեւով ցոյց կու տայ, որ ոճիրները կը կատարուին կարգ մը պաշտօնատարներու թոյլատուութեամբ եւ մեղսակցութեամբ: Ձիաւոր զապթիէ մը, օրինակ, հանդարտ կը դիտէ հայ մօր մը բռնաբարութիւնը: «Ամէլէ թապուր»-ը (գործաւոր ջոկատ) հսկող թուրք զինուորները յանկարծ կ’անհետանան եւ անոնց փոխարէն կը յայտնուի անկանոն (պաշիպոզուք) ոճրագործներու խումբ մը, որ կը մորթէ եւ կը կողոպտէ «զինուորագրուած» հայ երիտասարդները (որոնց շարքին էր Նազարէթ): Այս մօտեցումը համահունչ է պաշտօնական ասքին: Թուրքիա կ’ընդունի, որ պատահած են պատերազմական ոճիրներ:
Ժապաւէնին երկրորդ, աւելի հիմնական մասը կը ներկայացնէ Նազարէթի յարատեւ ուղեւորութիւնը (իմա` գաղթը) սուրիական անապատէն մինչեւ Ամերիկա: Պարզ է, որ համր եւ անտուն Նազարէթ կը խորհրդանշէ տարագրուած, լռեցուած, լուսանցքայնացուած հայը: Աքըն այս ձեւով կ’ըսէ, թէ Եղեռնը տակաւին կը շարունակուի:
Անապատի մէջ, այսինքն` ժապաւէնի սկզբնաւորութեան, Նազարէթ արդէն իսկ «կորսնցուցած էր իր կրօնը» (9): Ոչ մէկ աղերս ունէր երկնքէն: Բայց չէր կորսնցուցած հաւատքը: Աքըն անաստուած հաւատացեալ մըն է: Նազարէթի կերպարը կրաւորական չէ: Չարլի Չափլինի համր (կը կրկնեմ, համր ինչպէս Նազարէթ) ժապաւէնի ցուցադրութեան ընթացքին մօտիկութիւն ցոյց կու տայ Չափլինի թափառական տիպարին (tramp), որ ի հեճուկս իր ոտնակոխ վիճակին կը փորձէ ազատել գերուած մանուկը (The Kid, 1921): Այսինքն կը պայքարի չարին դէմ (տես կողքի նկարը):
Նազարէթ կարմրամորթ կինը կը փրկէ խմբային բռնաբարումէ` ի գին իր անձի վայրագ խոշտանգումին: Ինչպէս վերը նշած էի, կարմրամորթ կինը կը ներկայացնէ ցեղասպանութեան ենթարկուած բնիկ ժողովուրդը: Քուպայի մէջ Նազարէթ կը պատժէ իր կաղ աղջկան անզգամ փեսացուն, ապա կը գրաւէ անոր դրամապանակը: Գումարը անհրաժեշտ էր փախստականներու նաւով դէպի Միացեալ Նահանգներ անցքը ապահովելու համար: Նազարէթի տանուտէր սափրիչ Յակոբ ներողամիտ կը ժպտայ:
Աքըն կը հաւատայ ուրեմն, որ յանուն արդարութեան վերականգման գործուած բռնութիւնը արդարանալի է: Նկատել, որ «արդարադատ» բռնութիւնը գործադրուած էր սփիւռքահայը ներկայացնող տիպարին կողմէ: Գոնէ ինծի համար յոյժ անսպասելի էր, որ խաղաղապաշտ եւ «հաշտարար» Աքըն առաջադրէ նման ասք: Այս կէտը կը թուի վրիպած ըլլալ թուրք լրագրողներու ուշադրութենէն:
Ժապաւէնի աւարտը յուսադրիչ չէ:
Տարագիր հայու ուղեւորութեան վերջնակէտն է Ամերիկայի կորսուած մէկ անկիւնը: Աքընի այս պատկերը ցաւօք արդարացուած է: Հայութեան հոսքը (ներառեալ` Հայաստան) իսկապէս որ դէպի Արեւմուտք է:
Նազարէթ իր կորուսեալ ընտանիքի միակ մնացորդը կը գտնէ հրաշքի համազօր զուգադիպութեան մը շնորհիւ: Բայց Աքըն այդքան պարզամիտ կամ սնահաւատ չէ: Լուծումը այնքան անհաւանական է, որ հանդիսատեսը կը մղէ թերահաւատութեան: Արդեօք երջանիկ հանդիպումը տանջահար «Լուցկի ծախող աղջիկը»-ի վերջին տեսի՞լն էր:
Ամէնէն տխուր նկատողութիւնը այն է, որ Նազարէթի դուստրը հաշմուած է: Հաշմուած է նաեւ ինք, Նազարէթ: Վերապրող մնացորդացը հաշմուած է: Այս թերեւս կը խորհրդանշէ հոգեկան խոցը, բայց` ոչ միայն…
Սպանդէն ճողոպրած սերունդը նաեւ անտուն է: Նազարէթ եւ դուստրը առանձին կանգնած են սառցապատ, դաժան ամայութեան մէջ:
Եղեռնը կը շարունակուի…
——————————————-
- Յիշենք Լ. Դուրեան/Ա. Աճեմեան «Այն Չեմ» հիանալի երգը
- Bedros Afeyan, Critical Corner, Groong 26/5/2015
- Յիշել Ս. Գրային խօսքը.- «Թող այն որ առանց մեղքի է…» Աւետարան Ըստ Յովհաննու 8:1-11
- Այս ուղղութեամբ ուսանելի են Սերժ Թանկեանի «DDevil» եւ սատանու նուիրուած այլ երգերը:
- Տինքի նոյն պատմուածքէն ներշնչուած Էօզկիւր Արըք 2008-ին բեմադրած է Kertenkele (Մողէզը, 32վ) ֆիլմը, որու մասին եւս կարելի է խօսիլ…
- «Կատաղած ցլից» մինչեւ «Սպի» www.mediamax.am/am/news/interviews/13019
- https://bianet.org/biamag/ifade-ozgurlugu/129990
- Նազըմ Հիքմէթի «asker kacaklari» երգը մօտաւորապէս կ’ըսէ.- «Գիւղը կորած է մթութեան մէջ/Երկնքի վրայ կը պլպլան աստղեր/Ես դասալիք զինուոր մըն եմ/Հարս, գաւաթ մը ջուր տուր» https://eksisozluk.com/asker-kacaklari–87013
- «Losing My Religion», R.E.M. , 1991