Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Ապրի՛լ Գիտցաւ Այնթապցին…

$
0
0

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ

1 ապրիլ 1921-ին կը պատահի ինչ որ նախատեսուած էր: Թուրքը կը յարձակի ժամանակակից զէնքերով եւ կրկնելով պատմութիւնը կը սպաննէ նորածինն ու անկար տարեցը, յղի կինն ու սողացող մանուկը… ու սկիզբ կ՛առնէ Այնթապի երկրորդ կոտորածը: Սակայն Մուտրոսի զինադադարէն ետք` 1918-ին «Երկիր»  վերադարձած այնթապցիները, կանխատեսելով թուրքին այս քայլը, ստեղծած էին զինուորական կեդրոնական մարմին մը` գլխաւորութեամբ Ատուր Լեւոնեանի եւ Աւետիս Գալեմքէրեանի: Զինուորական կեդրոնական մարմինը օրին կը պատրաստէ զէնք-զինամթերք, կը սահմանէ գիշերային պահակութիւն եւ կը կազմակերպէ ռումբեր պատրաստելու գործը: Ինչպէս կը պատմուի, «պատերազմ»-ի առաջին ութ օրերը կ՛ըլլան կատաղի, որովհետեւ թուրքը կը յարձակի մեծ թիւերով, սակայն «Մահ կամ ազատութիւն» նշանաբանով զէնք բռնած այնթապցիին դիմաց, թուրքը բախելով դիմադրութեան, կը դիմէ նահանջի: Ու անմիջապէս այնթապցի կինը, տարեցն ու երեխան` կանգնելով իրենց ամուսինին, զաւկին ու հօր կողքին, դառնալով մէկ բռունցք, կը դիմեն նոր քայլերու ու պատնէշներ հիւսելով կը փակեն հայկական թաղերու մուտքերը: Թուրքը դարձեալ կը յարձակի, սակայն հայուն միասնակամ ուժն ու պողպատէ կամքը, անգամ մը եւս նահանջի կը մատնեն գազանը: Ակամայ թուրքը կը դիմէ հայուն` անձնատուր ըլլալ պահանջելով. սակայն սովի սպառնալիքին տակ գտնուելով հանդերձ, այնթապցի կորիւնները վճռակամօրէն կը մերժեն անձնատուր ըլլալ:

Կռիւները կը հանդարտին մինչեւ 8 յունիս, երբ ֆրանսական զօրքը կը ստիպուի հեռանալ, ու «մէյտանը» կը մնայ «շէյթանին» ձեռքը: Այսպէս, վասն հայրենեաց ու ի սէր պապենական դարաւոր հողին հերոսամարտը կ՛երկարի ու վերջ կը գտնէ` 8 փետրուար 1921-ին երբ այնթապցիք, արցունքոտ աչքերով, բռնի կը հեռանան իրենց ծննդավայրէն` Միջին Արեւելքի «Աթէնք»-էն: Այսպէս, 300 հրացանով այնթապցիները անգամ մը եւս ցոյց կու տան հայ ժողովուրդի աննկուն կամքն ու սեփական կարողութեան հանդէպ անքակտելի հաւատքը: Ո՛չ միայն տղամարդուն, այլեւ այս ինքնապաշտպանական գործողութեան ընթացքին հայ կնկան դերակատարութիւնը կ՛ըլլայ հերոսական, երբ ան տղամարդու պէս` բահ, բրիչ, քար ու զէնք շալկած կ՛իջնէ փողոց:

Հազար յարգանք անոնց, որոնք ինկան, որպէսզի այսօր մենք ապրի՛նք: Ահա այսօր ես` ձեր ժառանգորդը, թէեւ կը գտնուիմ հեռու Այնթապէն, սակայն շնորհապարտ ու հպարտ ըլլալով, կ՛երգեմ ձեզի վայելող ձեր երգը`

Հեռու կեցէ՛ք դուք վախկոտներ,
Մենք նոր սերունդ, նոր հայկեան,
Մկրտուած ենք հայ արիւնով
Դիւցազներուն, որ ինկան:

Մեր ջանքերով վաղն Այնթապին,
Ամպերը գորշ կ՛անհետին.
Զի երկինքին ազատ արեւք,
Փոթորիկէն վերջ կը ծագին:

Մենք համոզուած ենք, գիտակի՛ց,
Թէ կռիւով է ազատութիւն.
Յափշտակել պէտք է նաեւ,
Մեր ազգային փրկութիւն:

Ախ հայրենիք դու Կիլիկիա,
Սրբէ արցունքն ալ յետին,
Զի քո սիրուն տառապանքին,
Ապրիլ գիտցաւ այնթապցին:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>