ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
Երեւանի Կոմիտաս պողոտայէն դէպի օփերա գացող հանրակառքին մէջ նստած էր Անին: Մայիսեան իրիկնամուտ էր. գարունը դրան սեմին: Հանրակառքը այդքան լեցուն չէր ամէն անգամուան պէս, եւ ան կրցած էր գրաւել նստարան մը: Կանգառները կը յաջորդէին իրարու արագօրէն: «Երթեւեկութիւնը թեթեւ է: Լաւ որ աւելի կանուխ չելայ ճամբայ», մտածեց Անին:
Ամերիկեան համալսարանի կանգառն էր: Տարիքոտ կին մը բարձրացաւ հանրակառք եւ նստաւ Անիին դիմացի նստարանին վրայ:
Անին նմանութեան գիծեր տեսաւ այդ կնոջ եւ իր մեծ մօր միջեւ: Կարծեց, որ իր մեծ մայրը կը տեսնէ:
«Մազերը ճիշդ նէնէիս մազերուն կը նմանին, հապա աչքե՜րը… կ՛ըսես` ամբողջութեամբ ինքն է` մեծ մայրս»: Իր գծած զուգահեռներուն իսկական պատճառներ փնտռելով` երեւակայութեան թափ տուաւ:
Պահ մը յիշեց ողորմած մեծ մայրը եւ իրեն թուեցաւ, թէ անոր խնդուքին ձայնը կը լսէ հանրակառքին աղմուկին մէջ: Բայց այդ պարզ էր արդէն: Իր մեծ մօր ձայնը շատ տպաւորած էր զինք եւ յաճախ կը հնչէր իր ականջին մէջ:
«Կրնայ ըլլալ, որ մեզի ազգական կու գայ», ըսաւ միտքին մէջ, եւ նոյն ակնթարթին իսկ սկսաւ այլ վերլուծութիւն մը կատարել: Այո՛, ան հասաւ մինչեւ Եղեռն…
Իսկ այդ հիւսուածքէն, հարցադրումներու տարափէն Անիին միտքին մէջ ծնաւ հետապնդող եւ հալածող հարցումը. «Ինչո՞ւ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցաւ: Ա՜խ, եթէ միայն տեղի ունեցած չըլլար…»:
Սրտի ցաւէն ակնթարթ մը ետք Անիին ստեղծագործ ուղեղը սկսաւ նկարել փոխարինող իրականութեան մը պատկերը:
«Հայաստանը միացեալ է եւ մայրաքաղաքը Վանն է, քանի որ մայրաքաղաքը երկրի մը սիրտը պէտք է գտնուի անոր կեդրոնը, չէ՞», հարցումը տուաւ ինքն իրեն եւ զգաց, որ այդ հարցական մտածումը դէմքին ալ հարցական արտայայտութիւն մը կու տար եւ ժպտաց:
«Այո՛, Վանն է մայրաքաղաքը», վճռեց եւ շարունակեց` իր իմացական նկարչական աշխատանքը` «Ես հիմա թերեւս հոն ըլլայի, երկմտաց, կամ, ըսենք, Պոլիս» ըսաւ մտովի երկրորդ անգամ մտածելէ ետք: «Արդեօ՞ք քանի միլիոն կ՛ըլլայինք»: Խորհեցաւ պահ մը հաշուել: Բայց շուտով հրաժարեցաւ այդ մտքէն: Թուաբանութեան մէջ` փայլուն, միշտ ալ խուսափած էր այդ հաշիւը ընելէ, նոյնիսկ ընդվզած, որովհետեւ համոզուած էր, որ անհեթեթութիւն է մարդը թիւի վերածելը: Անցաւ առաջ: Փորձեց անուններ տալ Ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոնէն իւրաքանչիւրին… Եւ ահա այդ պահուն, կարծես թէ առաջին անգամ կը զգար, կ՛ըմբռնէր ցեղասպանութեան պատճառով մեր կորուստներուն իմաստն ու արժէքը: «Մեր նահատակ գրագէտները նահատակ պիտի չկոչուէին, այլ մեր տաղանդաւոր լուսահոգի գրագէտները պիտի ըլլային», մտածեց ափսոսանքով:
Անին յիշեց Անդրանիկ Ծառուկեանի «Սէրը Եղեռնին մէջ» գիրքը, որ կարդացած էր տարիներ առաջ:
Վերապրեցաւ այդ գիրքին պատմութիւնը եւ կսկիծէն ու ափսոսանքէն աւելի մեծ ընդվզում զգաց: Ձեռքը բռունցքի վերածեց` առանց զգալու, երբ ականջին մէջ անընդհատ կը հնչէր Սիամանթոյի ձայնը. «Ո՛վ մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնե՛մ քու ճակատիդ»:
Հասած էր օփերա: Կանգնեցաւ: Այդ հարազատ, բայց անծանօթ կնոջ ժպտաց նրբօրէն եւ վճարելով վարորդին հարիւր դրամ` իջաւ հանրակառքէն: Զգաց, որ տրամադրութիւնը լաւ չէ: Նեղացաւ իր մտածումներէն: Այդ ուրկէ՞ ո՛ւր նման մտածումներ պաշարած էին զինք, երեւանեան պայծառ օրուան մէջ:
«Ի՛նչ ալ ընեմ, ի՛նչ ալ ըլլայ, ա՛յս է իրականութիւնը, փախուստ չկայ այս մտածումներէն», դժգոհանքով ակնարկեց ինքն իրեն: Յետոյ` «Այս բոլոր մարդիկը կը մտածե՞ն ինծի պէս: Թերեւս ամէն մարդ իւրովի կ՛ըմբռնէ Ցեղասպանութեան հետեւանքները», եզրակացուց ան գիւտ մը ընողի պէս:
Մաքուր հայերէնով մտածումները կը յաջորդէին իրարու: Քալելով դէպի իր ժամադրավայրը` ներքին վճիտ ձայնով վճռեց եւ այս անգամ աւելի վճռական էր.
– «Պէտք է սկսիմ հայերէնով չաթել: Գոնէ ա՛յս ձեւով անմահացուցած կ՛ըլլամ մեր նահատակ գրագէտները եւ իրենց ժառանգութիւնը` հայերէնը»: