Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13480

Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) Համընդհանուր Գործերու Արուեստագեղագիտական Վերահրատարակութեան Առիթով

$
0
0

ՊԵՏՐՈՍ ՅՈՎՍԷՓ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ

Կանաչեան օժտուած էր բացառիկ սուր լսողութեամբ: Եթէ պատահէր, որ ականջ-ձայնի քննութենէն ձախողած մէկը փորձէր գաղտագողի սպրդիլ եւ, օրինակի համար, թենորներու շարքին անցնէր` օգտուելով վարպետին տեսողութեան տկարութենէն, փորձերուն հազիւ սկսած, Կանաչեան, մատը երկարած, ինքնավստահ քայլերով կը յառաջանար շիփ-շիտակ «անականջ», բայց երգի եւ Կանաչեանի սիրահար խեղճ արարածին ու կշտամբանքով զայն դուրս կը դնէր շարքերէն: Անկարելի է երեւակայել ձախողած «երգիչին» յուսալքութիւնը: Անօգուտ կ՛ըլլար որեւէ ձեւի միջնորդութիւն:  «Գուսան»-ը սրբութիւն էր: Պէտք էր վերին ուղղամտութեամբ մօտենալ անոր:

* * *

Կանաչեանէն մեզի հասած խմբերգային ժառանգութեան մէջ փոքր թիւ մը կը կազմեն այն խմբերգները, որոնք կ՛անջատուին ժողովրդա-գուսանական (ազգագրական) հիմնախումբէն եւ ունին բոլորովին այլ բնոյթ: Արդէն բնորոշած էինք, որ Միքայէլ Նալբանդեանի խօսքերուն վրայ  հիմնուած «Մեր հայրենիք»-ը, ան, որ ժամանակին կը կոչուէր «Իտալացի աղջկան երգը», իտալական քայլերգային ոճով յղացուած հիմներգ մըն է` առանց որեւէ հայ ազգային երգաոճային նկարագրի, դաշնաւորուած է Կանաչեանի կողմէ «Հայ գուսան»-ի պրակներուն համար, 1919-ին: Խօսքերը իտալերէն հայրենասիրական ոտանաւորի մը պատշաճեցումն են հայերէնի` 1861-ին, Մ. Նալբանդեանի կողմէ (1830-1866), իսկ իտալերէն բնագիրին հեղինակն է Կ. Էմանուէլ: Երգը որդեգրուած էր 1918-ին իբրեւ օրհներգ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան: 1991-ին անոր «թշուառ անտէր» սկզբնական բառերը վերածուեցան «ազատ անկախ»-ի եւ այս «օտար», բայց հայերէն բառերով երգը վերստին նշանակուեցաւ որպէս վերանկախացած Հայաստանի հիմներգ: Այդ օրերուն, Միքայէլ Նալբանդեանի նման ուրիշ հայ գրողներ ալ հիմներգային քերթուածներ գրեցին` հետեւելով ընդհանուր տրամադրութեան մը օրինակին. Ինչպէս` Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Գամառ Քաթիպա, Սմբատ Շահազիզ եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Բժիշկ Նահապետ Ռուսինեանի «Ցանկամ տեսնել զիմ Կիլիկիա»-ն այսօր նոյնքան հիմներգային-խորհրդանշական ազգաբոյր նշանակութիւն ունի արևմտահայերուս համար, որքան` Գէորգ Կառվարենցի «Յառա՛ջ, նահատա՛կ»-ը: Այս վերջինը երգաւորողը եղաւ Բարսեղ Կանաչեան: Կրկին Սեդա Կանաչեանն է, որ յամառօրէն կը պնդէ, որ իր հայրը Դաշնակցութիւն կուսակցութեան անդամ չէր, երբ գրեց սոյն քայլերգին երաժշտութիւնը, իսկ զայն յօրինելէն ետք կրնա՞յ դաշնակցական նկատուիլ, այդ ալ ուրիշ հարց է:  Ա՞յս է պատճառը արդեօք, որ վեց բեղմնաւոր տարիներ դասաւանդելէ ետք Նիկոսիոյ Մելգոնեան հաստատութեան մէջ, ան յանկարծ անբաղձալի կը դառնար նոյն կառոյցէն ներս: Ի դէպ, ասոր երաժշտութիւնն ալ «Մեր հայրենիք»-ի երաժշտութեան նման հայադրոշմ շատ բան չունի իր ընդերքին մէջ: Անձամբ կը սիրեմ «Յառա՛ջ, նահատա՛կ»-ին անդեդեւ (հաստատուն), խրոխտ, նպատակասլաց բառերը, ինչպէս որ շատ կը սիրէի (Պէյրութի ճեմարանական օրերուս) ինծի հարազատ հնչող «Մշակ, բանուոր» քայլերգին «ռենչպեր աղբէր, Արի՛ք միանանք, յառաջ գնանք» անշեղօրէն միակամութիւն ներշնչող բառերը, սակայն իմ հոգիիս մէջ կը շնչէր Կոմիտասի վերագրուած այն նշանաւոր ռազմերգը` «Լօ, լօ, լօ, Սէգ Սիփանայ սարի վերան / Կտրիճներ ըշտապով / գալիս են միանում…»-ը. երազած եմ որ ան օր մը կը դառնայ համայն հայութեան միակ, հայատրոփ քայլերգը: Ունինք Կանաչեանէն վերջին քայլերգ մըն ալ` «Բա՛մ, փորոտան»-ը, խօսք` հայր Ղեւոնդ Ալիշանի: Անոր մեղեդին կը պատկանի Բ. Պիանքինի անուն իտալացիի մը: Բարսեղ Կանաչեան երկու անգամ դաշնաւորած է զայն: Առաջինը`1918-ին, (12/8 չափով), «Հայ գուսան»-ի Բ. պրակին համար (1920), որուն 12/8 չափը անոր շնորհած է վեհաշուք յաղթերգի յառաջխաղաց մը: Երկրորդ դաշնաւորումը` 1967-ին, կատարուած է իր կեանքի վերջաւորութեան, Պաղտատի «Կոմիտաս» երգչախումբին համար: Այս անգամ չափը վերածուած է 4/4-ի, ինչ որ խմբերգին կը հաղորդէ ռազմերգային նկարագիր: Չեմ խօսիր «Քայլերգ քաջն խանի» (Լուսին չկար, մութ գիշեր էր…) խմբերգին մասին («Հայ գուսան», Ա. պրակ, 1919, դաշնաւորում):

Ի վերջոյ կը հասնինք Բարսեղ Կանաչեանի հոգիին հարազատ, զուարճալի, մէկ էջնոց «Ռազմերգ»-ին,  (Յոբել. կեդր. յանձ., Է, պրակ, 1923), ան, որ կը հնչեցնէ առոյգ` «Թռա լա լա լա, թռա… Ռազմի գնացող զինուորներից նա է ուրախ, ով ձի ունի / Վերադարձող զինուորներից նա է ուրախ, ով կին ունի»: Կենսուրախ եւ հրճուալից այս «Ռազմերգ»-ին վրայ կրնան մեր փոքրիկները աչք-խփուկ խաղալ: Կրնանք անվարան զայն զետեղել Բ. Կանաչեանի 19 մանկապատանեկան փոքր երգերու շարքին` քիչ մը փոփոխելով կռիւ, կին, գինի բառերը եւ պատերազմները բարեփոխելով զբօսախաղերու:

Վերջապէս այս խումբին մէջ կը զետեղենք «Խնջոյք»-ը (Յոբել. կեդր. յանձն.- պրակ Ե., 1928): Ան շատ կը յիշեցնէ վերը նշուած «Ռազմերգ»-ին միշտ յաղթական, կենսուրախ մթնոլորտը: Ան զինուորներու-մարտիկներու նուիրուած խմբերգախաղ է: «Ռազմերգ»-ին նման` անոնց կարճ խօսքերուն հեղինակի անուն չկայ, հաւանաբար երկուքին ալ յօրինողը Կանաչեանն է: Հոս եւս կը գտնենք «Սիփանայ քաջեր»-ու «լօ, լօ»-ները: Արական խումբի սկզբնական «լօ, լօ»-ներուն կը միանան աղջիկները` միշտ «լօ, լօ»-ներով, միշտ մարտական յառաջխաղացով: 3-րդ էջին 21-րդ չափին վրայ միայնակ զիլ (սոփրանօ) ձայնը կը բանայ հրաւէրը` «Հապա լցրէ՛ք, իմ քաջ հիւրեր, բաժակները լի ու լի, մենք…» (կրկին արեւելահայերէնով), եւ կը խմեն քաջ Թաթուլի կենացը, որ կարծես յարատեւօրէն յաղթական կը վերադառնայ կռուի դաշտէն: Երգչախումբը կը կրկնէ կենացը, ապա կրկին բազմաձայն լօ, լօ– ներով վերջ կը գտնէ «Ռազմերգ»-էն աւելի զարգացած այս «Խնջոյք»-ը, ամբողջովին Լա մաժէօր ձայնահնչակարգով: Պէյրութի մէջ  «Գուսան»-ը քիչ անգամ յայտագրած է այս մարտաշունչ խմբերգները: Կը յիշեմ, անգամ մը, խումբը հրաւէր ստացեր էր Զահլէի մէջ թէ այլուր տրուելիք ելոյթի մը համար: Կ՛ուղեւորուէինք դէպի հանդիսավայրը, երբ կին եւ գինի «Ռազմերգ»-ը ուրախութեամբ թնդացուցինք հանրաշարժին մէջ: Ամէնէն աւելի զուարճացողը եղաւ մեզ առաջնորդող հայ վարորդը… Առաջին առիթով այս երկուքին բնագիրները պիտի ուզեմ հասցնել Արցախի մեր հայ մարտիկներուն: Թաթուլ անունին տեղ իրենց մեծաւորին կամ հրամանատարին անունը անցընեն եւ Կանաչեան երգելով հայրենիքը պաշտպանեն:

* * *

«Դալիլօ»-ն  գրուած է 1922-ին, Եգիպտոսի մէջ, իր կազմած երգչախումբին համար: Այս խմբերգին ատաղձը կազմող երեք երգամասերը Կանաչեան քաղած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) ապրող վանեցիէ մը: Իր կողմէ ալ ստեղծած է անոնց նմանող երկու ուրիշ թեմաներ, նոյնանման խօսքերու վրայ` «պատկերի ամբողջականութեան համար»:

«Դալիլօ»-ն Կանաչեանի խմբերգային ստեղծագործական ոճը վերջնականապէս բնորոշող առաջին կտորն է: Այդ ոճը ո՛չ կրօնական-օրհներգային խստապարոյր ոճն է, ո՛չ ալ պաթոսա-վիպերգային թատերական արտայայտապաշտ ոճն է, այլ` տոհմա-ազգագրական, իւրայատուկ ազգային-գուսաներգական-զաւեշտախաղային:

Հարց եթէ տրուի, թէ վերոնշեալ ոճաբանութեամբ, ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ Կանաչեանի ներդրումը հայ երաժշտութեան գանձարանին:

Առաջին ունկնդրութեամբ, զուարթ ու թեթեւ է «Դալիլօ»-ն, սակայն Կանաչեանի վարպետութիւնը կը կայանայ այդ հայաբոյր, սիրազեղ, ազգաղօղանջ հնչիւններու լիիրաւ ճանաչողութեան եւ անոնցմով կառուցուած հայաշունչ ձայնային տաճարի ստեղծագործութեան մէջ:  Ունկնդիրին այնպէս կը թուի, թէ թեմաները թատերականացած են ու կը խօսին երգուած բառերուն երգալեզուն, գեղջուկին ապրումներու էութիւնը: Այսպէս, երգագրութային ատաղձները ձուլուած են ամբողջ կտորին թրթռացումներու գրկին մէջ եւ կազմած միատարր պաստառ մը` շքեղ երանգներով: Մենք «Դալիլօ»-ին մէջէն շարերգներ չենք լսեր, այլ բոլոր հինգ բներգներու օրկանական սահուն միաձուլումի ենթարկուած ըլլալն է, որ կը ցայտէ: Հոն բազմաձայնութիւնը չի պառակտեր ոգեղէն միածիր սլացքը, այլ իրարու կը ձուլէ նոյնատիպ մեղեդիները` իւրաքանչիւր հանգրուանին երանգաւորուելով նո՛ր դրսեւորումով մը:

Օրինակ մը տալու համար. նոր գործողութիւն մը կը նախատեսուի, երբ սոփրանոները կը հնչեցնեն (չափ 126) «Վարագայ սար ծաղկել ա … Եղսոյի նան հոս կու գայ», պարզագոյն տողեր, որոնք կը պատրաստեն գալիք «հարսանիք»-ը` չորս ձայներու իրար հալածող դոփիւններով (չափ 138-145): Ասոնց կը յաջորդեն ութ սիգապանծ չափեր միայնակ սոփրանոյի` «Դալիլօ լօ լօ»-ն, որուն կ՛ընկերանան միւս ձայները` մեզի արդէն ծանօթ երգային պատառիկներով, որոնք բնաւ երբեք մեզ չեն օրօրեր միօրինակութեամբ, քանի որ անոնք կայտառացած են կշռութային նոր ու համով դարձուածքներով: Վերջաբանը (animato) բացառիկ աշխուժ վերաքաղ մըն է բոլոր երգային «թերթիկ»-ներուն: Յանկարծ` առկախութիւն (սըսփենս), բոլոր ձայներու յանկարծակի ընդհատում` երկինքէն պի՛տ իյնան, մեր սիրավէպերու «երեք խնձորները»` ընդհանուր համաձայնութեան իբրեւ նշան: Պասերը կը հնչեցնեն հայկական Լա մայնըր-ի 3 ձայները, իսկ «Դալիլօ»-ն իր երրորդ «խնձոր»-ին կէսը (նոթան կը բաժնուի երկուքի) կը թռցնէ օդը` իբրեւ սիրոյ օղակ իր եարին:

(Շար. 4)


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13480

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>