ՊԵՏՐՈՍ ՅՈՎՍԷՓ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
Խմբերգներուն եւ մեներգներուն ընդհանուր քննութեան անցնելէ առաջ հարկ է սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնել Կանաչեանէն երկու տարբեր ձեռագիրներ, որոնք այժմ կը գտնուին Երեւանի Չարենցի անուան թանգարանին մէջ: Անոնք տակաւին վերատեսութեան եւ վերջնական սրբագրութեանց ենթարկուելու կարիքը ունէին, բայց ասոնք չիրագործուեցան ժամանակին:
Անոնցմէ առաջինը Կանաչեանի կրօնական բնոյթի միակ գործն է, տեսակ մը` եկեղեցական բազմաձայն հագներգութիւն (Rhapsodie), հայկական պատարագն է մէկ նոր տարազի տակ, երգ ու բազմերգութիւն` երգեհոնի (pipe organ) ընկերակցութեամբ: Այս գործը, որ միայն մէկ ունկնդրութեան արժանացած է հանրութեան կողմէ, Պէյրութի մէջ 1943-ի մարտ 28-ին, աւելի անհատական դաշնաւորումի եւ վերադասաւորումի գործ մըն է, քան` իւրայատուկ երկ մը: Կանաչեան կատարած է համադրում մը` առնելով Կոմիտասի եւ Եկմալեանի հանրածանօթ պատարագներէն ամբողջութիւն ներկայացնող հատուածներ, ինչպէս նաեւ` քանի մը ծանօթ շարականներ: Այս բոլորէն ան կը կազմէ Յիսուսի ծնունդէն մինչեւ յարութիւնը երկարող օրհներգութիւն մը: Բազմաձայնուած են բոլոր միաձայն երգերը եւ կուռ կշռութաւորումի ենթարկուած` բոլոր կտորները: Անհատական ստեղծագործութեան փորձեր ալ կատարուած են հոն. օրինակ` ընդհանուր գործին նախերգանք ծառայող «Օրհնեցէք, գովեցէք»-ը, որ Կանաչեանի գրիչէն ելած կտոր մըն է: Այս պարագային, մեղեդին անոր գրչին տակ աշխարհականացած է, ըսենք` արեւմտականացած, եւ իր խորհուրդէն մասամբ մը պարպուած է: Այն կշռութաւորումները եւ արեւմտականացումը, որ կը ցուցաբերուին հոն, շեշտուած են երգեհոնի դաշնեակներով, որով Կանաչեան կարծես փորձած է արդիականացնել զայն, այսինքն` ներդաշնակագիտութեան (harmony) ուղիով զարգացնել երկը եւ ոչ, օրինակ, բազմերգագրութեան (contrepoint), այսինքն` երաժշտական բջիջներու ներքին զարգացման ճամբով: Այս հագներգութեան Ա. մասը կը սկսի «Օրհնեցէք Գովեցէք»-ի Կանաչեանի բազմաձայնած տարբերակով, երկսեռ երգչախումբի համար: Յաջորդը Եկմալեանի «Հայր Մեր»-ն է: «Ո՜վ զարմանալի»-ն եւ «Գե՛տ, մի՛ զարհուրիր» բաժինները Կանաչեանի դաշնաւորումներն են միայնակ սոսկ ձայնի համար (tenor solo)` երգեհոնի ընկերակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Ա. մասի Կանաչեանի բազմաձայնած վերջին կտորը` «Ո՞ւր ես, մա՛յր իմ»-ը: Բ. մասը կը սկսի Եկմալեանի «Փա՛ռք քեզ, Աստուա՛ծ»-ով եւ կը վերջանայ «Օրհնեալ է Աստուած» -ով: Կանաչեանի կողմէ դաշնաւորուած են «Ուրախ լեր»ը եւ ընդարձակ «Փոխասացութիւն»-ի մը սարկաւագի բաժինը: Վերջապէս, Գ. մասը կը պարունակէ Արեւագալի շարականը` «Ճգնաւորք Աստուծոյ»-ն քառաձայն խումբի եւ մեներգի համար (Կանաչեան):
Ընդհանուր առումով այս գործը 0ratorio (օրհներգութիւն) մը կը գծագրէ: Հետաքրքրական է փոխասացութիւնը կշռութաւորելու Կանաչեանին ճիգը: Մեր ժամերգութեանց ընթացքին «Եւ եւս խաղաղութիւն զՏէր աղաչեսցուք, Տէ՛ր, ողորմեա՛»-ն կ՛երգուի մէկ շունչով, ամպարագիծ` ձգելով զրուցերգութեան (recitatif) մը տպաւորութիւնը: Այս արդէն իսկ անգոյն եւ միապաղաղ երաժշտութիւնը կը դադրի երգեցողութիւն ըլլալէ, երբ ասոր վրայ կու գան աւելնալու մելիզմատիկ (զարդոլորում մէկ [ձայնաւոր] վանկի վրայ) հատուածներ` անհատ երգողներէ, ըստ կամս: Կանաչեան ջանացած է այս բոլորը կշռութաւորել երգեհոնի դաշնեակներու մէջբերումներով` փորձելով ձայնաչափերու գծիկներու մէջ զանոնք սեղմել եւ տեղաւորել: Աւելի լայն ըմբռնումով մը` ան ուզած է փոխարինել բիւզանդական-արեւելեան հին աւանդութիւնը արեւմտեան թեքնիքով` երգասացութիւնը աւելի դիւրահաս դարձնելու մտահոգութենէ մղուած: Մեր իմացական քիմքին քիչ մը խորթ այս ձայնային նորութիւնները թերեւս իրեն ալ օտարոտի կը հնչէին, բայց իր այս փորձէն ետք ինքն ալ պէտք էր համոզուէր, որ դարերու վրայ երկարող աւանդոյթ մը կարելի չէ խախտել, ինչ որ ալ ըլլայ այդ փորձին բարի նպատակը: Վստահաբար իր այս փորձին համար հայր Կոմիտասին կարծիքը թէ՛ կենսական եւ թէ՛ թէ արմատական նշանակութիւն ունեցած պիտի ըլլար:
Երկրորդ ձեռագիրը կը ներկայացնէ Կանաչեանի 3 արարնոց «Աբեղայ» («Աբեղան») օփերան, գրուած` 1938-ի ամրան, որ քաղուած է Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» գործէն: Կանաչեան ինքն իր ձեռքով զայն պատրաստած է` ամբողջ տրաման կեդրոնացնելով աբեղային անձին վրայ: Այս երաժշտական բեմադրութիւնը իր ամբողջութեան մէջ ներկայացուած է 1939-ին Պէյրութի «Կրան թէաթր»-ին մէջ*»:
*[Յաւելեալ տեղեկութիւն] Առաջին արարին, խորանին առաջ աղօթքի պահն է, բայց աբեղան չի յաջողիր իր մտապատկերէն անջատել Սեդան, զոր ան ազատած է կատաղի ալիքներու երախէն, իր հօր` իշխանին աչքերուն առաջ: Ծայրէ ի ծայր զառանցանքի երկխօսութիւն մըն է Սեդային եւ աբեղային միջեւ: Սեդան զայն կը հրաւիրէ իր մօտ անվերջ «Եկո՜ւր»-ներով. աբեղան զգետնուած է անոր վարսերու բոյրէն, երբ իր թեւերուն մէջ զայն գրկած` ազատած էր ստոյգ մահէ: Պէտք է ըսել, որ Լ. Շանթին սոյն երկին անծանօթ մէկը պիտի չկարենայ կողմնորոշուիլ` լսելով Սեդային «Եկո՜ւր»-ները եւ աբեղային սիրազեղ եւ տարփագին զառանցանքները: Բ. արարը բագինի արարողութիւնն է, որուն ընթացքին պատերազմէ մը յաղթական վերադարձող իշխանին զինուորները Աստղիկ չաստուածուհիին կը նուիրաբերեն իրենց յաղթանակը: Ակամայ այդ խրախճանք-պաշտամունքին ներկայ կը գտնուի աբեղան: Իշխանը չի ճանչնար իր աղջկան ազատարարը եւ անդին կը հրէ օտարոտի սեւազգեստը, երբ «թաս մըն ալ ինծի տուէք» կ՛ըսէ ան իր կողքինին: Երբ կը մերժուի, Լ. Շանթի տրամային մէջ տեղի կ՛ունենայ մենամարտ, որուն ընթացքին աբեղան կը յաջողի զգետնել զինուորը եւ խլել անոր սուրը եւ գրաւել պարտուածին աթոռը: Զայն կ՛ընդունին խումբին մէջ գովելով անոր ուժը: Սակայն աբեղան կը մերժէ անսալ իշխանին հրահանգին, որն է` երկրպագել Աստղիկի բագինին: Գ. արարը միայն պատկեր մըն է. աբեղան գետին ինկած է, կը լսուին Ա. արարին սկսած ժամերգութեան վերջին բառերը` «ոսկերաց իմոց, յերեսաց մեղաց իմոց»: Լ. Շանթի մօտ երկը վերջ կը գտնէ աբեղային այլակերպութեամբ կամ ցնորութեամբ:
Ինչպէս կրօնական գործին պարագային էր, հոս ալ երկը կիսատ մնացած է, եղածն ալ յղկուելու կարիքը ունի, իսկ երաժշտական գործիքաւորումն ալ նոյնպէս անաւարտ է: Այս վիճակին մէջ ան չի կրնար համապատասխանել հեղինակին ձգտած վերջնական լրումին: Այս օփերային կլաւիրը, այսինքն այդ նոյն օփերային մանրապատկերը եղող վերծանումը դաշնամուրի համար եւ ձայնամասերը իրենց ամբողջութեամբ կը գտնուին Երեւան: Հայրենի երաժշտագէտ Վահէ Հայրապետեան կազմած է համերգային (ոչ բեմականացած) երաժշտագրութիւն մը (partitur, score) 2015-ին, որ շատ մօտէն կը հետեւի Կանաչեանի յղացքին եւ դիւրաւ կարելի է, եթէ ոչ` բեմադրել, առ նուազն` ներկայացնել նուագահանդիսութեան մը կերպարով: Սեդա Կանաչեան-Թիւյսիւզեանին խոստացուած է այդ ներկայացումը: Այս երաժշտաբեմերգութեան առիթով կը պատմուի հետեւեալը: 1939-ին, Պէյրութի մէջ, անոր միակ ներկայացումին ներկայ եղած են նաեւ կաթողիկէ վարդապետներ, որոնք չարախօսելով` քննադատած են աբեղայ-Սեդա զեղումնալից երկխօսութիւնը: Լուրը կը հասնի Բարսեղի ականջներուն: Իսկ մեր դիւրագրգիռ վարպետը, առանց խղճահարելու, ըստ իր «բարի սովորութեան», կը բռնէ եւ կը պատռէ այդ բամբասանքին տուն տուող անբաղձալի էջերը…
Կանաչեան յաճախ ունեցած է այդպիսի անզսպութեան նոպաներ: Իրենինները կը պատմեն, թէ ինչպէս սկսուած եւ գրեթէ վերջնական ձեւաւորումի հասած գործեր ամբողջութեամբ պատռուած եւ զամբիւղ նետուած են: Ցաւալի է Մատթէոս Զարիֆեանին «Խենթը» քերթուածին վրայ հիւսուած եւ գրեթէ աւարտած երգ-խմբերգ-արտասանութիւն հեղինակութիւնը, որ այդ նոյն անմիտ, անողորմ ճակատագրին ենթարկուած է: 1958-ն է: Պէյրութի մէջ «նասըրական» պատերազմի օրերն են: Կանաչեան գրեթէ աչազուրկ է: Դուրսէն կը լսուին անհատնում պայթումներ: Անոնցմէ մի քանին կը պայթին Կանաչեաններու տան շատ մօտ: Կանաչեան կը կորսնցնէ ինքզինքը: Յանկարծ կը կանչէ Քրիստինէն` իր կինը, եւ կը պահանջէ «Խենթը»-ին ձեռատետրը: Կինը զայն ներսէն բերելով` կը յանձնէ վարպետին: Կանաչեան, առանց այլեւայլի, զայն կը պատռէ եւ կը թափէ գետին: Աւելի վերջ, Սեդան` դուստրը, այպանած է իր մայրը` ըսելով, որ` «կրնայիր որեւէ թուղթի ծրար բերել», տրուած ըլլալով, որ թերեւս աչազուրկ Կանաչեան կրնար չանդրադառնալ եւ պատռած պիտի ըլլար որեւէ թուղթ…
(Շար. 3)