Իրենց ուսուցիչներուն եւ ընդհանրապէս ուսուցիչին մասին մեր աշակերտներուն մտորումներուն ծանօթանալու նպատակով ուշացումով դիմեցինք տարբեր վարժարաններու, որոնց մեծամասնութիւնը, հասկնալիօրէն չկրցան նիւթեր հասցնել: Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտներէն եկան ստորեւ հրատարակուած ողջոյնի խօսքերը` իրենց ուսուցիչներուն:
Ուսուցի՞չ: Դասատո՞ւ: Չէ՜… Այդքան պարզ բառերով կարելի չէ կոչել զիրենք: Այս անձերը կը սերմանեն ապագայի հունտերը` ապագայ կառավարիչը, քաղաքական անձնաւորութիւններն ու երկիրը շէնցնողները… Եւ զիրենք պարզապէս կոչել «ուսում փոխանցո՞ղ» կա՞մ «դաս տուող»:
Այս անձնաւորութիւնները որոշած են իրենց կարողութիւններն ու գիտելիքները նուիրել սերունդներուն: Շատեր կը մտածեն, որ ուսուցիչ է, իր գործն է, որ կը կատարէ: Սակայն անոնք իսկական բարերարներ են, այո՛, զիրենք իսկական բարերարներ կը կոչեմ, որովհետեւ անոնք մեր միտքերը լուսաւորելով դարձած են ծայրայեղ ազգասէրներ եւ կիրթ ու արտակարգ կեանքի հովանաւորներ: Այնպէս, որ կ՛ուզեմ սրտագին ըսել. «Շնորհաւո՛ր իսկական Բարերարներու տօն»:
ԱՒՕ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Ո՞վ է ուսուցիչը: Ուսուցիչը միայն այն անձը չէ, որ մէկ կամ երկու նիւթի մէջ մասնագիտացած կը դասաւանդէ ու կ՛երթայ, այլ կը մտնէ մեր կեանքին մէջ եւ մեծ հետք կը ձգէ այնտեղ: Ուսուցիչ ունենալը շատ դիւրին է, բայց շատ դժուար է զայն մոռնալը, ինչպէս որ դիւրին է շաքարը ջուրին մէջ լուծել, բայց դժուար է դարձեալ իրարմէ անջատելը: Ուսուցիչը կեանքի մէջ միակ անձն է, որ ամէն ինչ կու տայ առանց փոխարէնը բան մը ակնկալելու, անոնք մեր ծնողներէն աւելի կեանքի դասեր կը սորվեցնեն:
Ո՛չ մէկը կրնայ իր ուսուցիչը մոռնալ: Որքա՜ն ալ փորձենք, ուսուցիչին հետքը չի ջնջուիր մեր կեանքէն:
ՆԱՐԻՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Սիրելի՛ ուսուցիչներ, ես ձեր տօնը կը շնորհաւորեմ եւ կը գովեմ ձեր աշխատանքը, յոգնութիւնն ու զոհողութիւնը:
Դո՛ւք էք մեր երկրորդ ծնողքը, դո՛ւք էք մեր խաւար մտքին բանալին: Սիրելի՛ ուսուցիչներ, առանց ձեզի մենք կը կորսուինք այս յառաջադէմ դարուն, դո՛ւք էք մեր լոյսը խաւարին մէջ, դո՛ւք էք մեր ճամբան յաջողութեան, շնորհիւ ձեզի մենք կը զանազանենք սխալը ճիշդէն: Ձեր արժէքը անգին է, աշխարհի ո՛չ դրամը, ո՛չ ադամանդը եւ ո՛չ ալ ոսկին կը հասնին ձեր արժէքին, դո՛ւք էք այս աշխարհի ամէնէն արժէքաւորն ու թանկագինը, դո՛ւք էք գիտութեան զինուորները, որոնք ամէն օր կը պատերազմին մեր խաւար միտքերուն դէմ:
ՅՈՎԻԿ ՆԱՇԱԼԵԱՆ
Իբրեւ հայեր մեզմէ շատ քիչերն են, որ գիտեն արժէքը «ուսուցիչ» կոչուած օրինակելի անձերուն: Սիամանթոն երբ ըսաւ` «Ներէ, որ քու աշակերտդ այս արբեցեալ տասն եւ հինգ դարեր յետոյ զքեզ պաշտէ», ան անդրադարձած էր այս ասպարէզին գաղտնիքին:
Հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը կարելի չէ սահմանել: Տիպար հայ ուսուցիչը այն վարպետ նաւավարն է, որ կեանքի երկար ճամբորդութեան կը պատրաստէ իր նաւը: Մեզ կը լարէ այնպէս, որ յաղթահարենք թշնամի ալիքները: Հայ ուսուցիչին կոչումը վաղուց անցած է իր նախնական սահմանումէն: Այսօր ան դասատու ըլլալու կողքին աստուածային տիպար մըն է:
Ինքն է, որ հայ վարժարանին սուրբ նշանաբանը մեր տարազներուն փոխարէն կը փորագրէ մեր սրտերուն վրայ:
Ուսուցիչը կը մարմնաւորէ հոգին վարժարանին: Ան ժայռի մը նման կը հալի մեր ալիքներուն բախման իբրեւ հետեւանք:
Երանի կարելի ըլլայ աւելի երկար կեանք տալ բոլոր ուսուցիչներուն, որ տեսնեն, թէ իրենցմէ «գողցուած» իմաստութեան պատառիկները կը կազմեն երախտապարտ նոր ժայռ մը, որ կեցած է կանգուն ապագայի սերունդներուն դիմաց:
Այսօր ուսուցիչը իր անձնազոհ նկարագիրով կը պատրաստէ մեր վաղն ու ապագան:
ՎԻՔԻ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Ուսուցիչ բառով ի՞նչ կը հասկնանք, համեստ պաշտօնեա՞յ մը կ’երեւակայենք, որ դասարան մտնելով իր մասնագիտացած նիւթին դասը կը բացատրէ եւ յետոյ երկա՜ր շունչ մը առնելով կը լքէ այդ ժխորը: Ո՛չ, այսպէս չէ, ուսուցչութիւնը պաշտօն չէ, այլ` նուիրում մը` մարդակերտումի:
Ուսուցիչը ուսերուն շալկած է աներեւոյթ աշխարհ մը, որ օրէ օր կը ծանրանայ անհուն բեռով, անծանօթ անցորդներ կու գան, ուսերուն նոր ծանրութիւն կը նետեն, վտանգներ, չարաշուք միտքեր, պիղծ խօսքեր. ուսուցիչը կը կաղայ, կը խարխափի վտանգներու տիղմին մէջ, բայց այդ ծանրութիւնը վար չի դներ իր ուսերէն, որպէսզի խոչընդոտներու կարկուտի վերածուելով չտեղան աշակերտներուն երազներուն վրայ, այլ կը խօսի այդ խոչընդոտներուն մասին` միշտ կանգուն կեցած. «Այսօր նորէն կարկուտ կը տեղայ, ձեր երազները լաւ տեղեր պահեցէ՛ք» կ’ըսէ` փորձառու, անմեղ եւ թերեւս վիրաւոր ժպիտով…
ԴԱԼԱՐ ԷՎԻՆԿԻՒԼԵԱՆ
12 տարուան բարեկամներ, կեանքի մայրեր: Ոմանց հետ հանգիստ կը զգանք ու կը վստահինք, ոմանց` հակառակը: Ոմանց կը նայինք իբրեւ բարեկամ, ոմանց` բարեկամէ մը աւելի: Ոմանք կը սորվեցնեն, թէ` ի՛նչ պէտք է մտածենք: Ոմանք կը սորվեցնեն կաղապարուած կեանք, ոմանք ալ` կաղապարէ դուրս կեանք: Ոմանք կը ստիպեն աշխատիլ մեր չսիրածը, ոմանք ալ ցոյց կու տան գեղեցկութիւնը նիւթին: Ոմանք բարեկամներ են, ոմանք ալ` բարեկամներէ աւելի:
ՔՐԻՍ ՄԱԶԱԳԵԱՆ
Երբ աշակերտ մը մեծնայ եւ խելահաս ըլլայ, այն ատեն կը գիտնայ արժէքը, աշխատանքն ու յոգնութիւնը ուսուցիչին, որ մեզ լաւագոյն աստիճանի կը հասցնէ, որպէսզի աւարտենք դպրոցը փայլուն միտքերով ու ամէնէն կարեւորը` լաւ հայ երիտասարդներ ըլլալ: Ես ամէն ուսուցչաց տօնին կը յիշեմ բոլոր ուսուցիչներս, մանկութենէս մինչեւ այսօր, կը յիշեմ իրենց կարեւորութիւնը կեանքիս մէջ եւ թէ` ինչե՜ր սորված եմ իրենցմէ:
Շատ շնորհակալ եմ ամէն ուսուցիչներէս եւ շատ հպարտ եմ, որ ուսուցիչներ ունեցած եմ եւ ունիմ, կը շնորհաւորեմ բոլոր ուսուցիչներուս տօնը:
ԺԷՆԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Ուսուցիչը կը նմանի ծառի մը բունին, զոր մեզ հաստատ կը պահէ գետնի վրայ: Անոր առաքելութեամբ ու ջերմ ժպիտով կը շարունակենք զարգանալ: Հայ ուսուցիչը մեր ժողովուրդին յարատեւման ոսկեայ բանալին է: Եթէ հայերէն լեզուի ուսուցիչներ չըլլային, այսօր ձուլուած կ՛ըլլայինք ու մեր սուրբ հայերէն տառերը անհետացած կ՛ըլլային:
Ուսուցիչը ո՛չ միայն կը դասաւանդէ իր նիւթը, այլ նաեւ ան դաստիարակչական խրատներով մեզ «կը զարդարէ», որպէսզի կեանքը դիմաւորենք իբրեւ հայրենասէր եւ կիրթ երիտասարդներ:
ՆԱՐԷ ՔԻՒՍՊԷՔԵԱՆ
Տասներկուերորդ եւ վերջին անգամ ըլլալով, հպարտ ձեր դաստիարակութեամբ, տարինե՜ր շարունակ ձեր յարատեւ ու անսահման գուրգուրանքին տակ մեծնալով, ձեր մայրական ու փորձառու խրատներուն պատճառով` առաջնորդուած ենք դէպի յաջող ու փայլուն ապագայ: Փոքր տարիքէս մինչեւ այսօր անմոռանալի յիշատակներ կազմած եմ, իմ մէջս հայ ազգն ու Հայ դատը պաշտպանելու մարմաջը արթնցուցած էք:
Կ՛ուզեմ ջերմ մաղթանքներով ցտեսութիւն ըսել ձեզի` իմ սիրելի ու պատուարժան ուսուցիչներ:
ՀՐԱԿ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ