Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Կիներու Միջազգային Օրուան Առթիւ. Հայուհին Եւ «Մարտ 8»-ի Խորհուրդին Փոխանցած Մարտահրաւէրը

$
0
0

ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ 

Դարձեալ մարտ 8-ի խորհրդանշական առիթն է: Առիթ, որ կոչուած է մղելու մարդ անհատը իր մօր, քրոջ, դստեր, կողակիցին եւ առհասարակ ընկերութեան իգական տարրին ապրած իրավիճակի վերանայման մասին մտածելու: Աւելի՛ն. այս օրը առիթ է յատկապէս կնոջ` հաշուեյարդարի նստելու ինք իր կացութեան հետ, թէ` որպէս «մարդ անհատ» որքանո՛վ կիրարկուած են ու կը կիրարկուին մարդկային իրաւանց ու յատկապէս` կնոջ իրավիճակի բարեփոխման առաջադրանքով մշակուած միջազգային օրէնքներու տրամադրութիւնները:

Այս հարցը սակայն, օրուան ծնունդը չէ: Մարդկութեան սկզբնական շրջանէն իսկ այս մտահոգութիւնը կար, հակառակ կարգ մը շրջանակներու մէջ մայրիշխանութեան տիրապետութեան: Այս հարցը պաշտօնապէս հրապարակային բնոյթ ստացաւ հիմնականին մէջ 20-րդ դարու սկիզբէն ի վեր, երբ գերպետութեանց մօտ կնոջական խլրտումներ արձանագրուեցան: Այս իմաստով  կնոջական առաջին խլրտումը կը նկատուի ամերիկեան Նիւ Եորք նահանգի կին աշխատաւորներու բողոքի ելոյթը, 28 փետրուար, 1908-ին, երբ անոնք պահանջեցին բարելաւել իրենց աշխատավարձերն ու աշխատանքի պայմանները` նուազեցնելով աշխատանքի ժամերը: Ընկերային-տնտեսական պահանջատիրութեամբ ծագած այս շարժումին առաջին «տարեդարձը» նշուեցաւ 8 մարտ 1909-ին, նոյնինքն Նիւ Եորք նահանգի աշխատաւորական մարզին կողմէ: Այնուհետեւ ձիւնագնդակի նման այս տեսլականով բողոքի շարժումները թաւալեցան, 1913-14-ին անցնելով  ռուսական կայսրութենէն ու Եւրոպայի զանազան երկիրներէն: Ընկերվարական գաղափարախօսութեամբ ծաւալած այս «շարժումը» հետզհետէ դարձաւ համատարած` ստանալով ու ընդգրկելով ընկերային-տնտեսականի կողքին նաեւ` քաղաքական եւ այլ պահանջներ (քուէարկութեան իրաւունք…):

1975-ին Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) պաշտօնապէս մարտ 8 թուականը  որոշեց «Կիներու միջազգային օր»:

2011-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա իւրաքանչիւր տարուան մարտ ամիսը որոշեց իբրեւ «Կիներու պատմութեան ամիս»: Ու այսպէս տարուէ տարի կնոջական այս պահանջատիրական շարժումի բողոքները կրցան բարեփոխել եւ իրագործել այն, ինչ որ ձեռնտու եւ կարելի էր:

Իսկ 2017-ին համար ՄԱԿ-ը որպէս ընդհանուր կարգախօս ճշդած է` «Եղի՛ր յանդուգն փոփոխութեան համար» (Be Bold for Change):

Կը մնայ յիշել, որ ՄԱԿ-ը 2030 թուականը նկատի ունի իբրեւ հեռաւոր թիրախ` կնոջ եւ տղամարդու միջեւ իրաւունքները յիսուն առ հարիւր համեմատութեամբ, հաւասարապէս բնորոշելու եւ իրագործելու ժամկէտ: Յուսանք այդ օրը իրապէ՛ս կը դառնայ երջանիկ ու բախտաբեր օր մը աշխարհասփիւռ կիներուն համար:

Սակայն մինչ այդ, նախքան 2030-ը, մեր «քիթին տակ» տիրող իրավիճակը որքանո՞վ քաջալերական, ներշնչող ու խոստմնալից է: Փաստօրէն, աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ կիներ տակաւին երկա՜ր օրակարգի կէտեր ունին պահանջատիրական սեղանի վրայ:

Արդարեւ, հայկական առումով, հայ իրականութեան մէջ եւս կացութիւնը այնքան ալ «պայծառ» չէ: Հայրենիքի թէ սփիւռքի զանազան գաղութներուն մէջ կան հայուհիներ, որոնք տակաւին ենթակայ են ընկերային-տնտեսական խտրականութեան, լուսանցքայնացումի, միջակեցման եւ անտեսման…

Հայրենիքի մէջ յատկապէս` քաղաքական մարզը որոշ յառաջդիմութիւն արձանագրած է, ինչ որ հայուհին մղած է կարենալ հասնելու պատգամաւորի, նախարարի եւ մինչեւ իսկ բարձրաստիճան զինուորականի պաշտօնին: Այս մէկը սակայն հայուհիին մղած կնոջական պայքարի կողքին նաեւ դրական մէկ «աւանդն է» նախկին համայնավարական-խորհրդային վարչաձեւին, ուր որոշ չափով համարկուած էին կիներու եւ այրերու միջեւ իրաւունքներու համեմատութիւնները (գէթ այդպէս կ՛առաջադրուէր):

Իսկ սփիւռքի իւրաքանչիւր գաղութի պարագային հայուհին ենթակայ է տեղական իշխանութեան որդեգրած ու կիրարկած սահմանադրական օրինական տրամադրութիւններուն:

Սակայն գաղտնիք չէ, որ իւրաքանչիւր գաղութի մէջ ներազգային ճակատի վրայ կան (հայկական) ազգային կառոյցներ, որոնք անուղղակիօրէն «պետութեան մէջ պետութիւն» անպաշտօն, բայց խիստ գործնական կարգավիճակով կը տնօրինեն հայութեան «ճակատագիրը»:

Փաստօրէն, եւրոպական համալսարաններէն շրջանաւարտ հայ մտաւորականներու կողմէ 1860-ին մշակուած ու 1863-ին օսմանեան իշխանութեան կողմէ վաւերացուած Ազգային սահմանադրութեան ու անկէ բխած մարմիններու  (Ազգային իշխանութեան կեդրոնական վարչութիւն, …) տնօրինումով կը գործեն այդ կառոյցները: Սահմանադրական օրէնքներ, որոնք խորքին մէջ կը միտին բարելաւել հայ անհատին (հայուն եւ հայուհիի՛ն) իրավիճակը:

Հարցը սակայն այդ օրէնքներու ճշգրիտ կերպով կիրարկման մէջ է հաւասարապէս հայուն եւ հայուհիին նկատմամբ ու հո՛ս է «գարնանային» փոփոխութեան պահանջը, սկսելով հայուհիի վկայութեան ճանաչումէն մինչեւ անոր ընկերային-տնտեսական, ինչպէս նաեւ` քաղաքական իրավիճակի պայմաններու բարեփոխումը: Բարեփոխում, որ յաճախ կը կատարուի «ընտանեկան միջնորդութեամբ» եւ հազուադէպ են այն հայուհիները, որոնք անհատապէս կրցած են իրենք զիրենք արժեւորել զուտ անհատական ճիգերով…

Այլ բնագաւառներու մէջ եւս հայուհիին իրավիճակը տակաւին բարեփոխման կը կարօտի: Փաստօրէն, սփիւռքահայութեան սիրտը նկատուող լիբանանահայ գաղութին մէջ պատկերը այնքան ալ «վարդագոյն» չէ, եւ սրբագրելի մարզեր տակաւին առկայ են ընկերային-տնտեսականէն մինչեւ քաղաքական լիիրա՛ւ  գնահատման առումով:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2013-ը հռչակած էր «Հայ մօր տարի», բայց հարցական է, թէ այնուհետեւ ի՞նչ բան կամ ո՞ր մարզը բարեփոխուեցաւ: Այլ խօսքով, հայուհին տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելիք «պայքար»-ի այս մարզին մէջ:

Փոխադարձաբար, սակայն, ինքնաճանաչման եւ ինքնաքննադատման կարգով կ՛արժէ հաշուեյարդար մը կատարել լիբանանահայ կնոջ այժմու իրավիճակին գծով:

Պատմութեան դասերը մեզ կ՛աւանդեն Փառանձեմ, Խոսրովիդուխտ, Շուշանիկ, Զապէլ եւ այլ կին դէմքերու մասին:  Տակաւին, ազատագրական պայքարի շրջանէն մեր հաւաքական յիշողութեան մէջ թարմ են Ռոստոմի կնոջ` Լուիզայի, Սօսէ մայրիկի, Սաթենիկ (Արղութեան) Մատինեանի անուններն ու նոյն աւիշով շաղախուած` մերօրեայ արցախեան ազատամարտի նահատակ հերոսուհիները: Գրական հանգանակէն` Զապէլ Ասատուրի, Հայկանուշ Մարքի,  Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Եսայեանի եւ շատ ու շատ այլ ականաւոր դէմքեր: Յետեղեռնեան շրջանէն` Վառվառէ Սահակեան, Տիանա Աբգար, Լոլա Սասունի, Զեփիւռ Շանթ, Սաթենիկ Օհանջանեան, Հեղուշ Փափազեան, Սիրարփի Տէր Ներսէսեան, Արփիկ Միսաքեան եւ այլ բազմաթիւ անձնուրաց նուիրեալներու փաղանգ մը:

Սակայն այս գաղութի նոյնքա՛ն ականաւոր հայուհիներու այժմո՛ւ փաղանգը ի՞նչ պիտի «աւանդէ» գալիք սերունդներուն: Շատ ծանր բեռ կայ հայուհիի ուսերուն ներկայ այլասերման, համաշխարհայնացման ու այսպէս կոչուած արդիականացման հոսանքներու փոթորիկներու մթնոլորտին մէջ:  Ծանր բեռ, որպէս մայր, քոյր, կին թէ դուստր:

Հաւանաբար որոշ մարզերու մէջ կարելի է ընդառաջել եւ համարկուիլ նորարարութեան, արդիականութեան, ժամանակին հետ քայլ պահելու միտող պայմաններուն: Սակայն մայրութիւնը կարմիր գիծ է, հարկ է զայն անաղարտ պահել եւ դարերու խորքէն փոխանցուող հայուհիի տիպարը անաղարտ փոխանցել գալիք սերունդներուն` առողջ դաստիարակութեամբ, իրաւունքներու ձեռքբերման համար արդար ու անաչառ պայքարով, շրջանցելով մեզ դիմակալող բազմապիսի դժուարութիւնները: Այլ խօսքով` ըլլալ «յանդուգն փոփոխութեան համար», ինչպէս կ՛առաջադրէ այս տարուան ՄԱԿ-ի կարգախօսը:

Ա՛յս է ահա հայուհիին հիմնական մարտահրաւէրը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13370

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>