Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13494

Յուշատետր. Աշխատասիրութեան Ու Ծուլութեան Միջեւ

$
0
0

Ռ. Հ.

Ա.

Դպրոցական շրջանիս ես իմ դասարանիս աշխատասէր աշակերտներէն մէկը նկատուած էի: Եթէ մեր դասարանին մէջ երեք կամ չորս աշակերտներ միւսներէն կը զատուէին` որպէս ընդունակ ու աշխատասէր աշակերտ, անոնցմէ մէկը ես էի: Բայց իրականութեան մէջ մեծ աշխատասիրութեամբ կամ տքնաջան աշխատանքով չէ՛, որ դարձած էի դասարանիս յաջող քանի մը աշակերտներէն մէկը: Չեմ գիտեր` ինչպէ՛ս, ես քիչ ու չափաւոր աշխատանքով կրցած էի ձեռք բերել այդ դիրքը: Չեմ ըսեր, որ ծոյլ էի, բայց կրնամ ըսել, որ ծափահարութեան արժանի ծանր աշխատասիրութիւն մը  չունէի: Միայն տարեվերջի քննութիւններու համար էր, որ սովորականէն քիչ մը աւելի շատ կ՛աշխատէի, այդքա՛ն: Տակաւին կրնամ ըսել, որ կողմնակից էի չափաւոր աշխատանքով յաջողութիւն արձանագրելու: Այդպիսի յաջողութիւն մը աւելի արժէքաւոր էր, քան թէ այն յաջողութիւնը, զոր աշակերտ մը ձեռք կը բերէ գիշեր ցերեկ անընդհատ աշխատելով ու տքնելով:

Այսօր ալ, դպրոցական շրջանէս տասնամեակներ վերջ, եթէ ինծի հարցուէր, շատ տարբեր բան պիտի չըսէի: Աշխատասիրութիւնը շատ լաւ բան է, պայմանաւ որ գործադրուի չափաւոր ու խելացի կերպով, ատոր փոխարէն` ծուլութիւնը այպանելի է ամէն տեսակէտէ: Աշխատասէր մարդիկը կը սիրենք, կը գնահատենք, իսկ ծոյլերը կը պախարակենք:

Այո՛, աշխատասէրը կը սիրենք, ծոյլը կը պախարակենք: Ասիկա ընթացիկ կեցուածք է: Բայց այս կերպով բոլորս ալ ընդունած կ՛ըլլանք,  որ մարդիկ երկու տեսակ են. աշխատասէր կամ ծոյլ: Ճի՞շդ է այս ենթադրութիւնը:

Մինչեւ որոշ շրջան մը ես «Այո՛, ճիշդ է» պիտի պատասխանէի, եթէ այս հարցումը ուղղուէր ինծի: Բայց հիմա կը կասկածիմ: Կը կասկածիմ, որովհետեւ սկսած եմ մտածել, որ, այո՛, աշխարհի վրայ աշխատասիրութիւն կայ, ծուլութիւն կայ, բայց հարիւր տոկոս աշխատասէր կամ հարիւր տոկոս ծոյլ մարդ չկայ: Կը հաւատամ, որ աշխարհի վրայ ապրող բոլոր մարդոց նկարագրին մէջ կայ թէ՛ աշխատասիրութիւն, թէ՛ ծուլութիւն: Աշխարհի ամէնէն աշխատասէր մարդն անգամ ունի իր ծուլութեան պահերը, եւ ատոր փոխարէն` աշխարհի ամէնէն ծոյլ մարդն անգամ յանկարծ կրնայ աշխատասէր մարդու գործ տեսնել: Ճաշակի ու նախասիրութեա՞ն խնդիր է արդեօք, մարդիկ իրենց սիրած գործին մէ՞ջ է, որ աշխատասէր կը դառնան ու անսիրելի գործի մը մէջ ալ կը ծուլանա՞ն: Կասկած չկայ, որ ճշմարտութիւն կայ այս հարցումին մէջ. բայց դեռ ինչե՛ր կան, այդքան ալ պարզ չէ: Ես իմ սիրելի ասպարէզէս ներս կրնամ շատ աշխատասէր ըլլալ, անձանձրոյթ պատրաստակամութեամբ պէտք եղածէն ալ աւելի շատ աշխատիլ, այդ աշխատանքէն մեծ հաճոյք առնել, բայց ատոր փոխարէն` կրնամ գետին ինկած թուղթ մը վերցնել չուզելու չափ ալ ծուլանալ, նստած տեղէս շարժիլ իսկ չուզել, զիս յանձնել ծուլութեան մը հաճելի անշարժութեան ու երազանքներուն: Մէկը, որ զիս պիտի տեսնէր առաջին դիրքին մէջ, պիտի ըսէր, որ այս մարդը շատ աշխատասէր է: Իսկ մէկը, որ զիս պիտի տեսնէր ծուլութեան պահերէս մէկուն մէջ, պիտի կարծէր, որ ծոյլ մէկն եմ: Բոլորս ալ ունինք մեր աշխատասիրութեան պահերը, նաեւ` մեր ծուլութեան պահերը:

Օրինակ, «Ծուլութեան պահեր» ունէր գրագիտուհի Հայկանուշ Մարք, որ կրթական, հրատարակչական, գրական ու կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան մարզերէ ներս այնքան աշխատասէր էր, որ սակայն գրած էր «Ծուլութեան պահերէս» անուն գրական շարք մը, որուն առաջին մասին մէջ այնքան գեղեցիկ տողերով կը բացատրէր ծուլութեան քաղցրութիւնը:

Չխլրտի ոչինչ սրահին մէջ եւ ծաղկամանները նիրհեն յոգնած վարդերով: Դաշնամուրին լարերը չտան ո՛չ մէկ երազ ու չօրօրուի ո՛չ մէկ իր: Հովը կենայ, եւ հովբեկները իյնան ուղիղ ծալքերով: Ժամացոյցին թիք-թաքն ալ սառի՜:

Չխլրտի ոչինչ սրահին մէջ: Մեղմ բոյրերը մահանան: Ժամանակը չսահի, եւ աչքերը չնային: Չխլրտի ո՛չ մէկ իր: Եւ մրափը ծածանի, դանդաղ, սրտի մը վրայ:

Երբ կը կարդանք այս տողերը, կը պատկերացնենք իսկապէս, թէ երբեմն ի՛նչ աղուոր բան է յանձնուիլ քաղցր ծուլութեան մը թուլութեան, յանձնուիլ տաքուկ մրափի մը, խուսափիլ աշխարհի բոլոր ձայներէն ու գործերէն: Բայց ծուլութեան այս պահը հաւանաբար կը յաջորդէ ծանր աշխատանքի մը յոգնութեան: Չէ՞ որ արդէն ամէնէն առաջ մեր մարմինն է, որ ծանր աշխատանքի ժամերէ վերջ մեզմէ կը պահանջէ ծուլութեան ու հանգիստի պահ: Եթէ քիչ առաջ աշխատասէրն էինք, հիմա յանկարծ դարձած ենք ծոյլը:

Երբ այս նիւթը կը բացուի, միշտ կատակով կը յիշեմ գրագէտ մէկ բարեկամս, որ յաճախ խմբագրատուն կու գար ճիշդ այն պահուն, երբ ես առտուան ծանրածանր աշխատանքս վերջացուցած կ՛ըլլայի եւ բազկաթոռիս մէջ նստած` սուրճ մը կը խմէի: Երբ ներս կը մտնէր ու զիս կը տեսնէր բազկաթոռին մէջ սուրճի բաժակ մը ի ձեռին, նշանակալից կը խնդար.

– Օ՜խ, օ՜խ, ինչ աղուոր, երանի՜ ձեզի:

Աղուոր էր, ճիշդ է, բայց ո՛չ թէ որպէս ծուլութիւն, այլ` որպէս ծանր աշխատանքի վարձատրութիւն: Գրագէտ բարեկամս թերեւս չէր տեսներ այս երկրորդ կէտը:

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13494

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>