Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13430

Ծառահատում (Արփիկին Յիշատակին)

$
0
0

Arpi1_110215

Անձրեւը սկսաւ կաթկթիլ: Երեւանի մեր տան հսկայ թթենիին տակ նստած` կը վերապրիմ անձրեւէն թրջուելու կորսուած հաճոյքը: Կաթիլներուն հետ աջ ու ձախ նաեւ կ՛իյնան ծերացած ծառին դեղնած տերեւներն ու չիրերը` չքացնելով մաքրութեան մեր արշաւին բոլոր հետքերը: Խուճապի մատնուած են մրջիւններն ալ, իսկ ես անշարժ կը սպասեմ գործաւորներուն, որոնք ծառահատման աշխատանքը անձրեւի պատճառով ձգձգելէ ետք, խոստացած են այսօր անպայման յարգել իրենց խոստումը:

Ծառի, ծիլ ու ծաղիկի սիրահարս, երկար պայքարէ ետք ակամայ տեղի տուած եմ, որովհետեւ գեղագիտական, բնապահպանական բոլոր փաստարկներովս գոհացում չէի կրցած տալ նոր դրացուհիին, որուն լուացքը կ՛աղտոտէր. մինչեւ փողոց ծաւալած ծառին ճիւղերէն, տան ջրանցքները կրնային փակուիլ աշնանային տերեւներու տարափէն: Ծառին շուքին, հովանիին գեղեցկութիւնը կը նսեմացնէին լարուած փայլուն սարդոստայնները, իսկ անոր խոռոչներուն մէջ բոյն դրած անհամար մրջիւնները` պարենաւորման աշխուժ երթեւեկի մէջ էին: Դեղե՞լ զգուշացո՞ւմ` չէին խանգարեր բակի տէրերուն` մրջիւններուն ներկայութիւնը: Անոնցմէ մէկը նոյնիսկ  յաջողած էր ընկերանալ ինծի մինչեւ համերգասրահ ու անյարմար կացութեան մատնել  զիս:

Երկար փնտռտուքէ ետք բարեկամի մը բարեկամին միջոցով գտած էինք ծառահատողները, որոնք ի վերջոյ ներկայացան խիստ կոկիկ հագուածքով: Շատ երիտասարդ էին: Եթէ հսկայ սղոցը շալկած չըլլային, մեզ կրնային տպաւորել իբրեւ երկրաչափներ:

Նոր փորձառութեան շեմին` քարացած պատկերացում պէտք չէ ունենալ: Պայմա՞ն է, որ ծառահատողը ըլլայ քիչ մը ծեր, հսկայ, կոշտ մարդ մը: Ի՞նչ լաւ էր, որ երիտասարդներ ալ հետաքրքրուած էին նմանօրինակ աշխատանքներով, բայց ինչո՞ւ տարակուսանքով նայուածքս սեւեռած կը մնար անոնց ձեռքերուն, որոնք այնքան նուրբ էին եւ երբեք չէին նմաներ արհեստաւոր հօրս պողպատի ամրութեամբ ձեռքերուն:

Քոյրս ու ես, մոռցած ծառահատման մեր վէճերը, անհամբեր կը սպասէինք, թէ ի՛նչ ընթացք պիտի առնէ արտասովոր այս գործը, մանաւանդ` անձրեւելու հաւանականութիւնը մեծ էր եւ գործը կրնար կիսատ մնալ: Սուրճը խմեցինք, բայց Էտիկին ու Արթոյին հեռաձայնային խօսակցութիւնները դեռ կը շարունակուէին: Ելեկտրածինով գործող մեծ սղոցը, տակաւին ձեռքերը ծալած, մեզի պէս կը սպասէր, մինչ խօսակցութիւնները կը շարունակուէին կը շարունակուէին:

«Ո՞նց խոտ կը տաս»-ը ի վերջոյ հասկնալի դարձուց, որ Էտիկն ու Արթոն կը փորձէին տեղեկութիւններ քաղել վարձուած սղոցը աշխատցնելու: Ո՞ւր պէտք է դնէին իւղը, վառելանիւթը, յետո՞յ…

Կէսօրուան մօտ ի վերջոյ դղրդաց մեքենան եւ ծառին հսկայ ճիւղերը սկսան տապալել բակին մէջ: Անհրաժեշտ էր հաստ ճիւղերէն թեթեւցնել ոստերը, որովհետեւ «Մեշոք Պապին», այսինքն արտասովոր աղբերու տոպրակներ փոխադրողը կրնար օգտակար ըլլալ միայն նուրբ ճիւղերուն եւ տերեւներուն:

Բոլորը, բոլորը թելադրած էին թեթեւցնել ծառը… Բակին մէջ շարժելու տեղ չէր մնացած: Պէտք էր  արագ շարժիլ, յատուկ մկրատով մանրել ոստերը, անջատել տերեւները եւ տեղաւորել համապատասխան տոպրակներուն մէջ:

Հեւքիս մէջ` բակին մէջ տղոց տեղ ապահովելու մոռցած էի ընդդիմութիւնս եւ նոր մեքանիզմի մը մէջ խրուած` անխնայ կը կտրատէի: Այդպէ՞ս էին արդեօք մարդիկ ալ, որոնք նշդրակով, դիրքով, թելադրանքով, լարուած աշխատանքի հովերով, տերեւներու փոխան` մարդ կը փոքրացնէին: Անձրեւը թեթեւ-թեթեւ կը մաղուէր` բակին մէջ տարածելով թրջուած տերեւներու թարմացնող բարկ հոտ մը:

«Այրող Այգեստանէն» գաղթական մը ութսուն հինգ տարի առաջ տնկած էր այս ծառը, որուն տերեւները, յուշերը կը պատռտէինք, սիրերգող թռչուններու յենարանները կը կտրատէինք: Յաջորդող սերունդը քննական մտքով զինուած` ժամանակի կորուստ պիտի համարէ տերեւներու ցաւին համազգացողութիւնը, թերեւս նոյնիսկ անիմաստ պիտի գտնէ գերդաստանին խնամքով պահ դրուած սեւ ու ճերմակ գունաթափուած, անծանօթ դէմքերու լուսանկարներու ծրար ալպիւմները:

Անձրեւը թափ առած` կ՛իջնէ, բայց մենք ցեխոտած, մտերմացած` կը շարունակենք աշխատիլ: Ռուսաստան ծնած բարեկիրթ հայ տղաք են, որոնք որոշած են վերջնականապէս հաստատուիլ Հայաստան եւ աշխատիլ: Ծառատնկումի առաջին փորձառութիւնը ձեռք կը ձգեն, կ՛ուզեն սորվիլ, աշխատիլ…

Մեշոք պապին ժամը 10:00-ին, քսան ծանր տոպրակներ յաջողեցաւ տեղադրել փոխադրակառքին մէջ ու բակը ամայացած: Թթենին մերկացած` զարմացած մարդու արձանային կերպարանքը առած էր: Մութին մէջ մրջիւնները չէին տեսնուիր:

Վերջին սուրճը կը խմենք: Արթոն եւ Էտիկը կը մխիթարեն զիս` հաւաստիացնելով, թէ գարնան պիտի վերածաղկի թթենին, աւելի թարմ եւ ամուր: Մրջիւնները` «հէչ»: Շուտով կրնան այդ հարցն ալ լուծել:

Քոյրս աչքով ունքով կը յայտնէ իր զարմանքը: Վստահելի հաշուապահս` ահա կը վճարէ սղոցին վարձքը, իւղին, վառելանիւթին գինը եւ կոկիկ գումար մըն ալ` իբրեւ ձեռավարձ: Պատուոգի՞ն: Թերեւս…

Մտաւորականներու, ակադեմիկոսներու չափ, նոյնիսկ` աւելի, աշխատունակ ձեռքերու կարիքը ցայտուն է: Այս տղաքը որոշած են աշխատիլ եւ պիտի ամրանան անոնց ձեռքերը ու ճակտին քրտինքով պիտի շէնացնեն  եւ իրենց տունը ե՛ւ հայրենիքը:

Շատ պիտի ծաղկի, իսկ մրջիւնները` «հէչ»:

ԳԵՂԱՆԻ ԷԹԻԵՄԵԶԵԱՆ

15/10/2015


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13430

Trending Articles