Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Լափշինը, Հաց Բերողը Եւ Նեղազգային Հռետորաբանութիւնը

$
0
0

ՀՐԱԿ Փ.

Կանխաւ նշեմ, որ Լափշինի ու «հաց բերող» Արթուրի պարագաները աւելի ընդհանրական խնդրի մը շուրջ խորհրդածելու համար դիտարկուող օրինակներ են պարզապէս. քննուող հարցը չի սահմանափակուիր անոնցմով: Հարցը կը վերաբերի սփիւռքի մէջ տիրող քաղաքական հռետորաբանութեան, որ անշուշտ ունի Հայաստանի մէջ իր հակամասը (counterpart), որմէ կը սնանի: Պարզաբանելու եւ յառաջանալու համար անցնիմ օրինակներուն:

Ընթերցողներուն ջախջախիչ, եթէ ոչ բացարձակ մեծամասնութիւնը տեղեակ է դեռ թարմութիւնը չկորսնցուցած Լափշինի դէպի Ազրպէյճան արտայանձման եւ ձերբակալման լուրէն, ուստի չ’արժեր մանրամասնել: Մեր բաղդատութեան համար կարեւորը պաշտօնական խօսնակներու, լրատուամիջոցներու, երիտասարդական-ուսանողական թէ այլ միութիւններու հաղորդագրութիւններու, ցոյցերու, համացանցային դաշտի մէջ եւ այլուր տեղ գտած լայն ու ընդարձակ անդրադարձն է այդ դէպքին. դատապարտում եւ բողոքարկում` սպասուած, տեղին եւ արդար: Բայց լրիւ անկե՞ղծ` պիտի հարցապնդենք շուտով:

Երկրորդ դէպքին մասին ստիպուած եմ սակայն աւելի մանրամասնութիւն տալու, քանի որ հաւանաբար կան ընթերցողներ, որոնք լաւագոյն պարագային անբաւարա՛ր տեղեկութիւն ունին այդ մասին. եւ ահա այստե՛ղ թաղուած է շան գլուխը: Յուլիսեան վերջին դէպքերու ընթացքին Հայաստանի քաղաքացի Արթուր Սարգսեանը, նախապէս գրեթէ անյայտ դէմք, սնունդով բեռնուած իր ինքնաշարժով ճեղքած էր ոստիկաններու պատնէշը ու մուտք գործած` «Սասնայ ծռեր» զինուած խումբին կողմէ գրաւուած ոստիկանութեան գունդի տարածք, պարզապէս ուտելիք հասցնելու համար սնունդէ զուրկ մնացած ապստամբներուն: Իր այս աքթին համար «հաց բերող»-ը կալանքի տակ մնաց աւելի քան հինգ ամիս, սակայն 30 դետկեմբերին ազատ արձակուեցաւ դատախազութեան կողմէ հետեւեալ բացատրութեամբ. «Հիմք ընդունելով բժշկական խորհրդակցութեան եզրակացութեամբ Ա. Սարգսեանի մօտ ախտորոշուած հիւանդութիւնը, որը նուազեցնում է նրա կողմից քննութիւնից խուսափելու, նոր յանցանք կատարելու հաւանականութիւնը, վերջինիս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց է ընտրուել չհեռանալու մասին ստորագրութիւնը»: Արդարեւ, Սարգսեան ունի առողջական այնպիսի լուրջ խնդիրներ, որոնց առկայութեան պարագային ամբաստանեալ մը պէտք չէ մնայ բանտային պայմաններու մէջ, նաեւ` ըստ հայաստանեան օրէնքին: Այս գծով Սարգսեանի ու իր փաստաբաններու դիմումները մնացած էին ապարդիւն, բայց ի վերջոյ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի միջամտութենէն  քանի մը օր ետք դատախազութիւնը զիջեցաւ` հաստատելով Սարգսեանի առողջական վիճակի բանտային պայմաններու հետ անհամատեղելիութիւնը: Նորութիւնն այն է սակայն, որ Լափշինի արտայանձնումէն ընդամէնը երկու օր ետք, փետրուար 9-ին, անակնկալօրէն դարձեա՛լ ձերբակալուեցաւ Սարգսեան: Դատախազութեան հիմնական բացատրութիւնն այն էր, որ Սարգսեանի հիւանդութիւնը չի դասուիր կալանքի պատիժը կրելու խոչընդոտող ծանր հիւանդութիւններու շարքին:  Այս բացատրութիւնը բացայայտօրէն կը հակասէ նոյն դատախազութեան կողմէ մօտ ամիս մը առաջ Սարգսեանի ազատ արձակման վերաբերեալ տրուած բացատրութեան: Դեռ չենք խօսիր դատը այսքան ուշացնելով ամբաստանեալ մը, ա՛յդ ալ վատառողջ, կալանքի տակ պահելու սկզբունքային անարդարութեան մասին: Դարձեալ ձերբակալուելէն ու դատապարտեալներու հիւանդանոց տարուելէն ետք «հաց բերող»-ը յայտարարած է հացադուլ, ու արդէն շաբաթէ մը աւելի է, որ կը մնայ առանց հացի, ինչ որ շատ կտրուկ ազդեցութիւն ունի իր առողջական վիճակին վրայ, ինչպէս կ’ահազանգեն իրաւապաշտպանները: Այսքան` որպէս լրատուութիւն. չեղածին տեղ. աւելիին համար կարելի է անձնապէս պրպտել: Ի՞նչ տեղ շնորհուեցաւ այս հարցին մեր հռետորաբանական դաշտին մէջ: Ամէնէն անկողմնակալ եւ կրաւորական միջոց` լրագրութի՛ւնը անգամ չանդրադարձաւ այս խնդրին, ալ չեմ նշեր աւելին:

Կրկնելով, որ «հաց բերող»-ինը մէ՛կ օրինակ է միայն, ամէնէն հրատապը հաւանաբար, եւ որ բազմաթի՛ւ եղած են այս տարիներու ընթացքին եւ այսօր Հայաստանի մէջ քաղաքական հալածանքները, քաղաքական բանտարկեալները, ծեծերն ու խոշտանգումները, տարրական մարդկային իրաւանց բռնաբարումը դատաիրաւական եւ քրէա-օլիկարխեան համակարգերու զուգահեռ գործունէութեան ներքոյ, հարց տանք. ի՞նչ ուշադրութեան արժանացած են այս բոլորը սփիւռքեան հիմնական առանցքի եւ անոր հայաստանեան հակամասի (counterpart) քաղաքական հռետորաբանութեան մէջ (դեռ ձգե՛նք նոյնիսկ գործնական երեսը): Գրեթէ` ո՛չ մէկ: Բացակայութի՛ւն, քա՛ր լռութիւն:

Վերադառնալով լափշինեան հարցին` կարելի է տեսնել, որ երեւոյթի դատապարտման ալիքին մէջ իրաւացիօրէ՛ն տեղ կը գտնէ մարդկային տարրական իրաւունքներու` տեղափոխման ազատութիւն, լրագրողական իրաւունքներ, ինքնորոշման իրաւունք, եւայլնի հռետորաբանութիւնը: Իրաւացիօրէն, այո՛, բայց` ոչ անկեղծօրէն: Ապա թէ ոչ ո՞ւր էր աղաղակող այդ մեծ բանակը ի տես հաց բերողի մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման, ո՞ւր էր անկէ առաջ Հայաստանի մէջ իրագործուած մարդկային իրաւանց բազում եւ կոպտագոյն խախտումներու ժամանակ:

Հարց կը ծագի. մարդկային իրաւունքներ, ազատութիւն, արդարութիւն` պարզապէս ազգային քաղաքականութեան ծառայեցուող գործիքնե՞ր ու միջոցնե՞ր են ուրեմն. հրատապ հարց եւ «սկզբունք» կը դառնան ու մեր հռետորաբանութեան մէջ կը յայտնուին միայն, երբ Ազրպէյճանի՞ կամ Թուրքիո՞յ մէջ կ՛ոտնակոխուին: Փաստօրէն ժողովրդավարական այս սկզբունքները կորսնցուցած են գաղափարական անշեղ յենասիւներու իրենց երբեմնի հանգամանքը. ընդունինք այլեւս: Արժանացած են շատո՛նց արդէն փոշոտ դարակներու մէջ մոռցուած ընկերվարութեան ու ձախականութեան ճակատագրին:

Ժամանակակից հռետորաբանութիւնը ուրեմն, ալ չե՛նք խօսիր գործնականին մասին, փաստօրէն խզած է իր կապերը ազգային նկատուողէն անդին եղող արժէքներուն հետ: Ցեղասպանութեան ճանաչումէն, անոր դրժումի քրէականացումէն, Արցախէն, Թուրքիայէն, Ազրպէյճանէն, Լափշինէն ու Սաֆարովէն անդին չ՛երթար, ցաւօք: Նեղազգային է ու վե՛րջ: Անկէ անդին կա՛մ չկայ, կա՛մ եթէ կայ ապա` նեղազգայինին ծառայեցուելու համար միայն, այսինքն` կե՛ղծ: (Ինքնին այդ ազգայինին բնոյթին, խորքին ու ընկալման մասին ալ կարելի է շատ երկար գրել: Բաւարարուիմ յուշելով, որ «գաղափարական»-ին ու «կաղապարական»-ին միջեւ գոյութիւն ունի որակական յստակ տարբերութիւն):

Հռետորաբանական այս բացէն ամէնէն անմիջականօրէն ազդուողը երիտասարդութիւնն է անշուշտ, նոր սերունդը: Բնական հետեւանքները երկուք են. կա՛մ աշխարհահայեացքի խիստ սահմանափակում, գաղափարական ճահճացում (իմա՛ կաղապարականութիւն) դէպի սին ծայրայեղականութիւն երթալու յայտնի վտանգներով, եւ կա՛մ արթուն, յառաջադէմ, քննական մտքի տէր անհատականութիւններու պարագային` խրտչում, ինքնամեկուսացում եւ հեռացում: Երկուքի պարագային ալ հաւաքականութիւնն է կորսնցնողը անշուշտ:

Ընկերային արդարութեանց ու մարդկային իրաւանց հարցը անշուշտ չի սահմանափակուիր Հայաստանով (ոչ իսկ հայութեամբ): Բայց ի մասնաւորի հայաստանեան իրադարձութիւններու նկատմամբ հռետորաբանական-քաղաքական այս բացը իր չափով կ՛ուշացնէ հայաստանեան այդ խնդիրներու լուծումը. այստեղ, ահա, ազգային ու մարդկային հարցերը կը միաձուլուին: Չէ՞ որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներքին քաղաքական հալածանքներով ու ընկերային անարդարութեամբ կը վնասէ ինքզինքին աւելի, քան` լափշինեան պատահարները: Չէ՞ որ կ՛արժեզրկուի պետութիւնն ինք միջազգային քաղաքական գետնի վրայ: Արտաքին գետնի վրայ ի՞նչ մարդկային իրաւունքներու յարգում կրնայ պահանջել պետութիւն մը, որ իր սահմաններէն ներս կ՛ոտնակոխէ այդ իրաւունքները:

Կը մնայ հասկնալ պատճառը այս բոլորին: Կա՛մ այն է, որ իսկապէս նեղ է քաղաքական առաջնորդութեան աշխարհահայեացքը, արժէքային համակարգը, մտահոգութիւններու դաշտը, կա՛մ ալ այն, որ քաղաքական տուրք է, որ կը տրուի այս լռութեամբ ու համրութեամբ: Եթէ առաջինն է պարագան, բաներնիս շատ բուրդ է, ինչպէս կ’ըսէ առածը, եթէ ոչ` բանը բանէն անցած արդէն:

Եթէ երկրորդն է` քաղաքական տուրք,ապա յանուն եւ ի գին ինչի՞:

Յանուն մարդկային տարրական իրաւունքները ոտնահարել շարունակող գործընկերներու բերելիք, իշխանական թէ նոր-ընդդիմական զորպայա-օլիկարխեան երեսփոխանական թեկնածուներու բերելիք «բարեփոխուող Հայաստանի՞ն»:

Ի գի՛ն ինչի՞:

Ի գին Հայաստանի քաղաքացիներու մարդկային իրաւունքներու անտեսումին, ժողովուրդի յաւելեալ յուսալքման, արտագաղթի շարունակութեան ու երկրի անվտանգութեան խնդրի խորացմա՞ն: Ի գին նեղ-ազգայնական հռետորաբանութեան մը ներքոյ սփիւռքեան նոր սերունդի գաղափարական սահմանափակումին ու կղզիացմա՞ն: Ի գին

ափ մը յառաջադէմ եւ գաղափարական երիտասարդութեան մեզմէ վանումի՞ն, օտարումի՞ն: Ի գին սկզբունքային եւ բարոյական ինքնախորտակմա՞ն: Ի գին գաղափարական ինքնուրացութեան եւ ինքնադրժմա՞ն վերջապէս:

19-02-2017

 

http://www.azatutyun.am/a/28206898.html
http://www.azatutyun.am/a/28193651.html
 http://www.azatutyun.am/a/28309021.html


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>