Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

«Ծիծաղող» Գիրքե՜ր, «Ողբացող» Մատեաննե՜ր (Գիրք Նուիրելու Օրուան Առիթով)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ    

2008-էն Գրողներու միութեան նախկին նախագահ Լեւոն Անանեանի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի կառավարութեան որոշումով փետրուար 19-ին կը նշուի Գիրք նուիրելու օրը: …1869 թուականին այս օրը ծնած է Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեան:

«Ազդակ», 24 փետրուար 2016 

Իմանալով նշեալ օրուան խորհուրդը, մեր շրջապատի համեստ ընթերցասէրն ու գրասէրը պիտի բացագանչէ. «Գիրք կարդացող կը փնտռուի ամէնուրեք, ալ ուր մնաց որ գիրք նուիրելու օր մը աւելցնենք»:

Միւս կողմէ, արդի օրերու մեր պատանին ու երիտասարդը, չափահասն ու տարեցը, դպրոցականը, ուսանողն ու արհեստաւորը, բարձրաղաղակ ու միաբերան պիտի ընդգծեն, թէ շատո՜նց վերացաւ գիրք գնելու ու կարդալու սովորութիւնը:

Ի դէպ, «մեր» դերանունը չ՛առնչուիր լոկ հայ իրականութեան, անով կարելի է խօսիլ տարբեր ժողովուրդներու եւ երկիրներու մասին, ակնարկել նշեալ երեւոյթին, եւ, ի հարկին, արժեւորել նուիրական ամէն մտածում եւ նախաձեռնութիւն, որ վեր կ՛առնէ գիրքի իմաստն ու ընթերցանութեան կարեւորութիւնը:

Գիրք նուիրելու օր:

Անկեղծ ըսած, մահկանացուներուս համար գիրք նուիրելը նորութիւն մը չէ: Անիկա գեղեցիկ եւ արտայայտիչ մտածում մըն է, որով կարելի է դաստիարակել սերունդներ եւ ապահովել քաղաքակիրթ ու յառաջադէմ հաւաքականութիւն մը:

Հաւանաբար նորութիւնը նման արարքի օր մը ունենալու երեւոյթն է, որ իր մէջ կը պարփակէ բազմաթիւ իմաստ եւ խորհուրդ: Այլ խօսքով, տարուան մէկ օրը նուիրել աւելի նուիրական արարքի մը կենսաւորման համար, ցուցանիշ է մտածական տարածքի տարողութիւնն ու հնչեղութիւնը:

Խորքին մէջ տարօրինակ մտածում մը կը թուի ըլլալ այս օրը, այն առումով, որ արդէն իսկ տարուան ընթացքին գոյութիւն ունին բազմահնչիւն «օրեր», որոնք կը ծառայեն տարբեր առիթներու յիշատակումին եւ նուէրներու բաշխումին:

Ներհայկական իմաստով առկայ է Թարգմանչաց տօնը, որ խորքին մէջ հայ գիրքի ու դպրութեան պանծացման, մայրենին փառաբանելու, սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ իր աշակերտներուն կատարած իրագործումին փայլքը ապրելու, անոնց հանդէպ իւրայատուկ սէր ու խանդաղատանք տածելու օրն է, աւելի՛ն. ինքնութեան եւ պատկանելիութեան հաւատարիմ մնալու ուխտի օրը:

Այս բոլորը շատ բարի: Կայ նաեւ մետալի միւս երեսը: Մարդ արարած սկսած է տակաւ հեռանալ գիրքէն եւ ընթերցանութեան հաճոյքէն: Ինչո՞ւ:

Արդարեւ, ինչպէ՛ս կարելի է մտահան ընել համաշխարհային մակարդակի մտահոգութիւններ եւ առկայ դժուարութիւններ: Փաստօրէն, արհեստագիտութեան սանձազերծ եւ արագասոյր յառաջդիմութիւնը քանդած է ամէն պատնէշ եւ կլանած ներկայ աշխարհակարգը: Համաշխարհայնացման յորձանուտը ո՛չ միայն թակած է մարդկային կեանքի դռները, այլեւ` թափանցած է մարդ արարածի տունէն ներս, կը փորձէ արմատաւորուիլ եւ իր խենեշ ու մարդաքանդ «կայսրութիւնը» հաստատել, արմատախիլ ընել աւանդութիւններ, ցեղային առանձնայատկութիւններ, դարաւոր մշակութային արժէքներ այլափոխել եւ բնաջինջ ընել մարդու կերպարի ամենավեհ ու նուիրական պատկերը:

Ուրեմն հարցադրում մը ինքզինք կը պարտադրէ. ինչո՞ւ այսքան տառապիլ եւ հսկայական ներուժ վատնել յանուն ազգային ինքնութեան, մայրենիին ու մշակոյթի պահպանման: Հայութիւնը, իբրեւ փոքր ածու, ինչպէ՞ս պիտի կարենայ դէմ դնել եւ իր սեփական իշխանութիւնը պարտադրել իր շրջապատին:

Այլ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու հետ բաղդատական եզրեր գտնելու որեւէ միտում մեզ` հաւաքաբար տեղ չի հասցներ: Եւ որպէսզի մենք մեզ զերծ պահենք թուանշաններու կամ համեմատութիւններու տոկոսային միջին գտնելու որոգայթէն եւ հակաճառելու հարկադրանքէն, կ՛ուզենք շեշտը դնել հետեւեալ իրողութեան վրայ:

Այո՛, կան ժողովուրդներ (յատկապէս Արեւմտեան կողմն աշխարհի), որոնց առօրեային մաս կը կազմէ գիրք ունենալու մշակոյթը: Այսինքն` գիրք գնելու, նուիրելու եւ ընթերցելու գեղեցիկ աւանդը: Այլ խօսքով, տուեալ ժողովուրդներու մօտ առկայ է կազմաւորման եւ դաստիարակութեան որոշակի մտածական համակարգ, որ սերունդէ-սերունդ կը փոխանցուի: Եւ այս իմաստով, տուեալ երկրին մշակութային հրապարակը ունի բազմաթիւ միջոցներ յագեցնելու գրասէր հասարակութեան ծառաւը: Օրինակ` պետական ծրագիր եւ աջակցութիւն, յստակ ռազմավարութիւն, արդի տպարաններ (սեփական), քարոզչական հմտութիւններ, ներգրաւող հմայիչ հրատարակութիւններ, առեւտրական մօտեցումներ, ցուցահանդէսներ, քաջալերանք, օտար մշակոյթներու բացուելու տրամադրուածութիւն (թարգմանութիւն) եւ այլն:

Հետեւաբար ինչո՛ւ զարմանալ ի տես այն երեւոյթին, երբ եւրոպական այսինչ երկրի մը գրասէր հասարակութեան ձեռին անպակաս է գիրքը, թերթն ու պարբերաթերթը,  գրեթէ ամէն միջավայրի մէջ:

Ինչո՛ւ տակնուվրայ վիճակի կը մատնուինք, երբ ականատես կ՛ըլլանք նոր հրատարակութիւններու (գիտական, գրական, արուեստի, լեզուի, մանկական եւ այլն): Աւելի՛ն. ինչո՛ւ հոգեմտային ցնցումներու կ՛ենթարկուինք, երբ այցելութիւն կու տանք պատկառելի հրատարակչատուն մը (օտար թէ տեղական) ու հոն մեր դիմաց կը տողանցեն վիթխարի թուաքանակով եւ որակաւոր հրատարակութիւններու ամբողջ շարքեր:

Իսկ ամէնէն հետաքրքրականը, կ՛ապշինք ու մեր դէմքերը կ՛այլայլին, երբ կը հանդիպինք գրասէր հասարակութեան մը, որ բարեպաշտօրէն եւ խանդաղատանքով այցելութիւն տուած է գրատուն գիրք գնելու, կը մասնակցի ցուցահանդէսի թէ գիրքի վաճառքի մը տօնախմբումին եւ կ՛ըմբոշխնէ մատեաններու աշխարհը:

Արդեօք հոն արհեստագիտութիւնն ու համաշխարհայնացումը իրենց աւերները չե՞ն գործեր, թէ՞ մարդիկ ամէն քայլափոխի փորձ կ՛ընեն դէմ դնելու նման մարդաքանդ ախտերու:

Ճիշդ է նաեւ այն, որ երկրագունդի վրայ ապրող մարդկութեան վերջին չորս տասնամեակներու կեանքը կրեց զարմանալի փոփոխութիւններ, երբ անհաւասար պատերազմներ, միջպետական խօլ մրցակցութիւններ, տնտեսական հրէշային նկրտումներ, արդի գիտութեան ուղղակի ազդեցութիւն (վատ թէ շինիչ) մարդու տեսակին վրայ, բարոյահոգեբանական ճնշումներ եւ մտածողութիւններու նորովի ընկալումներ, ինչպէս` անձի պաշտամունք, եսի գերադասում, ընտանեկան կեանքի աղաւաղում, նիւթի բացարձակ տիրապետութիւն, անցողակի, աննպատակ եւ զեխ կեանքի տակաւ արմատաւորում, պետական մակարդակի միասեռականութեան եւ թմրամոլութեան քաջալերանք, սեռայնականութեան սանձարձակ ըմբոշխնում եւ խրախուսանք եւ մասամբ նորին դարձած են տիրական:

Յայտնապէս, վերոնշեալ մատնանշումները մետալին միւս երեսն են:

Գալով մեր ածուին:

Նորանկախ պետականութիւն, ժողովրդավար հասարակակարգ, խայտաբղէտ սփիւռք(ներ), ազգային դատ ու հեռանկար, հազարամեակներու պատմութիւն, եզակի մշակոյթ եւ արժէքներ, հիմնախնդիրներ, մտահոգութիւններ եւ մարտահրաւէներ: Բայց նաեւ` քաղաքական մտքի հասունացման խարխափում ու ռազմավարական մտածողութեան թերացումներ: Սփիւռքեան կեանքի խառնափնթոր իրավիճակ եւ ապագան դիմագրաւելու պէս-պէս կարգախօսեր ու հնամենի բարբաջանքներ:

Ամենամտահոգիչը` հայ գիրքի քանակի ու որակի նօսրացումն է, հայ ընթերցողի տակաւ նուազումն ու մայրենիին հանդէպ անտարբերութիւնը:

Պիտի ըսուի, թէ կրնայ պատահիլ, որ գոյութիւն ունի հայ ընթերցողներու հսկայ փաղանգ մը, որ կը կարդայ օտար լեզուներ եւ գրականութիւն. հարկ է նկատի ունենալ նաեւ այս երեւոյթը:

Արդ, հայութիւնը իր պետականութեամբ եւ մշակութային հզօր պատկանելիութեամբ, պարտի օգտագործել արդի պայմաններու եւ արհեստագիտութեան ընձեռած բոլոր կարելիութիւնները, կուտակուած գիտական ներուժը, երիտասարդութեան խանդն ու թարմ արիւնը եւ նետուի գոյութենական գուպարին մէջ, յանուն նոր ու արդիւնաւէտ կեանքի հունաւորման:

Ու այդ հունաւորման գործընթացին նախաքայլը Հայ գիրքին տիրութիւն ընելու պետական մակարդակի տրամադրուածութիւնն է, հասարակութեան մօտ գիրք գնելու եւ նուիրելու մշակոյթ ձեւաւորելն է, հայ գրողին իրաւ աջակցութիւն ցուցաբերելու ճիգն է, հայ մանուկին ներաշխարհը զարգացնող մանկապատանեկան ու գիտական հրատարակութիւններ լոյսին բերելն է, հայ վարժարանին մէջ գիրք նուիրելու եւ ազգային արժէքներու հանդէպ դաստիարակչական ծրագիրներ մատուցելն է, գիրքը սիրցնելու եւ ատով գոյատեւելու գիտակցական մակարդակի բարձրացումը ապահովելն է:

Այլ խօսքով յստակ ռազմավարութիւն մշակելն է, որով պիտի կարենայ հայ գիրքը դիմագրաւել ամէն խոչընդոտ եւ մուտք գործել հայ ընտանիքի բնակարանէն ներս` «ժպիտ»-ով եւ առանց «հեկեկալու» կամ «ողբալու»:

Բարեբախտաբար, ազգային մեր հոգեմտաւոր պարունակը դեռ ամբողջովին չէ ամլացած եւ պատկառելի թիւով հայերէն գիրքեր կը հրատարակուին եւ մեր գրադարաններն ու մատենադարանները կը զարդարեն ամէն պատեհ առիթի:

Հայ քաջարի եւ իրաւ մտաւորականը, թէեւ առանձին կը պայքարի յանուն գիրքի պաշտպանութեան եւ տարածման, այդուամենայնիւ, այս ճիգերը կը մնան դատապատուած ամլութեան, առանց գիրքակեդրոն աշխատանքի:

Փաստօրէն, հայ ուսուցիչին առաքելութիւնը ինչպէ՛ս ըմբռնել առանց անոր յարատեւ եւ անխափան տրամադրուածութեան` հայ աշակերտին մէջ արթնցնելու հայկազեան ոգին ու անբասիր սէր հանդէպ Մաշտոցին ու Խորենացիին:

Հայ երիտասադրութեան ներաշխարհը ինչպէ՞ս կարելի է աշտարակել, եթէ երբեք անոր սիրտը չի թրթռար Շուշանեանի վեհափառ գրականութեամբ, Մեծարենցի անկրկնելի զգայնութիւններու առատութեամբ, Դ. Վարուժանի հեթանոս մտքի մեծութեամբ եւ Նարեկացիի տիեզերայաղթ կամքի հզօրութեամբ:

Իրօք հայ գիրքն է, որ իր սրբատառ մայրենիով եւ հոգեգրաւ ընկալչութեամբ պիտի կարենայ փրկել մեզ` հաւաքաբար, եթէ երբեք ազգը իր կարգին կարենայ զայն փրկել ստոյգ բնաջնջումէ:

Այս օրը, գիրք նուիրելու օրը, հայութիւնը իր բոլոր շերտերով` վեհափառ, նախագահ, պետական աւագանի, կուսակցական եւ միութենական գործիչներ, խմբագիրներ, մամուլի ծառայողներ, ուսուցիչներ, տնօրէններ, աշակերտութիւն, մտաւորականութիւն, արուեստագէտներ եւ շատ-շատեր պարտին իջնել հայոց մշակութային հրապարակ յանուն հայ գիրքի պաշտպանութեան եւ տարածման:

Երփներանգ պատեաներու մէջ տրորուած եւ հնաբոյր կարգախօսերու ամէն առիթի սրսկումներով ո՛չ մայրենին կը պաշտպանուի ո՛չ ալ հայ գիրքը կը գոյատեւէ:

Ուստի իբրեւ քաղաքակիրթ ազգ նախանձախնդիր ըլլանք, որ հայ գիրքը «չծիծաղի» մեր վրան, իսկ սրբատառ մատեանները իրենց «ողբ»-ը չհիւսին ազգի գլխուն:

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13366

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>