1915-ին Ռուսաստանի Նիքոլայ ցարը այցելութիւն մը կու տայ Կովկասեան ռազմաճակատ: Հայ կամաւորական խումբերու բեղուն գործունէութեան շրջանին ցարը եկած էր պարգեւատրելու քաջութիւն ցուցաբերած զինուորները եւ կամաւորական գունդերու հրամանատարները: Կամաւորական Դ. գունդին լուր կը տրուի, որ ներկայանայ Մժնկերտ` ցարը դիմաւորելու: Քեռին չ՛ուզեր երթալ, կը ղրկէ իր օգնականներէն Վարդան Իսկենտէրեանը եւ դարալագեազցի Մարգարը, որ ներկայացնեն զինք: Անոնք Մժնկերտ կը հասնին այն պահուն, երբ ցարը կը պարգեւատրէր զօրամասերու ներկայացուցիչները: Ցարը «անձամբ վերցուց Ս. Գէորգեան շքանշան մը եւ ամրացուց կրծքիս»,- կը պատմէ Վարդան Իսկենտէրեան,- «հատ մըն ալ նոյն ձեւով փակցուց ընկերոջս կրծքին»: Ապա, Քեռիին համար յատուկ պահարանի մը մէջ կը դրուի Ս. Գէորգեան ոսկի շքանշան մը` առաջին աստիճանի, իսկ Արամայիս Ազնաւուրեանի համար` երկրորդ աստիճանի: Այս արարողութենէն ետք կը վերադառնան ճակատ, եւ Քեռիին կը յանձնեն, ցարին նուէրը: «Քեռին,- կը գրէ Վարդան Իսկենտէրեան,- որքան որ պաղարիւնութեամբ ընդունեց զօրահանդէսին մասնակցելու հրաւէրը, նոյնքան եւ աւելի մեծ արհամարհանքով մէկդի նետեց շքանշանը ըսած ըլլալու համար, թէ զինքը հետաքրքրողը շքանշանը չէր»: Մինչդեռ անդին, Անդրանիկն ալ ստացաւ շքանշան, զոր վար չառաւ իր կուրծքէն, խաչը միշտ փակած մնաց իր կուրծքին:
Այս բոլորով հանդերձ: Պէտք է հաստատել, որ մեր ժողովուրդին մէջ դժբախտաբար շատ յարգանք չի վայելեր համեստութիւնը, որովհետեւ անիկա կը շփոթուի խեղճութեան եւ խրփոյութեան հետ: Մարդու մը ողջութեան համեստութիւնը կարծէք այնքան ալ նշանակութիւն չունի, որքան մահէն ետք:
Վալատ Վալատեան հրաշալի կերպով բաղդատութիւն մը կը կատարէ Անդրանիկի եւ Քեռիի բնաւորութեան եւ խառնուածքի գիծերուն միջեւ: Այսպէս.
Դրոյի եւ Անդրանիկի բնաւորութիւնները ամբողջովին հակադիր պատկեր մը կը ներկայացնեն: Քեռին կը խուսափէր աղմուկէն եւ մեծարանքներէն, համեստ ու սակաւախօս էր, հնազանդօրէն ականջալուր` ՀՅԴ Բիւրոյի հրահանգներուն, մինչդեռ Անդրանիկը` մեծարանքներ ցանկացող փառամոլ, ինքնահաւան, իր անձն ու գործերը խնկարկող գովքերէ ախորժող: Երկուքն ալ ի ծնէ ռազմիկներ էին, կռուի դաշտի մէջ անվեհեր: Երկուքն ալ գիտէին իրենց անձի քաջութեան օրինակով խանդավառել եւ առաջ մղել իրենց զինուորները: Ու մինչդեռ Քեռին, իր բոլորանուէր խիզախութեամբ հանդերձ, միշտ ալ կարեւորութիւն կու տար իր օգնականներուն, եւ գործին մօտիկ եղող մարդոց կարծիքներուն եւ խորհուրդներուն, Անդրանիկը երբեք արժէք չէր տար իր քովիններու թելադրանքներուն եւ առաջարկներուն, իր հրամանատարական կարողութիւններով ինքզինք բարձր կը նկատէր բոլորէն եւ խորհրդակցութեան կարիք չէր զգար ոեւէ մէկուն հետ. ինքնիշխան կերպով կը տնօրինէր ամէն գործ եւ կը հրամայէր: Չէր հանդուրժեր որեւէ ցուցմունք ու հակակշիռ: ՀՅ Դաշնակցութիւնը ստեղծեց եւ հերոսացրեց իրան,- կը շարունակէ Վալատիան,- բայց նա հետագային չուզեց ճանաչել նրա հեղինակութիւնը: Եւ առհասարակ չէր ճանաչում իր անձից դուրս ուրիշ ոեւէ հեղինակութիւն»:
Երբ այսպիսի տարբեր խառնուածք եւ մտայնութիւն ունէին, բնականաբար Քեռին պիտի չհանդուրժէր Անդրանիկի ղեկավարման գործելակերպը Սասունի ապստամբութեան ատեն, որովհետեւ Անդրանիկ կ՛ուզէր ինքնիշխան եւ բացարձակ ղեկավարը ըլլալ Սասնոյ մէջ, ինչպէս ամէն տեղ: Այդ մթնոլորտը Քեռիի խառնուածքին եւ բնաւորութեան չէր համընկներ:
Նոյնը պատահեցաւՊարսկաստանի յեղափոխութեան ատեն Եփրեմ-Քեռի յարաբերութեան ընթացքին: Եփրեմը, սակայն, աւելի նուազ փառամոլ էր Անդրանիկէն եւ կը փնտռէր գործակցութիւնը Քեռիին, որ հանդուրժեց զինք:
Եւ քանի որ կը խօսինք Քեռիի լռակեաց եւ համեստ նկարագիրին ու բնաւորութեան մասին եւ բաղդատութիւն կ՛ընենք Անդրանիկի հետ, յայտնենք, թէ այս լուռ մարդուն մէջ կ՛եռար յեղափոխականը, ըմբոստը, անարդարութեան եւ շահագործումի դէմ պայքարողը:
Հայ կամաւորական գունդերու կազմութեան ու վերակազմութեան ատեն, Երեւանի մէջ 15-20 հոգիով ճաշկերոյթ մը տեղի կ՛ունենար, որուն ներկայ էին, ուրիշներու կարգին, Քեռին եւ Անդրանիկը: Պատմողն է Սիմոն Վրացեանը: Թամատայի պաշտօնը կը կատարէր Արմէն Գարոն: Այս վերջինը կը սկսի կենացներ առաջարկել` ըստ «թապաղա»-ներուն, այսինքն` ըստ խաւերու բաժնելով սեղանակիցները: Նախ կը խմուի առաջին «թապաղա»-ի, այսինքն հին սերունդի կենացը, որուն մէջ կը մտնէր Քեռին: Յետոյ կ՛առաջարկուի միւս «թապաղա»-ներու կենացը: Անդրանիկը, ըստ Վրացեանի պատմածին, կ՛իյնայ երրորդ «թապաղա»-ի մէջ: Անդրանիկը նուաստացում կը նկատէ այս դասակարգումը. ան յանկարծ ոտքի կ՛ելլէ եւ զայրացած կը խօսի` հարուածելով «վարժապետներ»-ը: Քեռին, որ առհասարակ լուռ էր, զայրացած ոտքի կ՛ելլէ եւ կը պոռայ Անդրանիկի երեսին.
– Անդրանի՛կ, լռէ՛, ա՛լ բաւ է, տե՛ղդ նստիր:
Անդրանիկը շուարած` պահ մը կը լռէ, կը ձգէ սեղանը եւ աղմկելով դուրս կ՛ելլէ: Ճաշը, անշուշտ, հարամ կ՛ըլլայ:
Վրացեան կը յայտնէ, թէ միակ մարդը աշխարհի մէջ, Ռոստոմէն ետք, որուն առջեւ Անդրանիկը, կատու կը դառնար, Քեռին էր: Պէտք է աւելցնել նաեւ Նիկոլ Դումանը:
***
Զարմանալի է, որ Քեռին ամուսնացած էր: Ասիկա իր կեանքի մեծագոյն վրիպանքն է: Այս մարդը, որուն ամբողջ կեանքը գրեթէ կռիւ ու պատերազմ էր, շուրջ յիսուն տարեկանին ամուսնացաւ:
1912-ին, Թաւրիզի մէջ, Յովսէփ Միրզայեանի տունը, Քեռին կը տեսնէ Քրիստինէն եւ կը հաւնի: Խօսքկապ ընելէ ետք կը մեկնի:
23 նոյեմբեր 1913-ին Քեռին եւ Քրիստինէն կը պսակուին` կնքահայրութեամբ տոքթ. Յարութիւն Ստեփանեանի: Պսակին ներկայ կ՛ըլլան հայ եւ պարսիկ զինուորականներ եւ երեւելի անձնաւորութիւններ:
Նորապսակ ամոլը 27 օր իրարու քով կ՛ըլլան: Ապա Քեռին Թիֆլիս կ՛ուղարկէ իր կինը եւ ինք դարձեալ կը նետուի մարտական գործունէութեան: Քրիստինէ քանի մը ամիս Թիֆլիս մնալէ ետք կ՛անցնի Կարս, ուր կ՛ունենայ մանչ զաւակ մը` Անդրանիկ: Գրեթէ երկու տարի ետք Քեռին իր զինակիցներով Կարս կու գայ եւ կը տեսնէ իր զաւակը, որ 15 ամսու էր:
Քեռին, սակայն, միշտ զբաղած էր կուսակցական գործերով: Հետեւեալ վկայութիւնը կու տայ իր կինը Քեռիին մասին. «Գիշերները կը քնանար իր զինակիցներուն հետ, որոնք նոյնիսկ չէին հաներ իրենց հագուստներն ու կօշիկները: Իրենց ճաշերը ես կը պատրաստէի, սակայն չէի գիտեր, թէ ո՛ր ժամուն պիտի գան: Կատարեալ սպասուհի մը եղած էի»:
Քեռին Կարս ժամանելէ երկու օր ետք կը մեռնի իր զաւակը: Ան իր զինակիցներով կը թաղէ զայն: Անկէ ետք ան կը մեկնի եւ այդ մեկնիլը կ՛ըլլայ, որովհետեւ անգամ մը ալ չի տեսներ իր կնոջ` Քրիստինէի երեսը:
Աւելի ուշ Քրիստինէն կը փոխադրուի Թեհրան, ուր Քեռիին հետ իր ունեցած յուշերը, նաեւ ինչ որ Քեռիէն լսած է, կը պատմէ Թեհրանի «Րաֆֆի» տարեգիրքի խմբագիր Տաճատ Պօղոսեանին:
Այդ յուշերը տակաւին հրատարակուած չէին:
***
Վերջացնելու համար,
Քեռիի ամբողջ կեանքը եղաւ յաղթանակներու շարք մը: Յաղթանակով սկսաւ իր յեղափոխական կեանքը եւ յաղթանակով ալ վերջացուց: Իր ամէնէն նեղ պահերուն ալ անպայման հնարք մը գտաւ անկէ անվնաս ելլելու համար: Ի ծնէ ռազմիկ էր ան, որ միշտ վստահեցաւ իր ուժին եւ երբեք չմտածեց դուրսի օգնութեան մասին:
Քեռիի նահատակութեան առթիւ ռուս հրամանատար Ռիպալչենքօ հետեւեալ տողերը հրատարակեց ռուսական թերթի մը մէջ. «Քեռին, որ 20 ամիսի չափ կռուեցաւ մեր փառահեղ բանակի շարքերուն մէջ իբրեւ կամաւոր, գրաւած էր սէրը բոլոր անոնց, որոնք ճանչցած էին զինք: Յանձինս Քեռիի, որ ինկաւ փառաւոր մահով մը, մենք կորսնցուցինք մեր էն կորովի հրամանատարներէն մէկը, որ սիրելի էր իբրեւ շիտակ մարդ: Կորուստը անդարմանելի էր:
Ինչե՜ր չգրուեցան իր մահուան առթիւ:
Քեռիի թաղման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Թիֆլիսի Խոջեվանք գերեզմանատան մէջ, ներկայ եղան բարձրաստիճան օտար եւ հայ անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ` հազարաւոր յուղարկաւորներ: Խմբապետներէ, մարմիններէ, հայ եւ օտար ղեկավարներէ, գաղութներէ եւ անհատներէ ստացուած են շուրջ չորս հարիւր հեռագիրներ, որոնք կը ցաւակցին անոր մահուան: Թիւեր են ասոնք, որ ցոյց կու տան անոր վայելած բարձր ժողովրդականութիւնը:
Խորհրդային համայնավարութեան օրերուն վրացիները քանդեցին Խոջիվանքի գերեզմանատունը, ուր կը գտնուէին Սիմոն Զաւարեանի, Նիկոլ Դումանի, դաշնակցական Խեչոյի եւ շատ շատերու գերեզմանները, որոնք, աւա՜ղ, չկան այսօր:
Քեռիի մահուան հարիւրամեակին առթիւ կազմակերպուած այս ձեռնարկը թող ըլլայ ափ մը խունկ անոր հոգւոյն. անոր, որ եղաւ արի եւ գործերը միշտ բարի:
(Շար. 7 եւ վերջ)