ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ծաղկաձորէն եւ Աղվերանէն ետք, այս անգամ հայրենի մեր բարեկամները մեզի, ինծի եւ կնոջս իբրեւ «օդափոխութեան» նոր վայր, Ստեփանաւան երթալ թելադրեցին: Անկեղծօրէն, թէեւ գիտէի, որ հայրենիքին մէջ համայնավար հերոս` Ստեփան Շահումեանի անունը յաւերժացնող յուշարձաններ կային, սակայն իր անուան հետ կապուած օդափոխութեան վայրի մը գոյութեան անտեղեակ էի:
Ստեփանաւանը Լոռիի շրջանին մէջ գեղեցիկ քաղաք մըն էր, որուն շրջապատող բլուրներուն վրայ հանդարտօրէն հանգչած էին, այսպէս կոչուած, «հանգստեան» տուներ: Եթէ գիւղէն դէպի պանդոկներ տանող ճամբուն խեղճութիւնն ու հոտը նկատի չառնէի, իր տեսքէն դատելով, ինծի համար ան փոքր Զուիցերիա մըն էր անկասկած: Միւս կողմէ, մեր բարի բախտէն, առաջին օրն իսկ պանդոկապետը մեզի մտերմօրէն յայտնեց, որ քաղաքէն քիչ մը հեռու կը գտնուէր «Լոռի միջնաբերդ-ամրոց քաղաքը»:
-Չէք փոշմանի, գնացէ՛ք եւ տեսէ՛ք, ախր, պատմական էլ է,- ըսաւ համոզիչ եւ վայրկեանին, առանց իմ պատասխանիս սպասելու, «զանգեց» եւ յաջորդ առաւօտ կանուխ մեզի դէպի այդ ամրոցը փոխադրող «թաքսին» ապահովեց, եզակի ու հաստատ անկեղծութեամբ:
Առաւօտուն, որոշուած ժամուն, մեր մեքենավարը, Սերգէյը իր ինքնաշարժով արդէն մեզ կը սպասէր: Ամբողջ ճամբու ընթացքին, իր աշակերտներուն նոր դասը խանդավառ բացատրող ուսուցիչի մը նման` ան խօսեցաւ ու խօսեցաւ` առանց առիթ տալու, որ ես ալ իմ կարգիս գոնէ «բաներ» մը ըսէի, աւելցնէի: Նոյնիսկ լաւ ծիծաղով մը յայտնեց նաեւ, որ ինք ներկայիս թոշակաւոր մըն էր եւ` հինգ թոռներու ալ պապիկ, եւ Լոռիի շրջանին մէջ պատմութեան ուսուցիչ ալ եղած էր եւ նոյնիսկ ղարաբաղեան պատերազմին մասնակից` ազատամարտիկ:
Այսպէս, մահը մօտէն տեսած աչքերով, սիկարեթը միշտ բերնին, կէս-կատար ակռաներով, կարճահասակ մեր ուսուցիչ-մեքենավար Սերգէյը, ծանր բան մը բռնած իր ձայնով, պատմեց, թէ այդ ամրոցը ե՛րբ հիմնուած էր, թէ ո՛վ էր Բագրատունի տոհմէն Դաւիթ Անհողի թագաւորը, եւ թէ ամրոցը, որ միեւնոյն ժամանակ Տաշիր-Ձորագետ թագաւորութեան մայրաքաղաք ալ եղած էր, ինչպէ՞ս դարձած էր առեւտուրի հսկայ կամուրջ մը` Վրաստանի եւ Անիի միջեւ, եւ թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունէր ամրոցի եզրին, երկու լեռներուն խորը գտնուող սարսափելի եւ անհուն հովիտի մը մէջէն դարերէ ի վեր մեծ աղմուկով վազող Ձորագետը: Այս բոլորը կը պատմէր վարակիչ ապրումով, որուն հետ ինծի կը բերէր նոր մտածումներ:
Վերջապէս հասանք փլատակ բերդ-ամրոցը: Մեզմէ զատ կային նաեւ հայ եւ օտար մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ: Թէեւ երկինքը ջերմութեամբ կը ժպտէր, սակայն աշունը հասած էր` իր խօսքը ըսելու: Սկսանք մեր «պտոյտին»` զգուշաւոր հետեւելով Սերգէյի քայլերուն եւ ձայնին: Հինցած ու դարերուն մաշեցուցած ժայռերուն վրայ պատմութեան շունչը կար: Սերգէյ զանոնք մէկ առ մէկ մեր առջեւ սկսած էր պարզել համբերութեամբ:
Ուրախ էի եւ հպարտ: Ի տես այս բոլորին` կը զգայի, որ հայ աշխարհը եթէ փորես, տակէն անպայման կեանք պիտի ծնէր: Անկասկած, որ գիտակցութեանս առջեւ կը բացուէր մեր իսկական էութիւնը: Բայց յանկարծ կնոջս ձայնը ընդմիջեց ամէն մտածում:
Կինս Լիբանան բնակող իր նախկին ընկերուհիներէն մէկուն հանդիպած էր: Ի՜նչ ուրախութիւն եւ անակնկալ: Համաձայն անգիր սովորութեան, պատմական ամրոցի բացատրութիւնները զիջեցան դպրոցական եւ դրացիական կեանքի յուշերուն: Այդ վայրկեանին տարիներու կարօտը կարելի չէր ուրիշ «բանով» մը փոխարինել:
– Դուք գացէ՛ք,- ըսաւ կինս համոզիչ եւ քիչ մը մէն ալ` պաղատագին, ես ձեր ետեւէն կը հասնիմ: Հնազանդեցանք: Իրաւունք ունէր: Ես ու Սերգէյը շարունակեցինք փոշոտ ու նեղ ուղին, որ մեզ հասցուց փոքրիկ «շինութեան» մը դիմաց:
– Ահա պալատին մատուռը,- ըսաւ իմ հաւատարիմ «կայտ»-ս, դու նայէ՛, ես մի պապիրոս ծխեմ…:
Մօտեցայ: Ի՛նչ մեղքս պահեմ, փլատակ եկեղեցւոյ մը անճանաչելի խորանի մը մնացորդացը: Անկեղծօրէն, մտովի փորձեցի հայկական մատուռ մը պատկերացնել: Բայց… Ապա, չեմ գիտեր` ինչպէս, յանկարծ որոշեցի աղօթել: Մէջէս ինքնածին, տաքուկ, հաւատք բուրող բառերովս նախ «Հայր Մեր» մը ըսի արագ, միաժանակ նայուածքիս խառնելով հիացմունք ու զարմանք: Վերջապէս, Բագրատունիներէն ժառանգ հասած «խորան»-ի մը առջեւն էի կանգնած: Հաւատքս իսկապէս զօրացած ըլլալու էր, ինչպէս նաեւ ներքին յուզումս ալ` բազմացած:
Աղօթեցի: Վերջ: Յետոյ քանի մը քայլ ետեւ եկայ: Սերգէյը զիս կը դիտէր մեծ «բարիք մը» ընողի նայուածքով: Ինքն ալ իրաւունք ունէր: Եկած էի Ամերիկայէն: Արդեօք տեղին չէ՞ր, որ այս փլատակ խորանին առջեւ ծունկ մը աղօթք ընէի: Ուխտ: Հայու հաւատք եւ ուխտ:
Յանկարծ կնոջս ձայնը լսեցի: Անպայման ընկերուհիէն զատուած ըլլալու էր:
– Ան շուտով Երեւան պիտի վերադառնար,- ըսաւ արդարացուցիչ ձայնով եւ արագ ու դէմքիս զարմանքը փարատելով` շարունակեց.- բայց, դուն հո՛ս, ինչո՞ւ կեցած ես , եկո՛ւր, քալէ՛, երթանք ամրոցին մատուռը…, տեսնես ի~նչ գեղեցիկ է..
Ու թեւս մտնելով, զիս քաշքշելով տարաւ իմ «մատուռ»-էս շուրջ հարիւր մեթր անդին գտնուղ փլատակի մը առջեւ: Է~հ, իսկապէս, որ մատուռ էր: Խորանը թէեւ կիսաքանդ, սակայն «ամէն» բան իր տեղն էր: Այս մէկը ո~ւր, «իմս» ո~ւր…
– Քա՛, մա՛րդ, խելքդ աշխատցո՛ւր, ինչո՞ւ այդպէս կեցա՛ծ ես փլատակ բաղնիքին առջեւ, քալէ՛:
Ալ չուզեցի շարունակութիւնը լսել: Մեծապէս սխալած էի ու մանաւանդ` խաբուած: Անմիջապէս վարորդիս նայեցայ: Այդ պահուն գլխուս մէջ կարծես հրաբուխ կար, իսկ աչքերուս` կայծակ: Ես յիմարաբար Սերգէյին հաւատալով` կեցած ու աղօթած էի Բագրատունիներու բաղնիքներէն մէկուն մէջ: Կարծես մէկը «վերէն վար» վրաս պաղ ջուր թափած ըլլար: Մատուռ եւ բաղնիք… Ես զիս ոչ միայն մեծապէս խաբուած կը նկատէի, այլ նաեւ ծիծաղելի: Եթէ չամչնայի… պիտի լայի… Մէկ խօսքով, ապուշ մը դարձած էի: Հապա՞ այդ վայրկեանին եթէ մէկը զիս տեսած ըլլար… հապա եթէ «այդ մէկը» կինս ըլլար… այս ի~նչ խայտառակութիւն… Եկուր եւ համոզէ, որ յիմար Սերգէյն էր… Բերնիս մէջ անորոշ տողեր սկսած էին երգել: Այդ մէկը զգալի էր արդէն: Բարկութենէս կրկին անգամ նայեցայ Սերգէյին: Անոր դէմքն ու մարմինն ալ պաղ քրտինք մը բռնած ըլլալու էր: Ինքն ալ կը զգար իր սխալը: Մեծ «կաֆը»: Անկասկած հիմա իր լիճին մէջ ալ ալիք մը կար, իսկ աչքերուն` ինծի նման ցաւոտ նայուածք:
Ծօ՛, կը կրկնէի մտովի ու տանջուած, լա՛ւ որ տակաւին ըստ աւանդութեան բարձրաձայն «Տէր ողորմեա» մըն ալ չէի երգած… Մա՛րդ Աստուծոյ, ո՞ւր տեսնուած է բաղնիքին մէջ աղօթել, հոն միայն կ՛երգեն, ապո՛ւշ… կ՛եր…գեն… ո՛չ թէ կ՛ա…ղօ…թեն… յի…մար… անխելք կկու…
Ու անկէ ետք, երբ ամէն անգամ այս դէպքը յիշէի, ինքնածին ծիծաղ մը կը գծուէր դէմքիս վրայ: