Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13560

Ամէնուն «Թանթիկ»-ը` Մարոն

$
0
0

Maro_103115

1972-ի ապրիլ 9-ին, ծննդեանս  տարեդարձի օրը, Շահմելիքեան մը աւելցաւ մեր շատ փոքր գերդաստանին մէջ: Մարոն էր, որ այդ օր եղբօրս` Անդրանիկին հետ հայ ընտանիք մը կազմելով` միացաւ մեր ընտանիքին:

Բախտաւորուեցան երկու զաւակներով:

Երջանիկ էինք:

Այդ ուրախ թուականէն 7 տարի ետք` 5 յունուար, 1979-ին, Ս. Ծննդեան խթումի օրը, Մարոն կորսնցուց իր սիրելի կողակիցը` եղբայրս:

Տխուր էինք:

Տարիները սահեցան: Զաւակները հասակ առին, ստացան բարձրագոյն ուսում: Երկուքն ալ հայկական ընտանիք կազմեցին եւ իրենց մօր` Մարոյին շնորհեցին 3 թոռներ:

Երջանիկ էինք, սակայն ինչպէս հայրս յաճախ կը կրկնէր, «Կատարեալ երջանկութիւն գոյութիւն չունի»: Բան մը պակաս էր, եղբայրս չկար:

22 սեպտեմբեր, 2015: Շահմելիքեան մը եւս կորսնցուցինք մեր արդէն իսկ փոքր գերդաստանէն: Մարոն էր, որ հեռացաւ այս աշխարհէն` միանալու իր սիրելի կողակիցին:

Տխրութիւնը դարձեալ հարուածեց մեր ընտանիքը:

Այո՛, դարձեալ տխուր ենք, սակայն չենք գիտեր` Մարոն երջանի՞կ է, թէ՞ տխուր: Հարցում մը, որուն պատասխանը դժուար է կռահել:

Հաւանաբար` երկուքը:

Ե՛ւ երջանիկ, ե՛ւ տխուր:

* * *

Ils sont venus, ils sont tous là
Dès qu’ils ont entendu ce cri
Elle va mourir La Mamma (Charles Aznavour).

Մօրս մահէն ետք չեմ կրցած ունկնդրել այդ սքանչելի երգը:

Տարիներ ետք, այսօր, Մարոյին սնարին շուրջ հաւաքուած, ուղեղիս մէջ ակամայ այդ  յանկերգն է, որ կը կրկնուի անդադար:

Elle va mourir La Mamma (պիտի մեռնի մաման):

Մարոն: եղբօր կին մը ըլլալէ աւելի, հարազատ քոյր մըն էր: Եղած է իմ եւ կողակիցիս ամուսնութեան եւ մեր զաւկին մկրտութեան կնքամայրը:

Հիւանդանոցի տխուր մթնոլորտին մէջ հաւաքուած ենք բոլորս` հրաժեշտ տալու մեր սիրելի Մարոյին: Իր զաւակներն ու հարազատները, նաեւ` խնամիները, ծանօթներն ու իր զաւակներուն տասնեակներով ընկերները:

Մարօ: Ի՞նչ մակդիրով կարելի է կանչել զինք:

Իր զաւակներուն, իր հարսին ու իր փեսային մաման էր:

Իր պաշտելու աստիճան սիրելի թոռներուն «Մարօ նէնէ»-ն:

Իր զաւակներուն ընկեր- ընկերուհիներուն «Մարօ թանթիկ»-ը:

Բոլորին կարիքներուն հասնող «տիկին Մարօ»-ն:

Նուիրեալ հայ մօր մը տիպարը ամբողջութեամբ լրացնող Մարոն:

Քահանայ հայրը եկած ու տուած է վերջին հաղորդութիւնը  իր անգիտակից վիճակին մէջ:

Ամբողջ գիշերը հոն ենք, բոլորս:

Աչքերնիս գործիքներուն վրայէն չենք հեռացներ եւ սրտի զարկերուն կը հետեւինք, որ կամաց կամաց կը դանդաղի: Կը նշանակէ, թէ մօտ է վախճանը: Յանկարծ կը վերագտնէ իր բնականոն վիճակը: Այդ պայմաններու մէջ միակ յոյսը Աստուծոյ հրաշքն է, որ մարդ արարածը կ’ակնկալէ, սակայն, աւա՜ղ. քանի մը վայրկեան միայն կը տեւէ մեր յոյսն ու ուրախութիւնը: Կարծես, Աստուած, չես գիտեր ի՛նչ պատճառով, միտքը կը փոխէ: Մարոյին նման աստուածավախ, ամէնուն հասնող անձի մը կը զլանայ կեանք շնորհել: Չ’ուզեր ուրախացնել անոր հարազատները:

Սրտի զարկերը դարձեալ անկում կը կրեն:

Առաւօտեան ժամը 4-ն է:

Եղբօրորդիս նախ կը խնդրէ ու ապա կը ստիպէ իր ընկերներուն, որ մեկնին իրենց տուները: Տղաքը կարգով  կը մօտենան ու արցունքոտ աչքերով կը համբուրեն «Մարօ թանթիկ»-ին ճակտէն: Ամէն մէկը ըսելիք մը ունի: «Աստուած հետդ, թանթի՛կ: Բարի ճանապարհ դէպի արքայութիւն»: «Գնա՛, միացիր ամուսնոյդ. 36 տարի է առանձին է, քեզի կը սպասէ»:

Արեւը ծագած է արդէն, սակայն շուտով Մարոյին համար արեւը յաւիտենական մար պիտի մտնէ ու այլեւս երբե՛ք պիտի չծագի: Վերջին արեւածագը, որ արդէն չի կրնար նկատել: Քիչ անց բժիշկ մը կը ներկայանայ եւ կը յայտնէ, որ այլեւս ընելիք չունի: Մեզի կը մնայ միայն սպասել որ… մեկնի: Մեկնի այս տառապանքներով լեցուն աշխարհէն ու միանայ իր սիրելի Անդրանիկին եւ միասին «վայելեն» յաւիտենական կեանքը: Այո՛, Մարոն  խիստ հաւատացող մըն էր յաւիտենական արքայութեան:

Մահճակալը կը փոխադրեն առաջին յարկի վրայ գտնուող սենեակ մը: Դրան վրայ կը կարդանք. «Հանգստարան»: Հոն կը փոխադրեն անյոյս հիւանդները:

Լուսաւոր սենեակ մըն է, որուն պատուհանէն արեւի շողերը ներս կը թափանցեն, սակայն` ի՞նչ օգուտ: Ո՛չ կը տեսնէ, ո՛չ ալ կը զգայ արեւի ջերմութիւնը :

Անքնութենէս կը զգամ որ աչքերս ինքնաբերաբար կը գոցուին: Կ՛անցնիմ սպասման սրահ ու բազկաթոռի մը վրայ հազիւ նստած` արդէն աչքերս գոցուած են: Կ’երազե՞մ, թէ՞ կը վերյիշեմ անցեալը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենադաժան օրերն էին, եւ մենք կը մտածէինք գաղթել Լիբանանէն ու հաստատուիլ Լոս Անճելըս: Դժուար որոշում էր: Ամենադժուարը Մարոյէն ու պզտիկներէն բաժնուիլն էր: «Զաւակներս ու ես Շահմելիքեան ենք, դուք ուր, ես հոն» կը կրկնէր յաճախ, ու միացաւ մեր ընտանիքին, եւ 1981-ին հաստատուեցանք Լոս Անճելըս ու որոշեցինք բոլորս միասին ապրիլ նոյն յարկին տակ:

Հայկական աւանդական ընտանիք մը:

Զաւակները անչափահաս էին, չէինք կրնար Մարոն  ու պզտիկները առանձին ձգել այդ հսկայ «խենթանոց» երկրին մէջ:

Տարիները սահեցան: Մատղաշ զաւակները  կազմեցին հայկական ընտանիքներ, ու իրենց մօր շնորհեցին 3 թոռներ, Սարելը, Անդոն ու Ցոլերը: Երջանիկ էր իր զաւակներով ու թոռներով, սակայն ամէն ուրախ առիթով կը սրբէր իր արցունքոտ աչքերը` յիշելով իր շատ սիրելի ամուսինը, որ չկրցաւ վայելել իր զաւակներն ու թոռները:

Սովորութիւն դարձուցած էինք ամէն հինգշաբթի հաւաքուիլ բոլորս Մարոյին տունը:

Երջանիկ էինք այդ օր: Ամէնաերջանիկը Մարոն էր: Անդադար թոռնիկներուն շուրջը կը դառնար, սեղանը լեցուն էր իր համեղ, ախորժաբեր կերակուրներով:

Հիմա, որ այդ սեղանէն մնայուն բացակայ է Մարոն, կը մտածեմ.  արդեօք պիտի կարենա՞նք շարունակել այդ հիանալի աւանդական  սովորութիւնը: Ժամանակը պիտի  որոշէ այդ մէկը: Նոյնիսկ եթէ շարունակենք, «Մարօ նէնէ»-ն ներկայ չէ, որ դառնայ թոռնիկներուն շուրջը: Ներկայ չէ, որ ամէն Զատկուան տօնին պատրաստէ իր այնքան համեղ արմաւով «քեխքէ»ները բոլորիս համար: Լոս Անճելըս լեցուն է հայկական փուռերով եւ ամէն տեղ կարելի է գտնել այդ «քեխքէ»-ները, սակայն հայկական աւանդութիւն մը պիտի պակսի մեր տան մէջ:

Երնէ՜կ այն օրերուն, երբ բոլորս միասին էինք:

Շատ մը «երնէկ»-ներ կրկնած ենք մեր կեանքի ընթացքին:

Երնէ՜կ այն օրերուն, երբ հայը կ’ապրէր իր պապենական հողերուն վրայ:

Երնէ՜կ այն օրերուն, երբ տակաւին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը չէինք տեսած:

Երնէ՜կ այն օրերուն, երբ ամբողջ Միջին Արերելքը չէր բռնկած, ու սփիւռքը կը բարգաւաճէր:

«Երնէ՜կ»:

Հայ ժողովուրդի համար` պատմութեան անցած բառ մը, որ կորսնցուցած է իր իմաստը:

* * *

Եկեղեցին ենք: Խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած է Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին` յարգանքի վերջին տուրքը մատուցելու բոլորէն սիրուած ու յարգուած Մարոյին:

Եկեղեցւոյ առաստաղին վրայ կը նշմարեմ գծագրուած հրեշտակներու նկարներ:

Երեւակայական հրեշտակները անոնք են, որոնք միշտ բարիք կը ցանկան ուրիշին. կը հասնին բոլորին կարիքներուն: Մարոն երկնքի մէջ բնակող, երեւակայական հրեշտակ մը չէր: Ան իսկական հրեշտակ մըն էր` բոլորին բարիք ցանկացող, բոլորին հասնող:

«Ի վերին Երուսաղէմ»: Ամենայուզիչ շարականը:

Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը հասած է իր աւարտին:

Եփրեմ արք. Թապագեան իր սրտի խօսքին մէջ կը նշէ. «Տիկին Մարոյի տան պատերը բարձրագոյն վկայականներով չեն զարդարուած: Առիթը չէ ունեցած բարձրագոյն ուսում ստանալու, սակայն իր զաւակներուն տուած է այնպիսի դաստիարակութիւն մը, որ շատ աւելի բարձր է, քան` համալսարանական որեւէ վկայական»:

Տակաւին առողջ էր, սակայն գրեթէ ամէն օր կը կրկնէր. «Միայն ձեռքէ ոտքէ չ’իյնամ ու հանգիստ մահ մը ունենամ»: Ինք կը հասնէր բոլորին, սակայն «չէր ուզեր ուրիշին նեղութիւն պատճառել»:

Աստուած լսեց իր աղօթքները եւ իրեն հանդարտ մահ մը շնորհեց: Չչարչարուեցաւ:

Սգակիրները մէկ առ մէկ կը մօտենան դագաղին, կը խաչակնքեն ու կը մեկնին:

Ես ալ իմ կարգիս կը մօտենամ եւ վերջին անգամ ըլլալով կը զրուցեմ Մարոյին հետ, որ զիս անպատասխան կը ձգէ:

«Սիրելի՛ Մարօ, միայն գիտնաս, թէ որքա՛ն այցելուներ ունեցար  հիւանդանոցին մէջ, երբ դուն անտեղեակ, հանգիստ կը քնանայիր: Վարժուած չենք քեզ այդպէս հանդարտ տեսնելու: Հազիւ հիւր մը տանդ դռնէն ներս մտնէր,  անմիջապէս խոհանոց կը վազէիր հիւրասիրութեան պատրաստութիւն տեսնելու: Առաջին անգամն է, որ այցելուներդ առանց հիւրասիրելու կը ճամբես:

Ընթերցասէր էիր: Ի՜նչ մեծ հաճոյքով կը կարդայիր հայերէն գիրք ու լրագիր: Դուն, որ այնքան կը գնահատէիր գրութիւններս, այժմ, այս համեստ ու սրտաբուխ գրութիւնս նուիրուած քու անթառամ յիշատակիդ, պիտի չկարենաս կարդալ, սակայն ճիտիս պարտքը համարեցի «խօսիլ» քեզի հետ: Կրնա՞յ ըլլալ, որ վերէն կարենաս կարդալ կամ լսել զիս»:

«Արագաշարժ էիր եւ ամէն ինչ կ’ուզէիր ընել հապճեպով: Անհանգստանալդ ու մեկնիլդ նոյնը եղաւ, հապճեպով: Այնքան աճապարեցիր, որ մինչեւ իսկ քրոջդ` Մատլենին Լիբանանէն  հասնելուն չկրցար սպասել:

Այդքա՞ն անհամբեր էիր միանալու ամուսնոյդ»:

* * *

 «Եւ մահամերձն ալ կ՛ուզէ երկու բան,
Նախ` կեա՜նքը, վերջը` լացող մ’իր վրան»

(Պետրոս Դուրեան)::

Կեա՞նքը…

Ո՛չ ոք կրցաւ փրկել թանկագին կեանքդ,

սակայն… վրադ լացողները անհաշիւ են, ամէնքէն սիրուած Մարօ՛:

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Լոս Անճելըս 2015


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13560

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>