ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ
«Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» հարցով Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի վերջին վճիռը բաւական անհեթեթ կացութիւն մը ստեղծեց: Վճիռի մեկնաբանման իմաստով թէ՛ թրքական կողմը ինքզինք յաղթական նկատեց, թէ՛ ալ հայկական կողմը, հակառակ անոր որ հայկական կողմին այսպէս կոչուած «յաղթանակ»-ը աւելի շատ «բարոյական յաղթանակ»-ի տեսակէն էր, ո՛չ աւելի, ո՛չ ալ պակաս…
Իրականութեան մէջ տեղի ունեցածը կանաչ լոյս վառել էր թրքական պետութեան եւ թուրք ազգայնամոլ ուժերուն առջեւ` նոր թափ տալու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի քաղաքականութեան: Ասոր դիմաց դատարանի վճիռին միւս բաղադրիչները` Ցեղասպանութեան կատարուած ըլլալը հարցականի տակ չառնելը կամ հայերու արժանապատուութիւնը յարգելը, փաստօրէն կը դառնան անիմաստ տարրեր, որոնցմէ քաղաքական առօրեայ կեանքին մէջ դժուար թէ կարելի ըլլայ օգտուիլ որեւէ ձեւով: Այսպիսի բարոյական ձեռքբերումները ոչինչ կը նշանակեն այն նուաճումներուն դիմաց, որոնք արձանագրուեցան ազգայնամոլ գործիչ Տողու Փերինչեքի եւ անոր միջոցով թրքական պետութեան կողմէ, մանաւանդ` քարոզչական իմաստով:
Ասիկա ոչինչէ չէ, որ կը նշենք, որովհետեւ գրաւոր մամուլին եւ այլ լրատուամիջոցներուն մէջ արդէն իսկ կան վերլուծումներ, որ այս հանգրուանէն ետք թրքական ժխտողականութիւնը իր դրսեւորումներով աւելի անսանձ պիտի ըլլայ: Անձնապէս բոլոր պատճառները ունինք յոռետեսօրէն մօտենալու Եւրոպական դատարանի վճիռին: Ինչպէս որ անցեալին Եւրոպան պատմութեան շատ մաքուր էջեր ունեցած է Հայկական հարցին ու Հայ դատին զօրավիգ կանգնելու իմաստով, նոյնպէս ալ բաւական մութ էջեր ունեցած է հայ ազգը կռնակէն հարուածելու իմաստով, եւ այս վերջին դէպքը կարծես այդ երկրորդ ուղղութեան շարունակութիւնն է: Ամէն գնով Թուրքիոյ քծնելու ուղղութիւնը, երեւութապէս ցոյց տալով հանդերձ, որ ինք «կարեկցանք»-ով կը վերաբերի հայութեան:
Եւ տեղին է այստեղ հարց տալ, թէ տարիներու վրայ երկարող` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու պայքարէն իրականութեան մէջ ի՞նչ շահեցաւ հայութիւնը: Արդեօ՞ք շահեցանք այն, որ մինչեւ հիմա կախուած ենք Հոլլանտի մը սոսկական խոստումէն, որ այս հարցը յարմար պահուն վերստին օրակարգի նիւթ պիտի դառնայ, կամ շահեցանք ա՞յն, որ Եւրոպական խորհրդարանի սկզբնական վճիռին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան տեղի ունեցած ըլլալը հարցականի տակ կ՛առնուէր, իսկ հիմա` վերջին վճիռին մէջ այդ հարցականը գոյութիւն չունի ալ: Չհաշուած եւրոպական քանի մը խորհրդարաններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող բանաձեւերու ընդունումը, եթէ վերը թուարկուածներն են մեր շահերը, ուրեմն վա՛յ մեզ:
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ տեղի ունեցածը Հայ դատի հետապնդումով զբաղող հասարակական կազմակերպութիւններուն, անհատներուն եւ հայրենի պետութեան կը պարտաւորեցնէ մասնակիօրէն վերատեսութեան ենթարկել Հայ դատի հետապնդման մարտավարութիւնը` մեկնելով այն իրողութենէն, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացումին համար պայքարը շօշափելի եւ զգալի արդիւնքներու չէ յանգած: Եւ բնական է ասիկա, որովհետեւ երկերեսանի Եւրոպայի մէջ, ամէն անգամ որ խօսուի Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացման մասին, պիտի ըսեն` կարելի չէ, «խօսքի ազատութեան» հարց կայ: Այդպէս եղաւ Ֆրանսայի պարագային, այդպէս ալ եղաւ հիմա` Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի այս վերջին վճիռին մէջ: Երկերեսանի այս քաղաքականութեան արդիւնք է նաեւ, որ այն, ինչ որ կիրարկելի է Հայոց ցեղասպանութեան պարագային, յանկարծ կիրարկելի չ՛ըլլար Հրէական ողջակիզումին պարագային:
Մարտավարական վերատեսութեան իմաստով, ուրեմն, այս բոլորը անմիջականօրէն մեզ կը պարտաւորեցնեն վերստին շեշտը դնել Ցեղասպանութեան ճանաչման առաջնահերթ աշխատանքին վրայ, բայց նաեւ` կարեւորութեամբ մօտենալ կէտի մը, որ շատ աւելի անհրաժեշտ է, քան` սոսկական ճանաչումն ու Ցեղասպանութեան ժխտումի քրէականացումը, այդ ալ Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումի թղթածրարին պատրաստութիւնն է եւ գործադրումը: Հայրենի պետութիւնը, Հայ դատի հետապնդումով զբաղող կազմակերպութիւններու գործիչները եւ հայ մտաւորականութիւնը յառաջիկային մեծ աշխատանք ունին կատարելիք հատուցման թղթածրարին պատրաստութեան ուղղութեամբ: Մենք արդէն բաւական բան կորսնցուցած ենք եւ իրաւունք չունինք յաւելեալ կորուստներ ունենալու, մանաւանդ` քարոզչական գետնի վրայ: Մանաւանդ իրաւունք չունինք յաւելեալ «բարոյական յաղթանակ»-ներով հպարտանալու: