Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Դարձեալ «Փթիթ»-ին Մասին

$
0
0

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Հեռաձայնի զանգն է. կը վերցնեմ ընկալուչը `

– Պէյրութէն Կարօ Աբրահամեանն է. կ՛ուղարկեմ ձեզ «Փթիթ»-ի վերջին  թիւը: Օրինակ մըն ալ հաճեցէք փոխանցել փոքրիկ Գաբրիէլին: Չմոռնամ` շնորհաւոր Նոր տարի եւ Ս.Ծնունդ:

Այսպէս կարճ, յստակ եւ հաղորդական:

Կարոյին ձայնին մէջ զգալի էր ուրախութեան շեշտ մը: Զգալի էր նոյնիսկ աւելին` օգտակար աշխատանք մը գլուխ հանած ըլլալու արդար գոհունակութիւն մը:

Վերջին անգամ, երբ հանդիպեցանք, շատ մտահոգ էին Կարոն եւ Վերժինը: Դժուար էր անձնական միջոցներով շարունակել մանկապատանեկան այս հրատարակութիւնը, մանաւանդ որ գործնական քաջալերանք չկար…

Տագնապ մը կ՛ապրէին այս խիստ օգտակար աշխատանքը ստիպողաբար ընդհատելու:

Կարգ մը հայկական վարժարաններ քաջալերած էին իրենց աշակետները բաժանորդագրուելու մանկապատանեկան այս հրատարակութեան, մինչ  ուրիշներ անտարբեր մնացած էին:

Հիմա, սակայն, լոյս տեսած էր «Փթիթ»-ի 14-րդ  թիւը, որ ուրախացնող էր:

Չէին յուսահատած տէր եւ տիկին Կարօ եւ Վերժին Աբրահամեանները: Աւելի՛ն.  բացման խօսքով կը ծանուցէին, թէ «Փթիթ» ունեցած էր իր կայքէջը www.e-ptit.com, ինչպէս նաեւ իր Application-ը` ֆինանսաւորուած «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին կողմէ եւ կարելի էր ձրիօրէն  ներբեռնել (download) բջիջային հեռաձայններու վրայ Android կամ IOS ծրագիրներով:

Ահաւասիկ հրաշալի կարելիութիւն մը` հայերէնի պաշտպանութեան եւ զարգացման համար:

Ուրախացնողը միայն այս թիւի հրատարակութիւնը չէ, այլ մանաւանդ ՉՅՈՒՍԱՀԱՏԵԼՈՒ կեցուածքը այս զոյգին:

Անոնք հաւատալով իրենց աշխատանքի օգտակարութեան` չնահանջեցին, եւ ամէն միջոցի դիմեցին շարունակելու համար մեր պատանիներուն համար խիստ օգտակար այս հրատարակութիւնը:

Կը թերթատեմ Նոր տարուան եւ Ս.Ծնունդի այս թիւը:

Պարզապէս հրաշալի է՛:

Գեղեցիկ նկարազարդում (Սուքիաս Թորոսեան), համակարգչային արդիական ձեւաւորում` Հուրի Քեստենեան, խորհրդական` դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, եւ վերջապէս խմբագրական կազմ,  մտայղացում եւ իրագործում` Վերժին եւ Կարօ Աբրահամեաններ: Ընդամէնը` հինգ հոգիով իրականացած հրատարակութիւն մը:

Կը մտածեմ. հպարտացուցիչ աշխատանքի մը դիմաց կը գտնուինք: Պարտաւոր ենք գնահատել եւ քաջալերել այս աշխատանքը, որ ազգօգուտ է եւ դաստիարակչական: Պէտք է շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ բոլոր անոնց, որոնք թիկունք կանգնած են այս ծրագրի յաջողութեան եւ մանաւանդ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան:

Կրնայ անհաւատալի թուիլ, բայց փոքրիկ Գաբրիէլը  Ipad-ի խաղը ձգելով մօրմէ պահանջեց.

– Արա՛գ տուն երթանք, մամա՛, «Փթիթ»-ի նոր խաղերը  լուծենք:

Փետրուար    2017                       
Մուսա լեռ-Այնճար


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13471

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>