Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13451

Նամակ Երկրէն. Մայր, Անունը Հայաստան (2)

$
0
0

raffidoudaklian

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Փոքրիկն Իշխանին ծանօթացայ երկու տարի առաջ, երբ նոր տեղափոխուած էինք Երեւանի Արաբկիր թաղամասի Այգեկցի փողոցի վրայ գտնուող մեր տունը: Ամէն օր, դպրոցէն ետք, երկու տղաներս փողոց դուրս կու գային խաղալու թաղի երեխաներուն հետ եւ տուն վերադառնալով` կը պատմէին իրենց մանկական անմեղ արկածախնդրութիւններուն մասին` յաճախ նշելով Իշխան անունը: Օր մը, մեծ տղաս` Ռուբէնը, տուն վերադարձաւ բաւական տխուր, եւ մօտենալով ինծի` ըսաւ.

– Դուրսը կը խաղայինք, երբ անձրեւ սկսաւ: Իշխանին տունը գացինք, որ շարունակենք խաղը: Պզտիկ տուն է, ննջարանը շատ փոքր, 4 հոգի կը պառկին հոն: Յետոյ երբ անձրեւը զօրացաւ, տանիքէն ջուր սկսաւ կաթիլ սենեակին մէջ: Իշխանին մաման մէկ հատ դոյլ դրաւ անկողիններուն քով, որ ջուրը մէջը լեցուի: Հայրի՛կ, տունը շատ հին է, ո՛չ խոհանոց կայ, ո՛չ ալ լուացարան: Չեմ գիտեր` ինչպէ՞ս հոն կ՛ապրին, շատ դժուար է: Իշխանը ըսաւ, որ տունը նորոգելու փող չունին, հայրիկն ալ տարիներ առաջ Ռուսիա գացեր է, բայց դրամ չի կրնար ղրկել: Արդէն շատոնց լուր չունին իրմէ…

Հազարաւոր այլ հայերու նման` Իշխանին հայրն ալ, իր ընտանիքին կեանքը բարելաւելու յոյսով, տասնամեակ մը առաջ կը մեկնի Մոսկուա` ետին թողելով կինը, որդին, երկու դուստրերը, մայրն ու մօր երկու քոյրերը: Սկզբնական տարիներուն աշխատած գումարներէն մաս մը կը ղրկէ ընտանիքին, բայց յետոյ գործերը վատ ընթացք կ՛ունենան: Որոշ ժամանակ անց աւելի քիչ կապ կը պահէ ընտանիքին հետ, յետոյ ընդհանրապէս ձայնը չի լսուիր: Իշխանը չի գիտեր` ինչո՞ւ հայրիկը չի խօսիր իրենց հետ, մայրիկն ալ պատասխան չունի:

Հիմա այս ընտանիքին բեռը ամբողջութեամբ իր ուսերուն վերցուցած է Իշխանին մայրիկը, որուն անունը Հայաստան է: Խանութի մը մէջ հաւաքարար կ՛աշխատի եւ կը ստանայ ամիսը 40 հազար դրամ: Իշխանին տատիկը, հակառակ յառաջացած տարիքին, շաբաթը մի քանի օր դեղատան մը մաքրութիւնը կ՛ընէ եւ ստացած չնչին գումարով իր անհատական ծախսերը նոյնիսկ չի կրնար հոգալ: Նոյն վիճակին են նաեւ իր երկու քոյրերը, որոնք աւելի երիտասարդ ըլլալով հանդերձ, մնայուն աշխատանք եւ եկամուտ չունին:

Այս տարի Հայաստանը իր երեք զաւակներէն երկուքը ուղարկեց գիշերօթիկ դպրոց, մանկատուն: «Ի՞նչ անեմ, կեանքը գնալով թանկանում ա, մեր աշխատած փողերով չենք կարողանում ընտանիք պահել: Մանկատանը երեխէքը գոնէ նորմալ հաց են ուտում, իսկ շաբաթավերջերին եւ արձակուրդներին գալիս են տուն: Տունն էլ մի բան չի, նորմալ զուգարան չկայ, ջեռուցում չկայ, տանիքից էլ ջուր ա կաթում», ըսաւ Հայաստան, երբ օր մը, փողոցը հանդիպելով, հետաքրքրուեցայ Իշխանին մասին:

Այս մասին պատմեցի Ամերիկայէն եւ Լիբանանէն Հայաստան այցելող քանի մը ընկերներու: Անտարբեր չէին կրնար մնալ: Անմիջապէս որոշեցին յատուկ առիթով մը գումար հաւաքել եւ նորոգել Իշխանին տունը: Ընկերոջ մը տարեդարձն էր, եւ փոխան նուէրներու` խնդրեցինք Իշխանի տան նորոգութեան համար գումար նուիրել: Այցելու եւ տեղացի ընկերներ եւ բարեկամներ առատաձեռն գտնուեցան եւ նուիրաբերեցին աւելին, քան կ՛ակնկալէինք:

Երբ Իշխանի մայրիկին տեղեկացուցի, որ իր տան նորոգութիւնը շուտով իրականութիւն պիտի դառնայ, յուզուեցաւ եւ ապա ուրախութեամբ պատասխանեց.

– Անչափ շնորհակալ եմ: Ասեմ, որ անունս Հայաստան է, ես էլ Հայաստանի նման տոկուն եմ, տարիներ դիմացել եմ ու էլի կը դիմանամ: Մի քիչ օգնութեամբ որ ոտքի կանգնեմ, երեխէքիս տեղ հասցնեմ, նրանք արդէն կը կարողանան օգնել իրենց մայրիկ Հայաստանին եւ հայրենիք Հայաստանին:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13451

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>