Quantcast
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13437

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Ուժերը Լարելու Եւ Վերանորոգուելու Յանձնառութեամբ

Image may be NSFW.
Clik here to view.
azador_12017

Նոր տարի մը կը թեւակոխենք` ազգային-հաւաքական մեր ուժերը լարելու եւ հայաշխարհով ու հայութեամբ վերանորոգուելու յանձնառութեամբ:

Հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքեան ափերու ցանուցիր հայօճախները, ի մասնաւորի` Յունաստանի երկինքին տակ հայապահպանման պայքարը իրեն սեւեռակէտ ընտրած մեր գաղութը, դէմ յանդիման կանգնած ենք ժամանակի մաշումին տակ տկարացած կազմակերպ մեր կռուանները վերանորոգելու եւ արդիականացնելու, յոգնած կամ հեւասպառ մեր կամքերը կռանելու եւ վերաշխուժացնելու, այլեւ ու մանաւանդ` նորահաս մեր սերունդներու մտքին եւ ներաշխարհին մէջ հայկականութեան պաշտամունքն ու հայեցիութեան հպարտութիւնը ոգեւորելու համընդհանուր մարտահրաւէրին:

Ինչպէս որ ամբողջ Յունաստանը պրկած է իր գօտիները, որպէսզի յաղթահարէ կամ, առնուազն, նուազագոյն կորուստով դուրս գայ տնտեսական ճգնաժամէն, այնպէս եւ յունահայութիւնը իր առջեւ ունի ամէն բանէ վեր ազգային կազմակերպ իր կառոյցներով, յատկապէս կրթական իր հաստատութիւններով եւ ակումբներով ու թերթերով զոհողութեանց տոկալու, ընկրկումներէ վերականգնելու եւ դժուարութիւնները յաղթահարելու մեծագոյն օրակարգը:

Յատկապէս հայը ազգային իր կենսափորձով բոլորէն առաջ խորապէս կը գիտակցի, որ նոյնիսկ դիմանալու եւ վերապրելու համար անհրաժեշտ ու բաւարար գլխաւոր պայմանը վերանորոգուելու ընդունակութիւնն է, երթը վերստին սկսելու եւ նորովի թափով յառաջ մղելու հաստատակամութիւնն է:

Նոր տարին կը սկսինք ահա՛ մարտունակ նոյն ոգիով` գաղութային մեր կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն եւ յառաջապահ կռուաններուն նորոգուած շունչ, ժամանակին հետ քայլ պահող տեսլական եւ մասնատումի փորձութեանց դէմ համախմբուած պայքարը վերաշխուժացնելու կորովով:

Նոյնպէս գիտակից ենք, որ վերաշխուժացման եւ վերանորոգման համար իսկ, ջուրի եւ լոյսի չափ պէտք ունինք մեր ճիգերն ու քայլերը բաղձալի արդիւնքին առաջնորդող ճամբաները գտնելու եւ զանոնք հարթելու նպատակասլացութեան:

Ինչպէս որ մեր անմիջական ընտանիքներուն մէջ տարեմուտը ողջունեցինք ամենայն բարիք եւ լաւագոյնը մաղթելով բոլորիս, այնպէս ալ հայաշխարհի եւ հայութեան տարեմուտին մաղթե՛նք բարի երթ` ազգային մեր երազները նոր ճամբաներով յառաջ մղելու նախանձախնդրութեամբ:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13437

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>