ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ
Շունս կը դողայ անկողինիս տակ,
Անկիւն մը քաշուած` կը պահուըտի գաղտ,
Խիստ կը ցնցուի կրակոցներուն
Պայթումներուն հետ, պայթուցիկներուն,
Ան չի հասկնար, որ մարդ արարած
Կը տօնէ վերջին օրը մեր տարուան,
Կը դիմաւորէ եկող նոր տարին
Խիստ սպառնալով համայն աշխարհին:
Շունս կը դողայ, կը ցատկէ վեր, վար,
Ան աննպատակ կը վազէ աջ, ձախ,
Չ՛ըմբռներ երբեք,թէ մարդ արարած
Շատ խելացի է, քաջ, հերոս ծնուած
Բայց երբեմն ան կը պառկի ճամբան`
Անտուն, անօթի, հիւանդ, մերկ, թշուառ,
Կը պատերազմի, կը գողնայ եղբօր,
Կը խաբէ կարծես իր աղօթքներով
Երկինք ու երկիր, զԱստուած ու կրօն:
Շունս դողալով հասկցաւ այսօր,
Թէ մարդ արարած իր այս գործերով
Միայն զինք վախցուց պայթուցիկներով:
31/12/2016
ԼԻԲԱՆԱՆ