ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ
Արուեստագիտութեան դոկտոր
Օրերս Հայաստանի գիտամշակութային կեանքը հարստացաւ եւս մէկ ուշագրաւ երեւոյթով: Հայաստանի Պետական Մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտամշակութային կեդրոնն իր հիւրընկալ սրահում ներկայացրեց լիբանանահայ հրապարակագիր, մշակութային գործիչ Պայծիկ Արապեան-Գալայճեանի «Անմար կանթեղը լուսոյ» նորատիպ գիրքը, որ նուիրուած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեանը: Ժողովածուն պատեհօրէն սկիզբ է առնում Մելգոնեան կրթական հաստատութեանը ձօնուած քայլերգով (խօսք` Օննիկ Մահտեսեան, երաժշտութիւնը` Վահան Պետելեան): «Մուտքի փոխարէն» իր հակիրճ, բայց ըստ էութեան ամէն ինչ ասող նախաբանում, որը խորհրդանշականօրէն ստորագրուած է «մելգոնեանցի» անունով, Պայծիկ Գալայճեանը խտացուած կերպով ներկայացնում է Մելգոնեան կրթական հաստատութեան պատմութիւնը. «1926 թուականին, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիայէն քիչ մը հեռու, ամայի տարածութեան վրայ, իննսուն տարի առաջ, իրագործուեցաւ ազգային բացառիկ նշանակութիւն ունեցող ծառատնկումի խորհրդաւոր արարողութիւն մը: Մելգոնեան կրթական հաստատութեան զոյգ շէնքերուն գրկատարածքին, Հայոց Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ ազատած որբուկներ, որոնք առաջին սաները եղան Մայր Տաճարին, իրենց անթաղ մնացած ծնողներուն հողատունկին որպէս խաչ` տնկեցին նոճիներ…: Անոնք արագ-արագ ուռճանալով, իրենց ճիւղերը տարածեցին ամէնուրեք, իսկ բերքը` սփռուեցաւ աշխարհի չորս ծագերը:
Մելգոնեան բարերարները իրենց ետին ձգեցին կտակ մը, որ հաւատարմաբար գործադրուեցաւ ՀԲԸՄիութեան կողմէ: Հաստատութեան եւ Միութեան առաքելութիւնը եղաւ պատրաստել առողջ, գիտակից եւ հայրենասէր սերունդ մը, որ օգտակար պիտի ըլլար, իր ժողովուրդին, թէ՛ սփիւռքի տարածքին, եւ թէ՛ մայր հայրենիքին մէջ:
Աղա Գրիգոր եւ Աղա Կարապետ Մելգոնեանները հանգիստ ննջեցին Հաստատութեան երկու շէնքերուն միջեւ կառուցուած իրենց դամբարաններուն մէջ: Անոնց աշխարհացրիւ երախտագէտ սաները շնորհակալութեան խորունկ եւ անմար զգացումով ընդմիշտ յիշեցին այդ երկու սուրբ անունները, եւ ուր ալ գտնուեցան, որդիաբար խոնարհեցին իրենց գլուխները անոնց աստուածահաճոյ գործին եւ պայծառ յիշատակին առջեւ:
Սերունդներ շարունակ երկիւղածութեամբ տողանցեցին այդ դամբարաններուն առջեւէն, եւ ամէն շաբաթ օրուայ երեկոյեան, ցուրտն ու բուքը անտեսելով, պաշտամունքի արարողութեան ընդմէջէն գոհաբանական աղօթքներ բարձրացուցին առ Աստուած:
Բարերար եղբայրները հանգիստ ննջեցին իրենց դամբարանին մէջ եօթը-ութ տասնամեակ, որովհետեւ այն մեծ նպատակը, որուն համար անոնք ստեղծեցին Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը` իրագործուած էր:
Այժմ, իննսուն ամեակն է մայր կրթարանին, սակայն դամբարանին շուրջ գտնուող բուրումնաւէտ ծաղիկները չեն ոռոգուիր իրենց սաներուն կողմէ, աղօթքներ չեն բարձրանար առ Աստուած… այլ` ընդհակառակն, հոն բարձրացաւ ընդվզում մը, մայր հաստատութեան փակումի վիշտին ծնունդին հետ` բոլոր անարդարութիւններուն դէմ: Հայ մշակոյթի ու հայ դպրոցի դրօշը ծածանեցաւ հոն, ու անոր շուրջ համախմբուեցան հայն ու յոյնը, մտաւորականն ու հասարակ մարդը, ուսանողն ու ուսուցիչը, ոչ թէ ծանուցումներ ընելու, այլ` իրենց արդար ընդվզումին թարգմանը հանդիսանալու համար:
Անտարակոյս ընդվզեցան մեր հոգիները, եւ` ընդվզեցանք իրաւացիօրէ՛ն:
Այո՛, խռովեցանք հայու արժանապատուութեամբ, որովհետեւ մեր աչքին առջեւ 210 հայ աշակերտ-աշակերտուհի ցիրուցան եղաւ, որովհետեւ ուսուցիչներուն, մանաւանդ հայերէն եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդող դասատուներուն արժանապատուութիւնը անարժանաբար ոտնակոխուեցաւ, օտար վարձկան «մասնագէտներու» կողմէ, որոնք պաշտօնի կոչուած էին մեր մայր կրթարանին դարպասները վերջնականօրէն շղթայելու համար:
Տասներկու տարի անցաւ Լուսոյ Տաճարին փակման վճիռէն ասդին:
Եթէ կ՛ուզենք յարգել յիշատակը Միութեան պաշտելի հիմնադիրներուն ու մեր անմահ բարերարներուն, եւ եթէ կ՛ուզենք յարգել յիշատակը ՀԲԸՄ-ի պատուական նախագահ Ալեք Մանուկեանին, որ ամէն ջանք ի գործ կը դնէր բաց պահելու համար կրթարանը, հաւատալով սփիւռքի տարածքին անոր անփոխարինելի առաքելութեան, մենք դարձեալ պէտք է ուխտենք հաւատարիմ մնալ անոնց իտէալին, երազին եւ տեսլականին:
Մենք երդուած ենք մշտարծարծ պահել ոգեղէն տաճարը մեր լուսոյ, եւ այդ մելգոնեանցիական հաւատքով` անմար պիտի պահենք կանթեղը լուսոյ»: Այո՛, Պայծիկ Գալայճեանը իր հոգեմտային աշխարհով, իր կրթական եւ ազգային նուիրուածութեամբ իրական մելգոնեացի է, ինչն իր վառ դրսեւորումն է գտնել նրա ամբողջ ստեղծագործական, հասարակական-մշակութային կեանքի ընթացքում, որտեղ էլ նա բնակուի եւ ինչ պաշտօն էլ ունենայ: Լինի Պէյրութում, Կիպրոսում, Պոսթընում թէ Երեւանում… Ստանձնի Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան հայագիտութեան առարկաների դասախօսի Պէյրութի «Զարթօնք» թերթի խմբագրի, Պոսթընի Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Քանատայի Կեդրոնական վարչութեան գործադիր տնօրէնի եւ այլ պաշտօններ: Ուշագրաւ են եւ մեծ հետաքրքրութեամբ ընթերցուելիք Պայծիկ Գալայճեանի վերոյիշեալ գրքի բոլոր բաժինները, որոնց խորագրերն են «Խոհեր մելգոնեանական», «Պատմական ակնարկ», «Մելգոնեան կտակի յանձնառութիւն», «Հարցազրոյցներ», «Յօդուածներ»: Գիրքն ամփոփւում է հեղինակի կենսագրականով: Յիշատակելի է նաեւ, որ գրքում պատեհօրէն զետեղուած են մի քանի նիւթեր, որոնց հեղինակները սփիւռքահայ անուանի մտաւորականներ են, նրանց թուում Մելգոնեան կրթական հաստատութեան տնօրէնուհի-ուսուցչուհի Ագապի Նասիպեան-Էքմէքճեանը, Կիպրոսի այդ հաստատութեան տնօրէնուհի-ուսուցչուհի Սօսի Պետիկեանը, նաեւ հարցազրոյցներ ամերիկահայ վիպագիր Փիթըր Պալաքեանի, Նազար Նազարեանի, մելգոնեանցի, հետագայում Հայաստանում հաստատուած գեղանկարիչ Յակոբ Յակոբեանի, երաժիշտ Սեպուհ Աբգարեանի եւ այլոց հետ: Իրենց յուզական, բարձր գնահատանքի եւ վառ յիշողութեան խօսքերով աչքի են ընկնում նաեւ գրքում զետեղուած այլազան յուշապատումներ, որոնց հեղինակներից են. Հայկաշէն Ուզունեանը, Մելգոնեանցի շրջանաւարտ Մինաս Տէր Սարգիսեանը: Ինչպէս իրաւացիօրէն նշել է օրերս Երեւանի «Ազգ» թերթում եւ յիշեալ միջոցառմանը իր ելոյթում պատմական գիտութիւնների դոկտոր Սուրէն Սարգսեանը. «Պայծիկ Գալայճեանի գրքում այնքան անկեղծութիւն, ափսոսախառն ցաւ ու հպարտութիւն տեսայ, որ չկարողացայ անտարբեր մնալ…: Նախաբանում հեղինակը, որ նախկին մելգոնեանցի է, սիրով է արձանագրում, որ վարժարանի աշխարհացրիւ սաները շնորհակալութեան խորունկ ու անմար զգացումով են յիշում հիմնադիրների սուրբ անունները, եւ որտեղ էլ լինում են` որդիաբար խոնարհում են իրենց գլուխները նրանց աստուածահաճոյ գործի եւ պայծառ յիշատակի առջեւ: Միեւնոյն ժամանակ, խոստովանում է, որ հայի արժանապատուութեամբ խռովել ու ընդվզում են իրենց հոգիները, քանի որ վերջին տարում ցիրուցան են եղել 210 հայ սաները»:
Գրքի վերջին էջերում Պայծիկ Գալայճեանը ներկայացնում է 2004 թ.-ին մարտի 16-ին կայացած ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչական ժողովի որոշումը` Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը փակելու մասին: Այդուհետեւ Պայծիկ Գալայճեանը սրտատրոփ եւ յուզումնալից գրում է. «Այդ որոշումը հրապարակուելուց յետոյ Մելգոնեանի հանդիսասրահին մէջ տիրեց քար լռութիւն: Հորիզոնը սկսած էր շիկանալ, եւ այդպէս բռնկեցաւ Մելգոնեանի արեւը…Պայքարի առաջին ազդանշանը բարձրագոռ հնչած էր: Հանդիսասրահէն դուրս նետուեցան աշակերտները նման խելագարած ամբոխին. խայտաբղէտ կրկէս մըն էր, ողբերգութիւն մը կ՛ապրուէր օր ցերեկով Մելգոնեանի շրջափակէն ներս: Ուսուցիչներ ի մի հաւաքուեցան տեսչարան` խորհրդակցական հանդիպում մը ունենալու դպրոցի փակման սիմֆոնիի արարողութեան խմբավար ամերիկացի Կորտըն Անտերսընին հետ: Որքա՜ն յարգելի էր ներկայութիւնը յատկապէս այն օտար ուսուցիչներուն, որոնք իրենց հրամցուած դառն բաժակը մէկդի դնելով, մտահոգ էին ուսանողներուն հոգեվիճակով: Իսկ անդին ամօթալի էր այն փաստը, թէ ինչպէս կարգ մը հայ ուսուցիչներ անտարբեր կեցուածք կը ցուցաբերէին: Հետագային իմացանք, թէ իրենց ուրիշ պայմաններ խոստացուած էին: 16 մարտ 2004: Տխուր եւ արգահատանքով լի օր մըն էր մելգոնեանցիներուն համար: Երեկոյեան էր: Սերտողութեան զանգը երբ հնչեց, աշակերտները չուզեցին սերտարան բարձրանալ: Զգալի էր անոնց հոգեվիճակը, ուսուցիչներունը` նոյնպէս: Տարօրինակօրէն, բոլորը ակամայ կ՛ուղղուէին դէպի դամբարան… ելք մը որոնելու, խնդրանք մը աղերսելու, աղօթք մը մրմնջելու բարերար եղբայրներուն հետ:
Քաոսային իրավիճակ մը կը տիրէր ամէնուրեք: Երկինքէն լուսինը իր յուզախառն նայուածքներով կը դիտէր «խելագարած» մելգոնեանցիները, որոնց հոգիներուն մէջ «արեւ»ները կ՛այրէին: Եւ այս մթնոլորտին ընդմէջէն ծնունդ առաւ խարոյկ վառելու գաղափարը: Բոլորս նստած դամբարանին առջեւ ճենճերող խարոյկին շուրջը, սակայն ոչ մէկ խարուկահանդէսի ուրախ երգ հնչեց հոն, այլ հնչեց միայն քայլերգը Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան: Այո՛, «Անմահ լուսոյ»-ն, միա՛կ ճիչն էր այդ պահուն:
Այսօր տասնմէկ տարի անցաւ այն օրէն, երբ խարոյկը դադրեցաւ մխալէ, սակայն մելգոնեանցիներուն մէջ այդ լոյսին փառքը անշէջ մնաց:
Աւա՜ղ, որ վերջին սերունդի մելգոնեանցիներուն կեանքի բաժինն եղաւ աւելի դառնութիւն, քան շրջանաւարտից փառաւոր հանդիսութիւն: Բայց, ուր որ ալ գացին անոնք, իրենց հետ տարին ճառագայթ մը այդ լուսոյ փառքէն: Անոնք իրենց հետ տարին դրամագլուխ մը, որ երբեք չի պակսիր իրենց կեանքի տեւողութեան, որովհետեւ այդ` Մելգոնեանէն ստացած լոյսի հաւա՛տքն էր:
Հակառակ որ տխուր էր վերջին աւարտական տարին, այսուահանդերձ, որքան ժամանակը անցաւ, չնուաղեցաւ այդ ազգային, մշակութային եւ ընկերային հարստութիւնը մեր հոգեւոր աշխարհին, այլ ընդհակառակը` մեր ամբողջ պատմութիւնը իր ազգային ու հերոսական կողմերով` ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ պատմութիւնը Լուսոյ մեր Տաճարի փառքին:
Մելգոնեանի բոլոր սաները, ուր որ ալ գտնուին այսօր, վստահ եմ, որ լաւ կ՛ըմբռնեն այս գերագոյն ճշմարտութիւնը եւ հոգիով ու սրտով կապուած կը մնան այս լոյսի փառքի աղբիւրին` Մայր Տաճար Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան»:
Երեւանի Պետական Մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտամշակութային կեդրոնի սրահում, ուր ներկայ էին եւ Հայաստանի եւ սփիւռքի մտաւորականութեան ճանաչում վայելող անձինք, նրանց թուում Տուպայից ժամանած Մաթեւոս Չոլաքեանը, նաեւ` ուսանողներ, տեղի ունեցան մի շարք մեծապէս յիշարժան, բովանդակալից ելոյթներ Պայծիկ Գալայճեանի «Անմար կանթեղը լուսոյ» գրքի մասին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Սփիւռք» կեդրոնի հիմնադիր-տնօրէն, բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր, պրոֆեսէօր Սուրէն Դանիէլեանը, մեծապէս արժեւորելով թէ՛ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան դերը հայ իրականութեան մէջ, եւ թէ՛ Պայծիկ Գալայճեանի բովանդակ, փաստավաւերագրական նիւթերով հարուստ գիրքը: Ամփոփելով իր ելոյթը, Սուրէն Դանիէլեանը խորիմաստօրէն ասաց. «Մելգոնեան կրթական հաստատութեան եղելութիւնը, դրան նուիրուած այս գիրքը եւ ընդհանրապէս մեր ազգի կրթամշակութային արշաւը` դա իւրատեսակ յաղթական դրօշ է ընդդէմ թուրքական դրօշի»: Սուրէն Դանիէլեանը նաեւ ընթերցեց մանկավարժական համալսարանի ռեկտոր Ռուբէն Միրզախանեանի խօսքը, որում նշուած էր, որ «Պայծիկ Գալայճեանի այս գիրքը առաքելութիւն է իր հեղինակի կողմից, որը ազգային գործին, գրականութեանը, մանկավարժութեանը, գիտութեանը նուիրեալ անհատականութիւն է»: ՌԱԿ-ի ատենապետ, «Ազգ» թերթի խմբագիր Յակոբ Աւետիքեանը նոյնպէս արժեւորեց Մելգոնեան հաստատութեան էական ներդրումը հայ իրականութեան գիտակրթական համակարգում, շեշտելով, որ մելգոնեանցիները բարձր հոգեկան աշխարհի, մտածելակերպի մտաւորականներ են, որոնցից մէկը, անհերքելիօրէն, Պայծիկ Գալայճեանն է: Հայաստանի Լրագրողների Միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեանը իր սրտառուչ խօսքում յուզականօրէն յիշատակեց տարիներ առաջ Յակոբ Աւետիքեանի հետ Մելգոնեան Կրթական հաստատութեան արդէն աւերուած տարածքում իրենց շրջակայութեան մասին, բարձր գնահատեց Պայծիկ Գալայճեանի բացարձակ արժէքաւոր փաստավաւերագրական ժողովածուն, ուրախալիօրէն նշեց, որ Պայծիկը Հայաստանի Լրագրողների Միութեան անդամ է, եւ շնորհեց նրան Հայաստանի Լրագրողների Միութեան ոսկի մետալ: Անսպասելի ու գեղեցիկ անակնկալ էր միջոցառման ընթացքում Յովհաննէս սարկաւագ Ներսէսեանի` Կոմիտասի երգերից մէկի հոգեթով կատարումը: Թէ՛ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան անմար գործունէութեան բարձր արժեւորմամբ, թէ՛գրքի հեղինակին ուղղելով շնորհակալական խօսքեր, հանդէս եկան բանասէր, գիտնական Գաբրիէլ Սուլթանեանը, գրող, հրապարակագիր, գրականագէտ Թորոս Թորանեանը, Մելգոնեան Հաստատութեան վերջին տարիների հայաստանցի սաներ` Լարիսա Սարգիսեանը, եւ Յովիկ Աթաբեկեանը: Ուշագրաւ էր պատմաբան Գէորգ Եազիճեանի ելոյթը, որը մեծապէս գնահատելով թէ Մելգոնեան Հաստատութեան դերը, եւ թէ՛ Պայծիկ Գալայճեանի ժողովածուն, մէջբերումով անդրադարձաւ գրքում զետեղուած մի իրապէս հոգեցունց դրուագին: Նա յիշատակեց Պայծիկ Գալայճեանի նիւթերից մէկում գրուած այն փաստը, երբ մելգոնեանցի մի պատանի սան, իմանալով, որ իր հարազատ կրթական օճախը փակուել է, հարցրել է. «Ես հիմա ո՞ր լեզուով պիտի լամ…»: Գէորգ Եազըճեանը բացառիկ անկեղծութեամբ բնորոշեց այդ փաստը. «Ցնցող է»: Այո՛: Գէորգ Եազըճեանը ամփոփեց իր խօսքը շեշտելով. «Այս գիրքը նաեւ համարձակութիւն է եւ արդար հաշուեպահանջ կատարուածի համար»: Ճանչցուած մտաւորական, հասարակական գործիչ Ռոմեն Կոզմոյեանը իր խօսքում նշեց, որ ճշմարտացի է գրքի տաղանդաւոր հեղինակ Պայծիկ Գալայճեանը, քանզի իրապէս, Մելգոնեան կրթական հաստատութեան վերացումը` ազգային հոգս է, վիշտ ու մտահոգութիւն: Միջոցառման աւարտին Պայծիկ Գալայճեանը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց կազմակերպիչներին եւ ներկաներին: Իրադարձութիւնը` գեղեցիկ փաստ էր, որը վկայեց Մելգոնեան կրթական հաստատութեան անմար յիշատակը:
Երեւան