Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13669

Անդրադարձ. Հայաստան Եւ Սփիւռքահայ Զբօսաշրջիկը Այսօր

$
0
0

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ այս տարի Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը յաւելում արձանագրած է: Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութենէն յայտնած են, որ այս տարուան երկրորդ եռամսեակին Հայաստան այցելած է 256 հազար 917 զբօսաշրջիկ: Նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին հետ բաղդատելով` այս թիւը աւելցած է 1,8 առ հարիւրով («Ազդակ», 19 օգոստոս 2015):

Վստահ եմ, որ վերեւ յիշուած զբօսաշրջիկներէն շատեր երկրորդ, երրորդ եւ աւելի անգամ է, որ կ՛այցելեն Հայաստան: Որպէս սփիւռքահայ, պահ մը մէկդի դնելով ազգային հայրենասիրական զգացումները, կարելի է հաստատել, որ Հայաստանը տարուան բոլոր եղանակներուն իր գեղեցիկ բնութեամբ, հիւրասէր ժողովուրդով, անհամար պատմամշակութային կոթողներով, մշակութային ձեռնարկներով, արուեստի գործերով, թանգարաններով եւ զբօսաշրջային հաստատութիւններով եզակիօրէն գրաւիչ երկիր է` 2013 թուականի դեկտեմբերի վերջաւորութեան Երեւանի զերոյէն վար 22 աստիճան ցուրտէն մինչեւ այս օրերուս (օգոստոս 2015) 44 աստիճան տաքը:

Արփա գետը` Նորավանք տանող կամուրջէն 1-1-2014

Արփա գետը` Նորավանք տանող կամուրջէն 1-1-2014

Նորավանքի առաջին տեսարանը` դիտուած կիրճէն 1-1-2014

Նորավանքի առաջին տեսարանը` դիտուած կիրճէն 1-1-2014

Կարելի չէ ձանձրանալ Հայաստանի մէջ, ընդհակառա՛կը, զբօսաշրջիկը կը ծրագրէ իր յաջորդ այցելութեան յայտագիրը, երբեմն նոյնիսկ` նոյն վայրերը երկրորդ եւ երրորդ անգամ այցելելու մտադրութեամբ: Այցելելով մեր պատմական հնադարեան վանքերը, ամրոցները եւ կոթողները` միայն հպարտութեամբ եւ հիացմունքով կը խոնարհինք մեր նախնիներու ճարտարապետական հանճարին, շինարար հզօր բազուկին եւ կառուցելու աննկուն կամքին: Նոյնիսկ այս օրերու ճարտարագիտական եւ շինարարական միջոցներով անհնար կը թուի կառուցել չորրորդ, եօթներորդ, տասներորդ դարերուն կառուցուած շատ մը վանքերը եւ ամրոցները` նկատի առնելով անոնց դժուարահասանելի դիրքերը:

Շատ տարօրինակ եւ զարմանալի է, որ մեր գրականութեան մէջ կը հանդիպինք Հայաստանի բնութիւնը միայն քարքարուտ եւ ժայռոտ ներկայացնող հեղինակներու, երբ ամէնուրեք կանաչապատ է, նոյնիսկ` մինչեւ շատ մը լեռներու գագաթը, եւ մանաւանդ երբ կը տեսնենք հեռուն, լերան գագաթը արածող կովերն ու ոչխարները եւ լերան լանջէն գրեթէ մինչեւ գագաթ հասնող հերկուած արտերը: Անշուշտ ու բնականաբար, բոլոր երկիրներու նման, կը գտնուին վիթխարի քանդակներու եւ պարիսպի նմանող ժայռաբլուրներ եւ ժայռեր:

կանաչ-լեռներ_9-10-15

Մինչեւ գրեթէ լերան գագաթը հերկուած արտերը 20-8-2015

Կանաչով ծածկուած եւ ցորեն ցանուած կանաչ լեռները 14-8-2015

Կանաչով ծածկուած եւ ցորեն ցանուած կանաչ լեռները 14-8-2015

Մայրաքաղաք Երեւանը հարուստ է իր այգիներով, ծառերով եզերուած լայն պողոտաներով, հանգստանալու նստարաններով, եւ փողոցներու անունները ամէն խաչմերուկի յստակօրէն նշող ցուցատախտակներով: Այգիները ոչ թէ մեր հասկացողութեամբ որթատունկի պարտէզներ են, այլ շատ մը լայն պողոտաներու կեդրոնը կամ եզերքին գտնուող գեղեցիկ ծառաստաններ, ուր կը գտնուին նստարաններ, ծարաւը յագեցնելու ցայտաղբիւրներ (պուլպուլակ կը կոչուին), մանուկներու խաղավայրեր եւ երբեմն սուրճ, զովացուցիչ եւ ճաշ մատուցող կրպակներ եւ ճաշարաններ: Քալել սիրողներուն համար Երեւանը սքանչելի յարմարութիւններով օժտուած է:

Վարձակառքերը (թաքսի), անձնական եւ ընկերութեան պատկանող, կը զատորոշուին ինքնաշարժին վրայ գրուած ընկերութեան անունով եւ հեռաձայնի թիւով, երկու պարագաներուն ալ վարորդները ընդհանրապէս կը հետեւին օրէնքով եւ հաշուիչ գործիքով սահմանուած սակերուն: Սակայն կը թելադրուի օգտագործել ընկերութիւններու պատկանող վարձակառքերը: Երեւանի մէջ եւ մօտակայքը սակը նուազագոյնն է, 600 դրամ, այս օրերուս` շուրջ $1.25: Պատահեցաւ, որ շարժավար մը մերժեց որեւէ յաւելեալ գումար գանձել որպէս նուէր, նաեւ պատահեցաւ, որ վերադարձի վարորդ մը նոյն հեռաւորութեան համար գանձեց սակին շուրջ մէկուկէս անգամը` ակնկալելով նաե՛ւ նուէր:

Երեւանի այգիներէն մին 23-8-2015

Երեւանի այգիներէն մին 23-8-2015

Ժամապահով փողոց անցնելու լոյսեր

Ժամապահով փողոց անցնելու լոյսեր

Երթեւեկութեան լոյսերը երկվայրկեանով ճշդուած ժամապահներով (թայմըր) եւ ազդանշաններով հիանալի են: Շատ մը եւրոպական եւ ամերիկեան քաղաքներ չունին Երեւանի երթեւեկութեան լոյսերուն հետ գործող ժամապահները, որոնք կը դիւրացնեն երթեւեկը եւ անցորդներուն աւելի անվտանգ անցք կ՛ապահովեն: Ճանապարհային կանոնները խստօրէն կը կիրարկուին Հայաստանի մէջ, եւ անցորդին իրաւունքը կը գերակշռէ ինքնաշարժինը: Երեւանի եւ արուարձաններու մաքրութիւնը օրինակելի է, նոյնը կարելի չէ ըսել մայրաքաղաքէն դուրս մայրուղիներու պարագային, ուր  ընդհանրապէս ինքնաշարժներէ արձակուած աղբերը նկատելի են:

Մայրաքաղաքին մէջ, օրինակի համար, կը պակսին դէպի Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի ուղղութիւնը ցոյց տուող ճանապարհային ցուցատախտակներ: Նոյնպէս, եւ ընդհանրապէս, կը պակսին դէպի այլ քաղաքներ եւ զբօսաշրջային արժէք ունեցող վայրերու ուղղութիւնը ցոյց տուող միջազգային չափանիշով ցուցատախտակներ: Այլ խօսքով, ինքնաշարժ վարձող զբօսաշրջիկին համար նոյնիսկ քարտէսով դժուար է մայրաքաղաքէն դիւրութեամբ եւ ճշգրտօրէն ուղղուիլ դէպի Սարդարապատ, Խոր Վիրապ կամ Սեւան եւ այլն, եւ հասնելէն ետք` վերադառնալ Երեւան, կամ` ուղղուիլ դէպի այլ վայրեր:

Սփիւռքահայ եւ օտար զբօսաշրջիկը երբ կ՛որոշէ Հայաստան այցելել, իր ենթագիտակիցին մէջ կը պատրաստուի առաւելաբար եւ նոյնիսկ երբեմն բացառապէս ամէն բանի հայկականը, աւանդականը, տոհմիկը տեսնել, համտեսել, հոտոտել եւ լսել: Ճաշարաններու եւ զբօսավայրերու պարագային թիւով շատ քիչ են (քանի մը հատ, եթէ աւելին կայ, կը խնդրեմ ծանուցել այդ մասին) զուտ հայկական ճաշարանները իրենց ճաշացուցակով, ազգային եւ աշուղական երաժշտութեամբ, մանաւանդ` ուղղակի կատարողութեամբ: Իսկ այս հազուագիւտ ճաշարաններէն մին յատուկ գումար կը գանձէ աշուղական երեք անդամ հաշուող եւ երգիչով բաժինը սեղան գրաւելու համար: Շա՛տ բարի, սակայն այս խումբը միայն մէկ երգ երգելէ ետք 15 վայրկեան դադար կ՛առնէ, այլ խօսքով, երկու ժամուան ընթացքին երեք աշուղական երաժշտութիւն կը լսենք, երկուքը` երգով: Ընդհանրապէս օտար, ականջ խուլցնող երբեմն հայերէն բառերով երաժշտութիւնը կը տիրապետէ գրեթէ ամէն տեղ: Օրինակի համար, Հայաստանի մէջ եթէ իտալական ճաշարան պիտի երթանք բնական է ակնկալել հայկական, կամ իտալական մեղմ երաժշտութիւն, բայց ոչ թէ` ընդհանրապէս անգլերէն եւ ռուսերէն բարձրաձայն «ռոք» երաժշտութիւն:

Հայաստանը աշխարհահռչակ է իր ոգելից ըմպելիներով, որ կը մատուցուի գրեթէ ամէն տեղ, սակայն ընդվզեցուցիչ է, երբ կարգ մը ճաշարաններ կարծէք հպարտութեամբ կ՛առաջարկեն ոչ հայկական ըմպելիներ, առանց նաեւ ունենալու եւ հրամցնելու հայկականը: Գարեջուրի պարագային, յայտնի օրէնք է, որ որեւէ երկրի մէջ միշտ տեղականը պէտք է օգտագործել: Մանաւանդ հայկական ջուրով եւ գարիով պատրաստուածը կը գերազանցէ օտար մակնիշի հեռաւոր երկիրներէ բեռնատարով եւ ցնցումներով հասած ու աւելի սուղ արժող որեւէ տեսականին: Հայկական գարեջուրի տեսակները շատ են, կարելի է փորձելով որոշել նախընտրելին:

Բնական է, որ խանութներ, ճաշարաններ եւ հաստատութիւններ իրենց անունը, հայերէնի կողքին, օտար լեզուներով ծանուցանեն, սակայն անընդունելի է միայն օտար լեզուով զարդարուած շատ մը հաստատութիւններու անունը: Օրէնքով պէտք է արգիլուի նման օտարամոլութիւն: Տարօրինակ է նաեւ կարգ մը ճաշարաններու պարագան, որոնք միայն օտար լեզուով ճաշացուցակներ ունին: Ինչո՞ւ:

Ահաւոր երեւոյթ է թրքական ապրանքներու վաճառքը գրեթէ ամէն տեղ, մանաւանդ երբ ոչ թրքականին փոխընտրանքը նաեւ գոյութիւն ունի նոյն վաճառատան մէջ, թէ այլուր: Անընդունելի եւ դատապարտելի է թշնամիին տնտեսապէս օժանդակելու թէ՛ վաճառողներու եւ թէ՛ գնողներու անտարբերութեան հասնող այս խիստ մտահոգիչ երեւոյթը: Հետաքրքրական է գիտնալ տնտեսական նախարարութեան եւ պատկան մարմիններու տեսակէտը եւ դիրքորոշումը, ներածելու «մեխանիզմը», հարկային եւ այլեւայլ գործընթացները մեր երկիրը շրջափակող երկրին հետ: Արդեօք տնտեսական համաձայնութիւննե՞ր կան, որմէ տեղեակ չենք, թէ՞ այս բոլոր ապրանքները մաքսանենգուած են:

Օդակայան մուտքի եւ ելքի ապահովական դրութիւնը սքանչելի է մանաւանդ` ելքի պարագային մատնահետքի ստուգումը եւ ընդհանրապէս օդակայանի մաքրութիւնը եւ արդիական յարմարութիւնները: Սակայն տարօրինակ էր ժամանողներուն «պարտադիր» եւ նեղ անցքը տուրքէ զուրկ խանութին մէջէն: Այստեղ կ՛երկրորդեմ, մէջբերելով Հայկ Դեմոյեանի տեսակէտը («Ազդակ», 26-8-2015) «Իսկ ի՞նչ են տեսնում եւ ի՞նչ տեղեկութիւն են ստանում Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանի ժամանման սրահում յայտնուած զբօսաշրջիկները: Կատարեալ մի խայտառակութիւն: Օդակայանի սպասասրահը ողողուած է տարբեր քազինոներ գովազդող մեծադիր վահանակներով ու պաստառներով: Դրանք ամէնուր են, բոլոր անկիւններում: Ու պատկերացրէք, թէ ինչպէս են ժամանողների մօտ յօդս ցնդում Մատենադարանի, Խաչատուրեանի, Գառնի-Գեղարդի ու առաջին քրիստոնեայ երկրի մասին պատկերացումները: Առաւել զաւեշտական է, երբ քազինոների գովազդները մէկտեղուած են Ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցի առիթով զետեղուած գովազդային վահանակների հետ:

Անձնագրային ստուգում անցնելիս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը հատելիս մեր երկիր այցելած հիւրերին ողջունող առաջին գովազդային մեծադիր վահանակը միայն ռուսերէնով եւ անգլերէնով գովազդում է… Տուպայի «Քեմփինսքի» հիւրանոցը: Այս պարագայում տեղին կը լինի հիւրերի այն հարցը, թէ արդեօ՞ք իրենց պատկերացրած հին մշակոյթ ունեցող երկիրն են ժամանել»:

Խաչքարեր Սեւանայ վանք տանող աստիճաններու կէսին 30-12-2013

Խաչքարեր Սեւանայ վանք տանող աստիճաններու կէսին 30-12-2013

Սեւանայ լիճի ափին 30-12-2013

Սեւանայ լիճի ափին 30-12-2013

Աւարտին, Հայաստանի զբօսաշրջային հրապոյրը եւ առաւելութիւնները կը գերազանցեն վերեւ յիշուած քանի մը նկատողութիւնները: Յոյսով եմ, որ յաջորդ այցելութեան կը նուազին խոտոր երեւոյթները եւ կ՛աւելնան մեր ազգային մշակոյթին եւ արժանապատուութեան յարիր յատկանիշները:

 

Խրիմեան Հայրիկի ցանած տանձի ծառը Տաթեւի վանքի գաւիթին մէջ 19-8-2015

Խրիմեան Հայրիկի ցանած տանձի ծառը Տաթեւի վանքի գաւիթին մէջ 19-8-2015

Դսեղ գիւղի Հայկը, իր քոյրիկը եւ շունը 14-8-2015

Դսեղ գիւղի Հայկը, իր քոյրիկը եւ շունը 14-8-2015

Դսեղ գիւղի Հայկը եւ իր քոյրիկը իրենց ստացած եւ ստանալիք դաստիարակութեամբ պիտի պահպանեն Խրիմեան Հայրիկի ցանած տանձի ծառը, պիտի աշխատին աւելի լաւ պայմաններով, եւ բազմանան Արամ Մանուկեանի հիմնած հզօր հանրապետութեան մէջ:

 

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ներկայիս Երեւան, 29-8-2015

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13669

Latest Images

Trending Articles



Latest Images

<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>