Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. Երախտագիտութեան Փայլքը («Երեւանի Պետական Համալսարան- 95-Ամեակ» Գիրքին Առիթով)

$
0
0

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Պիտի չուզէի հետագայ մտորումներու հոսքը սկսիլ կրկներգ դարձած այն խօսքով, որ կ՛ըսէ. հայ ընթերցասէր հասարակութեան գրասեղանին մատուցուած է նոր հրատարակութիւն մը. ուրեմն պէտք է կարդալ` ընթերցելու վայելք մը ապրելու համար:

Դասական ու քիչ մը հնաբոյր դարձած խօսքերը չեն պատշաճիր յայտնապէս այս գիրքին, որ հակառակ իր փոքր ծաւալին (104 էջ), ընդգրկած բովանդակութեան եւ այսպէս ըսած փոխանցելիք պատգամին, կը տարբերի ուրիշներէ այն առումով`  որ իր անմիջականութիւնն ու հաղորդականութիւնը գլխաւոր արժանիքներն են սոյն հատորին:

Ըստ իս, անմիջական է հատորը, որովհետեւ հոն կը տողանցէ «Երախտաւոր դասախօսներու դիմաքանդակային հպումներ»-ու ամբողջ տեսադաշտ մը` ցոյց տալով հայ մտքի ու հանճարի վաւերականութիւնն ու մեծութիւնը: Իսկ այս բոլորին ներկայացումը` այնքան մը հոգեհարազատ ու հաղորդական, անպաճոյճ ու  պարզութեամբ յատկանշեալ, որ, հաստատապէս կրնանք ըսել, թէ` հատորի հեղինակ` հանրածանօթ հրապարագիր եւ վաստակաւոր ուսուցիչ Պարոյր Աղպաշեան այս անգամ տարբեր գրական ոճով մը կը ներկայանայ մեզի` հայրենասէրներու եւ հայերէնասէրներու, լոյսին բերելով երախտագիտական փայլքի մը գրաւչութիւնը, յանձինս` իր երբեմնի համալսարանի դասախօսներուն, որոնք որոշակի ժամանակահատուածի մը ընթացքին` հայ մտքի, պատմութեան, լեզուի ու գրական աշխարհի տիտաններ հանդիսացեր են` այլապէս երիտասարդ սերունդներուն ուսուցելով ազգային ու համամարդկային արժէքներու վեհափառ գոհարներ:

Ի դէպ, խոստովանինք, թէ մէկ շունչով կարդացինք գիրքը: Մէկ շունչով, որովհետեւ հատորը զերծ է պատմողականութենէ, սոսկական դիպաշարերու ներկայացումէ, եւ ինչու չէ նաեւ` ձանձրոյթ առթող գրական հոգեկանութենէ:

Փաստօրէն, հեղինակը հետամուտ ըլլալով գրականագիտական հայեացքներու թէ լեզուաբանական արժանիքներու ընդգծումին եւ գնահատումին, իւրաքանչիւր հայագէտ դասախօսի իսկ կենդանագիրը լոյսին բերելով, մեծ ձեռնհասութեամբ մեզի կը փոխանցէ Երեւանի պետական համալսարանի ծառայութեան կոչուած մեծերուն դիմաքանդակները:

Յայտնապէս ի՛նչն է հետաքրքրաշարժը Պարոյր Աղպաշեանի համար, եթէ ոչ այն վարար ապրումներու հոսքն ու երախտագիտական զգացումներու կենդանի արտայայտութիւնը հանդէպ իր դասախօսներուն, որոնց կեանքի բարեկամը  հանդիսացեր է` աշակերտելու առընթեր:

Ամբողջ հատորի երկայնքին կը տողանցեն հեղինակային մօտեցումներ եւ մտածական տարածքներ, որոնց վրայ հարկ է կեդրոնանալ, ըստ ամենայնի:

Հեղինակը, նախ եւ առաջ թելադրուած ազգային մտածողութենէ եւ մանաւանդ հայրենասիրութենէ, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութիւնը իր անցեալով ու ներկայի հրամայականով կ՛ուզէ ընդգծել, անոր անփոխարինելի տեղն ու դերը շեշտադրել, յատկապէս ըստ էութեան արժեւորելով դասախօսներու ամբողջ ներկայութիւնը` իբրեւ իւրայատուկ անհատականութիւններ եւ մասնագէտ դասատուներ:

Այլ խօսքով, կարծես հեղինակին կողմէ կայ անսեթեւեթ ճիգ մը` իր հոգեկան պարտքը հատուցելու բոլոր անոնց, որոնք զինք կերտած են իբրեւ հայ եւ իրեն ջամբած հայասիրութեան վսեմագոյն արժանիքները:

Այլապէս ինչպէ՛ս ըմբռնել Պարոյր Աղպաշեան մարդու, մտաւորականի, գրողի, ուսուցիչի, դասախօսի, դաստիարակ-մանկավարժի այն գերակայ ճիգը` իր շրջապատին ծանօթացնելու հոյլ մը հայագէտներու իրաւ նուիրումը հայոց լեզուին, պատմութեան, գրականութեան եւ մշակոյթի առաւել զարգացման, բացայայտելով անոնց խոհուն ներաշխարհն ու մասնագիտական ոլորտները, որոնց իմացումով հայ նորահաս սերունդներ կը զինուին հայաշունչ ճանաչողութեամբ եւ հայավայել գիտականութեամբ:

Յայտնենք, որ հատորի ընթերցումէն ետք զգալի կը դառնայ այն զգացողութիւնը, թէ գիրքը գրուած է մէկ շունչով եւ ինքնաբուխ յայտնագործութեամբ, այսինքն` առանց գրական շպարի եւ աւելորդաբանութեան:

Ըսինք, թէ հեղինակը չի պատմեր, այլ կ՛ապրի ու կ՛ապրեցնէ այն ինչ որ հպած է իր ներսիդին: Ան հոն է տակաւին, երբեմնի դասախօսներու մտերմութեան հետ եւ անոնց շունչին ենթակայ: Իբրեւ ուսանող ան կ՛արարէ իր գեղեցիկ յիշատակներուն ամբողջ ուրուագիծը, հաւանաբար կը փափաքի վերադառնալ եւ վերապրիլ այդ անդարձ դասապահերը, որոնցմով յագեցած են իր ներաշխարհն ու միտքը:

Աւելի՛ն. ստուգապէս, հատորը տպագիր  մը ըլլալէ աւելի, ապրող մատեան մըն է, որով հեղինակը կը քանդակէ իր դասախօսներու մտածումները, յոյզերը, կիրքերն ու կենցաղակերպերը` միշտ շեշտադրելով իւրաքանչիւրի առանձնայատուկ նկարագիրին բարեմասնութիւնները:

Զգալի է, որ Պարոյր Աղպաշեան ցոյց չի տար գրական-գեղարուեստական երկ մը ներկայացնելու յաւակնութիւն, այլապէս ալ հատորի ամբողջ երկայնքին մենք կը հանդիպինք գեղարուեստական շունչի եւ ոգիի զանազան արտայայտութիւններու:

Եւ այս ձեւով, ան` հեղինակը յաջողած է էապէս շեշտադրել իւրաքանչիւր դասախօսի մարդկային եւ գիտնական բարեմասնութիւնները: Հակառակ որ անոնք բոլորն ալ կը նմանին իրարու` իբրեւ հայագէտներ, այդուհանդերձ մեծապէս կը զատորոշուին իրենց հմտութեամբ եւ մասնագիտութեամբ:

Գիրքի էջ առ էջ ընթերցումով մարդ կը հիանայ, կը շշմի ու կը հմայուի ի տես հոյլ մը մեծերու գիտական աշխատասիրութիւններու այլազանութեան: Կարծես անոնք ի գոյ են յանուն հայոց լեզուի ու պատմութեան խորհուրդներուն իսկութիւնն ու անգնահատելի արժէքներուն պեղումը կատարելու: Աւելի՛ն. անոնք էապէս գիտակից են իրենց առաքելութեան, կը շնչեն անցեալով եւ ապրած են ու տակաւին կ՛ապրին տիրութիւն ընելու մեսրոպակերտ մայրենիին:

Յատկանշական երեւոյթի մը ականատես կ՛ըլլայ ընթերցողը, երբ ի յայտ կու գան Պարոյր Աղպաշեանի անանձնական մօտեցումն ու լուռ կիրքը` նախ եւ առաջ բոցավառելու Երեւանի պետական համալսարանի կրթական ու մասնագիտական  արժեհամակարգը, եւ ապա` վեր առնելու իր անկրկնելի դասախօսներու արժանիքները եւ զանոնք սեփականութիւնը դարձնելու նոր ժամանակներու իրերայաջորդ սերունդներուն:

Խորքին մէջ, աղպաշեանական հիւմըր մըն ալ յաճախ ինքզինք կը պարտադրէ այն առումով, որ հատորը ճանաչողական բնոյթ ունենալու առընթեր նաեւ կը պարփակէ ուսուցողական արժէք: Այլ խօսքով, անիկա հրաւէր մըն է ներկայի հայ ուսուցիչներուն, նման մեծութիւններու դրոշմն ու կնիքը փոխանցելու իրենց աշակերտներուն` պահիկ մը ապրելով անոնց մտերմութեան հետ:

Տեղին է ըսել նաեւ, որ հեղինակը անաչառ է իր դատողութիւններուն մէջ: Իր դասախօսներուն կենդանագիրները ներկայացուցած է ամենայն հարազատութեամբ եւ առանց շպարի: Անոնք ներկայ են ինչպէս որ են. հոգեմտային կազմաւորումէն մինչեւ վարուելակերպային արտայայտութիւններ:

Այսինքն` ընթերցողը կը ծանօթանայ «յախուռն, կրքոտ, կոշտ ըլլալու աստիճան խիստ, խստապահանջ…» ըլլալէն մինչեւ «բարեսիրտ, ազնիւ, հոգատար, կենսուրախ, զուարթախօս, վեհանձն» նկարագրային գիծեր ունեցող դասախօսներու, որոնց համախմբողն ու ներդաշնակողը սակայն նոյնինքն հայոց հրաշալի լեզուն է` իր բազում ոլորտներով:

Ի դէպ, նպատակայարմար մտածում է հեղինակին կողմէ գիրքի աւարտին դասախօսներու կենսագրական տուեալներուն տեղադրումը: Հոս եւս ուսանելին այն է, որ ընթերցողը պիտի հիանայ անոնց` դասախօսներուն գիտական աշխատասիրութիւններուն այլազանութեամբ եւ ձգած ժառանգութեամբ:

Գիրքը ունի բարեզարդ տպագրութիւն (Զինկոկրաֆ Քեստենեան), ճոխացուած է յիշատակելի նկարներով եւ բովանդակային տուեալով:

Սոյն գիրքին ընթերցումով ապրեցանք հեզասահ մտածումներու եւ վճիտ լեզուի գեղեցկութիւնը, բայց մանաւանդ` հոգեպարար ապրումներու շքեղութիւնը` ի ներկայութիւն անկորնչելի մեծութիւններու:

Դէպի նոր ստեղծագործութիւններ: Բարի երթ:

 

14  հոկտեմբեր 2015

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13453

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>