ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Յաճախ կը դժուարանանք հասկնալ Աստուծոյ կամքը եւ անոր արդարութեան իմաստը, մասնաւորապէս` երբ դէմ յանդիման գտնուինք անակնկալ, ցաւալի եւ դժուար կացութեան մը կամ պատահարի մը:
Ինչո՞ւ մահը մօտեցաւ եւ տարաւ անձ մը, որ կը մարմնաւորէր աստուածային ու մարդկային սէրը եւ համակ ծառայութեան, զոհողութեան եւ ուրիշին օգնելու ճշմարտութիւնը: Այս բոլորը լուսարձակներէ հեռու, հաւատքով, համեստութեամբ եւ ազնուութեամբ ու մանաւանդ` առանց ոչ մէկ ակնկալութեան եւ սպասումի:
Ինչո՞ւ այսքան կայծակնային արագութեամբ հարուածեց մահը այս ազնիւ հոգին, ընտանիքին բարի սամարացին, առաքինի, հոգատար եւ նուիրեալ ամուսինը, հաւատացեալ անձնաւորութիւնը: Ինչո՞ւ այս սուր եւ անակնկալ յաւիտենական ճամբորդութիւնը:
Այժմ ոչ եւս է քենեկալս` Ժորժ Կիւրիւնեանը:
Տնտեսագէտ-դրամատնագէտ եւ ԷՄԻՐԷՅԹՍ դրամատան տնօրէն` Ժորժ Կիւրիւնեանը ինկաւ պարտականութեան պատնէշին վրայ:
Ժորժ Կիւրիւնեան իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն էր: Ան գործեց անաղմուկ եւ լուսարձակներէ հեռու` ի շահ իր համայնքին, իր եկեղեցիին եւ իր ժողովուրդին: Եղաւ անպարտելի եւ ամուռ: Եղաւ իր ընտանիքին, ծնողքին եւ քոյրերուն անխախտ սիւնը եւ պահապան աղաւնին ու հրեշտակը: Ան ապրեցաւ իր կեանքի ընկերուհիին` իր կողակիցին Սոնիկին հետ ամբողջական սիրով, նուիրումով, հաւատարմութեամբ եւ յարգանքով: Անոնց սիրոյ ներաշխարհը կը դրսեւորուէր փոխադարձ հեզութեամբ եւ ազնուութեամբ:
Ան ունէր անսահման ծառայութեան եւ օգնելու ոգի: Ան մեծահոգի էր: Ժորժին գերագոյն գոհունակութիւնը իր կնոջ եւ ընտանիքին երջանկութիւնն էր: Ասիկա իրեն համար առաջնահերթութիւն էր: Ան հոգեպէս հանգիստ կը զգար իր շրջապատը շէն եւ ուրախ տեսնելով: Այս մէկը կ՛իրականանար եւ կ՛իմաստաւորուէր իր տեսանելի ու անտեսանելի հոգատար արարքներով, որոնք իրեն համար սրբազան պարտականութիւններ էին:
Ժորժ իրապաշտ էր եւ գործնական: Կեանքը կը դիտէր իմաստութեամբ եւ կը դրսեւորէր իր բացառիկ փորձառութիւններով:
Բարի, ազնիւ, կիրթ, զուսպ, գիտակից, ծառայասէր, մաքուր հոգիով եւ անկեղծութեամբ օժտուած անձնաւորութիւն էր:
Ոխը գոյութիւն չունէր իր բառամթերքին մէջ: Իրեն դէմ եղած անբաստանութիւններն ու ոտնձգութիւնները կ՛ընդունէր խոհեմութեամբ եւ ներողամտութեամբ: Նենգութիւն չէր գիտեր: Իր սիրտը եւ հոգին մաքուր էին:
Ժորժ եղաւ բացառիկ դրամատնագէտ: Գործին մէջ ունէր հեռատեսութիւն, խորհրդաւոր հայեացք եւ զօրաւոր հոտառութիւն: Իր խօսակիցը կը կախարդէր շուտով:
Գործին մէջ կը սիրէր պաշտօնականութիւնը: Խստապահանջ ճշդապահ, ուղղամիտ եւ օրէնքի ու կանոնի մարդ էր: Ան ունէր խորունկ եւ երկնասլաց համբերութիւն. Անոր ժպիտը մեղմ էր եւ աննշան: Չունէր տնօրէնի մը խայթող խօսքն ու նայուածքը: Կը մօտենար իր պաշտօնակիցներուն որպէս գործընկերներ եւ խրատատու:
Ժորժը խօսքէն աւելի գործին կը հաւատար: Ան գործեց որպէս պատասխանատու եւ ղեկավար տնօրէն, առանց ցուցամոլութեան եւ սնափառութեան: Իր անձը ի սպաս դրաւ Աստուծոյ եւ մարդոց ծառայութեան: Իր հմտութիւնը եւ կարողութիւնները ի սպաս դրաւ անխտիր իրեն դիմող բոլոր մարդոց, որպէսզի բարելաւուի անոնց ելեւմտական իրավիճակը: Այս բոլորը ան կը կատարէր խոնարհաբար եւ սիրով, որպէս պարտականութիւն, առանց ոչ մէկ ակնկալութեան եւ շահամտութեան: Ան կը գործէր եռանդով, բարձր ոգիով եւ պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութեամբ: Ան սիրուած էր անխտիր բոլոր հայ թէ օտար գործակիցներու եւ գործատէրերու կողմէ: Ան նուաճեց իր բարեկամներուն եւ գործակիցներուն հոգին, միտքը եւ սիրտը:
Ժորժը ճանչցուած էր որպէս կարող, վաստակաւոր եւ վստահելի տնօրէն: Ան վայելեց դրամատան վերին մարմիններուն վստահութիւնը եւ արժանացաւ անոնց յիրաւի յարգանքին, ակնածանքին եւ գնահատանքին:
Ան ունէր սիրալիր եւ յարգալից փոխյարաբերութիւն նաեւ պետական, քաղաքական, ընկերային, համայնքային եւ յարանուանական շրջանակներուն հետ:
Այսպէս ճանչցայ իմ անզուգական քենակալս:
Սիրելի՛ եւ անմոռանալի Ժորժ,
Որպէս քենեկալ, յետ մահու կ՛ուզեմ զրոյց մը ունենալ քեզի հետ.- աշխատեցար եւ տքնեցար տարիներ շարունակ եւ երազներ հիւսեցիր ապագայիդ հաշուոյն, սակայն ակնթարթի մը մէջ բոլոր երազներդ անհետացան:
Քեզ ճանչցայ որպէս մտերիմ կրտսեր եղբայր եւ քենեկալ, որպէս խոհեմ եւ բարեսիրտ բարեկամ, որպէս ազնուական հոգի եւ միտք, որպէս պայծառամիտ եւ հանդարտաբարոյ տնօրէն ու ղեկավար:
Կարելի՞ է մոռնալ ամէն ինչ, որ դուն կատարած ես անձայն ու լուռ, կարելի՞ է չափսոսալ կեանքի խաւարման իրականութենէն:
Սիրելի՛ Ժորժ, առ յաւէտ պիտի յիշեմ քու մտերմիկ եւ անկեղծ խօսակցութիւններդ, քու եղբայրական խրատներդ, ցուցմունքներդ եւ կեանքի փիլիսոփայութեան հանդէպ քու մօտեցումներդ:
Մահուանդ փոթը շուտով դարձաւ տխրութեան եւ վիշտի հեքիաթ ու դաժան իրականութիւն: Քու մահովդ հոգիս եղաւ թախծոտ, խոցոտ ու մռայլ:
Քու բացակայութիւնդ իմ կեանքիս մէջ պիտի դառնայ մորմոք ու ցաւ, իսկ անունդ փարոս մը պիտի ըլլայ իմ կեանքիս վերջալոյսին:
Սիրելի՛ Ժորժ, վստահ եմ դագաղիդ մէջ հանգիստ ու խաղաղ կը ննջես եւ բանաստեղծին նման սրտիդ խօսքը կ՛ուղղես մեզի եւ կ՛ըսես`
Մնաք բարով, ասում եմ ես, բոլոր մարդկանց` չար ու բարի,
Տանջուող ու որբ Ադամորդուն ասում եմ ես մնաս բարով:
Մնաք բարով, ասում եմ ես, ընկերներիս` մօտ ու հեռու,
Ոսոխներիս` չար ու արթուն, ասում եմ ես մնաք բարով:
Գնում եմ ես մի մութ աշխարհ, հեռու երկիր, էլ չեմ գալու,
Բարի յիշէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բարով, մնաք բարով:
Իսկ մենք կը փոխադարձենք` ըսելով.
Սիրելի Ժորժ,
Այո՛, պիտի յիշենք քեզ շարունակ: Յիշատակդ անխախտ պիտի մնայ մեր հոգիներուն եւ սիրտերուն մէջ:
Քու բացակայութիւնդ մեր կեանքին մէջ պիտի ըլլայ զգալի, սակայն քու առաքինի կեանքդ, մաքուր հոգիդ, բազմատեսակ ծառայութիւններդ եւ անմոռանալի յիշատակներդ մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնան անջնջելի:
Կը խոնարհինք վաստակիդ առջեւ:
Մեր աղօթքները քուլայ – քուլայ պիտի բարձրանան եւ բալասան դառնան քու բիւրեղ հոգիիդ:
Դիտէ մեզ հոնկէ, ուր որ կը գտնուիս: ՀետեւԷ մեր քայլերուն եւ արդար վճիռդ արձակէ:
Հողը թեթեւ կշռէ մարմնիդ եւ հոգիիդ վրայ:
Հանգչէ խաղաղ սիրելի՛ քենակալ:
Դեկտեմբեր 31, 2016