Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13440

Ակնարկ. Հաւաքական Յիշողութիւնը Նաեւ Զբօսաշրջութեան Համար Պարտադիր Է

$
0
0

agnarg1_01416

Թուրքիոյ գիշերային ակումբին դէմ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը լիբանանեան հասարակութեան մօտ սրեց Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու զարգացած ըլլալու փաստին հանդէպ զգայնութիւնը: Հարցը կը ստանայ նաեւ քաղաքական հնչեղութիւն այն առումով, որ մեկնաբանութիւններուն մէջ կ՛ընդգծուի Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան երկիր ըլլալու կարծրատիպի կամ սխալ պատկերացումի քանդումի անհրաժեշտութիւնը` յորդորելու համար լիբանանցիները չմեկնելու Թուրքիա:

Լիբանանցիներուն հաւաքական յիշողութիւնը սակայն, դժբախտաբար բաւական թոյլ է, չըսելու համար, որ գրեթէ գոյութիւն չունի: Տարի մը առաջ էր, որ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ հասարակական-կուսակցական բազմաթիւ շրջանակներ սուր կերպով կը յիշէին Օսմանեան կայսրութեան կանխամտածուած սովամահ դարձնելու քաղաքականութիւնը Լեռնալիբանանի ժողովուրդին նկատմամբ, եւ աւելի՛ն` Անգարայի իշխանութիւնները կը նկատէին պատասխանատու ինչպէս անցեալի, բայց մանաւանդ մերօրեայ  տարածաշրջանային ցեղային զտումներուն:

Այս բոլորը կ՛ենթադրէին եթէ ոչ իրաւական, ապա քաղաքական գնահատական կամ վերաբերում, որ մինչ այժմ տեղի չունեցաւ: Ինքնաքննադատութեան կարգով լիբանանցի ականաւոր պետական գործիչեր կ՛ընդգծէին, որ լիբանանցիներուն հաւաքական յիշողութիւնը թոյլ է եւ պէտք է օրինակ առնել հայերէն, որոնք իրենց համազգային յիշողութիւնը տեղափոխած են իրաւաքաղաքական դաշտ:

Լիբանանեան քաղաքական բեմերու վրայ արձանագրուած այս յայտարարութիւններուն վերյիշեցումը անպայման չի կապուիր զբօսաշրջութեան նպատակով Ամանոր անցընելու համար Թուրքիա մեկնող լիբանանցի այցելուներու երեւոյթին հետ: Այլապէս, այստեղ այս անգամ ներհայկական առումով ինքնաքննադատութեան շատ տեղ ունինք` նկատի ունենալով նոյն նպատակներով Թուրքիա այցելող լիբանանահայ զբօսաշրջիկի կերպարի տարածումը: Ցաւօք, կարելի չէ բացառել տարբեր առիթներու, ընդունելութիւններու թէ արձակուրդ անցընելու պատճառներով Թուրքիա մեկնող լիբանանահայերու երեւոյթը:

Զբօսաշրջութիւնը արուեստական պատճառաբանութիւններով կարելի չէ անջատել քաղաքական դիրքորոշումներէն եւ ընկալումներէն: Զբօսաշրջութիւնը պետութիւններու առաջնային քաղաքականութեան մաս կազմող ոլորտ է, եւ նման գովազդային հրաւէրներուն ընդառաջելը, այո՛, տարածաշրջանային մակարդակի վրայ մրցունակ գիներ տրամադրելու դիմաց օդանաւի տոմս ապահովելու համար փութալն ու հիւրանոցային ամրագրումները անմիջապէս կատարելը պարզապէս յագուրդ տալ են տուեալ պետութեան կիրարկած քաղաքականութեան:

Մէկը միւսին չի խանգարեր ըսելը` հաւաքական յիշողութիւնը տարբերակելով ազգային յիշողութենէն ինքնախաբէութեան յանձնուիլը, մեղմ ըսելաձեւով չ՛արդարացներ երեւոյթը:

Խնդիրը սակայն միայն ազգային յիշողութեան հետ հաշտ մնալու հրամայականին չի վերաբերիր: Լիբանանահայերն ու լիբանանցիները այս պարագային արագ հայեացքով մը պիտի նկատեն, որ իրենց հրամցուած գովազդային Թուրքիան կապ չունի իրական Թուրքիոյ հետ, ուր խորքային պետութիւն, նոր օսմանականութիւն, էրտողանական մենատիրութիւն, ոստիկանական պետութիւն ըսելաձեւերը ձեւ ու մարմին կը ստանան տարբեր առիթներու եւ այս օրերուն շատ յաճախակի:

Տակաւի՛ն. նկատելի այն վերլուծումները, որոնք տարածաշրջանի հրդեհներուն բոցերը սկսած են ահագնութեամբ տեսնել Թուրքիոյ տարածքին, ուր ահաբեկչութեան տարբերակներ, բազմաթիւ իրար լրացնող իրար հակասող ահաբեկչական խմբաւորումներ եթէ նախապէս կը սնանէին Թուրքիոյ տարածքին այնտեղէն դրացի երկիրներ թափանցելու համար, այսօր արդէն սկսած են հարուածել իրենց աջակցողներն ու զիրենք ֆինանսաւորողները:

Միջազգային-տարածաշրջանային իրադրութիւններ կը յուշեն, որ Թուրքիան դրացի երկիրներու նմանողութեամբ թատերաբեմի վերածելու նախադրեալներ գոյութիւն ունին այսօր շատ զգալի կերպով: Տեսանելի է նաեւ նման յարձակումներու, պայթումներու շարունակականութիւնը:

Գովազդային պատկերները ընդհանրապէս արագօրէն ընկալելի են ապաքաղաքական ամբոխներու կողմէ: Քաղաքական մտածողութեան տէր մարդը Թուրքիոյ մէջ զբօսաշրջութիւն ընելու փորձութենէն հեռու կը մնայ թէ՛ ազգային յիշողութեան եւ թէ՛ տարածաշրջանային այսօրուան դրութեան գիտակից ըլլալու հանգամանքով:

«Ա.»

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13440