Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13488

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Եկէք Յոյսով Թրծենք Մեր Կեանքը, Քրիստոսով Հզօրացած Վերանորոգ Յոյսով Դիմաւորենք Նոր Տարին»

$
0
0

aram-veh_010117

Ստորեւ կու տանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը Նոր տարուան առիթով.

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն սրբոյ ամէն:

Սիրելի՛ ժողովուրդ հայոց,

Դարձեալ կը գտնուինք Նոր տարուան սեմին. նոր յոյսերով եւ սպասումներով կը դիմաւորենք Նոր տարին` իբրեւ անհատ, իբրեւ ազգ ու հայրենիք:

Նոր տարին առիթ է ինքնաքննութեան ու հաշուետուութեան: Նոր տարին նաեւ հրաւէր է նպատակասլաց տեսիլքով եւ վերանորոգ յոյսով ապագային նայելու ու ապագան ծրագրելու:

Յոյսը մարդկային կեանքին բնական ու հրամայական ձգտումներէն մէկն է: Յոյսը, սակայն, քրիստոնէական իմաստով եւ հայեցակէտով առաքինութիւն է: Հետեւաբար յոյսը քրիստոնէական մեր կեանքին մէջ պէտք է դարձնենք տիրական  ներկայութիւն` Քրիստոսի ներկայութեամբ հզօրացած:

Չմոռնանք, որ մկրտութեան ընթացքին կը խնդրենք, որ Աստուած հաւատքով, յոյսով ու սիրով շաղախէ կեանքը մկրտուող մանուկին: Հետեւաբար, յոյսը զգացական ու կրաւորական հոգեվիճակ մը չէ, այլ հաւատքի արտայայտութիւն է, յոյսը կեանքի որակ է, ուր կը ճառագայթէ Քրիստոսի պայծառակերպիչ ներկայութիւնը: Այս գիտակցութեամբ պէտք է կառչած մնանք յոյսին` յոյսը դարձնելով ներկայութիւն, Քրիստոսով հզօրացած կենսաւորիչ ներկայութիւն մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքին մէջ: Յոյսով հզօրացած` պէտք է աղօթենք` աղօթքը դարձնելով մեր կեանքին առանցքը, յոյսով զօրացած` պէտք է հաւատանք` հաւատքը կեանքի վերածելով, յոյսով զօրացած պէտք է ծառայենք, ծառայենք տկարին, աղքատին, զրկեալին, հիւանդին: Յոյսով հզօրացած պէտք է մասնակից դառնանք մեր ազգի առաւել ծաղկման ու հայրենիքի հզօրացման:

Արդարեւ, հաւատքով ու սիրով թրծուած յոյսը կը դառնայ վահան` կեանքի ամէն տեսակ չարերուն ու չարիքներուն դիմաց: Հաւատքով ու սիրով թրծուած յոյսը կը դառնայ զօրեղ ապաւէն ու լուսեղէն ճանապարհ մեր կեանքին: Չմոռնանք առաքեալին խօսքը, թէ յոյսը երբեք ամօթով չի ձգեր մեզ:

Հետեւաբար, ժողովո՛ւրդ հայոց, եկէք յոյսով թրծենք մեր կեանքը, Քրիստոսով հզօրացած վերանորոգ յոյսով դիմաւորենք Նոր տարին ու զիրար ողջունենք ըսելով` շնորհաւոր Նոր տարի:

Թող Աստուած երկնային շնորհներով ծաղկազարդէ մեր ժողովուրդին կեանքը` ի Հայաստան, Ղարաբաղ եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից ամէն:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13488

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>