Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Ըստ rus.bg կայքին, Պուլկարիոյ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլինա Անկելքովա յայտարարած է, որ 2016 թուականին Պուլկարիա այցելած զբօսաշրջիկներու թուաքանակի աճի ուժականութինը ցոյց կու տայ, թէ այս ցուցանիշը մինչեւ տարեվերջ 8 միլիոնի պիտի հասնի եւ պիտի գերազանցէ երկրի բնակչութեան թիւը:
«Մենք հրաժեշտ կու տանք շատ ուժեղ տարուան մը, որուն նմանը չկայ Պուլկարիոյ զբօսաշրջութեան պատմութեան մէջ: Առաջին ինը ամսուան ընթացքին 7,5 միլիոն զբօսաշրջիկ այցելած է Պուլկարիա, ինչ որ կը գերազանցէ 2014 թուականի ամբողջ տարուան քանակը, իսկ այս տարուան առաջին տասը ամսուան ընթացքին անոնց քանակը մէկ միլիոնով աւելի էր, քան անցեալ տարուան նոյն այդ ժամանակաշրջանին», ըսած է ան Համաշխարհային զբօսաշրջական կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Թալեպ Ռիֆայիի հետ պուլկարական զբօսաշրջութեան ներկայացուցիչներու հանդիպման ընթացքին:
«Եթէ նոյն թափը շարունակուի,ապա մինչեւ տարեվերջ զբօսաշրջիկներուն թիւը պիտի անցնի ութ միլիոնի սահմանը, ինչ որ աւելին է, քան երկրի բնակչութիւնը», շեշտած է Անկելքովա: Ըստ 2014 թուականի գնահատականներուն, Պուլկարիոյ բնակչութեան թիւը 7,2 միլիոն էր:
Անկելքովա լուսարձակի տակ առած է այն իրողութիւնը, որ երկու տարուան ընթացքին լուրջ յառաջընթաց արձանագրուած է այս ճիւղի զարգացման մարզին մէջ: Առաջին անգամ ըլլալով երկրին կառավարութիւնը զբօսաշրջութիւնը սահմանած է իբրեւ ազգային առաջնահերթութիւն, յայտարարած է Անկելքովա: