Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13470

Հալէպը Վերապրեցաւ

$
0
0

ՍԵՐՈԲ ՍԱՀԱԿԵԱՆ

aleppo-liberated_122216

Իրականութեան մէջ հալէպեան թէ ընդհանրապէս սուրիական տագնապի առաջին օրերուն երբեմն հակասական, երբեմն իրերամերժ զգացումներով կը տատանէի:

Մէկ կողմէ կ՛ափսոսայի երկրին աւերակներուն համար, բայց միւս կողմէ` որոշ սփոփանք կ՛ապրէի ինքզինքս համոզելով, որ թերեւս Հալէպի աւերումը լայն իմաստով մեծ յեղաշրջման, բարեշրջման խթան ըլլայ սփիւռք-Հայաստան հայ իրականութեան գծով ու կարաւանները շարժին դէպի հիւսիս-արեւելք: Վերջապէս հալէպահայը ապաստանի Հայաստան, իսկ Հալէպը  ձեւով մը, որպէս մայր գաղութ, դառնայ առաջամարտիկը հայկական սփիւռքի հայրենիք դարձին:

Այնուհետեւ դէպքերը, իրադարձութիւնները, Հայաստան, սփիւռք թէ Հալէպ, զիս դէմ յանդիման բերին տարբեր եզրակացութիւններու, տարբեր վերլուծումներու, որոնց մէջ Հալէպի փրկութիւնը դարձաւ ինքզինք պարտադրող երազ եւ աղօթք:

Ու եղան հալէպահայեր, որոնք ի գին բազում զոհաբերութիւններու` խոնարհեցան «Ապրէ՛ Հալէպ»-ի խորանին, տրորուած հողին, դատին, փոշիներու տակ կորած երանելի օրերուն եւ վերջապէս շատերուն համար անհասկնալի սուրիական հայրենիքին դիմաց:

Այսօր շա՜տ շատերու նման կու գամ` ոգեկոչելու ու խունկ ծխելու այն հերոսներուն յիշատակին, որոնք իրենց կեանքն իսկ զոհաբերեցին այդ խորանին վրայ` պարզապէս ապահովելու իրենց եղբայրներուն, եւ ոչ միայն հայ, բարօրութիւնն ու ապահովութիւնը:

Ապա կու գամ շնորհաւորելու անոնք, որոնք տուն տեղ թողած` իրենց գիշերները լուսցուցին,  որպէսզի  տարեցը հոգատարութիւն վայելէ, երեխան` կրթութիւն, հայ ընտանիքը` հաց ու տաք տուն, եւ հայը չխեղճանայ ու անտուն չդառնայ:

Վերջապէս կ՛ուզեմ իմ հիացմունքս յայտնել մեր տղոց, դաշնակցական թէ ոչ, որոնք նեցուկ կանգնեցան իրենց նախնիներուն քրտինքով պարարտացած այս հողին ու այս դրօշին:

Ապրի՛ք, տղա՛ք, հազար ապրիք դուք, որ հաւատացիք  ու ձեր լաւագոյնը նուիրաբերեցիք «Ապրէ՛ Հալէպ»-ի  փշոտ երթին: Այսօր դուք ձեր պատմութեան գիրքին մէջ կրնաք արձանագրել, որ ապրեցաւ ու վերապրեցաւ Հալէպը:

Պատրաստեց՝
ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ

 

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13470

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>