ՍԻԼՎԱ ՓԱՆՈՅԵԱՆ-ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
(Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութեան
հայկական կայքէջի ներկայացուցիչ եւ
լիբանանահայ «Ազդակ» օրաթերթի թղթակից)
Անհերքելի իրողութիւն է, որ մամուլը առանցքային դեր ունի յատկապէս հայութեան համար, որ աւելի քան երկու դարեր առաջ ունէր իր առաջին տպագիր մամուլը` «Ազդարար»-ը: Իսկ վերջին տասնամեակներուն մամուլը եւ առհասարակ հաղորդակցութեան միջոցները ապրեցան հսկայական զարգացումներ: Փակագիծ մը բանալով` նշեմ, որ հայ ժողովուրդը, հայրենաբնակ թէ սփիւռքահայ, վերջին քանի մը տասնամեակներուն ապրեցաւ եւ կ՛ապրի հիմնական իրադարձութիւններ` նեքին թէ արտաքին ճակատներու վրայ:
Արտաքին ճակատի վրայ, յատկապէս` Միջին Արեւելքի մէջ, այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»-ը, իր բացասական անդրադարձներու կողքին, ցնցեց նաեւ հայրենամերձ գաղութները: Նմանապէս` արմատական կրօնական շարժումներու պիտակին տակ գործադրուած եւ գործադրուող ահաբեկչական արարքները, որոնք որոշ չափով կը յիշեցնեն Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերը, ինչ որ դարձեալ իր ժխտական անդրադարձները ունեցաւ հայութեան վրայ, վկայ Սուրիոյ, բայց յատկապէս Հալէպի, ինչպէս նաեւ Իրաքի հայօճախները:
Ներքին ճակատի վրայ, 28 մայիս 1918-ի անկախութեան վերակենդանացումը 21 սեպտեմբեր 1991-ին եւ անոր հետեւող պետականաշինութեան եւ վարչամեքենայի (establishment) գործընթացի հոլովոյթը եւ, այս պարագային, ուշագրաւ քայլ մը, սփիւռքի նախարարութեան կազմութիւնը, որ 2008-էն ի վեր աշխուժ եւ արդիւնաւէտ կամրջումի դեր կը կատարէ աշխարհասփիւռ հայութեան զանազան թեւերուն միջեւ:
Այս իմաստով մամուլը, հաղորդակցութեան միջոցները եւ յատկապէս համացանցը առանցքային դեր ունին:
Լրատուական համահայկական գործելաոճը ուղղակի թէ անուղղակիօրէն ազդուեցաւ եւ կ՛ազդուի վերոնշեալ ներքին թէ արտաքին ազդակներէն: Առ այդ, հարկ է ճշդել հիմնահարցերը այս աշխատելաոճին կամ վերաթարմացնել ու բարեփոխումներ կատարել: Բարեփոխումներ` դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու համար օրը օրին ցցուող մարտահրաւէրները, որոնց ամէնէն լուրջը թերեւս ընթերցողներու քանակի նահանջն է:
Այս ծիրին մէջ հարկ է ճշդել մեր աշխատելաձեւի գլխաւոր կէտերը` լրատուութեան ներքին թէ արտաքին սպառումի առումով:
Ներքին սպառումի ծիրին մէջ` լեզուական հարցը, լրատուական ճշգրիտ եւ մաքուր ուղղագրական, քերականական ոճով հաղորդելու կամ սփռելու հրամայականը, յատկապէս` արեւմտահայերէնի պարագային:
Դարձեալ ներքին սպառումի առումով հիմնական է նաեւ թիրախի ճշդումը, որ նախ ըն դհանուր առմամբ ժողովուրդն ու հանրային կարծիքն է: Երիտասարդութեան ներգրաւումը նոյնքան կարեւոր անհրաժեշտութիւն է, յատկապէս` Հայ դատի պահանջատիրութեան առնչուող լրատուութեան մէջ:
Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ այլ հրամայական մըն է նաեւ հասարակաց միացեալ եզրերու որդեգրումը, մասնաւորաբար` հայկական գրաւեալ շրջաններու նշումին գծով: Այլ խօսքով, օրինակ, Վանի (կամ հայկական գրաւեալ որեւէ շրջանի մէջ) մէջ պատահած տուեալ դէպքի մը մասին լրատուութեան ընթացքին հարկ է նշել` «գրաւեալ Արեւմտահայաստանի Վան նահանգը» եւ չբաւարարուիլ միայն «Թուրքիոյ արեւելեան շրջանի Վան քաղաք»-ի նշումով: Թերեւս քաղաքական հասկնալի պատճառներով հայրենի կամ Հայաստանի պաշտօնական լրատուութիւնը վերապահ գտնուի կամ խուսափի նման նշումներէ, սակայն սփիւռքահայ մամուլին մէջ կարելի՛ է այս մէկը կիրարկել: Թուրքը իր ընելիքը ըրաւ, աւելին ի՞նչ պիտի կրնայ ընել, համայն հայ ազգը բնաջնջելու իր ձախող փորձէն ետք:
Արտաքին ճակատի վրայ մեր գլխաւոր թիրախը միազգային հանրային կարծիքն է եւ` մեր թշնամի թուրքը եւ ազրպէյճանցին:
Հոս կարեւոր է նշել նաեւ քիւրտերու պարագան, ոչ անպայման որպէս թշնամի, այլ` զգուշ ու վերապահ լրատուական մօտեցումի կիրարկման իմաստով. այն իմաստով, որ ցարդ քարտէսի վրայ թէ բացայայտօրէն նշուած այսպէս կոչուած «անկախ Քիւրտիստան»-ի իրենց յայտարարութեանց մէջ ուշագրաւ են Թուրքիոյ կողմէ հայկական գրաւեալ հողատարածքներու ներառումը, ինչ որ կրնայ դուռ բանալ հետագայ հայ-քրտական բախումներու: Այս գծով մամուլը կատարելիք մեծ դեր ունի, պատմական տեղեկութիւններու սրբագրութեան իմաստով:
Առաջարկներ
Առ այդ, կարգ մը առաջարկներ կրնան օգտաշատ եւ արդիւնաւէտ ըլլալ նշեալ հարցերու բարեփոխման համար.
– Հիմնել կամ նկատի ունենալ լրատուական մայր կեդրոն կամ կայքէջ մը, ուր տեղ գտնեն հայութեան առնչուող հարցերու մասին լրատուական թէ վերլուծական գրութիւններ, եւ ուրկէ օգտուին հայրենի թէ սփիւռքահայ մամուլի ճիւղաւորումները` իրենց արեւելահայ թէ արեւմտահայ տարբերակներով: Սփիւռքի նախարարութեան պաշտօնաթերթ` «Հայերն այսօր»-ը արդէն իսկ կը կատարէ այս աշխատանքը, ու կը մնայ, որ հայկական մամուլի զանազան օրկանները օգտագործեն նշեալ կայքէջի տուեալները անմիջականօրէն եւ համատարած տարողութեամբ:
– Այս աշխատանքը դիւրացնելու համար հայրենիքի եւ մասնաւորաբար գաղթօճախներու մէջ կազմակերպել լրատուական լսարաններ եւ հրաւիրել ու ներգրաւել հայ անհատներ, յատկապէս` այն հայ երիտասարդները, որոնք յաճախակիօրէն կը հաղորդակցին Դիմատետրի միջոցով, տալ անհրաժեշտ ցուցմունքները, բացատրել լրատուական բարոյական տարրական սկզբունքները թելադրել եւ բացատրել եւ ուղղել զանոնք հայանպաստ, առարկայական լրատուութեան ուղղութեամբ եւ արտատպումի կամ բաժնեկցութեան (share) հնարաւորութիւններ ստեղծել: Այլ խօսքով` պատրաստել «լրագրող քաղաքացի (citizen journalist):
– Հիմնել կամ վերակենդանացնել լրագրողներու ա՛յս համագումարի յատուկ ցանցային խումբը (group) Դիմատետրի, «ուաց-ափ»-ի կամ «Եու-թիուպ»-ով օժտուած համացանցի այլ ճիւղաւորումներու վրայ: Քայլ մը, որ կրնայ դիւրացնել եւ արագացնել լրատուական հաղորդակցութիւնը:
– Գիտաժողովներու կազմակերպումով թէ այլ միջոցառումներով ներգրաւել գաղութներու տեղական լրատուական հանգամանաւոր աղբիւրներու պատասխանատուները եւ զանոնք մօտէն ծանօթացնել հայկական հարցին, որպէսզի հրատապ դէպքերու մասին անոնք կարենան հայանպաստ առարկայական տեղեկատուութիւն կատարել եւ չներքաշուիլ թրքական կամ ազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան մէջ: Այս պարագային նոյնքան կարեւոր կրնայ ըլլալ ներգրաւել նաեւ հայամէտ , այլախոհ թուրք թէ ազրպէյճանցի անձնաւորութիւններ, որոնք քաջութիւնը ունին պատմական իրողութիւնները առարկայականօրէն բացայայտելու:
– Ունենալ կամ վերաշխուժացնել հայոց պատմութեան առնչուող հիմնական դէպքերու մասին հասարակաց իրողութիւնները հրապարակելու կոչուած տեղեկատուական կայքը կամ ձեւով մը` շտեմարանը, օրինակ` «արմինիըն հիսթըրի տաթա» թէ այլ անուանումներով: Նման քայլ մը կրնայ արդիւնաւէտ ըլլալ յատկապէս օտար դպրոց յաճախող հայ աշակերտներու, որոնք կրնան մօտէն ծանօթ չըլլալ հայոց պատմութեան կարեւոր դէպքերուն: Նշեալ կայքի կամ շտեմարանի ճամբով ամբարած իրենց տեղեկութիւնները անոնք կրնան փոխանցել, հրապարակել կամ տեղեակ պահել նաեւ իրենց ոչ հայ դասընկերները կամ օտար հասարակութիւնը:
– Կարեւոր այլ քայլ մըն է նաեւ արհեստավարժ լրագրողներու հետ գործակցութիւնը` առանց թերագնահատելու կամ անտեսելու սիրողական, կամաւոր աշխատողները: Ի հարկին կարելի է պաշտօնի կոչել արհեստավարժ, հմուտ եւ փորձագէտ լրագրողներ:
– Տուեալ դէպքի մը գծով տեղեկութիւնները փոխանցել առարկայականօրէն, երբեմն նոյնիսկ անտեսելով բամբասանքի բնոյթ կրող լրատուութիւնը: Վերջապէս պէտք չէ մոռնալ, որ մեր բոլոր հրապարակումները, գրաւոր թէ բանաւոր, ունին մնայուն գլխաւոր ունկնդիր` մեր հասարակաց թշնամին` թուրքն ու իր փոքրիկ եղբայրը` ազրպէյճանցին: Առիթ չտալ, որ անոնք շահագործեն կարգ մը նեղմիտ անհատներու անհիմն ապատեղեկատուութիւնը:
– Եւ վերջապէս, լրատուական աշխատանք տանիլ արտաքին ճակատի վրայ, նաեւ` ՄԱԿ-էն եւ միջազգային յարակից կազմակերպութիւններէ ներս: Այս իմաստով ի հարկին կարելի է գործակցիլ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի եւ հայկական քոյր միութիւններու, ինչպէս` Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) հետ, որոնք ներկայացուցիչներ ունին ՄԱԿ-ի մէջ, եւ` քարոզչական աշխատանք տանիլ ի նպաստ հայութեան եւ Հայ դատի լրատուութիւն մատակարարելով անոնց: Այս ծիրին մէջ կարելի է նոյնիսկ պատրաստել վաւերագրական կարճատեւ տեսերիզներ եւ նշեալ յարաբերական կապերը օգտագործելով` ջանալ հրապարակել զանոնք ՄԱԿ-ի եւ առնչակից կառոյցներու շրջանակներէն ներս կամ խնդրել, որ անոնք տեղադրուին եւ սփռուին ՄԱԿ-ի զանազան կայքէջերուն վրայ, ինչպէս` ԵՈՒՆԵՍՔՕ, ԷՔՍՈՒԱ եւ այլն: Այս իմաստով հետաքրքրական է, օրինակ, պաղեստինեան հարցին մասին մարդկային թէ ընկերային պիտակներու տակ սփռուող տեսերիզները, որոնք մարդկայինի կողքին, ունին նաեւ քաղաքական անուղղակի պատգամ, ինչ որ կը նկատուի ականատեսը կամ ունկնդիրը անուղղակիօրէն նպատակայարմար արեւելումի մղող ներգրաւումի յաջող փորձ մը:
– Գաղտնիք չէ , որ համացանցի վրայ լոյս տեսնող ինքնագիր լրատուութիւնը, որքան ալ գեղեցիկ ոճով գրուած ըլլայ, հոն կը պակսի հայկական ոգի՛ն: Առ այդ, շահեկան կրնայ ըլլալ համացանցի հայկական կայքէջերուն վրայ արտատպել հայ մամուլին մէջ լոյս տեսած եւ տեսնող, ազգային ոգի ներշնչող ուշագրաւ յօդուածներ կամ գրութիւններ: Այս աշխատանքը արդէն կը կատարեն` «Հայերն այսօր»-ը, «Էրեբունի»-ն եւ կարգ մը այլ կայքեր. սակայն այսքանը բաւարար չէ, հարկ է զարկ տալ այս ուղղութեամբ տարուող ջանքերուն:
Նոյնիսկ «ուղեղալուացք»-ի գնով «թխմել» նշեալ տիպի յօդուածներ համացանցի վրայ, ուր հաղորդակցողներու մեծ թիւը կը կազմեն երիտասարդութիւնները: