Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13482

Գէորգ Եղիազարեանի Նուէրը «Ազդակ»-ին

$
0
0

img_1881Երկու տասնամեակներու բացակայութենէ ետք գեղանկարիչ` Գէորգ Եղիազարեան վերադարձաւ Պէյրութ եւ մասնակցեցաւ Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակի եւ «Նոազ Արք» ցուցասրահի հիմնադրութեան 20-ամեակի զոյգ առիթներով «Նոազ Արք»-ի կազմակերպած ցուցահանդէսին:

Իր երկրպագուներու կողմէ խանդավառութեամբ ընդունուեցաւ իր ցուցադրած 9 գեղանկարները, որոնք իրարու կը կապէին հինն ու նորը: Ան Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտնի արուեստագէտ է եւ կը գործակցի Ամերիկեան «Wenthworth» հեղինակաւոր ցուցասրահին հետ:

Այս առիթով ան այցելեց նաեւ «Ազդակ», որուն օրին անդրադարձած էինք: Հայրենիք մեկնելէ ետք ան գեղեցիկ ջրանկար մը նուէր ղրկեց խմբագրատան համար:

Խմբագրութիւնս շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոր եւ կը մաղթէ առաւել բարձր միջազգային նուաճումներ:


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13482

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>