ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
«Արմէնփրես» հաղորդեց, որ Սթոքհոլմի դատարանը 14 դեկտեմբերին Շուէտի թրքական կազմակերպութիւններու համադրող կեդրոնի փոխնախագահ Պարպարոս Լէյլանիի` 9 ապրիլ 2016-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դէմ ազրպէյճանական ապրիլեան նախայարձակման առիթով հակահայ հաւաքին ընթացքին արտասանած խօսքը նկատած է քրէական յանցանք եւ Լէյլանին դատապարտած պայմանական բանտարկութեան ու տուգանք վճարելու:
«Հասած է թուրք ազգի միաւորուելու ժամանակը: Թուրքը կ՛արթննայ, հայ շուներուն վերջ պիտի տրուի: Մա՛հ հայ շուներուն: Մա՛հ, մա՛հ: Կը դիմեմ հաւատացեալ մարդոց: Խօսք մը կայ` հայրենիքի նկատմամբ սէրը կը բխի հաւատքէն: Հայրենիքը ուրիշին չի տրուիր… Ասով մենք սքանտինաւեան բոլոր երկիրներուն, Եւրոպային ցոյց կու տանք, որ մենք արիւն չենք սիրեր, սակայն պատրաստ ենք արիւն թափելու», ըսած էր ան: Անոր «Մ՛ահ հայ շուներուն, մա՛հ, մա՛հ» վանկարկումներուն միացած էին ցոյցի մասնակիցները:
Շուէտական դատարանը չէր կրնար աչք փակել կամ մեղմ վարուիլ Շուէտի մայրաքաղաքին կեդրոնը կատարուած եւ 11 ապրիլ 2016-ին շուէտական օրաթերթերուն մէջ մեծ աղմուկ բարձրացուցած շուէտական, եւրոպական եւ ընդհանրապէս մարդկայնական արժէքներուն ներհակ արժէքներու հարազատ արտայայտութիւնը եղող եւ շուէտական հասարակութեան ու պետութեան համար գայթակղալից եւ խիստ մերժելի այդ յայտարարութիւններուն նկատմամբ: «Արմէնփրես» Լէյլանիի անունը դիպուկ կերպով գրած էր «Բարբարոս», որովհետեւ իրապէս ալ անոր յայտարարութիւնները բարբարոսական էին: Ան չէր բաւարարուած հայերը վարկաբեկելով, այլ նաեւ կոչ ուղղած էր այդ «շուները» սպաննելու, երբ «մա՛հ հայ շուներուն» վանկարկումէն ետք նաեւ նշած էր. «Ասով մենք սքանտինաւեան բոլոր երկիրներուն, Եւրոպային ցոյց կու տանք, որ մենք արիւն չենք սիրեր, սակայն պատրաստ ենք արիւն թափելու», ինչ որ մտածել կու տայ, թէ պատրաստ են հայու արիւն թափելու եւ ոչ թէ անձնազոհութեան:
Լէյլանիի խօսքը ճշմարիտ է. Սթոքհոլմի կեդրոնը հաւաքուած թրքական խուժանը անոր «մա՛հ հայ շուներուն, մա՛հ, մա՛հ» վանկարկումներուն միանալով «սքանտինաւեան բոլոր երկիրներուն, Եւրոպային» ցոյց տուաւ Եւրոպայի գիրկը նստած թուրքերուն իսկական դէմքը: Այս առումով` շուէտական դատարանին վճիռը միայն մէկ անձի չի վերաբերիր, այլ նաեւ` անոր ձայնակցած ամբոխին: Շուէտի քրէական օրէնսգիրքի 16-րդ յօդուածի 8-րդ մասի 2-րդ կէտին հիմամբ արձակուած այդ վճիռը ո՛չ միայն այդպիսի յայտարարութիւններու նկատմամբ արդարացի անհանդուրժողութեան ու դատապարտման արտայայտութիւն մըն է, այլ նաեւ հեռատեսութեան վկայութիւն մը, զսպիչ ու կանխարգելիչ քայլ մը: Դատարանը շուէտաբնակ թուրքերուն եկաւ յիշեցնելու, որ իրենք կը բնակին քաղաքակիրթ երկրի մը մէջ եւ ոչ թէ Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիոյ մէջ:
Լէյլանի դժուար թէ Տողու Փերինչեքի նման իր դէմ արձակուած վճիռը բողոքարկէ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մօտ, որովհետեւ նախ եւ առաջ ներում հայցած է եւ դաշնակցութեան փոխնախագահի իր պաշտօնէն հեռացուած. թէ՛ ան, թէ՛ անոր կազմակերպութիւնը ընդունած են գործուած յանցանքը: Աւելի՛ն, արտասանուած խօսքերը յստակօրէն քրէական բնոյթի են եւ կարելի չէ զանոնք արդարացնել խօսքի ազատութեան հիմամբ: Իրողութիւն մը, որուն կը գիտակցին նաեւ Լէյլանին ու անոր պաշտպան փաստաբանները, որովհետեւ ան եւ դատապաշտպանը փորձած էին մեղմացնել վճիռը` նշելով, որ Լէյլանին խօսքը արտասանած է յանպատրաստից, ուժեղ դեղի ազդեցութեան տակ եւ անկայուն հոգեկան վիճակի մէջ: