Quantcast
Channel: Անդրադարձ – Aztag Daily –Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
Viewing all articles
Browse latest Browse all 13478

Սաթենիկ Արղութեան (Մատինեան, 1874-1930). Հայկական Յեղափոխութեան Ոգեշնչող «Ծաղիկ»-ը

Next: –Ուրկէ՞ եկած էք: –Թորոնթօ…Քանատայէն: –Չէ՛, ատկէ առաջ…Գոյութենական հարցում մը չէր մեզի ուղղուածը. մարդը չէր հարցներ, թէ մեր նախնիները Արեւմտահայաստանի ո՞ր ծայրէն եկած էին, կամ թէ` արդեօք ծագումով որտեղացի՞ հայ էինք: Շատ աւելի պարզ էր հարցումը ու իր պարզութեան մէջ` բարդոյթներու հսկայական կոյտ մը: Ան կ’ուզէր գիտնալ, թէ ուրկէ՞ գաղթած էինք Քանատա: Առաջին անգամը չէր, որ անծանօթներ այս հարցումը ուղղած էին մեզի այս այցելութեան ընթացքին: Ընկերներով հայրենիք կը գտնուէինք մեր ժողովուրդի դէմ դար մը առաջ գործադրուած եւ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութիւնը յիշելու ու ոգեկոչելու: Հաւանաբար երկրորդ կամ երրորդ օրն էր, որ Երեւան էինք, երբ երեքով որոշեցինք ընթրել միջինարեւելեան ճաշարանի մը մէջ: Յայտնի էր, որ ճաշարանին տէրը ներգաղթած էր այդ կողմերէն` կա՛մ Լիբանանէն, կա՛մ Սուրիայէն: Յայտնի էր իր խօսակցական հայերէնէն: Հարցումը ուղղեց արեւմտահայերէնով, եւ ես առանց տատամսելու` արագօրէն պատասխանեցի. –Հօրս կողմէ մուսալեռցի ենք. մօրս կողմէ`կեսարացի եւ արաբկիրցի: Վարագին նախահայրերը կու գան Եոզկաթէն…Ու յանկարծ ընդմիջելով` մարդը կեցուց բացատրողականս ու ցուցամատը մեզի ուղղելով անգամ մը եւս հարցուց իր հարցումը. –Չէ՛…դո՛ւք, Քանատայէն առաջ, ուրկէ՞ եկած էք: Մարդը դժուարութիւն ունէր հասկնալու, թէ Քանատա ծնած ու հասակ առած երիտասարդներ ինչպէ՞ս այդքան դիւրութեամբ կրնային արտայայտուիլ «մայրենիով»: Առաջինն եմ խոստովանող, թէ իմ եւ բարեկամներուս խօսած հայերէնը ո՛չ կատարեալ է, ո՛չ ալ ամբողջովին յստակ: Նոյնիսկ կը խոստովանիմ, որ մեր բարեկամական խօսակցութիւնները գրեթէ ամբողջութեամբ անգլերէնով կ’ըլլան: Հաւանաբար որովհետեւ հայրենիք կը գտնուէինք, ու նկատի առնելով, թէ ինչո՛ւ այդ ապրիլին եկած էինք Հայաստան, այդ օրը մեր խօսակցութիւնը ծայր առած էր հայերէնով: Արդեօք մենք մե՞զ կը խաբէինք. վստահ չեմ…Ինչո՞ւ ապշած էր այս մարդը, երբ բացատրեցինք թէ ո՛չ Լիբանանէն, ո՛չ ալ Սուրիայէն գաղթած էինք Քանատա: Արդեօ՞ք այն օրերուն հասանք, երբ անհաւատալի է այս երեւոյթը, ու երբ շատ աւելի հաւանական է հակառակը: Չէ՞ որ երեքս ալ հայկական ամէնօրեայ վարժարան յաճախած ու աւարտած էինք: Չէ՞ որ մեր նախնիները հիմը դրած էին բազմաթիւ հայկական վարժարաններու, կեդրոններու, եկեղեցիներու ու կազմակերպութիւններու, որպէսզի օտարութեան մէջ հայ գաղութը մնայ հայախօս ու կառչած մնայ իր մշակոյթին ու աւանդութիւններուն: Ինչո՞ւ այդքան ապշած էր այս մարդը. եւ հաւանաբար աւելի կարեւոր` ինչո՞ւ մենք այդքան ապշած էինք, թէ ան ապշած էր…Կար իրականութիւն մը այս բոլորին մէջ. իրականութիւն մը, որ չենք կրնար ուրանալ: Սփիւռքի շատ մը գաղութներուն մէջ հայութիւնը հազիւ կաթիլ մըն է հսկայ ովկիանոսի մը մէջ: Յաճախ քաղաքի կամ շրջանի ընդհանուր բնակչութեան նոյնիսկ կէս տոկոսը չենք կազմեր: Ասիկա ինքնաբերաբար կը նշանակէ, որ Սփիւռքի մէջ հայ ժողովուրդը միշտ շրջապատուած է «օտարութեամբ». օտար լեզու, օտար ժողովուրդ, օտար մշակոյթ: Երբեմն կը մեղադրենք այն անհատները, որոնք հայերէն չեն օգտագործեր կամ կը նախընտրեն օտար բարքերը վայելել. սակայն չենք անդրադառնար, որ այս բոլորը պարզապէս ապրելաձեւի հետ կապուած իրականութիւններ են, որոնք տարիներու ընթացքին պիտի զարգանան եւ հետզհետէ աւելի ցայտուն պիտի դառնան: Արդեօք պարզապէս անկարելի՞ է ժողովուրդի մը լեզուն եւ արժէքները պահել օտար ափերու վրայ: Ճիշդ է` մինչեւ այսօր գոյատեւած ենք, եւ քանատահայ գաղութը կը սեպուի լաւագոյններէն` հայախօսութեան եւ հայապահպանման իմաստով: Այո՛, քանատահայ գաղութը լաւագոյններէն է, սակայն ի զուր չէ՞ բաղդատելը: Պէտք է գիտակցինք, որ հայերու համար համեմատաբար երիտասարդ գաղթօճախ մըն է Քանատան, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք գաղութի վերակազմութեան յիսնամեայ կամ վաթսունամեայ պատմութիւնը: Պատմութիւնը մեզի փաստած է, որ շատ մը գաղութներու մէջ, տարիներու ընթացքին, լրջօրէն նուազած է հայախօսութիւնը: Օրինակ` Հարաւային Ամերիկայի կամ Արեւելեան Միացեալ Նահանգների զանազան հայաբնակ քաղաքներուն մէջ հայ գաղութը չորրորդ կամ նոյնիսկ հինգերորդ սերունդ հասած է եւ ինքնաբերաբար, ներկայիս գրեթէ ոչ հայախօս է: Արդեօք նո՞յնն է մեր` քանատահայերուս ճակատագիրը: Հաւանաբար շատ մը բաներ ընտանիքէն կը սկսին… *** Աւելի քան երեք տարի առաջ էր, երբ Երեւանէն Թորոնթօ հեռաձայնեցի` ծնողքիս լուր տալու, թէ քանի մը օրէն Տիգրանակերտ պիտի ուղղուէի` մասնակցելու խորհրդաժողովի մը: Գիտնալով իրենց բնաւորութիւնը` ուզեցի տեղեակ պահել, որ յանկարծ «չխենթանային», եթէ լուրը այլ ձեւով ստանային: Վստահեցուցի, որ մտահոգուելու որեւէ պատճառ չկար. վտանգ չկար ու ապահով տեղ կ’երթայինք: Միակ խնդրանքս ծնողքէս այն էր, որ ոչ մէկ բան ըսէին մեծ հօրս եւ մեծ մօրս: Լաւ գիտէի, որ եթէ լսէին, թէ իրենց միակ տղայ թոռնիկը Արեւմտահայաստան կ’երթար ժողովի մը մասնակցելու քիւրտերու հետ, վստահաբար սրտի կաթուած պիտի ունենային: Մայրս վստահեցուց, քանի մը օրեր ետք, որ գաղտնիքը պիտի պահէր, ուրեմն ես հանգիստ սրտով գացի Տիգրանակերտ: Տիգրանակերտէն Երեւան վերադառնալէ եւ այնտեղ ամիսներ մնալէ ետք որոշեցի ընտանիքիս անակնկալ մը ընել եւ առանց լուր տալու Թորոնթօ վերադարձայ: Տուն երթալէ եւ ծնողքս ապշեցնելէ ետք, առաջին այցելութիւնս անշուշտ եղաւ մեծ մօրս ու մեծ հօրս: Շատոնց չէինք տեսնուած ու բոլորս պատրաստ էինք կարօտնիս առնելու: Ու հազիւ նստանք խօսելու անցեալ ամիսներուն մասին, մեծ հօրս առաջին հարցումը եղաւ Տիգրանակերտի մասին: Անշուշտ ազգական մը լուրը տուած էր արկածախնդրութիւններուս մասին, եւ մեծ գաղտնիքս այլեւս շատ գաղտնի չէր: Մեծ մայրս անշուշտ բաւական բարկացած էր. «Քեզի ի՞նչ պէտք. խե՞նթ ես, ի՞նչ ես: Այնտեղերը վտանգաւոր են, տղա՛ս…» կ’ըսէր ան: Վստահաբար անոր դիտած թրքական հեռատեսիլի կայաններուն ծրագիրները այդպէս կը նկարագրէին այդ շրջանը: Մեծ հայրս, սակայն, մեծ ժպիտ մը ունէր դէմքին վրայ ու զանազան հարցումներ կը հարցնէր փորձառութիւններուս մասին: Ուշի ուշով մտիկ ընելէ ետք պատասխաններս, հարցում մը ուղղեց, որ քիչ մը անակնկալի բերաւ զիս. «Թաքուն հայեր մօտեցա՞ն քեզի, տղա՛ս», հարցուց: Կարծես գիտէր պատասխանը նախքան բացատրելս, թէ իսկապէս կային իսլամացուած հայեր, որոնք մօտեցան մեզի ու իրենց հայկական արմատներուն մասին պատմեցին: Ու այնտեղ, մեծ հայրս պատմութիւն մը պատմեց իր զինուորական ծառայութեան օրերէն, թէ ինչպէս ինքն ու բարեկամը Էրզրումի (պատմական Կարնոյ) դաժան ձմրան ընթացքին, հանգիստի ժամանակ, սրճարանի մը մէջ պատահմամբ ծանօթացած էին թրքացած հայու մը, որ իրենց խօսած հայերէնը լսելով` մօտեցած էր ու պատմած` իր կեանքին պատմութիւնը: Մեծ հայրս պատմեց, թէ ինչպէ՛ս այդ տղան կարօտը ունէր իր ժողովուրդին, կրօնին, աւանդութիւններուն, սակայն ստիպուած էր մոռնալ այդ բոլորը: Այդ օրը մեծ հայրս ինծի յիշեցուց, թէ որքա՜ն բախտաւոր ենք, որ այս օտար ափերուն վրայ ազատութիւնը ունինք մեր ազգութիւնը պահպանելու եւ գոյատեւելու իբրեւ հայ: Ու պատմեց, թէ ինչպէ՛ս առաւ այդ որոշումը` ձգելու ընտանիք, աշխատանք, բարեկեցիկ եւ հանգիստ կեանք մը Պոլսոյ մէջ, հաստատուելու համար հեռաւոր Քանատա, ուր կրնար ազատօրէն ու առանց վախի հայօրէն ապրիլ: Մեծ հայրս մարմնին վրայ կրած էր մեր ազգի ահաւոր տառապանքն ու ցաւերը: Տասնութ տարեկան երիտասարդ հասակին իր ծննդավայրէն` Արաբկիրէն փոխադրուած էր Պոլիս ու անծանօթ եւ դժուարին պայմաններու տակ օրապահիկը ապահովելու համար աշխատած`մանածագործարանի մը մէջ, մինչեւ իր պարտադիր զինուորական ծառայութիւնը թրքական բանակին մէջ: Հոգին եւ մարմինը մաշեցնող երկու տարի ծառայելէ ետք թրքական բանակին մէջ դարձեալ վերադարձած էր Պոլիս եւ հաստատած` իր սեփական մանածի յաջող ընկերութիւնը: Թրքական հետապնդումները եւ անարդարութիւնները պատճառ դարձած էին սակայն, որ երիտասարդ եւ յաջող գործարար մեծ հայրս ընտանիքին հետ միանգամընդմիշտ հեռանար Թուրքիայէն ու վերջնականապէս հաստատուէր Թորոնթօ: Թէեւ դժուար էին սկզբնական տարիները, սակայն նոր միջավայրի մէջ մեծ ծնողներս շուտով վերականգնած էին իրենց նահապետական տաքուկ բոյնը եւ հպարտութեամբ տնօրինած` իրենց սկսած անձնական գործը: Մեծ հօրս կեանքին վերջին տարիները եղան առողջական վերիվայրումներով լեցուն շրջան մը: Սակայն ան երբեք առիթը չփախցուց ինծի յիշեցնելու, թէ որքան բախտաւոր էինք, որ հայ ծնած էինք եւ կ’ապրէինք երկրի մը մէջ, ուր հայ մնալը ոչ միայն կարելի էր, այլեւ կը վայելէինք շատ մը հնարաւորութիւններ` հայօրէն ապրելու. միշտ կը յիշեցնէր մեր դպրոցներուն, եկեղեցիներուն, հայ կեդրոններուն ու կազմակերպութիւններուն կարեւորութիւնը: Ու թէեւ այլեւս ֆիզիքապէս մեզի հետ չէ մեծ հայրս, սակայն անոր փոխանցած խրատներն ու խորհուրդները հետս կը մնան. կը մնան միշտ, կը մնան յաւերժ: Բայց արդեօք բաւարա՞ր է ընտանիքի անդամներէն լսել մեր հաստատութիւններու կարեւորութեան մասին… *** Անցան մօտաւորապէս հինգ ամիսներ Հայաստանի «ճաշարանային հարցումի» դէպքէն եւ պատահմամբ կը գտնուէի Լոս Անճելըս, բարեկամի մը պսակադրութեան առիթով: Նկատի առնելով, որ համացանցը այնքան փոքրացուցած է աշխարհը, մէկ անգամ իսկ չզգացի, թէ Թորոնթոյէն հեռու կը գտնուէի: Այդ շաբաթ Դիմատետրի լրահոսս գրեթէ ամբողջութեամբ զբաղած էր կարեւոր մէկ նիւթով` վերամուտ: Հաւանաբար կը մօտենամ այն տարիքին, երբ պէտք է սկսիմ մտածել զաւակ ունենալու մասին, որովհետեւ ինձմէ քանի մը տարի մեծ բարեկամներուս Դիմատետրի էջերը լեցուած էին իրենց դէպի դպրոց ուղղուող զաւակներուն լուսանկարներով: Կրնայ ըլլալ, որպէս ամուրի, իրաւունք չունիմ քննադատելու, բայց ինքզինք զսպելը դժուար է, երբ այս երեւոյթը ճիշդ դէմքիդ առջեւ է: Անոնք ուրախութեամբ կը բաժնէին նկարներ իրենց զաւակներուն դպրոցական տարեշրջանի առաջին օրէն. բնականաբար ես ալ պիտի բաժնէի այդ ծնողներուն ուրախութիւնը` տեսնելով իրենց զաւակներուն փայլուն դէմքերը, որոնք կը դիմաւորեն վերամուտը: Սակայն ուրախ չէի, ընդհակառակը, տխուր էի եւ քիչ մըն ալ յուսահատ: Առնուազն հինգ նկար կամ գրութիւն տեսայ այդ շաբաթ նախկին աշակերտներուս ծնողներէն, որոնք իրենց զաւակները (շատերը` նախակրթարանի կէս ճամբան հազիւ հասած) կը զրկէին հայկական վարժարանէ եւ զանոնք կը ղրկէին այլ (հանրային կամ անձնական) վարժարաններ: Չեմ կրնար բացատրել սրտնեղութիւնս, երբ երբեմն կը տեսնեմ այն ծանօթ մանկական դէմքերը: Չեմ ուզեր քննադատել, որովհետեւ կան յատուկ պարագաներ եւ պատճառներ` զաւակները հայկական վարժարանէ զրկելու կամ օտար վարժարան ղրկելու, սակայն պէտք չէ ստեղծել պատրուակներ եւ կեղծ պատճառներ: Եթէ իսկապէս պիտի բարձր գնահատենք լեզուի կարեւորութիւնը, ուրեմն հարկ է, որ ամէնօրեայ վարժարանին յարգն ու արժէքը չանտեսենք: *** Ինքզինքս բախտաւոր կը սեպեմ, երբ մտածեմ այս բոլորին մասին: Բախտաւոր եմ, որ ունեցած եմ ընտանիք մը, որ մէջս սերմանած է այդ սկզբունքները, որոնք մղած են զիս հետաքրքրուելու մեր ժողովուրդի ապագայով, մեր մշակոյթով ու լեզուով: Բախտաւոր եմ, որ հասակ առած եմ սփիւռքեան գաղութի մը մէջ, որ ունի ամէնօրեայ վարժարան, բազմաթիւ կազմակերպութիւններ, միութիւններ, հայ կեդրոններ եւ եկեղեցիներ, որոնք կը գործեն այն համոզումով, որ հայապահպանումը սուրբ գործ մըն է, որ` առաքելութիւն է իրենց ըրածը: Ու իսկապէ՛ս այդպէս է: Առանց այդ հաստատութիւններուն` մեր գաղութը վաղուց անհետացած կ’ըլլար: Հպարտ եմ եւ բախտաւոր, որ հասակ առած եմ այսպիսի գաղութի մը մէջ:Կարեւոր է սակայն, որ այս հաստատութիւնները շարունակեն ունենալ առողջ մարդիկ, առողջ սերնդափոխութիւն, առողջ մտածելակերպ, որ ապագային չանհետանան: Շատեր կը պնդեն, որ ազգային ոգին լեզուէն աւելի կենսական է ազգի մը գոյապայքարին մէջ: Ճիշդ է, որ միայն հայերէն խօսելով չէ, որ կրնանք հայ զգալ կամ կայուն պահել հայ ոգին, բայց հարկ է նաեւ գիտակցիլ, թէ որքա՛ն կարեւոր է մայրենի լեզուի պահպանումը` իբրեւ գոյատեւման երաշխիք: Լեզուի միջոցով է, որ կը պահպանուի ու կը գոյատեւէ հայոց գրականութիւնը, մշակոյթը եւ ազգային ինքնութիւնը: Վերջապէս, եթէ սփիւռքի մէջ կ’ուզենք գոյատեւել, հարկ է անդրադառնալ եւ ընդունիլ, որ մեր լեզուն պահպանելով պիտի ըլլայ այդ մէկը: Գիտակցինք, որ կարելիութիւնները կան լեզուն եւ ազգային նկարագիրը պահելու, ընտանիքէն սկսեալ մինչեւ մեր գաղութային կառոյցները ու մանաւանդ մեր վարժարանները` բոլորը հիմնուած են եւ կը շարունակեն գործել մէկ նպատակով, մէկ առաքելութեամբ: Չանտեսենք մեր աչքերուն դիմաց գտնուող բարիքները: Ճիշդ ձեւով արժեւորենք եւ գնահատենք այն, ինչ որ պէտք է գնահատուի: Չստեղծենք երեւակայական պատրուակներ կամ պատճառներ: Փորձենք մեր լաւագոյնը ընել ընդունուածը փոխելու: Այո՛, երբեք չդադրինք իրապաշտ ըլլալէ, բայց նաեւ քիչ մը լաւատես ըլլանք, ապրինք այն յոյսով, որ նոյնիսկ անկարելին կրնանք կարելի դարձնել: Բարդոյթներու կոյտը դարձնենք յոյսի փայլուն ապագայի: Չապշինք, երբ այստեղ ծնած-մեծցած երիտասարդը հայերէն խօսի…ապշինք միայն, երբ ականատես ըլլանք հակառակին: «Ուրկէ՞ եկած էք»-ը թող անգամ մը եւս ըլլայ գոյութենական հարցում մը…ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
$
0
0

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

satenig_121516Հայկական ազատամարտի ոսկեմատեանին մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի յեղափոխական հայուհիի բացառիկ կերպար մը մարմնաւորող Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանը, որուն մահուան 86-րդ տարելիցը կը լրանայ դեկտեմբեր 12-ին:

19-րդ դարավերջին թափ առած հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական շարժման յառաջապահներէն եւ Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան ծնունդը նախապատրաստած երիտասարդ հայորդիներու թիֆլիսեան` «Երիտասարդ Հայաստան» խմբակի ամէնէն աշխուժ անդամներէն էր Սաթենիկ Մատինեան:

Ընդհանրապէս Մատինեանները, ընտանիքով – մայրով ու երեք զաւակներով` Սաթենիկ, Նատալիա եւ Նիկոլ, եւ իրենց բնակարանով, եղած են ե՛ւ հաւաքատեղին, ե՛ւ հիւրընկալը, ե՛ւ աշխուժ մասնակիցը Թիֆլիսի հայ յեղափոխականներուն:

Յատկապէս Նիկոլ Մատինեան հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադրութեան մէջ: Մատինեաններու յարկին տակ իրենց ժողովները գումարեցին Քրիստափոր  Միքայէլեանի, Սիմոն Զաւարեանի եւ Իշխան Յովսէփ Արղութեանի օրինակով հայ յեղափոխական հայորդիները, որոնք Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարով տոգորուած` պարզած էին յեղափոխական բոլոր ուժերն ու խմբակները ի մի բերելու, ազգային-յեղափոխական ոգիով սերունդ թրծելու, «Դէպի Երկիր» պայքարի գացող խումբեր կազմակերպելու եւ նոյնինքն Երկրի հայութեան սկսած կռուին մեծ թափ տալու սրբազան գործին:

Սաթենիկ Մատինեան հազիւ 14-15 տարեկան պարմանուհի էր 1880-ականներու վերջերուն, երբ արդէն իբրեւ համակ կրակ ու բոց յեղափոխական` իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Դաշնակցութեան ստեղծման ճիգերուն: Սաթենիկի յեղափոխական առաջին քայլերուն վրայ մեծ եղաւ գաղափարական ազդեցութիւնը Իշխան Յովսէփ Արղութեանի, որուն հանդէպ առաջին իսկ հանդիպումներէն մեծ սէր տածեց հայ պարմանուհին եւ հետագայ իր ողջ կեանքը կապեց Իշխանին ու հայոց յեղափոխութեան:

Սիմոն Վրացեանի խիտ բնութագրումով,  Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդի այս անմոռանալի դէմքը` «Սաթենիկը ծնուել էր Ղարաբաղում, 1874թ. սեպտ. 25-ին: 9 տարեկան հասակին մտել էր Թիֆլիսի առաջին իգական գիմնազիոնը, բայց հիւանդութեան պատճառով, առանց աւարտելու, դուրս էր եկել 6-րդ դասարանից: Յետոյ ձեռք էր բերել ժողովրդական դպրոցների վարժուհու վկայական: Իր ժամանակը եւ եռանդը, սակայն, նա նուիրել էր յեղափոխական գործին` հայրենասիրական խմբակների մէջ:

«1892-ին Արղութեանի, Յոնան Դաւթեանի, Դումանի եւ միւս ընկերների հետ անցաւ Թաւրիզ` ուսուցչութեան պաշտօնով, միաժամանակ կանանց խմբերի կազմակերպիչ էր եւ դաշնակցական կոմիտէի անդամ: Մինչեւ 1897 թ. մնաց Ատրպատականում եւ եռանդուն գործունէութիւն ունեցաւ Թաւրիզի ու Սալմաստի Դաշնակցութեան կազմակերպութեան մէջ: Խանասորի արշաւանքից յետոյ վերադարձաւ Թիֆլիս, ուր շարունակեց աշխատել Դաշնակցութեան մէջ: 1899-ին Մոսկուայում ամուսնացաւ Յովսէփ Արղութեանի հետ եւ, այնուհետեւ, մինչեւ մահ բաժնեց ամուսնու կեանքն ու գործը: Մեռաւ Փարիզում, 1930թ. դեկտ. 12-ին»:

Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանի անձն ու գործը, կեանքն ու նուիրաբերումը հայկական յեղափոխութեան` հանդիսացան ներշնչման վարակիչ օրինակ մը 19-րդ դարավերջի եւ 20-րդ դարասկիզբի հայ երիտասարդութեան, յատկապէս յեղափոխական հայուհիներուն համար:

Ինչպէս Սերոբ Աղբիւրի կինը` Սօսէն, Ռոստոմի կինը` Եղիսաբէթը կամ Համօ Օհանջանեանի կինը` Ռուբինան, միայն ներկայացուցչական դէմքեր յիշատակելու կարգով, Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան լաւագոյնս մարմնաւորեց հայ կնոջ իւրայատուկ մասնակցութիւնը հայ ազգային-ազատագրական պայքարին:

Ոչ միայն անձամբ նախաձեռնողն ու մասնակիցը եղաւ ամէնէն յանդուգն յեղափոխական գործողութեանց, այլեւ գաղափարի եւ զէնքի իր ընկերոջ մէջ փնտռեց ու գտաւ նաեւ կեանքի իր ընկերը. ընտանիք պահեց ու եռանդ եւ անսակարկ անձնազոհութիւն ներշնչեց իր կեանքի ընկերոջ:

Անոնք ամուսնացան 1899-ին, երբ Իշխան Արղութեան Թիֆլիսի Մետեխի բանտէն դուրս հանուեցաւ` Ռուսիա աքսորուելու համար: Սաթենիկ իր ամուսնոյն ընկերացաւ աքսորի մէջ, ուր ունեցան իրենց միակ զաւակը` Արփիկը:

Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեան յեղափոխական իր կեանքին ու գործունէութեան առաջին իսկ քայլերէն արժանացաւ «Ծաղիկ» յեղափոխական ծածկանունին, որովհետեւ իսկապէս պայքարունակութեան եւ անձնուիրումի անզուգական ծաղիկ մը եղաւ:

Շուրջ քառասուն տարուան յեղափոխական պայքարի եւ ազգային-հասարակական ծառայութեան օրինակելի վաստակ մը կապուած է Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանի անունին:

1892-1897 երկարող իր գործունէութեան առաջին շրջանը, որ կեդրոնացաւ Թաւրիզի մէջ, յատկանշուեցաւ յեղափոխական գաղափարներու տարածումով, մարտունակ սերունդ պատրաստելով եւ հայկական ազատամարտին զօրակից կնոջական  կազմակերպութեանց ստեղծումով:

Բայց միայն վարժուհի եւ հասարակական գործիչ չեղաւ Սաթենիկ: Նաեւ գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ դէպի Երկիր զէնքի փոխադրութեան գործին եւ այդ ճամբուն վրայ դաշնակցական խումբերու մղած կռիւներուն:

Առաջին այդ շրջանի գործունէութեան բարձրակէտը եղաւ Խանասորի արշաւանքին կազմակերպումը, որուն գլխաւոր դէմքերէն եղաւ Իշխան Արղութեան` նախապատրաստական աշխատանքներուն մէջ միշտ իր կողքին ունենալով Սաթենիկը:

Խանասորի արշաւանքէն ետք, երբ Իշխան ձերբակալուեցաւ պարսիկներուն կողմէ, որոնք ռուսական կողմին յանձնեցին ռուսական անցագիր կրող հայ յեղափոխականին, Սաթենիկ վերադարձաւ Թիֆլիս, որպէսզի մօտ ըլլայ եւ օգնէ Մետեխի բանտը նետուած զէնքի ու գաղափարի իր ընկերոջ: Այնուհետեւ, երբ Իշխանը աքսորեցին Ռուսիա, Սաթենիկ արդէն իբրեւ կողակից միացաւ իր կեանքի ընկերոջ աքսորական կեանքին:

1903-ին անոնք արդէն վերադարձած էին աքսորէն եւ երկուքով աշխուժ մասնակցութիւն ունեցան հայ եկեղեցապատկան կալուածներու ցարական բռնագրաւման դէմ ծաւալած հայկական համաժողովրդային շարժման կազմակերպումին մէջ:

Սաթենիկ Արղութեան պատնէշի վրայ էր նաեւ 1905-ի հայ-թաթարական ընդհարումներուն ժամանակ, երբ համաժողովրդային ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպելու հարկադրանքը առաջացաւ եւ մարտական ուժերու թիկունքը պահելու հրամայականը շեշտուեցաւ:

Վրայ հասաւ 1907-1909 թուականներուն ցարական իշխանութեանց ծաւալած հալածանքը ընդհանրապէս հայ մտաւորականութեան եւ յատկապէս դաշնակցական գործիչներու դէմ` զանգուածային ձերբակալութիւններու հիման վրայ Դաշնակցութեան դատավարութիւնը կազմակերպելով: Իշխան ձերբակալեալներու շարքին էր, իսկ Սաթենիկ դրօշակիրներէն էր ցարական հալածանքին դէմ թափ առած համաժողովրդային բողոքի շարժումին: Իշխան դարձեալ աքսորուեցաւ Ռուսիոյ խորերը եւ Սաթենիկ ու Արփիկ ընկերացան անոր:

1914-ին ցարական իշխանութիւնը ներում շնորհեց բոլոր աքսորեալ դաշնակցականներուն, որոնց շարքին` Արղութեանները, որոնք վերադարձան Թիֆլիս եւ ամբողջապէս նուիրուեցան հայ կամաւորական գունդերու կազմութեան: Իշխանին վստահուեցաւ կամաւորական գունդերէն մէկուն հրամանատարութիւնը:

Սաթենիկ գործի վրայ էր նաեւ այնուհետեւ, երբ Իշխան Արղութեան ղեկավար դէմքերէն մէկը եղաւ նորաստեղծ Թիֆլիսի Հայ ազգային խորհուրդին եւ իբրեւ այդպիսին` գործօն դերակատարութիւն ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան նուաճումի 1918-ի Մայիսեան հերոսամարտներուն: Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Իշխան ընտրուեցաւ նախ Հայաստանի խորհուրդին, ապա Հայաստանի խորհրդարանին անդամ: Իսկ 1919-էն ետք, երբ Իշխան նշանակուեցաւ Պարսկաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան, Սաթենիկ նորովի թափով լծուեցաւ դիւանագիտական ասպարէզէն ներս նորաստեղծ հայոց պետականութեան արտաքին օժանդակութիւն հասցնելու գործին:

1921-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերջնական խորհրդայնացումէն ետք, Արղութեանները իրենց կարգին ընտրեցին տարագրութիւնը եւ հաստատուեցան Փարիզ, ուր Իշխան Յովսէփ Արղութեան մահացաւ 1925-ին: Իսկ հինգ տարի ետք` 12 դեկտեմբեր 1930-ին, նոյնպէս շիջեցաւ հայկական յեղափոխութեան աներեր Ծաղիկը` Սաթենիկ Մատինեան-Արղութեանը: Ինչպէս որ հայկական յեղափոխութեան պատմավէպին վարպետը` Մալխաս կը վկայէ` Իշխան Յովսէփ Արղութեանի մահէն ետք, «մինակութեան մէջ, թեւաթափ արծիւի մը նման, հետզհետէ թառամեցաւ եւ Դաշնակցութեան Ծաղիկը, որը որպէս իգական սեռի ներկայացուցիչ` մեր պատմութեան մէջ եզակի դիրք մը ունի»:

 


Viewing all articles
Browse latest Browse all 13478

Trending Articles



<script src="https://jsc.adskeeper.com/r/s/rssing.com.1596347.js" async> </script>